image

Խաչատուրեանական օրեր. Անուշ Թրուանց

Խաչատուրեանական օրեր. Անուշ Թրուանց

Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Զրոյցներ» շարքին վերջին զրոյցին բանախօսը Արամ Խաչատուրեան թանգարանի տնօրէն, երաժիշտ Արմինէ Գրիգորեանն էր: Ան պատմեց Արամ Խաչատուրեանի մեծութեան մասին, իբրեւ համաշխարհային երեւոյթ, որուն երաժշտութիւնը նուաճած է ոչ միայն Խորհրդային Միութիւնը, ուր ծնած եւ ստեղծագործած էր երգահանը, այլեւ՝ ողջ աշխարհը:

Ահա թէ ինչու անցեալ շաբթուան ընթացքին Մեծն Խաչատուրեանի 115-ամեակը նշուեցաւ ոչ միայն Հայաստանի, այլ աշխարհի դասական երաժշտութեան կեդրոններուն մէջ, յիշուեցաւ այն զարմանալի հայուն անունը, որ առանց սկզբնական երաժշտական գիտելիքներ ունենալու, իր տաղանդին շնորհիւ ընդգրկուած է Մոսկուայի «Կնեսին»ի պետական երաժշտական նշանաւոր հիմնարկը, համատեղութեամբ ուսանելով նաեւ Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ:

Հետաքրքրական է երաժիշտին մասին բանախօսութենէն տեղեկանալ, որ ան երաժշտական նոթաները սորված է տասնինն տարեկանին, հակառակ անոր որ երաժշտական ընդունակութիւնները աւելի կանուխ ի յայտ եկած են:

Արամ Խաչատուրեան համաշխարհային ճանաչումի հասած է իր դասական գործերուն շնորհիւ, որոնք այսօր կը հնչեն երկրագունդին բոլոր կողմերը, կ՚օգտագործուին շարժապատկերներու մէջ, կը հաղորդուին ձայնասփիւռէն, հեռատեսիլէն: ԻՒՆԷՍՔՕ-ն Խաչատուրեանը դասած է 20-րդ դարու հանճարներուն կարգին:

Արամ Խաչատուրեանի՝ Երեւանի մէջ գործող թանգարանի տնօրէն Արմինէ Գրիգորեան, ՀԲԸՄ-ի «Զրոյցներ»ու ընթացքին պատմեց Արամ Խաչատուրեանի մանկութեան մասին, որ երաժիշտը անցուցած է Թիֆլիզի մէջ, ուր ծնած եւ մեծցած է:

Թիֆլիզ քաղաքը, ըլլալով մեր պատմութեան, մշակոյթի կարգ մը ծանօթ գործիչներուն ծննդավայրը, իր աւանդութիւններով, հայկականութեան եւ արուեստի միջավայրով վճռորոշ եղած է նաեւ Արամ Խաչատուրեանի համար: Ան ծնած է Թիֆլիզի Կոչորի արուարձանին մէջ: Երգահանին ծնողքը հինաւուրց Գողթան գաւառէն էր, որ պատմահայր Մովսէս Խորենացին գովերգած է որպէս շնորհալի երգիչ-երաժիշտներու հայրենիք: Վերին Ազա (այժմ՝ Նախիջեւանի մարզ) գիւղէն էր Արամ Խաչատուրեանի հայրը՝ Եղիա Խաչատուրեանը, որ պատանութեան տարիներէն բնակելով Թիֆլիզ, կը տիրապետէր կազմարարի արհեստին: Ամուսնացած էր նոյն մարզի, Ներքին Ազա գիւղին մէջ ծնած Ղումաշի հետ: Համեստ կազմարարին չորս որդիներէն աւագը՝ Սուրէնը, ճանչցուած թատերական գործիչ էր, բեմադրիչ, Լեւոնը՝ երգիչ, համամիութենական ձայնասփիւռի մենակատար: Խաչատուրեան նաեւ քոյր մը ունեցած է: Բայց այս ընտանիքը, անշուշտ, պիտի փառաբանէր 1903-ի 6 Յունիսին ծնած կրտսեր որդին՝ Արամը:

«Հին Թիֆլիզը հնչուն, երաժշտական քաղաք մըն է, բաւարար էր կեդրոնէն անցնիլ, քիչ մը հեռուն գտնուող փողոցներէն ու նրբանցքներէն գալով, որպէսզի մխրճուիս ամենատարբեր աղբիւրներէն ստեղծուած երաժշտական այս միջավայրին մէջ...», յետագային իր ծննդավայրին մասին գրած է Արամ Խաչատուրեան:

Իր ապրած տարիներուն Թիֆլիզի մէջ կը գործէին երաժշտական կարգ մը հաստատութիւններ եւ իտալական օփերայի թատրոնը: Այնտեղ կ՚ապրէին շատ տաղանդաւոր երաժիշտներ, որոնց ներդրումը մեծ եղած է հայ եւ վրացական երաժշտական դպրոցներուն ձեւաւորման համար: Միեւնոյն ատեն քաղաքին երաժշտական հաստատութիւնները կ՚այցելէին դուրսէն նշանաւոր արուեստագէտներ եւ այս բազմերանգ երաժշտական միջավայրը, անշուշտ, իր ազդեցութիւնը ձգած է Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններուն վրայ: Անոր երաժշտութիւնը երբեք չէր սահմանափակուեր նեղ ազգային շրջանակներու մէջ եւ կը «խօսէր» ամենէն լայն լը-սարաններուն հետ:

Խաչատուրեանը մեծ յարգանք ու անմիջական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր զանազան ժողովուրդներու երաժշտութիւններուն հանդէպ: Անոր աշխարհայեացքին եւ ստեղծագործութիւններուն բնորոշ յատկութիւններէն մէկը միջազգայնութիւնն էր:

Իր իսկ խոստովանութեամբ, մանկութեան տարիներու տպաւորութիւնները՝ ժողովրդական երաժշտութեան հարուստ միջավայր, ժողովրդական տօնակատարութիւններ, կենցաղին մէջ հնչող աշուղներուն երգն ու նուագը, խորապէս դրոշմուած էին յիշողութեան մէջ:

Թիֆլիզի բազմերանգ, խայտաբղէտ, յուզառատ երաժշտական կենցաղին մէջ թարմ էին Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի, Մակար Եկմալեանի եւ մանաւանդ՝ Կոմիտասի համերգներուն տպաւորութիւնները: Սոֆիա Արղութեանի վճարովի դպրոցին մէջ, ուր կրթութիւն ստացաւ պատանի Խաչատուրեան, սիրուած էին մանաւանդ երգի դասերը, որոնք հմտօրէն կը վարէր Մակար Եկմալեանի աշակերտ, յետագային ականաւոր երաժշտագէտ եւ երգիչ Մուշեղ Աղայեանը:

Պատանութեան տարիներէն երաժշտութեան մոլի սիրահար Արամ Խաչատուրեան ինքնուրոյն նուագած է դաշնամուր, փորձած է կրկնել իր շուրջը հնչող երաժշտութիւնը՝ ինքնատիպ կերպով մշակելով զայն: Ապա ուսանելով առեւտրական ուսումնարանին մէջ, ան մասնակցած է փողային նուագախումբի դասընթացքներուն, նուագած է փողային գործիքներ: Փողային գործիքներուն գործնական կերպով տիրապետելը իր դրական դերը ունեցած է ապագայ ստեղծագործողին կեանքին մէջ:

Յետոյ յաջորդած են Մոսկուայի երաժշտանոցին մէջ հարուստ եւ հետաքրքրական տարիները, եւ անկէ ետք՝ ստեղծագործական բուռն ընթացքը, որուն արդիւնքը եղած են անոր նշանաւոր պալէները, մեծածաւալ ստեղծագործութիւնները, սիմֆոնիները եւ այլն:

Ուսման եւ ստեղծագործութեան զուգահեռ Արամ Խաչատուրեան Հա-յաստանի Պետական երաժշտական հրատարակչութեան ներկայացուցիչը եւ սրբագրիչը եղած է այն ժամանակ, երբ Մոսկուայի Հայկական մշակոյթի տունը կ՚իրականացնէր հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններուն հրատարակութիւնը:

1934 թուականին Արամ Խաչատուրեանի անունը ոսկէ տառերով գրուած է Մոսկուայի երաժշտանոցի լաւագոյն շրջանաւարտներու մարմարեայ պատուոյ տախտակին վրայ:

Իր ստեղծագործական կեանքին ընթացքին Խաչատուրեան հասած է արուեստագէտի համար նախանշուած փառքի գագաթին՝ ստանալով պետական պարգեւներ, միջազգային մրցանակներ, ներկայ ըլլալով իր ստեղծագործութիւններու կատարումներուն միջազգային համերգներուն, հանդիպելով իր ժամանակի ամենէն նշանաւոր մարդոց եւ այդ փառքը, գնահատանքն ու ընդունելութիւնը լիուլի դրսեւորուած է իր հայրենիքի՝ Հայաստանի մէջ:

Արամ Խաչատուրեան ամուսնացած է երկու անգամ: Իր առաջին կնոջ հետ ան ծանօթացած է 1920-ական թուականներու վերջաւորութեան, որուն հետ ամուսնութենէն ծնած է դուստրը՝ Նունէն։ Որոշ ժամանակ անց, ծանօթանալով երգահան Նինա Մակարովային, ան ամուսնալուծուած է իր կնոջմէն եւ 1933-ին ամուսնացած է վերջինիս հետ։ Յատկանշական է, որ ռուս նշանաւոր կին երգահանին ծածկանունը Գայիանէ էր մտերմիկ շրջանակներուն մէջ: 1940-ին ծնած է անոնց որդին՝ Կարէնը, որ արուեստի քննադատ է: Ան յաճախ կ՚այցելէ Հայաստան, հանդիպումներ կ՚ունենայ արուեստի շրջանակներուն հետ, կը հիւրընկալուի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին մէջ, կը պատմէ իր հօրը մասին յուշեր, պատմութիւններ…

Խաչատուրեան վախճանած է 1 Մայիս 1978-ին՝ երկարատեւ, ծանր հիւանդութենէ ետք: Մոսկուայի երաժշտանոցի մեծ դահլիճին մէջ սգոյ հանդիսաւոր արարողութենէն ետք երգահանին աճիւնը տեղափոխուած է Երեւան՝ ի կատարումն անոր վերջին ցանկութեան, եւ հողին յանձնուած է Հայոց մեծերու պանթէոնին մէջ:

Հայ ժողովուրդի մեծ զաւկին սգոյ թափօրին մասնակցած են տասնեակ հազարաւոր հայրենակիցներ, բազմաթիւ օտարազգի բարեկամներ, որոնք Հայաստան ժամանած էին արուեստագէտին վերջին հրաժեշտ տալու:

Իր մահէն ետք Խաչատուրեան նոյնպէս արժանացած է մեծ փառքի, եւ մինչեւ այսօր, մեծ հայուն անունը համաշխարհային մեծութիւններու կարգին երիցս կը փառաբանուի: Անոր անունով Հայաստանի մէջ կոչուած են դպրոցներ, փողոց, Հայաստանի ֆիլհարմոնիայի Մեծ դահլիճը, լարային քառեակը, նաեւ անոր անունով կոչուած է դաշնակահարներու եւ երգահաններու տարեկան մրցոյթը։ Այդ մըր-ցոյթը այս տարի յոբելեանական է եւ 40-րդ անգամն է, որ տեղի կ՚ունենայ: Երեւանի մէջ կը գործէ նաեւ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը, որ կը գտնուի Բաղրամեան փողոցի վրայ, հիմնուած եւ ստեղծուած է իր անձնական տան հիման վրայ, զոր ստացեր էր որպէս նուէր 1947 թուականին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Թանգարանը հրաշալի առանձնատուն էր, զոր շատ կը սիրէր Արամ Խաչատուրեան: Ան իր հիւրերը այնտեղ կ՚ընդունէր, կը ստեղծագործէր. առանձնատունը ունէր պտղատու մեծ այգի, ուր շատ ժամանակ կ՚անցընէր Արամ Խաչատուրեան: Իր ցանկութիւնն էր, որ ան դառնայ իր տուն-թանգարանը: Այդ փափաքը իրականացաւ 1978 թուականին, երբ մեծ երաժիշտը կնքեց իր մահկանացուն: Իսկ տուն-թանգարանը 1984-ին արդէն բացաւ դռները: Արամ Խաչատուրեանի պատգամն էր, որ իր տան մէջ անընդհատ հնչէ կենդանի երաժշտութիւն:

Ամէն տարի Խաչատուրեանական օրերը, անոր ծննդեան օրուընէ սկսեալ, կը նշանաւորուին աւանդական դարձած ձեռնարկներով՝ այց պանթէոն, համերգներ, մրցոյթներ, բանախօսութիւններ, անոր յիշատակին նուիրուած այլ ձեռնարկներ, որոնց մեծ մասը տուն-թանգարանին մէջ կ՚ըլլայ:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀՌՈՄԻ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ

1960-ին երգահան Արամ Խաչատուրեան Իտալիոյ մէջ արժանացած է Սանթա Չեչիլիա երաժշտական ակադեմիայի պատուաւոր փրո-ֆեսէօրի կոչումին: Յատկանշական է, որ փրոֆեսէօրի կոչումը կը շնորհուէր միայն ամենաանուանի երաժիշտներուն, եւ Խաչատուրեանի շնորհիւ, այս հազուագիւտ մականուններուն կարգը համալրուած է նաեւ հայկականով:

Խաչատուրեանի՝ 1963-ի Իտալիա կատարած այցին ժամանակ Սանթա Չեչիլիա երաժշտական ակադեմիայի տնօրէնը երգահանին առաջարկած է հանդիպիլ Հռոմի Յովհաննէս 23-րդ Պապին հետ: Խաչատուրեան համաձայնած է ու քանի մը օրէն, կնոջ հետ, ժամանած է Վատիկան:

Արամ Խաչատուրեանի յուշերէն կը տեղեկանանք, որ Վատիկանը զայն տպաւորած է որպէս թանգարանի նման ահռելի շէնք մը: Այն ժամանակ, ինչպէս կը յիշէ Արամ Խաչատուրեանի թանգարանի տնօրէն Արմինէ Գրիգորեան, Խորհրդային Միութիւնը Վատիկանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունէր, ու հայ երգահանը դարձած է Խորհրդային Միութեան առաջին քաղաքացին, որ հանդիպած է Հռոմի Պապին: Անոնց զրոյցը տեւած է կէս ժամ, ու այդ ընթացքին Արամ Խաչատուրեան նոյնպէս խօսած է: Աւելի ուշ, երգահանը վերյիշած է, որ Հռոմի Պապը արուեստի վերաբերեալ բազմաթիւ հետաքրքրական հարցումներ ուղղած է իրեն:

Եւ այդ հարցումներուն միջոցին նաեւ Հռոմի Պապը յայտնած է իր հիացմունքը Արամ Խաչատուրեանի արուեստին նկատմամբ ու ըսած է, որ հակառակ անոր որ հայ ժողովուրդը սակաւաթիւ է, սակայն աշխարհին բազմաթիւ հանճարներ տուած է:

Այդ պատմական հանդիպումի աւարտին Հռոմի Պապը Արամ Խաչատուրեանին տուած է իր պատկերով յուշամետայլ մը, իսկ կնոջը՝ խաչ մը: Ատկէ քանի մը օր անց, Խաչատուրեանին Վատիկանէն ղըր-կած են հանդիպումէն լուսանկարներ: Հետաքրքրական է, որ երբ Արամ Խաչատուրեան վերադարձած է Խորհրդային Միութիւն եւ պատմած է Հռոմի Պապին հետ իր հանդիպումին մասին, շատեր չեն հաւատացած, մտածելով, որ ատիկա առասպել է: Օրեր անց ստացուած լուսանկարները փարատած են բոլոր կասկածները: Այդ լուսանկարները այսօր կը պահուին երեւանեան տուն-թանգարանին մէջ:

«Անյայտ» Խաչատուրեանը

Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին մէջ բազում տեղեկութիւններ, յուշեր, լուսանկարներ, վաւերագրեր, անձնական իրեր եւ շատ արժէքաւոր նիւթեր կը պահուին, որոնց կարգին են ինչպէս շատ յայտնի, այնքան ալ՝ անյայտ փաստեր Արամ Խաչատուրեանի մասին:

Այդ վկայութիւններէն մէկն է, որ Խաչատուրեան կենդանիները շատ կը սիրէր։ Գերմանիոյ մէջ, անոր տնային գանգրամազ շուն մը նուիրած են՝ արքայական փուտել, որուն անունը ան Լէատօ դրած էր (ըստ լէա եւ տօ նոթաներուն)։

Երգահանը հաճոյքով կը զբօսնէր իր Լէատոյին հետ: Իր շունիկին հանդէպ տածած սիրոյ մասին կը վկայէ Արամ Խաչատուրեանի երաժշտական մէկ ստեղծագործութիւնը՝ «Լէատոն լուրջ հիւանդացած է» խորագրով, որ ան նուիրած է իր սիրելի շան:

***

Երեւանի մէջ կը բեմադրուէր «Սպարտակ» պալէն եւ այդ մէկը վերջին ներկայացումն էր, որուն ներկայ էր հեղինակը։ Բեմադրութիւնը անթերի էր, պալէի խումբը՝ հիանալի կը պարէր, նուագախումբն ալ կը կատարէր ստեղծագործութիւնը, որ նոյնպէս անթերի կը թուէր: Սակայն, առաջին գործողութեան կէսէն Խաչատուրեան անսպասելիօրէն ելած եւ լքած է դահլիճը։ Գործողութիւնը աւարտած է, իսկ երգահանը բացակայ եղած: Փնտռած են զայն եւ որոշ ժամանակ անց գտած են դուրսը՝ օփերային թատրոնէն ոչ հեռու տեղ մը: Ան ըսած է.

«Եթէ ես մնայի, ապա սարսափելի աղմուկ մը կը բարձրացնէի: Անոնք իմ երաժշտութենէն կրճատած են ամբողջ չորս մասեր»։ Հակառակ անոր որ ունկնդիրները խաչատուրեանական երաժշտութեան փոքրիկ հատուածին այդ «կորուստը» չէին նկատած, այնուամենայնիւ այդ հանգամանքը շատ զայրացուցած էր հեղինակը, որ յոյժ կարգապահ երաժիշտ մըն էր եւ չափազանց պահանջկոտ էր կատարողներուն հանդէպ։ Ան դահլիճէն դուրս ելած էր, որպէսզի զայրոյթը չարտայայտէ ունկնդիրներուն ներկայութեամբ:

***

Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք երեւանեան զինուորական հիւանդանոցները լի էին վիրաւորներով։ Ժամանելով Երեւան՝ Խաչատուրեան ցանկութիւն յայտնած է համերգով հանդէս գալ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Այդ ձեւով ան ոգեւորած է պատերազմին մասնակից վիրաւորները: Համերգի ընդմիջումներուն ան պատերազմի տարիներուն մասին կը պատմէր ուշագրաւ պատմութիւններ, որոնք կը վերաբերէին երաժիշտներու կեանքին: Յիշարժան էր մանաւանդ անոր պատմած հետեւեալ պատմութիւնը: Կրակոցներու պատճառով քաղաքէն մարդոց տեղափոխումներէն մէկուն ընթացքին, կայարաններէն մէկուն մէջ Խաչատուրեան, ուրիշ երաժիշտներու՝ Օյստրախի ու Շոստաքովիչի հետ անօթի մնացած էր: Այդ ծանր վիճակէն զանոնք դուրս բերած է Օյստրախ՝ կատակով առաջարկելով հոն համերգ մը տալ։ Մտայղացումը հրապուրած է Շոստաքովիչն ու Խաչատուրեանը, եւ անոնք հաճոյքով ընդունած են առաջարկը։

Անպատրաստից կայացած հիանալի համերգին հետեւանքով, երաժիշտները ճաշի արժանացած են։

 ***

Զուիցերիոյ մէջ Չափլին հիւրընկալած է Խաչատուրեանը եւ իր աշխատասեղանէն անոր ձայնապնակը հանած ցոյց տուած է հայազգի երաժշտահանին: Չափլին Արամ Խաչատուրեանին նուիրած է վարդի փունջ, երաժիշտը վարդը մինչեւ վերջ իր մօտ պահած է տունը:

***


1944 թուականին, երբ Հայաստանի քայլերգին ստեղծման համար մրցոյթ մը յայտարարուած է, Խաչատուրեան ժամանած է Երեւան՝ բերելով երաժշտութեան իր տարբերակը՝ գրուած հայ բանաստեղծ Սարմէնի խօսքերով։ Գիշեր մը, նստելով գործիքին քով, ընտանեկան նեղ շրջանակի մէջ, երգահանը սկսած է նուագել ու երգել իր յօրինած քայլերգը։

Ամրան, երբ պատուհանները բաց էին, պարզուած է, որ շուրջ բոլորը՝ պատշգամներուն, պատուհաններուն քով, փողոցը բազմաթիւ մարդիկ հաւաքուած են, որոնք, ոգեւորուած իրենց լսածով, միահամուռ կերպով սկսած են երգել խաչատուրեանական մեղեդին։

Այդ մեղեդին երկար տարիներ, մինչեւ Հայաստանի անկախացումը, եղած է Խորհրդային Հայաստանի քայլերգը եւ Հայաստանի անկախացումէն ետք զայն փոխարինած են ներկայ քայլերգով: Կարգ մը մասնագէտներ բողոք յայտնած են այդ որոշումին դէմ եւ այսօր ալ Հայաստանի մէջ վերջին փոփոխութիւններէն ետք, սկսած են քննարկել նոր Հայաստանի ոգիին համահունչ Խաչատուրեանի անմեռ այդ մեղեդին վերադարձնելու եւ զայն Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը դարձնելու թեման: Արուեստաբանները կը վկայեն, որ Արամ Խաչատուրեանի քայլերգը իր երաժշտական հիմունքներով եւ մտածողութեամբ շատ ազգային է, մանաւանդ անոր մէջ գործածուած է պատարագէն հատուած մը։ Երաժշտութեան մեղեդային առաջին հնչիւններուն հիմքին մէջ «Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ հզօր» մաքրամաքուր շարականը կայ: Խաչատուրեանական այդ ստեղծագործութիւնը յաւերժական է եւ ժամանակէ դուրս գրուած գործ մըն է. տեսակէտ մը կայ, որ Սարմէնի բանաստեղծութենէն հանելով խորհրդային բառերը, մեծ յաջողութեամբ կարելի է քայլերգը կրկին դարձնել Հայաստանի օրհներգ:

Հայաստանի անկախութենէն ետք այս հարցը բազմիցս քննարկուած է եւ այսօր թարմ քննարկումներու մէջ է կրկին: Նախաձեռնութեան հեղինակները վստահ են, որ այս քայլով տուրք մատուցած կ՚ըլլան այնպիսի մեծութեան մը, որ դարերու ընթացքին մէկ անգամ կը ծնի եւ որ ան Արամ Խաչատուրեանն է:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս