image

Ատրպէյճանական ծագումով ամերիկացի Ատիլ Պակիրով 250 հազար տոլար ստացած Է՝ յօգուտ Ատրպէյճանի լոպիինկ ընելու համար

Ատրպէյճանական ծագումով ամերիկացի Ատիլ Պակիրով 250 հազար տոլար ստացած Է՝ յօգուտ Ատրպէյճանի լոպիինկ ընելու համար

Յարութ Սասունեան       

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Անցեալ շաբթուան յօդուածիս մէջ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ յօգուտ Ատրպէյճանի լոպիինկի համար գաղտնի ֆինանսաւորման մասին, ես անդրադարձած էի այն վարձատրութեան, որ տրուած է «նախագահ Ալիեւի հետ սերտ կապեր ունեցող նաւթի եւ կազի հարցերով ազդեցիկ խորհրդատուի մը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ գաղթականի յաջող պատմութիւն ունեցող մը, եւ որ կ՛ապրի Օհայօ նահանգի Տէյթըն քաղաքը, միեւնոյն ժամանակ լոպիինկ կ՛ընէ Մ. Նահանգներու կառավարութեան մօտ՝ ի շահ  իր հայրենիքին»:

 

Ճանի Ռէյթ, OCCRP.org (Կազմակերպուած յանցանքի եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի) համացանցային կայքին մէջ հրապարակած իր՝ «Պաքուի մարդը Ամերիկայի մէջ» յօդուածով, մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ատիլ Պակիրովի գործունէութեան եւ անոր մեծագումար վարձատրութեան մասին, զոր ան ստացած էր ատրպէյճանական աղբիւրներէ՝ Մ. Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի օգտին լոպիինկ ընելու համար:

 

Ռէյթ հաղորդած է, որ Պակիրով՝ «Ատրպէյճանական սփիւռքի աշխուժ անդամներէն մէկը, ստացած է 253 հազար 150 տոլարի փոխանցում ամիսներ անց այն բանէն ետք, երբ Հիւսթըն գտնվող իր ղեկավարած «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ատրպէյճանցիներու ցանց» կազմակերպութիւնը համաժողով կազմակերպած է Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ, մասնակից ունենալով Քոնկրեսի 10 անդամներ: Գործուղումը լայն քննադատութեան արժանացած է եւ հետապնդուած՝ Ներկայացուցիչներու պալատի Բարոյագիտութեան յանձնաժողովի կողմէ՝ Ատրպէյճանի պետական ​​նաւթային ընկերութեան գաղտնի ֆինանսաւորման պատճառով...: Պակիրովի ստացած գումարներուն իրական ծագումը անյայտ է եւ թաքնուած՝ գաղտնի, կեղծ ընկերութիւններու ետեւը: Սակայն կան բաւարար ապացոյցներ, ըստ որոնց՝ այդ բոլորին ետեւը կեցած է ինքնիշխան երկրի իշխող վերնախաւը»:

 

Պակիրով, որ «սատարած է նաեւ  Ուաշինկթընի մէջ կայացած ամերիկա-ատրպէյճանական ուրիշ համաժողովներու կազմակերպման աշխատանքներուն, բազմիցս վկայութիւններ տուած է Ներկայացուցիչներու պալատի առջեւ՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի ամերիկեան ռազմական օգնութիւն տրամադրելու գծով, ծառայած է իբրեւ Քոնկրեսի ատրպէյճանական խումբի համակարգող եւ կարեւոր տեղ գրաւած է՝ Հիւսթըն հաստատուած ընկերութեան մէջ, որ կը պնդէ, թէ կազմակերպած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցը Սպիտակ տուն», գրած է Ռէյթ:

 

Պակիրով եւ անոր ընտանիքը մեծ կապեր ունին նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որ զայն պարգեւատրած է մետալով՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի օգտին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար: Այսուամենայնիւ, Պակիրով չէ արձանագրուած իբրեւ լոպիիստ, ինչպէս որ կը պահանջուի Մ. Նահանգներու օրէնքով՝ համաձայն «Օտարերկրացի գործակալներու արձանագրութեան մասին» օրէնքին (FARA): Երբ OCCRPի լրագրողները դիմած էին Պակիրովի, ան ըսած էր, որ իրենց գործը չէ, թէ ինք ուրկէ՛ վարձատրուած է:

 

Պակիրով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած է 16 տարեկանին: Ան աւարտած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանը՝ միջազգային յարաբերութիւններու եւ առեւտուրի կառավարման գծով: Հետագային ան քաղաքագիտութեան դոկտորի կոչում ստացած է Մոսկուայի մէջ: Հետաքրքրական է, որ Պակիրով «ընտրուած է Տէյթընի դպրոցի խորհուրդի անդամ, այդ պաշտօնը զբաղեցնելով մինչեւ 2017, ապա պաշտօնը լքած է ժամկէտէն աւելի քան մէկ ամիս առաջ, այն պահուն, երբ գործիչ Տէյվիտ Էսրաթ յայտնաբերած է, որ Պակիրով կեղծած է իր բնակութեան հասցէն»:

 

Ռէյթ բացայայտած է, որ Պակիրովի ղեկավարած Turbillion LLC խորհրդատուական ընկերութիւնը ստացած է 253 հազար 150 տոլար վարձատրութիւն՝ Hilux Services կեղծ ընկերութենէ մը, որ «ատրպէյճանական լուացքատան» մաս կը կազմէ: Turbillion արձանագրուած է Վայոմինկի մէջ՝ «նահանգ մը, որ յայտնի է շրջանակին մէջ այնպիսի մարդոց, որոնք կ՛ուզեն ստեղծել գաղտնի ընկերութիւններ՝ հարկերէ ազատ խթաններու եւ գաղտնիութեան ապահովման պատճառով»: Վայոմինկ գտնուող եւ Պակիրովի կողմէ վերահսկուող մէկ այլ՝ Nobel Brothers Pictures LLC անուամբ ընկերութիւնը «իբր թէ հոլիվուտեան շարժապատկեր կ՛արտադրէ ատրպէյճանական նաւթային արդիւնաբերութեան պատմութեան մասին»:

 

Պակիրովի կողմէ  253 հազար 150 տոլար ստանալէ վեց ամիս առաջ, Հիւսթըն գտնուող եւ շահոյթ չհետապնդող անոր «Մ. Նահանգներու ատրպէյճանցիներուն ցանցը» (USAN) «օգնած է «երկօրեայ համաժողով կազմակերպելու Պաքուի մէջ՝ «Մ. Նահանգներ-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները. ապագայի տեսլականը» թեմայով: Ռէյթ պարզած է, որ USAN նաեւ երկու այլ համաժողով կազմակերպած է Ուաշինկթընի մէջ:

 

 «Պաքուի մէջ 2013 թուականի հանդիպման ներկայ եղած են Մ. Նահանգներու Քոնկրեսի 11 անդամներ, որոնցմէ տասն վճարուած են ասոր համար, իսկ 30է աւելի անոնց աշխատակիցները, որոնց, ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի ձեռք բերած Քոնկրեսի Բարոյագիտական գրասենեակի գաղտնի զեկոյցին, շռայլօրէն նուիրած են մետաքսէ շալեր, բիւրեղապակեայ թէյի սպասներ եւ ատրպէյճանական գորգեր՝  2500-10000 տոլար արժողութեամբ», հաղորդած է Ռէյթ:

 

Ի բացառեալ այս, Պակիրով աշխատած է քոնկրեսական Քուրթ Ուելտընի (հանրապետական, Փենսիլվանիա) համար որպէս յատուկ խորհրդական Ռուսիոյ եւ նախկին Խորհրդային Միութեան հարցերով: Ուելտըն իր պաշտօնը կորսնցուցած է 2006ին՝ «Արդարադատութեան բաժանմունքի կողմէ զայն հետապնդելէ ետք՝ իր դստեր լոպիիստական ընկերութեան ենթադրաբար գրեթէ մէկ միլիոն տոլարի խորհրդատուական պայմանագիրներու ստորագրումը ապահոված ըլլալուն համար, ռուսական երկու ընկերութիւններէ եւ սերպական հիմնադրամէ մը», յայտնած է Ռէյթ: 2004ին Ուելտըն ստեղծած է Ատրպէյճանի քոնկրեսական խումբը, գործընկեր քոնկրեսական Սոլոմոն Օրտիզի (դեմոկրատ, Թեքսաս) հետ միասին. վերջինս հետագային աշխատած է որպէս լոպիիստ, Ատրպէյճանի համար: Պակիրով «աշխատած է որպէս խումբի համակարգող եւ կ՛ենթադրուի, որ 2003ին եւ 2004ին ան քոնկրեսեան պատուիրակութիւններու հետ ճամբորդած է դէպի նախկին Խորհրդային Միութիւն»:

 

Բացի ասկէ, Ռէյթ յայտնած է, որ «2008էն մինչեւ 2016, գրեթէ ամէն տարի Պակիրովը նաեւ հրաւիրած են՝ օտարերկրեայ տնտեսական եւ ռազմական օգնութեան պիւտճէներ առաջարկելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համար Ներկայացուցիչներու պալատի պետութեան, արտաքին գործառնութիւններու եւ յարակից ծրագիրներու յատկացումներու ենթայանձնաժողովին: Քանի մը տարի, USAN-ի եւ Պակիրովի մէկ ուրիշ ոչ առեւտրային կազմակերպութեան՝ Ղարաբաղի հիմնադրամի այլ ներկայացուցիչներ եւս վկայութիւն  տուած են»: Քոնկրեսէն ներս տուած իր վկայութիւններուն մէջ Պակիրով կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին՝ զերոյի իջեցնել Հայաստանին տրուող օժանդակութիւնը, միւս կողմէ խնդրելով, որ Ատրպէյճան ստանայ 26 միլիոն տոլար USAIDէն եւ 3,9 միլիոն տոլար՝ ռազմական օգնութիւն:

 

Պակիրով նաեւ միջազգային կապերու գծով գործադիր փոխ նախագահ եղած է Համաշխարհային ռազմավարական ուժանիւթի կազմակերպութեան մէջ, որ Հիւսթընի մէջ գործող ընկերութիւն է եւ կ՛առաջարկէ «ուժեղ գործարար եւ քաղաքական կապեր»՝ հեռանկարային յաճախորդներուն օգնելու, որ այս վերջինները օգտուին ածխաջրածինի զարգացման ընձեռած հնարաւորութիւններէն՝ «քաղաքականապէս բարդ երկիրներու մէջ», որոնց շարքին՝ Ատրպէյճանի մէջ:

 

Մ. Նահանգներու Արդարադատութեան Բաժանմունքէն պէտք է պահանջել, որ քննէ՝ Ատրպէյճանի օգտին Միացեալ Նահանգներու մէջ Պակիրովի չարձանագրուած լոպիիստական գործունէութիւնը, պարզելու համար, թէ արդեօք որեւէ անօրինական գործողութիւն կատարուա՞ծ է...

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան