image
Հրատապ լուրեր:

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (Թ. Մաս)

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (Թ. Մաս)

Երեքշաբթի, 1 Մայիս, 2018

Այսօր գրեթէ 9 ժամ գամուած կը մնանք հեռատեսիլին առջեւ։ Ուղիղ կը հեռարձակուի խորհրդարանի յատուկ նիստը, ուր պիտի ընտրուի մեր յաջորդ վարչապետը։ Կը ներկայացուի վարչապետի միակ թեկնածուն, ընդիմադիր «Ելք» դաշինքի ղեկավար` Նիկոլ Փաշինեանը։ Խօսք կ’առնէ ինքը Փաշինեանը եւ ապա կը պատասխանէ, խորհրդարանականներու հարցումներուն։ Հարցադրողներուն կուսակցական պատկանելիութիւնը կռահելը չափազանց հեշտ է։ «Ելք», «Ծառուկեան Դաշինք» եւ ՀՅԴ խորհրդարանականները, որոնք նախօրօք յայտարարած են այս թեկնածուին սատարելու մասին, դրական կ’արտյայտուին, Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները` բացասական։ Մթնոլորտը լարուած է, բայց քաղաքակիրթ։ Գործածուած հայերէնը, քանի մը բացառութիւններով, գրագէտ է, եթէ հաշուի չառնենք ընդունուած օտարաբանութիւնները։ Կայ մէկ անակնկալ։ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար` Աղուան Վարդանեանը կը յայտարարէ որ ինք չի կրնար «խղճով եւ համոզմունքով» քուէարկել այս թեկնածուին, հակառակ իր խմբակցութեան որոշումին։

Քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ, Հանրապետական Կուսակցութիւնը կը յայտարարէ  դէմ քուէարկելու մասին։ Սատարող կուսակցութիւններու քուէները բաւական  չեն վարչապետ ընտրելու համար։ Ուրեմն մօտ ինը ժամ սանդին մէջ ջուր ծեծուած է...

 

Կան բաներ, որ անհասկնալի են ինծի համար։ Փաշինեան եւ իր գործակիցները, հակառակ որ պէտք ունին հանրապետական քուէներու, անխնայ կը հարուածեն զանոնք։ Չեմ կրնար երեւակայել, որ ինքասիրութիւնը վիրաւորուած պատգամաւորը ինչո՞ւ պիտի քուէարկէ իր օգտին։ Երկրորդ` հանրապետականները ամէն գնով կը ջանան արդարացնել իրենց իշխանութիւնը, երբեմն գովազդողի տպաւորութիւն ձգելով։ Այս բոլորին կը հետեւին մեր երկրի տուներուն եւ հրապարակներուն եւ մանաւանեդ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ հաւաքուած բազմահազար մարդիկ։

Վարչապետի ըտրութիւնը չի կայանար, 56 դէմ եւ 45 դեր ձայներով։ Կը տապալուի պիտի ըսէին հոս։ Ըստ սահմանադրութեան վարչապետ ընտրելու համար յատուկ նիստը պիտի կայանայ եօթը օրէն։  Փաշինեան կը միանայ հրապարակին մէջ իրեն սպասող ցուցարարներուն եւ կ’ընէ հետեւեալ կոչը,-

«Վաղը Հայաստանի Հանրապետութիւնում յայտարարւում է տոտալ (այսինքն ամբողջական) գործադուլ եւ դասադուլ։ Շրջափակել բոլոր փողոցները, օդանաւակայանը։ Շրջափակել ամէնը, ինչ հնարաւոր է, անգամ միջպետական ճանապարհները»։

 

Կան բաներ որոնց համամիտ չեմ։ Դէմ եմ դպրոցական տարիքի երախաներու ընդգրկմանը այս ցոյցերուն մէջ։ Փաշինեանը կ’արդարացնէ այս որոշումը նշելով, որ Ղարաբաղեան շարժման ընթացքին ինք 13 տարեկան եղած է, սակայն լիովին մասնակցած անոր։ Խորհրդարանի նախագահ` Արա Բաբլոեանը, որ մասնագիտութեամբ մանկաբոյժ է, որպէս բողոք այս հաստատումին տասը րոպէով կը լքէ նիստերու դահլիճը։ Դէմ եմ նաեւ ամէն ինչ սեւ եւ ճերմակ գոյներով ներկայացնելուն։ Արդե՞օք կարելի է Հանրապետական կուսակցութեան ամբողջ գործունէութիւնը վարկաբեկել, առանց անդրադառնալու որոշ ձեռքբերումներու։

 

Մայիսի 1-ն է` բանուորական օր։ Սակայն այսօր ան շատ քիչ ուշադրութեան կ’արժանանայ...

 

Չորեքշաբթի, 2 Մայիս, 2018

 

Երէկ ուշ գիշերին կ’իմանանք, որ Հանրապետական պատգամաւոր մը հրաժարական ներկայացուցած է։ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը Աղուան Վարդանեանի անհապաղ հրաժարականը պահանջած է։ Որպէս արդիւնք ՀՅԴ-ի իշխանութենէն հրաժարելուն, հրաժարած էր Տարածքային Կառավարման եւ Զարգացման նախարարը։ Այսօր ալ կը հրաժարի նոյն նախարաութեան փոխ նախարարը...

 

Սկսած են քաղաքացիական անհնազանդութեան դրսեւորումները։ Երեւանի եւ մարզերու ճանապարհները կը փակուին։ Խումբ մը փաստաբաններ կը փակեն Արդարադատութեան նախարարութեան շէնքի մուտքը։ Գետնուղիի աշխատաւորները գործադուլ կը յայտարարեն կասեցնելով անոր աշխատանքը։ Օդակայանի ճամբան փակ է։ Խումբ մը դերասաններ Մշակոյթի նախարարութեան շէնքին առջեւ հաւաքուած են։ Աւելի ուշ Մշակոյթի նախարարը հրաժարական կու տայ։ Նիկոլ Փաշինեանը Երեւանի Արշակունեաց փողոցի ցուցարարներուն միանալով կոչ կ’ընէ փակ պահել ճանապարհները մինչեւ երեկոյեան ժամը 5-ը եւ ապա հաւաքուիլ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ։

 

Գիւմրիի մէջ շրջափակած են քաղաքապետարանի շէնքը, պահանջելով որ քաղաքապետարանի աշխատակիցները միանան գործադուլին։ Շիրակի մարզպետարանի շէնքը փակ է։ Վանաձորի մէջ համատարած դասադուլ է։

 

Մեր տան առջեւէն անցնող փողոցը գիւղի երկրորդական մուտքերէն մին է։ Անկէ անցնող ինքնաշարժներուն թիւը ընդհանրապէս սահմանափակ է։ Այսօր ան կը դառնայ բանուկ ճամբայ։ Րոպէն մէկ ինքնաշարժ մը կ’անցնի։ Կ’իմանանք, որ գիւղի գլխաւոր մուտքին մօտ մայրուղին փակած են ցուցարարները, մեր գիւղի ճամբաները դարձնելով այս խցանումը շրջանցելու այլընտրանք։ Վալդերի խնամին` Վարդանը, այսօր պիտի վիրահատեն Երեւանի «Աստղիկ» հիւանդանոցին մէջ։ Վալդերը Վարդանի կնոջը` Նարինէին հիւանդանոց պէտք է տանի։ Առաւօտուն ծրագիրներ կը կազմէր, թէ ինչպէս պիտի հասնի հոն։ Աւելի ուշ կ’իմանանք, որ չեն յաջողած ինքնաշարժով հիւանդանոց հասնիլ եւ ինքնաշարժը կայնելէ ետք ոտքով երկար ճամբայ քալած են...

 

Հանրապետական կուսակցութիւնը կէսօրէն ետք հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ։ Վարչապետի թեկնածու պիտի չառաջադրեն։ Առաւել, պիտի աջակցին Խորհրդարանի մէկ երրորդի կողմէ առաջադրուած թեկնածուին։ Ուրիշ խօսքով, պիտի սատարեն` Նիկոլ Փաշինեանին...

 

Հանրապետութեան հրապարակին մէջ տեղի ունեցող երեկոյեան հաւաքին, Նիկոլ Փաշինեանը վերջ կը դնէ «քաղաքացիական անհնազանդութեան» դրսեւորումներուն։ Վաղը երկիրը պիտի վերադառնայ իր սովորական հունին...  

 

 

Հինգշաբթի, 3 Մայիս, 2018

 

Անհաւատալի է։ Փաշինեանի խօսքը օրէնք դարձած է մեր երկրին մէջ։ Հարիւր հազարաւոր ցուցարարները կ’անհետանան։ Դպրոցները կը վերաբացուին, համալսարանը նոյնպէս։ Կեանքը կը վերադառնայ իր բնականոն ընթացքին...

Վերջին քանի մը օրերուն լուրերէն կախուածութիւն ձեռք ձգեցինք։ Իրողութիւնները շատ արագ ընթացան։ Զարգացումները երբեմն կանխատեսելի, երբեմն անակնկալ, դարձան մեր առօրեային մէկ մասը։ Խօսակցութեան ուրիշ նիւթ գրեթէ չկար։ Հիմա արդէն լուրերը ձանձրացուցուցիչ  կը թուին,- Այս հանդիպում, այն հանդիպում, քանի մը հրաժարական եւայլն...

Արդէն կարելի է Աշտարակ երթալ գնումներու։

 

Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրն է։ Այս առիթով կ’ըլլան շնորհաւորանքներ պետական պաշտօնեաներու կողմէ։

 

Ուրբաթ, 4 Մայիս, 2018

 

«Թաւշեայ Յեղափոխութեան» կողմնակի արդիւնքները սկսան մակերեսուիլ... Յեղափոխութեամբ հարցեր լուծելու մեթոտաբանութիւնը տեղ գտած կը թուի ըլլալ մեր երնթագիտակցութեան մէջ։ Այսօր Երեւանի «Մոնթէ Մելքոնեան» դպրոցի աշակերտները, ծնողները եւ ուսուցիչները, ցոյցեր կ’ընեն պահանջելով տնօրէնի հրաժարականը... Շիրակի համալսարանին մէջ նոյնատիպ ցոյցեր կան...

 

Բացուած է Կովերը մօտակայ սարը տանելու եղանակը։ Նախրապան Ժորան, հակառակ տարիքին եւ վերջերս ենթարկուած վիրահատութեան, այս տարի եւս համաձայնած է կովերը սար տանիլ արածելու։ Առաւօտուն հարեւան Սոնիկը իր կովը կը տանի գիւղամէջ միանալու նախիրին։ Արտակը կ’ընկերանայ իրենց քանի մը շաբաթ առաջ ծննդաբերած կովին, մինչեւ սարը, վստահ ըլլալու համար որ ան փախելով ետ չի վերադառնար։ Սակայն կէսօրին ան արդէն յաջողած է վերադառնալ տուն։ Կ’ըսեն, որ պարզապէս չ’ուզեր բաժնուիլ իր հորթուկէն... Գիւղին ժամանակացոյցը էապէս կը փոխուի։ Հիմա նախիրի վերադառնալու ժամը կը դառնայ գլխաւոր որոշիչը թէ երբ կարելի է այցելել կամ ուրիշ գործեր իրականացնել...

 

Մեր գիւղի խումբ մը երախաները այսօր «ջանգիւլում»ի կու գան։ Համբարձումը գալ Հինգշաբթի է։ Եօթը դգալ ջուր կու տան եւ փունջ մը դաշտային «ջանգիւլում» դեղին ծաղիկ։ Իրենց կ’ըսեմ, որ Համբարձումը Հինգշաբթի օր կ’ըլլայ եւ վեց օր վերջ է։ Կը խոստանան գալ տարի այդպէս ընել։ Մեր համագիւղացիները ընդհանրապէս հաւկիթ, շաքարաւազ, ալիւր կամ այլ մթերքներ կու տան, երեկոյեան, երախաներու ծնողներու օգնութեամբ կազմակերպուած ճաշկերոյթին համար։ Ես սովորաբար դրամ կու տամ...

 

Այսօր թորոնթոցի Վարդանն է մեր հիւրը։ Մեր կեանքի մեծ մասը այդ քաղաքին մէջ անցուցած ըլլալով, հոն ունինք բազմաթիւ բարեկամներ ու ծանօթներ, այնպէս որ, Թորոնթոյէն եկողները հարցաքննութեան կ’ենթարկենք...  Գաղութային կեանքը, որուն մաս կազմած ենք 40 տարիներ, նոյնքան հետաքրքրական է մեզի համար։ Կ’ուրախանանք լաւ լուրերով, կը տխրինք գէշ լուրերով... Ի դէպ, արեւմտահայերէնով հետաքրքրականը մակբայ է, հետաքրքիրը ածական։ Հոս հետաքրքիրը կը գործածեն որպէս մակբայ... Գէշ բառը մենք կը գործածենք վատ իմաստով, իսկ հոս` տգեղ իմաստով... մալխասեան բառարանին մէջ կան երկու իմաստներ ալ, բայց Կռանեանը կու տայ միայն վատ իմաստը...

 

Շաբաթ, 5 Մայիս, 2018

 

Անակնկալ այցելութիւնները այնքան ալ անակնկալ չեն մեզի համար։ Այսօր մեզի այցելուեան կու գայ Մարտիրոսը, որ հոս ծնած է, սակայն յունահայ արմատներ ունի։ Արեւմտահայերէնը կը խօսի ճիշդ յունահայու նման։ Կ’ըսէ, որ հանդիպած ենք երկար տարիներ առաջ։ Երեւանի Նոր Արէշ թաղամասի բնակիչ է եւ հարեւան` Մարգարի հօր զարմիկ` շատոնց հանգուցեալ Երուանդ Շարապխանեանին։ Մեզի կը տեղեկացնէ, որ Ծիծեռնակաբերդի թանգարանին յանձնած է Երուանդի յուշերը, որոնք հաւանական է որ հրատարակուին մօտիկ ապագային։ Կը գովէ բնագրի հայերէնը, բառապաշարը եւ բովանդակութիւնը։ Ջերմ զրոյց կը ծաւալուի Մարգարին եւ իր միջեւ։   

 

Կիրակի, 6 Մայիս, 2018

 

Այսօր մեր հիւրերը երեւանցիներ են։ Վահագնը եւ կինը` Մանուշակը, Գէորգը եւ կինը Նաթաշան, որուն առաջին անգամ է որ կը հանդիպինք, նաեւ Մարգարիտը։ Խնդրած եմ Վահագնէն, որ այսօր խորովածի պատրաստութիւնը զիջի Նաւոյի Ճաշարանին... Շատ սրտովը չէ, սակայն կը համաձայնի։ Ճաշի պատրաստութիւնը փոխանցելով ճաշարանին, ամբողջ օրը առանց ընդհատումի կը շաղակրատենք։ Գլխաւոր նիւթերէն մէկը ` թաւշեայ յեղափոխութիւնն է։ Բոլորս ալ լաւատեսութեան կողքին ունինք մտահոգութիւններ։ Մեր ժողովուրդը արժանի չէ յուսախաբութեան եւ յուսալքութեան նոր ալիքի մը։ Լաւատեսութեան կողքին իրատեսութեան կարիքը կայ։ Մէկ հարուածով կարելի չէ փոխել ամէն ինչ։ Իրատեսութիւնը ժողովուրդին մէջ սերմանելու աշխատանքը յոյսով ենք կը դառնայ նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մին։

 

Հսկայ թաղարի մը մէջ Կէչիի ծառ մը կը ստանանք որպէս նուէր։ Այգիին մէջ յարմար տեղ մը պէտք է գտնել անոր համար։ Յոյսով ենք, որ քանի մը տարիէն ան պիտի փոխարինէ մեր տան առջեւի ծաղկանոցին մէջ տնկուած եղեւնիները, որոնք պիտի զոհուին մեր գալիք թոռներու անունով խնձորենիներու տեղ տալու համար...

