image

«Հայաստան 2018 – Իրողութիւն եւ հեռանկարներ» գիտաժողովը

«Հայաստան 2018 – Իրողութիւն եւ հեռանկարներ» գիտաժողովը

Յունիս 22-էն 24 Երեւանի մէջ գումարուեցաւ «Հայաստան 2018 — Իրողութիւն եւ հեռանկարներ» գիտաժողովը, որուն կիզակէտն էր Հայաստանի իսկական ներկայի վերլուծումը՝ զեկոյցներու եւ վիճարկումներու ընդմէջէն։ Գիտաժողովը կազմակերպեցին եւ վարեցին Աշոտ Ոսկանեան (փիլիսոփայութեան դոկտ.) եւ Սիրանոյշ Դվոյեան (գրականութեան դոկտ.)։
Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը աջակցած էր գիտաժողովին, եւ անոր վարիչը՝ Ռազմիկ Փանոսեան (քաղաքական գիտութիւններու դոկտ.) ներկայ էր նիստերուն։ Ան իր եզրափակիչ խօսքով անդրադարձաւ այն գլխաւոր հարցերուն, որոնք ըստ իր երկուքուկէս օրուան ունկնդիրի փորձառութեան՝ կրկին ու նորէն գրաւեցին եւ յուզեցին թէ՛ զեկուցողները, թէ՛ ունկնդիրները։ Իմ այս գրութիւնը (որուն պարունակութեան միակ պատասխանատուն ես եմ) կը հիմնուի դոկտ. Փանոսեանի խօսքին, ապա նաեւ իմ եռօրեայ փորձառութեան վրայ։

Հարց մը, որ կրկին ու նորէն յուզեց թէ՛ ունկնդիրները, թէ՛ ալ դասախօս-զեկուցողները «պիտակ»-ի հարցն էր։ Ի՞նչ պէտք է կոչել Ապրիլ 15 – Մայիս 9-ի դէպքերը, որոնք այնքան արագօրէն փոխեցին կառավարութեան դիմագիծը եւ երկրին մթնոլորտը։ Յեղափոխութի՞ւն։ Ապստամբութի՞ւն։ Հեղինակութեան փոխանցում կամ գրաւո՞ւմ։ Եղան բողոքողներ, որոնք հաստատեցին որ լուրջ չէ «յեղափոխութիւն» կոչել դէպք մը՝ որ հիմնական դասակարգային ոչ մէկ փոփոխութիւն բերած է (մինչեւ հիմա գոնէ)։ Կողմնակի խօսակցութիւններ ունկնդրելու ատեն այս տողերը ստորագրողը երկու անգամ լսեց գրեթէ նո՛յն խօսքը, - «մէկ ցուցարար չսպաննուեց, մէկ օլիգարխ չգնդակահարուեց, սա յեղափոխութիւն չի»։

Դոկտ. Փանոսեան հաստատեց, որ ներկայիս ի՛նչ ալ կոչենք դէպքերը, որքան ալ մանր անհամաձայնութիւններ ըլլան, բայց եւ այնպէս ամէն զեկուցող կ՚ընդունէր որ պատահածը անպայման Հայաստանին տիրապետող համակարգին «հսկայ» փոփոխութիւններ պիտի բերէ, փոփոխութիւններ՝ որոնց գումարը օր մը թերեւս պատմաբանները «յեղափոխութիւն» պիտի կոչեն։ Անժխտելին «նոր ընթացքի մը սկիզբն է», ըսաւ դոկտ. Փանոսեան։

Ապա ան աւելցուց, որ ինչպէս նախկին սովետական բոլոր երկիրներու մէջ, Հայաստանի մէջ եւս արեւմտեան պետական հիմնարկներ, յատկապէս ոչ-պետական կազմակերպութիւններ, օրինակ՝ Սորոսի հիմնարկը, 25 տարի միլիոններ ծախսեցին, այն յոյսով որ քաղաքացիական ոգիով օժտուած հասարակութիւն (civil society) պիտի կարենային ստեղծել, որ՝ անցումային շրջանէ մը ետք, պիտի յանգէր արեւմտեան ոճի քաղքենիական ժողովրդավարութեան։ Քառորդ դարու փորձերէ ետք, իրենց ձախողութիւնը եւ յուսախաբութիւնը ամբողջական եղան, ամէնուրեք, եւ այս արեւմտեան կազմակերպութիւնները 2015-էն ի վեր կը փակեն իրենց գրասենեակները։ Սակայն կը թուի թէ Փաշինեանի գլխաւորած շարժումը կրցաւ իրագործել այդ ծրագիրը, կամ գոնէ վճռականօրէն առաւ առաջին քայլը՝ քաղաքացիական հասարակութիւն մը ստեղծելու։
Այս յաջողութիւնը, այնքան անսպասելի՝ որ շատերուն «հրաշք» կը թուի, պէտք է վերլուծուի, ըսաւ դոկտ. Փանոսեան, ոչ միայն Հայաստանի մասնագէտներու կողմէ, այլ նաեւ Սփիւռքի եւ մա՛նաւանդ օտար աշխարհի մասնագէտներուն կողմէ՝ բազմակողմանի եւ յարատեւ (երկ)- խօսութիւններու ընթացքին։

Արեւմուտքի մէջ յաճախ կայացող, այսպէս կոչուած անցումային (transitional) իրավիճակներու վերլուծումը, որ իր կարգին որոշ իմացական սնանկութիւն մը կը ցուցաբերէ այս վերջին տասնամեակին, պէտք ունի ճանչնալու Հայաստանի վերջին դէպքերը, չակերտեալ յեղափոխութիւնը որ Սորոսներն ու քաղաքագէտները չյաջողեցան իրականացնել։ Ոչ իսկ նախատեսել։

Երկրորդ հարց մը, որ յուզեց թէ՛ զեկուցողները, թէ՛ ալ ունկնդիրները, ըսաւ դոկտ. Փանոսեան, կատարուած փոփոխութիւններու «ամրապնդումի» հարցն էր։ Միակամ շարժող ժողովուրդ մը միակամ չի մնար։ Բոլորովին հասկնալի է, որ կայ կուտակուած բարկութիւն ի դիմաց անարդարութեան եւ ընկերային, կրթական, տնտեսական եւ մշակութային, ապա նաեւ զինուորական ոլորտներու մէջ նշմարուող բացթողումներուն, –պատուհան չունեցող դպրոցներէն մինչեւ ուտեստեղէն եւ զգեստ չունեցող զինուորներ,– օրինակ։ Դոկտ. Փանոսեան նշեց որ զեկուցողներէն շատեր խօսեցան «արդարութիւն» յղացքին եւ անցումային արդարութեան մասին։ Այսինքն յաջորդ շաբաթներուն, ամիսներուն, թերեւս մէկ տարուան անցումային շրջանին պէտք է կատարել որոշ արարքներ, որոնք ժողովուրդին զգացած «արդարութեան» պահանջքը կը գոհացնեն եւ համբերութիւն կը թելադրեն անոր։ Միաժամանակ պետութեան դէմքերը եւ այլ ղեկավար անձնաւորութիւններ (եթէ կան), պէտք է ծրագրեն յետանցումային երկարատեւ արդարութիւն ապահովող մօտեցում։ Չափազանց բարդ հարց է ասիկա, որուն յատուկ մէկ մեթոտը չկայ, չկայ փաստուած մէկ ձեւ, որ յաջողութեամբ կը պսակուի ամէնուրեք։ Հայաստանին դիմագրաւած հարցը մէկ կողմէն ինքնուրոյն է, միւս կողմէն, եթէ իրավիճակը իրօք յեղափոխութեան ընթացք մըն է, կրնայ բան մը սորվիլ ուրիշ յեղափոխութիւններու յաջողութիւններէն եւ (մա՛նաւանդ) ձախողութիւններէն։ Դոկտ. Փանոսեանն ալ, այս տողերը ստորագրողն ալ, տպաւորուած էին զեկուցողներու կողմէ առաջարկուած մօտեցումներէն, արդարութեան հարցին կապակցութեամբ,- արդարութիւն՝ որ չի կրնար թալանողներու կուտակած հարստութեան նոր թալանի վրայ հիմնաւորուիլ։

Երրորդ, ընդգծեց դոկտ. Փանոսեան, գոհացուցիչ է, որ իրապաշտութիւնը կը տիրապետէ այս գիտաժողովի վերլուծողներու մօտ, որոնք բոլորն ալ կը հաստատեն, որ փոփոխութիւնները տեղի պէտք է ունենան դանդաղօրէն։ Յաճախ հնչեց «կամաց-կամաց» կարգախօսը։ Սակայն խոհեմութեան այս ողջունելի թելադրանքը չի լուծեր հարցը։ Նախ՝ կայ «դանդաղօրէն»-ին տրուելիք իմաստը,– մէ՞կ ամիս, մէ՞կ տարի, աւելի՞։ Կան մարդիկ, որոնք դանդաղութեան սկզբունքայնօրէն համաձայն ըլլալով հանդերձ, կը յուշեն միւս ժողովրդական իմաստութիւնը, թէ «երկաթը ծեծելու համար պէտք է հարուածել երբ ան դեռ տաք է»։ Ներկայիս, այնքան մեծ է Փաշինեանի հմայքն ու վայելած վստահութիւնը ժողովուրդին կողմէ, որ ան կրնայ ընել, «անցկացնել» ինչպէս կ՚ըսուի հոս, շատ խիստ օրէնքներ եւ պարտադրել փոփոխութիւններ,– մեծ ընթացքի մը առաջին փուլին կը գտնուի երկիրը։ Բայց վեց ամիսէն կամ մէկ տարի անց, երբ անխուսափելի յուսախաբութիւններ, նոյնիսկ ձախողութիւններ տեղի պիտի ունենան, երբ ինչպէս կ՚ըսեն Ամերիկացիք, «մեղրալուսինը աւարտած է», կրնայ շատ դժուարանալ ամէն կողմի հետ համաձայնիլ թէ ո՞ր փոփոխութիւններու կարիքը կայ, եւ ապա զանոնք պարտադրելու։ «Յապաղած արդարութիւնը զլացուած արդարութիւն է», կ՚ըսէ ամերիկեան խօսոյթը,– justice delayed is justice denied։ Եւ արդարութեան հարցը, ինչպէս հաստատեցին երկու տասնեակ վերլուծումներ, ամէնուն հարցն է։ Շատ-շատեր կը պահանջեն, որ թափ-ը չկորսուի, քանզի զայն վերագտնելը չափազանց դժուար է, եթէ ոչ անկարելի։ Ո՞ր փոփոխութիւնը ամենէն առաջնակարգն է եւ պէտք է ամենէն շուտ իրականացնել, հարց մը որ պիտի հարցուի կրկին ու նորէն, պիտի մտածուի եւ վերամտածուի մինչ կը փոխուի հանրային գետնին վրայ տիրապետող իրականութիւնը։ 

Դոկտ. Փանոսեան ըսաւ, որ անձնապէս ինք միշտ հակած է Անթոնիօ Կրամշիի յաճախ մէջբերուող նախադասութեան,– «իմացութեան յոռետեսութիւն, կամքի լաւատեսութիւն»։ Այսինքն՝ պահել իրապաշտութիւնը, որ կը նախատեսէ ամենէն յոռի դէպքերն ու հետեւանքները, սակայն չընկրկիլ, այլ գործել կամքի լաւատեսութեամբ, հաւատալով որ գործը, արարքը պիտի փոխէ տիրապետող իրականութիւնը։ Եթէ չհաւատանք այս վերջինին, իմացութեան յոռետեսութիւնը կ՚անդամալուծէ մեզ։ Բայց եւ այնպէս գործելու, արարքի հրամայականը չի՛ ժխտեր «կամաց-կամաց» գործելու, արարելու կարեւորութիւնը։ Ինչպէս պատմաբան Ռանըլտ Սիւնին այս հաւաքին ուղղուած իր խօսքին մէջ յիշեցուց մեզի, լենինեան եւ մա՛նաւանդ Հայաստանի մէջ 1920-ին տեղի ունեցած պարտադրեալ յեղափոխութիւնը (Սարգիս Կասեանի, ոչ Ալեքսանտր Միասնիկեանի), արիւնոտ արդիւնքներ ունեցաւ որովհետեւ Կասեան չգիտցաւ թէ՝ ինչպէ՛ս յաջող յեղափոխութենէն ետք պէտք է «կամաց-կամաց» շարժիլ,– փրոֆ. Սիւնի իր անգլերէն խօսքին մէջ շեշտադրելով գործածեց հայերէն բառերը։

Աւելցնեմ, որ այս տողերը ստորագրողը, երբ կ՚ունկնդրէր զանազան նիստեր, երկու անգամ իր նօթերուն մէջ սղագրեց սա կրճատումը, - Ա6, Փ6-6։ Այսինքն՝ ըստ Հին Կտակարանին Աստուած տիեզերքը վեց օրէն ստեղծեց, իսկ մարդիկ կ՚ակնկալեն որ Փաշինեանը վեց շաբթուան, վեց ամսուան, կամ վեց տարուան մէջ Հայաստանը պիտի բարեփոխէ։ «Ե՞րբ, որքան ատենէն այս երկրին մէջ արդարութիւնը պիտի տիրէ» հարցը թէ՛ գիտաժողովին, թէ՛ ալ հասարակութեան հիմնահարցը եղաւ։

Չորրորդ հարցը՝ որ գրաւած էր դոկտ. Փանոսեանի ուշադրութիւնը, «Սփիւռք-ի հասկացողութեան բաւական դրական փոխակերպումն էր։ Թէ Սփիւռքը պարզ ու միաձոյլ չէ, այլ բազմակեդրոն, անդրազգային կառոյց մը, որուն «կեդրոնը» Հայաստանը չի կրնար ըլլալ։ Հայաստանի գիտնականներու մօտ այս հասկացողութեան հասունացումը, ընդգծեց ան, դրական երեւոյթ է, եւ երբեք չ՚ենթադրեր, որ Հայրենիքի եւ այլազան սփիւռքավայրերու կապերը պիտի ենթարկուին ընկրկումի կամ խզումի։ Սփիւռքահայութեան այն կորիզ-հատուածը՝ որ ունի «բազմավայր մտածում», ըսաւ ան, մէջբերելով այս տողերը ստորագրողի մէկ խօսքը, պիտի շարունակէ թէ՛ իր նախկին գործունէութիւնը, թէ՛ ալ հաւանաբար, կրնայ լծուիլ նորայղաց գործունէութիւններու։ Եւ վերջապէս, աւելցուց դոկտ. Փանոսեան, կը նշմարէ որ սկսած է նոր մտածելակերպ զարգանալ փորձագէտներու մօտ, Ռուսաստանի մէջ ձեւաւորուող, աշխատաւորական եւ գաղթական ցրօնքներու մասին, որոնք սկսած են յայտնուիլ իբր սկզբնական սփիւռքացուող համայնքներ։

Յաջորդ հարցը, որ հասկնալիօրէն կը յուզէր դասախօսներու մասնակցութեամբ գոյացող այս հաւաքը, կրթական հարցն էր։ Ակնյայտ է բոլորին, ըսաւ դոկտ. Փանոսեան, որ կրթական մտահոգութիւնը ընդհանրական է, սակայն զանոնք քննելու յատուկ լեզու չկայ դեռ։ Հարցը, ինչպէս միշտ, դրամի հարց է, բայց եւ այնպէս միայն տնտեսական չէ։ Այսպէս ըսենք, բազմամակարդակային է,– նախակրթարաններու, միջնակարգ դպրոցներու, համալսարանական-ինստիտուտային ուսումի հարցերը որքան ալ իրարու կապուած ըլլան, նոյնը չեն։ Ինչպէս նշեցին բազմաթիւ անձեր, յատկապէս փրոֆ. Արա Սանճեան (ԱՄՆ) եւ դոկտ. Հրաչ Պայատեան (Երեւան), կա՛մ սովետական օրերէն մնացած հին դասագիրքերը կը գործածուին, կա՛մ ալ (Հայոց պատմութեան պարագային) նոր խմբագրուած դասագիրքեր, որոնց պարունակութիւնը աւելի գաղափարախօսական է յաճախ, քան գիտական։ Եւ վերջապէս կայ կրթական ասպարէզ ընտրող ուսանողներու, ուսուցիչներու եւ հետազօտողներու թիւին նուազումի պարագան, որուն կը գիտակցի պետութիւնը, բայց յստակ չէ թէ՝ ինչպէ՞ս պիտի կարենայ հակազդել։

Վերջապէս, ըսաւ դոկտ. Փանոսեան, կա՛յ սա հարցը, որուն մասին չխօսուեցաւ այս բեղուն գիտաժողովին՝ լռութեան, համրութեան հարցը։ Ակնյայտ է, որ նոյնիսկ իրավիճակին ամենէն լաւատեղեակ զեկուցողները կը վարանէին բարձրաձայն խօսելու հակա-Փաշինեան հակահարուածին մասին, որ կրնայ բնաւ տեղի չունենալ, բայց եթէ տեղի ունենայ՝ նոյնիսկ եթէ չյաջողի՝ կրնայ գէշ արդիւնք տալ, ապականելով քաղաքական մթնոլորտը։ Կայ նաեւ այն մտահոգութիւնը, որ նախ եւ անխուսափելիօրէն, նոր կառավարութեան պաշտօնեաներու մեծամասնութիւնը նախկինին պաշտօնեաներն ալ էին,– ինչպէ՞ս պիտի գործեն անոնք։ Եւ վերջապէս կայ այն կարելիութիւնը, որ նորեկ ղեկավարները ուշ կամ կանուխ կրնան սկսիլ ու մտածել նախկիններուն նման, որքան ալ դրական է ներկայիս իրենց հանդէպ մեր ունեցած արժեւորումը։

Իր եզրափակումի ընթացքին, դոկտ. Փանոսեան անդրադարձաւ «հասարակական դաշինքի» (contrat social) գաղափարի զանազան ծալքերու եւ տարբերակներու գոյութեան եւ քննարկումին։ Նշեց որ միայն մէկ դաշինքային միաձայնութիւն կայ Հայաստանի մէջ, ինչպէս ընդգծեցին նիւթը շօշափող բոլոր զեկուցողները,– «Ղարաբաղը մե՛րն է»։ Այս հարցին կապակցութեամբ Փաշինեանի կողմը կը թուի ըլլալ նոյնքան միակամ՝ որքան Քոչարեանա-Սարգսեանական նախկին ռեժիմը։ Ինչպէ՞ս փոխել ամէն ինչ, խարսխուելով այս համա-ձայնութեան վրայ, անոր հաւատարիմ մնալով,– սա պետութեա՛ն համար ալ, ազգի՛ն համար ալ կարեւոր հարցական մը պիտի ըլլայ, ըստ դոկտ. Փանոսեանի, ապա նաեւ այս տողերը ստորագրողին համար։

 

Խաչիկ Թէօլէօլեան


Երեւան, 26 Յունիս 2018 

«Նոր Յառաջ»