 

Երկուշաբթի, 7 Մայիս, 2018

 

Թելերու խանութը կ’երթամ, գնումի։ Խանութը փակ է։ Ցուցափեղկին փակցուած կը տեսնեմ «ՀՀԿ Հեռացի» ցուցանակը։ Քանի մը վայրկեան կ’առնէ, որ անդրադառնամ, թէ խօսքը մինչեւ հիմա իշխող Հանրապետական կուակցութեան մասին է եւ «հեռացի»ն «հեռացիր»ի բարբառային տարբերակն է... Խանութի տիրոջ կինը ուսուցչուհի է։ Մտովի կ’որոշեմ խօսիլ իրեն այդ մասին... Խանութին առջեւ կեցած են երեք կիներ, որոնք իրարու ծանօթ ըլլալ կը թուին։ Աշխոյժօրէն կը քննարկեն քաղաքական իրադրաձութիւնները։ Այսքան երկար խորհրդարանական նիստերուն չէ հետեւած երբեք, կը գանագատի մէկը։ Ցոյցերուն իր մասնակցութիւնը կը հաստատէ միւսը։ Ժողովուրդի անտարբերութիւնը քաղաքական անցուդարձերու նկատմամբ, անհետացած կը թուի ըլլալ... Պետութեան հանդէպ բացասական տրամադրութիւնը գլխիվայր շրջուած է։ Քանի մը րոպէ կը հետեւիմ իրենց խօսակցութեան, ապա կ’որոշեմ ուրիշ անգամ ընել գնումներս, որովհետեւ Ոսկանը` խանութի տէրը, կ’ուշանայ...

 

Երեքշաբթի, 8 Մայիս, 2018

 

Առաւօտուն երբ սուրճի գաւաթը ձեռքիս կը նստիմ համակարգիչիս առջեւ, առաջին նամակը հարսս` Դալարէն է։ Կարծես պէտք է յարմարուիմ Հայաստանի վերաբերեալ լուրերը Թորոնթոյէն ստանալու։ Տեսերիզ մըն է, ուր Նիկոլ Փաշինեանը Սերժ Թանկեանը ներկայացուցած ատեն սխալմամբ զայն Սերժ Սարգսեան կը կոչէ, որուն Թանկեանը կ’արձագանգէ կատակով,- Ինծի մի մերժէք... Ի՞նչ մեղքս պահեմ, ուրախ եմ, որ զաւակներս եւ հարսերս ուշի ուշով կը հետեւին Հայաստանեան իրադարձութիւններուն։

 

Այսօր իրաւունքի ոյժով (հաւանաբար սահմանադրական բառակապակցութիւն մըն է այս մէկը, որուն բուն իմաստը չեմ գիտեր) գումարուած Ազգային Ժողովի յատուկ նիստին, Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետ ընտրուեցաւ։ Հանրապետականները բաւարար ձայներ տրամադրեցին, որպէսզի Վարչապետ ունենանք։ Կողմ քուէարկեցին 59 պատգամաւորներ եւ դէմ` 42 պատգամաւորներ։

 

Վալդերը կը պատմէ, որ ժողովուրդը ցնծութեան մէջ է։ Փողոցները կը պարեն ու կ’երգեն։ Կը սկսին գործող կառավարութեան անդամներու հրաժարականները, որոնք ըստ ինծի աւելորդ են, քանի որ երբ նորերը կը նշանակուին իրենք ինքնաբերաբար պաշտօնանկ կ’ըլլան։

 

Չորեքշաբթի, 9 Մայիս, 2018

 

Մայիսի 9-ը միշտ մեծ շուքով կը նշուի հոս։ Եռատօն է։ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի յաղթանակի օր, Շուշիի ազատագրման տօն եւ Արցախի բանակի հիմնադրման օր։ Հեռատեսիլէն միայն այս մասին վաւերագրական ծրագիրներ կը սփռուին առկախելով սովորական հեռարձակումները։ Մինչ Սփիւռքի մէջ Մայիսեան յաղթանակներ ըսելով կը հասկնանք Մայիսի 28-ը, հոս Մայիսի 9-ն է որ կը նշանաւորուի։

 

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին նուիրուած ծրագիրները սովետաբոյր են։ Հոս Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմը կը կոչուի Հայրենական մեծ պատերազմ։ Վեդերանները փողոց կու գան իրենց բազմազան մետալները փակցուցած իրենց կուրծքերուն։ Յաղթանակի այգիին մէջ դաշտային ճաշ կը հիւրասիրուին, բանակային սպասքով եւ բովանդակութեամբ։ Անոնցմէ ոմանք  սայլակներու մէջ են, ուրիշներ դժուար կը տեղաշարժուին։ Անոնց շարքերը տարուէ տարի կը նօսրանան... Այս դաժան պատերազմի վեդերանները խորհրդային բրոբականտով յագեցած կ’իտիալացնեն այս պատերազմը եւ րոպէ մը իսկ չեն կասկածիր, որ անոր զոհերն են...

Աւելի ժամանակակից Շուշիի ազատագրման մասին վաւերագրական նիւթերը աւելի կը հետաքրքրեն զիս։ Հոս արդէն Հայրենիք բառին վերադարձուած է իր բուն իմաստը եւ չի վերաբերիր Խորհրդային Միութեան։  Նորընտիր Վարչապետ Փաշինեանը, իր առաջին այցելութիւնը որպէս վարչապետ կ’ընէ դէպի Արցախ։ իր առաջին մամլոյ ասուլիսը եւս տեղի կ’ունենայ հոն։

Վերադարձի ճամբուն վրայ, վարչապետական ինքնաթիռէն ուղիղ հեռարձակմամբ կը տեսնենք զինք։ Խաղի կանոններուն նոր ծանօթացողի եւ պաշտօնին ընձեռած կարելիութիւններէն քիչ մը շշմած կը թուի ըլլալ...

 

Հինգշաբթի, 10 Մայիս, 2018

 

Երեւան կ’իջնենք գնումներու։ Տալմայի շուկան իսկապէս հանդարտ է։ Կարծես թէ կեանքը կը վերադառնայ իր բնականոն հունին։ Փակ ճամբաները, խցանումները, բողոքի ցոյցերը պատմութիւն են հիմա...

 

Այսօր լուրերուն կը տիրապետեն բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն ներկայացուցած հրաժարականները...

 

Ուրբաթ, 11 Մայիս, 2018

 

Հարեւան Հիլտայի շունը` Ճերմակը, այս առաւօտ անդադար կը հաջէ, մեր կտուրի կողմը նայլով։ Կ’ենթադրենք, որ հոն բոյն դրած ծիտիկներն են (ճնճղուկները պիտի ըսէինք մենք), իր ուշադրութեան առարկան։ Սակայն, Հիլտան կը հեռաձայնէ եւ կ’ըսէ, որ արագիլ մը թառած է մեր կտուրին... Արագիլները մեր գիւղին մէջ հազուադէպ են։  Անմիջապէս դուրս կ’ելլենք տեսնելու։ Այս արագիլը բոլորովին կ’անտեսէ Ճերմակի հաջոցը եւ կանգնած իր շուրջը կը դիտէ։ Բաւական կը համենայ կտուրին վրայ այնպէս որ կը յաջողիմ նկարել զայն։

 

Մինչ հրաժարականներու ամբողջ տարափ մը կը խցանէին լուրերը, այսօր կը սկսին նոր նշանակումներու յայտարարութիւնները։ Կը կազմաւորուի նոր կառավարութիւնը։ Կը սկսին Հայաստանի ոստիկանապետէն ապա կը յայտարարուին փոխվարչապետներու եւ նախարարներու անունները։ Հետաքրքրական են նորանշակ պաշտօնեաներու տարիքները,- Առաջին փոխ վարչապետ` 38 տարեկան, փոխ վարչապետ` 29 տարեկան, Սփիւռքի նախարար` 27 տարեկան, Տարացքային կառավարման եւ Զարգացման նախարար` 32 տարեկան, Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար` 38 տարեկան... Նոր սերունդը կ’անցնի հանրապետութեան ղեկին։ Կը յուսանք, որ անոնց փորձառութեան պակասը կը լրացնէ երիտասարդական աւիւնը եւ թարմ շունչը։

 


 

Շաբաթ, 12 Մայիս, 2018

 

Երեւան կ’իջնենք քանի մը պատճառներով։ Թորոնթոյէն այցելութեան եկած են մեծ եղբայրս` Սիմոնը եւ կինը` Մարալը։ Կ’երթանք հանդիպելու իրենց։ Թոռներուս համար հայկական նուէրներ կը ջանամ ձեռք ձգել, ամիսէ մը իրենց այցելութեան երթալէ առաջ։ Առաւել, երէկ եւ այսօր, տեղի կ’ունենայ գինիի երկրորդ փառատօնը, որուն կ’ուզենք այցելել... Տակաւին կայ մեր երեւանեան յարկաբաժինը կարգի բերելու հարցը, անցեալ շաբաթ հոն տեղի ունեցած նորոգութիւններէն ետք...

 

Կը սկսինք «Դիձիանօ» սրճարանը նախաճաշով, ապա կ’երթանք Վերնիսաժի շուկան։ Թոռներուս անունները թռչնագիրով ձեռագործել տուած եմ եւ արդէն պատրաստ են։ Սուսաննան, անսխալ ձեռագործած է իրենց անունները դասական ուղղագրութեամբ, ըստ իմ փափաքիս։ Մինչ կ’ամբողջացնենք գործարքը, Սուսաննան կը հարցնէ, որ վերջին քաղաքական փոփոխութիւններու որպէս արդիւնք՛ արդեօ՞ք զաւակներս եւ թոռներս չեն ներգաղթեր Հայաստան... Այնքան լաւատես է եւ այնքան խանդավառ փոփոխութիւններով, որ կ’ապշեցնէ զիս։ Յոյսի եւ լաւատեսութեան այս ալիքը անակնկալ է ինծի համար։ Սուսաննան մօտաւորաապէս իմ տարիքիս ըլլալու է։ Ուրեմն միայն երիտասարդները չեն, որ խանդավառուած են... Կը սարսափիմ այն մտքէն, որ այնքան մեծ են ակնկալիքները նոր կառավարութենէն, որ յուսախաբութեան նոր ալիք մը կրնայ փոխարինել այս բացարձակ լաւատեսութիւնը...

 

Յաջորդ կանգառը եղբօրս յարկաբաժինն է։ Այնքան հաճելի է վերահաղորդուիլ մեր հարազատներուն։ Ծուլօրէն կը շաղակրատենք, մինչեւ որ կը հասնի «Գինու Փառատօն»ին մասնակցելու ժամը։

Սարեան փողոցը փակ է ինքնաշարժներու երթեւեկութեան համար։ Փողոցի երկու կողմերը զետեղուած են նոյնանման սպիտակ վրաններ։ բազմազան գինեգործներ եւ սնունդի մատակարարներ տեղաւորուած են անոնց տակ։ Շամփուրի վրայ խորովող գոճիէն (խոզի ձագ) մինչեւ արեւելեան «շաուրմա», խորոված, անուշեղէնի տեսակներ, փրդուճներ (sandwitch), պանիրներու տեսականի,  եւ բազմաթիւ գինիի տաղաւարներ... Փողոցի մէկ ծայրը կայ նուագախումբ մը։ Այցելուները այս պահուն տակաւին նօսր են առիթը տալով մեզի շրջագայելու տաղաւարէ տաղաւար եւ տեսնելու ցուցադրուած ապրանքները։ Նոյն փողոցին վրայ նորաբաց «Կուրու» ճաշարանը կը հանգրուանենք։ Ճաշէն ետք երբ դուրս կ’ելլենք փողոց, քալելը արդէն անկարելի է։ Խուռներամ բազմութիւն մը կը ջանայ շարժուիլ փողոցին վրայ։ Շատերու վզէն կախուած է կարմիր քսակ մը, իսկ իրենց ձեռքին գինիի բաժակ մը։ 4000 դրամի (մօտ ութ ամերիկեան տոլար) կարելի է ձեռք ձցել այս տոպրակը, բաժակը եւ կտրօններ համտեսելու մօտ երեքտասնեակ տեսակի գինիներ... Երբ կը սկսի մթնել, կը վերադառնանք տուն։ Դեռ տուն չհասած կը սկսի տեղատարափ անձրեւ մը... Կրնամ երեւակայել, որ այդ խիտ բազմութիւնը ինչպէս ընկալեց այս տեղատարափը...Ափսոս։

Այսօր Երեւան կը գիշերենք։

 


 

Կիրակի, 13 Մայիս, 2018

 

Այսօր առաւօտեան Ուշի չվերադարձած կ’երթանք եղբօրս երեւանեան յարկաբաժինը նախաճաշի։ Ովկիանոսներէն անդին այսօր Մայրերու օր է։ Կան շնորհաւորական նամակներ մեր տղաներէն եւ հարսերէն։ Եղբօրս կինը` Մարալը ծաղկեփունջ մըն ալ կը ստանայ իր թորոնթոբնակ հարսէն...

 

Կառավարութեան կազմը ամբողջացաւ։ Մեծամասնութիւնը նոր անուններ են, որոնց մասին լսեցինք թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ միայն։ Մեծաւ մասամբ երիտասարդներ են։ Կան նաեւ քանի մը նախարարներ ՀՅԴ-էն եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն...

 

Երկուշաբթի, 14 Մայիս, 2018

 

Մեր հիւրերը եղբայրս` Սիմոնը եւ կինը` Մարալն են, ինչպս նաեւ երեւանցի Գէորգը եւ Սիլվան։  Եղանակը չի ներեր, որ բացօդեայ անցընենք մեր օրը, սակայն չի խանգարեր որ մտերմիկ եւ ջերմ օր մը անցընենք։

 

Երկու լուր կը տիրապետեն երեկոյեան լրատուութեան ժամուն,-

Առաջինը` Փաշինեան-Բուդին հանդիպումն է, Եւրասիական Տնտեսական Միութեան համաժողովի մը առիթով, իսկ երկրորդը` Երուսաղէմի մէջ Ամերիկեան դեսպանատան բացումն է, որուն որպէս արդիւնք բազմաթիւ ցուցարար պաղեստինցիներ կը զոհուին։

 

Երեքշաբթի, 15 Մայիս, 2018

 

Գալ ամիս, (հոս պիտի ըսէին եկող ամիս), ճիշդ այսօրը ճամբայ պիտի ելլենք ծովերը կտրելով երթալու մեր զաւակներու եւ թոռներու ծննդավայրը, մէկ ամիսով։ Խառն զգացումներով կը դիմաւորենք այս մօտալուտ ճամբորդութիւնը։ Կարօտցած ենք մեր հարազատները եւ անհամբեր կը սպասենք անոնց միանալու, սակայն Ուշին ետին ձգելը, մեր այգին լքելը, նոյնիսկ կարճ ժամանակով, կ’անհանգստացնէ մեզ...

 

Կէսօրէն ետք, քանի մը վայրկեան կարկուտ կը տեղայ, սակայն հատիկները շատ փոքր են եւ մեր այգիները չեն վնասուիր։ Աւելի ուշ կը լսենք, որ գիւղի վերի մասի այգիները վնասուած են... Մեր հակակարկտային կայանները աշխատած են իսկ գիւղի վերի մասը պաշտպանող նոր հրթիռային կայանները չեն աշխատած...

 

Երեկոյեան լուրերէն կ’իմանանք, որ Սուրէնաւանի մէջ տեղացած կարկուտը մեծ վնասներ հասցուցած է ծիրանի բերքին։

 

Չորեքշաբթի, 16 Մայիս, 2018

 

Արդէն փողոց ելլելով գանգատիլը, երթեր եւ ցոյցեր կազմակերպելը կենսակերպի վերածուելու վրայ է։ Վարչապետի նստավայրին դիմաց ցոյցի ելած են շատոնց փակուած Նայիրիտ գործարանի նախկին աշխատաւորները։ Երեւանի քաղաքապետարանին առջեւ բողոքի ցոյցի հաւաքուածները կը պահանջեն քաղաքապետ` Տարօն Մարգարեանի հրաժարականը։ Կայ նաեւ հակացոյց քաղաքապետի կողմնակիցներու կողմէ։ Արշակունեաց պողոտան փակած են խումբ մը քաղաքացիներ պահանջելով «Սասնայ Ծռեր» խումբի բանտարկեալներու ազատ արձակումը։ Զինկոմիսարիատներէն ոմանք փակելու մասին որոշումը կը բողոքարկեն ուրիշներ պահանջելով հանդիպում նոր Պաշտպանութեան նախարարի հետ։ Անհատ «դաքսի»ի վարորդները փակած են վարչապետի նստավայրի դիմացի հատուածը պահանջելով հանդիպում վարչապետի հետ։ Այս բոլորը այսօրուան լրահոսէն...

 

Կը լսենք նաեւ կարկուտի պատճառած վնասներուն մասին, Ջան Ֆիտա գիւղի տարածքին...

 

 

Հինգշաբթի, 17 Մայիս, 2018

 

Հիլտայի շունը` Ճերմակը առաւօտեան այցելութենէն ետք, կը ջանայի տուն տանիլ երբ թուփերէն մէկուն ետեւէն յայտնուեցաւ հարեւան Զոյայի շունը` Ճաքոն։ Յանկարծ ճերմակը անկառավարելի դարձաւ։ երկու ձեռքով կառչած իր շղթային կ’ուզեմ զինք ուղղել դէպի իր տունը, սակայն ան Ճաքոյին մօտ երթալու իր մոլուցքին մէջ այնպիսի ոյժ կը ներդրէ, որ երեսիս վրայ կ’իյնամ... Ստիպուած բաց կը ձգեմ շղթան եւ ան քառասմբակ կը վազէ փողոցն ի վար... Բաեբախտաբար միայն քերծուածքներ ունիմ... Քիչ ետք առանց միջամտութեան, առաջին անգամ ըլլալով, մինակը տուն կը վերադառնայ... Ընդհանրապէս հարեւաններու օգնութեան կը դիմենք զինք տուն բերելու համար։

 

Կարծեմ այն տպաւորութիւնը կայ, որ ամէն հարց կարելի է լուծել փողոցային ցոյցերով եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան դրսեւորումներով։ Այսօր կը լսենք Արարատի սիմէնթի գործարանի աշխատակիցներու գործադուլի մասին։ Դաւթաշէնի ղեկավարը կոչ կ’ուղղէ բնակիչներուն, որ իրենց դժգոհութիւնները արտայայտեն, մասնակցելով  ամէն շաբաթ կազմակերպուող ընդունելութիւններուն, փոխանակ փողոց ելլելու։

 

Վարչապետ Փաշինեանը հանդէս կու գայ բոլոր անհնազանդութեան դրսեւորմները դադրեցնելու մասին կոչով, ժամը երեքէն սկսեալ, միշտ ուղիղ դիմատետրեան եթերով եւ հետեւեալ բացատրութեամբ,-

«Այն ժամանակներում, երբ մենք փակում էինք ճանապարհները, ՀՀ-ում չկար իշխանութիւն, որն ի վիճակի էր լսել քաղաքացիներին, լուծել նրանց խնդիրներըը, պաշտպանել նրանց իրաւունքները: Հիմա երբ ՀՀ-ում հաստատուած է իշխանութիւն, որը վայելում է ժողովրդի վստահութիւնը, անհասկանալի է, որ փակում ենք ճանապարհներ եւ իրականացնում անհնազանդութեան ակցիաներ»։

 

Ուրբաթ, 18 Մայիս, 2018

 

Այսօր Վալդերը կը սրսկէ (այսինքն քիմիական հեղուկ կը փչէ անոնց վրայ) մեր ծառերը եւ վարդենիները, լուիճներու դէմ։ Լուիճ բառը չեմ գտներ Կռանեան բառարանին մէջ, բայց Մալխասեանը «միջատ, մանր, կիսաթեւ, որ ապրում է խնձորենու, դեղձենու, վարդենու եւայլն վրայ եւ սնւում է նրանցից ծծած հիւթով»։

Այս տարի վարդենիները փարթամ են։ Լուիճներու առկայութիւնը կը խանգարէ անոնց բնական աճը։

 

Շաբաթ, 19 Մայիս, 2018

 

Այսօր մեր համագիւղացի Յասմիկի օգնութեամբ մեր ծաղկանոցները ժամանակաւորապէս ձերբազատուեցան մոլախոտերէ։ Խոնաւ եղանակը պատճառ կը դառնայ որ անոնք աճին շատ արագ...

 

Այսօր ընկերուհիս Հիլտային տարեդարձն է։ Հարեւաններով կ’երթանք Հին Աշտարակ ճաշարանը, նշելու։ Նորածին Հայկն ալ այսօր կը դառնայ մէկ ամսական։ Վալդերենց կ’երթանք այդ ալ նշելու...

 

Դիմատետրի (Facebook) ուղիղ հեռարձակմամբ, Վարչապետ Փաշինեանը ցոյց կու տայ այն պետական առանձնատունը ուր իր ընտանիքին հետ պիտի ապրի որպէս վարչապետ։ Խաղալիքներու խանութին մէջ եղող երախայի մը խանդավառութեամբ կը մեկնաբանէ այս հեռարձակումը։ Քիչ ետք կրկին ուղիղ հեռարձակմամբ կ’անցնի աւելի լուրջ նիւթի։ Կոչ կ’ընէ դատաւորներուն, ազատ աշխատիլ, առանց իշխանութենէն ուղղորդում ակնկալելու, միեւնոյն ժամանակ պատասխանատուութիւնը կրելով իրենց արձակած վճիռներուն համար...

Այսօր Թանգարանային գիշեր է։ Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին 116 թանգարան եւ աշխարհի շուրջ 30,000 թանգարան, իրենց դռները կը բանան այցելուներու համար` անվճար...

 

Կիրակի, 20 Մայիս, 2018

 

Տալմայի շուկան գացած ենք հերթական գնումներու։ Հերթական բառը որ լայն գործածութիւն ունի հոս, չի գործածուիր արեւմտահայերէնի մէջ։ Ճիշդ նոյն իմաստով այլ բառ ալ չունինք։ «Կրկին», «նորէն» բառերը ամէնամօտն են իմաստային տեսակէտէն...

Զբօսաշրջիկները արդէն նկատելի են։ Ընդհանրապէս արեւելեան եւրոպացիներ են կ’ենթադրեմ, դատելով իրենց արտաքինէն։ Անցեալ ամիս օդակայանէն ետ վերադարձողներու մասին խօսուեցաւ, ներքաղաքական անցուդարձերու որպէս արդիւնք։ Կը յուսանք, որ ծաւալները կը վերականգնուին...

Այս տարի վայրի ծաղիկները շատ աւելի առատ են։ Մեր տան առջեւէն անցնող ճամբեզրին, ինչպէս նաեւ մեր այգիին մէջ կարմիր, ճերմակ, մանիշակագոյն եւ դեղին վայրի ծաղիկները առատօրէն բարձրացուցած են իրենց գլուխները։ Ափսոս որ այս ծաղիկներուն մեծամասնութեան անունները չեմ գիտեր։ Մասրենին եւ կակաչները կը ճանչնամ, բայց միւսները պարզապէս գեղեցիկ վայրի ծաղիկներ են։ Ոմանք ժանեակի նման են, ոմանք ուղիղ եւ երկնասլաց, ոմանք ալ տարածուն թուփերու վրայ։ Հակառակ ջանքերուս, չեմ յաջողիր անոնց գեղեցկութիւնը արտայայտող նկար մը նկարել... Կան բաներ, որոնք սեփական աչքերով պէտք է տեսնել։

 


 

Երկուշաբթի, 21 Մայիս, 2018

 

Ոչ մէկ արձանագրելի յատկանշական դէպք։ Նման օրերը հազուադէպ են։

 

Երեքշաբթի, 22 Մայիս, 2018

 

Երեւան կ’իջնենք, իրականցնելու ինը տարբեր գործարքներ... Եղանակը արեւոտ է եւ ամառնային։ Երթեւեկային խցանումները արտակարգ են... Քաղաքը տօնական մթնոլորտ ունի։ Մայթերը խճողուած երիտասարդ հետիոտն քալողներով, արդէն ամառնային հագուստներով։ Տեղէ տեղ կը վազվզենք եւ ամէն տեղ ինքնաշարժը կայանելու խնդիր ունինք։  Յոգնած կը հասնինք մեր երեւանեան յարկաբաժինը։ Բակին մէջ սկսած բարձրայարկ շէնքի շինարարութիւնը դադրած կը թուի ըլլալ։ Շինարարական պարիսպները ետ մղուած են եւ մեր բակի կայանելու տեղերը վերականգնուած։ Գիտեմ, որ բնակիչները փաստաբան վարձած են բողոքարկելու այս շինութիւնը...

 

Անցեալ շաբաթ պատահմամբ հեռատեսիլէն դիտեցի, «Վերադարձ»  ծրագիրը։ Այս թողարկումը նախկին լիբանանահայ տղամարդու մը եւ նախկին պարսկահայ կնոջ մը մասին էր, որոնք հինգ տարիներէ ի վեր իտալական ճաշարան մը ունին։ Ճաշարանին անունը եւ տեղը ճշգրիտ չէի կրցած հասկնալ, ուստի համացանցի վրայ երկար փնտռտուքէ ետք իմացայ, որ անունը «Վերնանո» է եւ փողոցը Հին Երեւանցի։ Մարգարը իր աշակերտական տարիները Իտալիա անցուցած ըլլալով, իտալական ճաշերը շատ կը սիրէ։ Այսօր այս ճաշարանը կը տանիմ զինք։ Լաւ կը տպաւորուինք։ Թէ ճաշատեսակները համեղ են եւ թէ ալ մթնոլորտը հաճելի։ Սպասարկութիւնը անթերի է եւ գիները մատչելի...

 

Չորեքշաբթի, 23 Մայիս, 2018

 

Այս տարուան համար նախատեսուած էին երեք կարեւոր միջոցառումներ։ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակն է, Երեւան-Երեբունի քաղաքի 2800-ամեակը եւ Հոկտեմբերին կայանալիք ֆրանքոֆոնիայի ժողովը Երեւանի մէջ է։ Ինծի թուաց, որ առաջինը` որը ինծի համար ամենակարեւորն է, յետին «բլան» մղուած է։ Նոր Վարչապետը իր ելոյթներուն մէջ շեշտեց վերջին երկուքը, բայց ոչ մէկ ակնարկութիւն եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին... 100-ամեակի նշումի յանձնախումբի պատասխանատուն նախկին վարչապետ` Կարէն Կարապետեանն էր...

Այսօր, խորհրդարանին մէջ, ի պատասխան այս ուղղութեամբ հարցի մը, Վարչապետ Փաշինեանը ընդունեց, որ քաղաքական իրադարձութիւններու պատճառաւ «ուշադրութիւնը 100-ամեակի միջոցառումներից որոշակի տեղափոխուել է, բայց դրանք կ’անցնեն պատշաճ...»։ Ան աւելցուց, որ 100-ամեակը միայն Մայիս 28-ը չէ այլ ամբողջ տարին յոբելինական է եւ որ ինք կը կարեւորէ այս յոբելեանը «որը հայաստանի համար արժէքային նշանակութիւն ունի»։

Փառք Աստուծոյ, կը մտածեմ ես... Թէեւ կը հաստատուի նաեւ որ  Առաջին Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար եւ հանրապետութեան խորհրդանիշը եղող` Արամ Մանուկեանի արձանի կանգնեցումը կը յետաձգուի ինչ-ինչ պատճառներով, կը հաստատուի նաեւ, որ ան անպայման տեղի պիտի ունենայ...

Այսօր Երեւան հասան փոքր եղբայրս` Լեւոնը եւ կինը Անին։ Երկու եղբայրներս ալ հիմա հոս են։ Հարսս` Դալարը, հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին  կը շնորհաւորէ զիս, այս առիթով։ Երբ հեռու կ’ապրիս ընտանիքիդ անդամներէն, նման առիթները կը դառնան շնորհաւորանքի արժանի...

 

Հինգշաբթի, 24 Մայիս, 2018

 

Երեւանցի Գէորգն ու Սիլվան մեզ եւ եղբայրներս Հին Աշտարակ ճաշարանը հրաւիրած են։ Լաւ առիթ է ընտանեկան հանդիպումի։ Կարօտցած ենք բոլորով համախմբուիլը։ Ինչ լաւ է, որ ընտանիքիս անդամները տարին մէկ կամ երկու անգամ Հայաստան կ’այցելեն։ Բաղդատաբար, մենք հազիւ երկու տարին անգամ մը կ’երթանք Թորոնթօ իրենց եւ մեր զաւակներուն եւ թոռներուն այցելութեան...

 

Ուրբաթ, 25 Մայիս, 2018

 

Այսօր սուրիահայ Սարգիսն ու Սիլվան Ուշի են։ Հիմա անոնք արդէն երեւանցիներ են։ Իրենց տղան Կարոն որոշած է վերջնականապէս հաստատուիլ հոս, թէեւ Արեւմուտք գաղթելու առիթը ունէր։ Բնակարան մըն ալ գնած է։ Ուրախութեամբ կը պատմեն, որ անորոշութիւնը կը փարատի եւ հիմա իրենք ալ կրնան բնակարան մը գնելու մասին մտածել, անշուշտ եթէ Հալէպի մէջ իրենց ունեցածը կարենան ծախել... Կարոն եւ կինը` Շողիկը աշխատանք ունին, երախաները Սէրլին եւ Սագոն շատ  ուրախ են հոս։ Սէրլին «Հայ Ասպետ» գիտելիքներու մրցումին կը մասնակցի եւ ուսումնասէր շնորհալի պարմանուհի մըն է։ Սագոն խոստմնալից ջութակահար մը դառնալու տուեալները ունի։ Նման յաջողութեան պատմութիւններ, տեղահան եղած եւ հոս հաստատուող սուրիահայեու մասին կ’ուրախացնեն մեզ։

Օրը միասին կ’անցընենք։ Կրկին Նաւոյի ճաշարանը կ’երթանք։

 

Շաբաթ, 26 Մայիս, 2018

 

Երեւան կ’իջնենք քանի մը պատճառով։ Նախ ճաշի պիտի հանդիպինք եղբայրներուս եւ իրենց կիներուն հետ, յետոյ ներկայ պիտի ըլլանք Պէյրութի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի մէկ ներկայացման։ Վաղն ալ պիտի մասնակցինք ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի կազմակերպած այցելութեան դէպի Ապարան (Բաշ Ապարան) եւ Վանաձոր (Ղարաքիլիսա)։

 

Փողոցները սկսած են զարդարել եռագոյներով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման հարիւրամեակի առթիւ պատրաստուած ճերմակ դրօշներով, որոնց վրայ պատկերուած է Սարդարապատի յուշահամալիրը եւ 100 թիւը։ Քաղաքը կը պատրաստուի Մայիս 28-ին։  

«Չարենց 28» ճաշարանի վերի յարկի ծածկուած պատշգամն ենք, արդէն ճաշած ենք եւ սուրճ խմելու կը պատրաստուինք երբ սաստիկ քամի մը կը սկսի։  Պատշգամի վարագոյրները կը սկսին թռիլ... Ճաշարանի բացօդեայ մասէն կը փոխադրուինք ներս։ Բարեբախտաբար այս փոթոռիկը երկար չի տեւեր։

Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի թատրոնին մէջ ներկայացուող կտորը լիբանանահայ թատերագիր Արա Արծրունիի «Կոնտոլեզիա իմ Սէր»ն է։ Թորոնթոյի մէջ ներկայ եղած եմ նոյն հեղինակի «Մժեղը» եւ «Պահածոյի Տուփերը» ներկայացումներուն եւ լաւ տպաւորուած։ Մեծ ակնկալութեամբ ներկայ կ’ըլլամ այս ներկայացման։

Ծանօթ եմ գաղութային պայմաններուն մէջ սիրողական գետնի վրայ թատրոն պահելու դժուարութիւններուն։ Նուիրեալներու ամբողջ հոյլի մը աշխատանքին արքասիքն է նման բեմադրութիւն մը, ուստի չեմ ուզեր թերագնահատել աշխատանքը։ Նիւթը յաւիտենական է եւ միեւնոյն ժամանակ աժմէական։ Բեմադրութեան դերասանական կազմը բաւական յաջող է, սակայն ներկայացման աւարտին չեմ զգար այն բաւականութիւնը որ կը սպասեմ։ Արդե՞օք այս թատրոնը հեղինակի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն չէ...

 

Այսօր Երեւան կը գիշերենք։

 

Կիրակի, 27 Մայիս, 2018

 

Առաւօտ կանուխ Երեւանի Շահումեանի հրապարակն ենք։ Երթուղայինները եւ մեծ մարդատարները շարուած են։ Արդէն կոկիկ բազմութիւն մը հաւաքուած է։ Կը հանդիպինք Լոս Անճըլսէն, Թորոնթոյէն, Նիւ Եորքէն եւ այլ գաղութներէ ժամանած սփիւռքահայերու որոնք կը մասնակցին այս ուխտագնացութեան։ Ունինք երեք նշանակէտ,- Ապարանի Յուշահամալիրը, ապա Վանաձորի Յուշարձանը եւ վերջապէս Վանաձորի մարզային ՀՅԴ գրասենեակի պաշտօնական բացումը, Գանատայի Կեդրոնական Կոնիտէի օգնութեամբ վերանորոգուած։

 

Ուղեւորատարներու շարասիւնը կանգ կ’առնէ Ապարանի մուտքին։ Բոլորս հետիոտն կ’ուղղուինք դէպի Յուշահամալիր։ Այսօր Ապարանը անճանաչելի է։ Պճնուած է եռագոյներով եւ զարդարանքներով։ Գլխաւոր փողոցները բազմամարդ են։ Պարախումբեր, մարզական խումբեր, հայկական տարազներով աղ ու հացով ափսէներով աղջիկներ, բոլորը կազմ ու պատրաստ կը սպասեն պաշտօնական հիւրերու։ Մենք ալ եռագոյներով եւ ՀՅԴ դրօշներով կը քալենք շրջանցելով այս բոլորը։ Փողոցի երկայնքին պատշգամները եւս բազմամարդ են։ Այսօր Ապարանը տօնական է։

 


 

Մինչեւ Յուշահամալիր բաւական երկար ճամբայ է։ Մեր բազմամարդ խուբին մէջ կան ամէն տարիքի մարդիկ, բայց բոլորս ալ յամառօրէն կը յառաջանանք։ Յուշահամալիրն ալ բազմամարդ է։ Կ’ուղղուինք դէպի Դրոյի դամբանը, որ Ապարանի եռամաս Մեծ Եղեռնի նահատակներուն, Բաշ Ապարանի հերոսներու յիշատակին եւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին զոհուածներուն նուիրուած յուշակոթողէն քիչ մը անդին է։  Սեւ Տուֆէ այս յուշարձանը բլուրի գագաթին է եւ բաւական տպաւորիչ։ Բազմաթիւ պատանեկան եւ երիտասարդական խուբեր, զանազան քաղաքներէ եւ գիւղերէ եկած են իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր նահատակներուն։ Կը նկատեմ Դալինի եւ Վարդենիսի Երկրապահներու ցուցանակները։ Կան բազմաթիւ ընտանիքներ, իրենց երախաները կարգերու մէջ զետեղած, կը քալեն դէպի Յուշահամալիր։ Կ’ենթադրեմ, որ նկատի ունենալով, որ Մայիսի 28-ին ամէնուն ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Սարդարապտի վրայ, Ապարանի տօնակատարութիւնները այսօր են։ Դրոյի դամբանին շուրջ կ’ըլլան խօսքեր եւ ազգային երգեր։ Յուշարձանի փէշին կայ հրապարակ, ուր հաւաքուած է մեծ բազմութիւն։ Պատարագէն ետք կը սկսին երգն ու պարը, զանազան խումբերու մասնակցութեամբ։

 


 

Մեր խումբը բաւական մեծ է, մօտ 500 հոգի։ Մարդատարներուն մօտ կրկին հաւաքուիլը ժամանակ կ’առնէ։ Յուշահամալիրի մօտէն անցնող մայրուղին կայանատեղիի կը նմանի, երկար քալելէ ետք կը հասնինք մեր ինքնաշարժին... Կազմակերպիչները մեզի կը բաժնեն շշալցուած ջուր եւ բրդուճներ։ Կազդուրուած, ճամբայ կ’ելլենք դէպի Վանաձոր։

 

Ապարանի Յուշահամալիրը այցելելու զանազան առիթներ ունեցած ենք, բայց Վանաձորի Յուշարձանը առաջին անգամ է որ կը տեսնենք։ Սարդարապատի կամ նոյնիսկ Ապարանի տարողութիւնը չունի, սակայն սեւ քարէ սլացիկ յուշարձան մըն է։ Հոս ալ կը լսենք խօսքեր , կ’երգենք մեր ազգային երգերը եւ կրկին կը վերադառնանք մեր ուղեւորատարներուն։

 

 

Յաջորդ կանգառը Վանաձորի մէջ, ՀՅԴ Կեդրոնն է։ Ան իսկապէս տպաւորիչ է։ Լայն պողոտայի մը վրայ, գեղեցիկ մուտքով, զանազան գրասենեակներով, մարզային եւ քաղաքային կոմիտէներու, Երիտասարդներուն, Ուսանողական Միութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան, ինչպէս նաեւ դահլիճով մը օժտուած այս տարածքը արդիական է, բոլորովին նորոգուած եւ հաճելի։ Մեր մեծ խումբը կը խռնուի ներս, բացման արարողութենէն ետք։ Դահլիճին մէջ կայ հիւրասիրութիւն։

 


 

Կրկին կը վերադառնանք  մեր ուղեւորատարները եւ հոն կրկին կը հիւրասիրուինք բրդուճներով եւ ըմպելիքով եւ կը բռնենք վերադարձի ճամբան։ 

 

Վերադարձի ճամբան կ’անցնի  մեր գիւղի մօտէն, սակայն Երեւան կ’իջնենք, որովհետեւ մեր ինքնաշարժը հոն կայանած ենք։ Մեր խումբի ղեկավարը` Սեւակը, որ 20 տարեկան տղայ մըն է, կը սկսի երգել մեր ազգային երգերը։ Իրեն կ’ընկերակցի ուղեւորներէն աղջիկ մը։ Այնքան լաւ աւարտ է այս յիշարժան ուխտագնացութեան։ Ի դէպ Սեւակին կենսագրութիւնը հետաքրքրական եւ անսովոր է։ Ծնած է Հալէպ, սուրիահայ հօր եւ հայաստանցի մօր։ Երկու տարեկանին, այսինքն 18 տարիներ առաջ, ներգաղթած են Հայաստան։ Անոր ազգային շունչը, երգացանկը եւ բառամթերքը սփիւռքեան են բայց լեզուն արեւելահայերէն։

 

Շահումեան հրապարակէն մեր երեւանեան յարկաբաժինը քանի մը խաչմերուկ է միայն, բայց այլեւս սպառած ենք եւ «դաքսի»ի մը կը դիմենք հոն վերադառնալու համար...

Այս գիշեր եւս Երեւան կը գիշերենք։

 

Երկուշաբթի, 28 Մայիս, 2018

 

Առաւօտուն շատ կանուխ կը վերադառնանք Ուշի, որովհետեւ գիտենք, որ Երեւանի մէջ շատ մը կեդրոնական փողոցներ շուտով պիտի փակուին անկախութեան տօնին առիթով։ Ի դէպ այս օրը հոս ընդհանրապէս կը կոչուի Պետականութեան օր կամ Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման օր, սակայն քանի մը անգամ լսեցի անկախութեան տօն որակումը եւս։

Փողոցները տակաւին ամայի են։ Աշտարակի կամուրջը զարդարուած է բազմաթիւ 100-ամեակին նուիրուած սպիտակ դրօշներով։ Կարբի գիւղի մուտքին կը ծածանին բազմաթիւ եռագոյներ։ Մեր գիւղի մուտքին ալ կան երկու դրօշներ...Որքան պիտի ուզէինք, որ առանց մեր միջամտութեան գիւղը մեծ շուքով տօնէր այս յատկանշական օրը, սակայն հակառակ տարիներու մեր ջանքերուն տակաւին այդ միտումը չկայ...

 

Կէսօրին նստած ենք հեռատեսիլին առջեւ Սարդարապատի մէջ տեղի ունեցող պաշտօնական հանդիսութիւնները դիտելու։ Երեւանի Պրազիլիայի հրապարակէն մարդատարները անվճար փոխադրած են փափաքողները դէպի Սարդարապատ։ Իսկապէս կայ մեծ բազմութիւն։  Գլխաւոր պատճառը որ մենք ալ չգացինք Սարտարապատի հանդիսութիւնները ամբողջութեանբ տեսնելու փափաքն էր, որ գիտէինք անկարելի պիտի ըլլայ անձամբ հոն ըլլալու պարագային։

 

Մեր կառավարման տեսակը կիսանախագահականէն խորհրդարականի փոխուելէն ի վեր, այս առաջին հանդիսաւոր արարողութիւնն է որուն վարչապետը կը մասնակցի, որպէս երկրի թիւ մէկ անձնաւորութիւն։ ՀՀ եւ Արցախի նախագահները ինչպէս նաեւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր կողքին են, սակայն առաջին դէմքը Վարչապետն է։ Հանդիսութեան թեման «Յաղթանակների Դար»ն է։ Ուստի կը բեմականացուին 1918-ի հերոսամարտերը, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը եւ ապա Արցախեան պատերազմը։ Կը ցուցադրուին թանգարանային նմոյշներ այս պատերազմներուն օգտագործուած զինատեսակներէն։ Ըստ ինծի Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին յատկացուած մասը, անշուշտ իր խորհրդային դրսեւորումներով եւ ռուսական երգ ու պարով քիչ մը երկար էր, բայց պէտք է առերեսուիլ մեր պատմութեան հետ, կը մտածեմ ես։ 1977-ին, երբ առաջին անգամ կ’այցելէինք Հայաստան,  «ինտուրիստը», որուն քմահաճոյքներով պէտք է տեղաշարժուէինք մեզ տարաւ նաեւ Սարդարապատի Յուշահամալիր եւ ապա Սարդարապատի թանգարան։ Աներեւակայելի էր մեր զգացողութիւնը երբ Մայիսեան հերոսամարտերու մասին ցուցադրուած ամէն ինչ անծանօթ էր մեզի համար։ Կամ մեր գիտցածը պատմութիւն չէր կամ ալ հոն ցուցադրուածը։  Փիրումեանը, Նազարբեկեանը եւ Սիլիկեանը  գոյութիւն չունէին։ Անոնց տեղը առած էին մեզի անծանօթ համայնավար գործիչներ։ Միայն անկախութենէն ետք մեր պատմութիւնը վերականգնուեցաւ։ Ուստի պիտի չուզէի, որ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի վերաբերեալ մեր տեղեկութիւնները կեղծուին կամ նսեմացուին, պարզապէս որովհետեւ մեզի հաճելի չեն... Շատ պիտի ուզէի սակայն որ ան կոչուէր Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ, փոխանակ Հայրենական մեծ Պատերազմ կոչուելու։ Հայուն Հայրենիքը մէկն է։ Ան Հայաստանն է։ Որեւէ շեշտադրում որ կը խադարէ այս հասկացողութիւնը, եւ այլ երանգներ կը ներմուծէ անոր իմաստին մէջ,կը նեղացնէ զիս։

Հանդիսութիւնը տպաւորիչ է։ Յաղթանակներ նշելը միշտ ալ աւելի հրապուրիչ է քան թէ մեր պատմութեան սեւ եւ տխուր միջադէպերը նշելը, թէեւ նոյնքան կարեւոր է անոնց ալ անդրադառնալը։

 

Երեքշաբթի, 29 Մայիս, 2018

 

Այսօր` «մեր»  տղոցմէ Արմանի տղան` Հայկը, Վալդերի թոռը, դարձաւ 40 օրական։ Հոս այս հանգրուանը միշտ կը նշուի։ Երեկոյեան իրենց տունն ենք։ Ընտանեկան պարագաներով եւ խնամիներով սեղան կը նստինք։ Տան մէկ անկիւնը, փուչիկներով եւ թխուածքով, ինչպէս նաեւ խաղալիքներով եւ  նկարներով սեղան շտկուած է։ Մանկական տօնակատարութիւնները ոչինչով կը զիչին արեւմտեան տօնակատարութիւններուն, նոյնիսկ գիւղերուն մէջ...

Մեծ եղբայրս` Սիմոնը եւ կինը` Մարալը, այսօր արդէն աւարտեցին իրենց այցելութիւնը Հայաստան։

 

Չորեքշաբթի, 30 Մայիս, 2018

 

Այսօր մեզի պիտի այցելեն փոքր եբայրս` Լեւոնը եւ կինը` Անին։ Մինչ այդ սակայն, այցելութեան կու գան երեք զոյգ յունահայեր։ Ոմանք Մարգարին աշակերտը եղած են, ոմանք ալ պարզապէս կը ճանչնան զինք։ Ոմանց առաջին այցելութիւնն է, իսկ ուրիշներ միշտ ալ կը յիշեն մեզ երբ Հայաստան այցելեն։

Յունահայերը կարճ ժամանակ ետք կ’երթան։ Լեւոնին եւ Անիին հետ կ’անցընենք բոլոր օրը։

 

Հինգշաբթի, 31 Մայիս, 2018

 

Մեր հիւրերը Թորոնթոյէն Րաֆֆին եւ Սեւակը եւ Լոս Անճելըսէն Պելլան են։ Րաֆֆին մեր սերունդին կը պատկանի, եւ Թորոնթոյի մէջ երկարամեայ նուիրեալ ազգային աշխատանք տարած է։ Ինծի համար ան յիշատակելի է իր «Հայաստան Երկիր Դրախտավայր» երգի անզուգական մեկնաբանութեամբ։ Մեզի կը նուիրէ տարիներու ընթացքին զանազան միջոցառումներուն իր երգած երգերու տեսերիզը։ Ափսոս որ «Երկիր Դրախտավայր»ը անոնցմէ մէկը չէ... Մեր խօսակցութեան նիւթը Թորոնթոյի գաղութային կեանքն է, որուն մէջ բոլորս ալ պատկառելի վաստակ ունինք...

 

Սեւակը նոր սերունդին կը պատկանի։ Մարգարին աշակերտներէն է։ Յաճախ Հայաստան կ’այցելէ եւ անպայման կ’այցելէ մեզի։ Պելլան իր ընկերուհին է` հաճելի երիտասարդուհի մը, որուն առաջին այցելութիւնն է Հայաստան։ Մինչ մենք Րաֆֆիին հետ կը զրուցենք, Սեւակը Պելլային Օշական կը տանի այցելութեան...

 

Ոմանք կը խորհին, որ գիւղի մէջ բնակութիւն հաստատելը կը մեկուսացնէ մեզ։ Նման խնդիր չունինք։ Օրհնուած ենք ծանօթներու եւ անծանօթներու յաճախակի այցելութիւններով։

 

Թորոնթոյի մէջ աշխատանքային ժամ է, երբ կը ստանամ հեռաձայն մը մեծ տղաս Յովիկէն։ Գիտեմ, որ արտակարգ պատահար մը միայն կրնայ ըլլալ անոր պատճառը։ Յովիկը չափազանձ յուզուած է։ Ստիպողաբար որոշում կայացուցած է իրենց ընտանեկան շանը կեանքին վերջ դնելու։ Յունուարէն ի վեր բազմիցս կենդանիներու հիւանդանոց այցելութիւններն ու բժշկական միջամտութիւնները չյաջողեցան փրկել անոր կեանքը։ Եօթը տարիներէ ի վեր մեր ընտանիքին մաս կազմող Քայզըրը վերջին անգամ ցոյց կու տայ ինծի։ Գիտնալով, որ որքան կապուած էինք իրեն մենք եւս, աշխատեցան անոր կեանքը երկարել մինչեւ մեր ժամանումը երկու շաբաթէն, բայց ապարդիւն...   Թէեւ անկնկալ չէ, բայց տխուր լուր է։ Այս բարեհամբոյր եւ ջերմ շունը բազմաթիւ հաճելի պահեր շնորհած է մեզի... Մեր գիւղին մէջ կենդանիներուն հանդէպ մեր անսակարկ սէրը անհասկնալի է։ Կովերը եւ ցուլիկները տարիներով ընտանիքին ծառայելէ ետք կը մորթուին, հաւերը` նոյնպէս։ Շուները եւ կատուները առաջին դժուարութեան պարագային կը հեռացուին առանց որեւէ տատամսումի...

 

Էլիզ Շարապխանեան

Ուշի