image

Մտորումներ՝ դպրոցական տարեվերջի առթիւ. Գէորգ Պետիկեան

Մտորումներ՝ դպրոցական տարեվերջի առթիւ. Գէորգ Պետիկեան

Այս օրերուն, գրեթէ ամէն տեղ դպրոցական տարեվերջ է, որուն հետեւանքով, վարժարաններ ամավերջի տեսակաւոր հանդէսներով կրկին անգամ կու գան հաստատելու, թէ կրթական օճախները կը փակեն իրենցդռները, որովհետեւ հասած են արդէն իրենց տարեկան ուսումնական լրումին:

 

Այս մէկը յայտարար նշան է, թէ հարիւր հազարաւոր աշակերտներու պաշտօնական արձակուրդը սկսած է:

 

Միւս կողմէ յստակ իրողութիւն է, թէ 910 ամիսներու դպրոցական աշխատանքներէ ետք, աշակերտը պէտք ունի այս հանգիստին, այդ մէկը ըլլայ ֆիզիքական կամ հոգեկան. արդար եւ համոզիչ: Այսինքն, իբրեւմարդ անհատ, աշակերտին համար ալ արձակուրդը էական նկատուած է, որպէսզի ան աշնան կամ վերամուտին, նոր ուժերու ամբարումով կրկին վերադառնայ դասարան:

 

Իսկ իբրեւ հայեր, մեր պարագային, նախ ըսենք «աչքը լոյս» մեր ծնողներուն կամ մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն, կամ փոքրեր խնամողներուն, որոնք յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին, օրուան գրեթէբոլոր ժամերուն, պիտի վայելեն իրենց զաւակ-ներուն, թոռներուն կամ փոքրերուն անոյշ, հաճելի եւ երբեմն ալ աղմկոտ ներկայութիւնը:

 

Հաճելի թուի կամ ոչ, այս մէկը մեզի կը տանի այն եզրակացութեան, թէ մեզի համար հայ տունը կամ ընտանեկան յարկը՝ եղած է եւ կը մնայ անփոխարինելիօրէն հայ մանուկին առաջին դպրոցը:

 

Ուստի տունը եւ միշտ տունն է՛ մեր առաջին դպրոցը, ուր հայ կամ օտար վարժարան-ներուն տուած կամ մատուցած ուսման եւ կրթութեան զուգահեռ, հոն է, կամ՝ պէտք է որ հոն ըլլայ հայ ազգայինգիտակցութեան մթնոլորտը՝ ընտանեկան կապուածութեան կողքին: Որովհետեւ հաւատացած ենք, որ հայ ընտանեկան յարկն ալ իր կարգին տեսակ մը կարեւոր ու մեծ ուսումնարան մըն է, իր անուղղակիթելադրանքներով եւ հայախօս շունչով:

 

Եւ որպէսզի աշակերտներուն ամառնային արձակուրդը օգտակար դառնայ, կը կարծենք, որ ծնողներու ուսերուն վրայ մեծ պարտականութիւն կ՛իյնայ մօտէն հսկել արձակուրդի պատճառով տուն մնացող իրենցզաւակները, որպէսզի անոնք իրենց սորվածը ոչ միայն չմոռնան, այլ «օտար ունակութիւններով» չտարուին կամ չքաջալերուին: Այլ խօսքով՝ անոնք են, որ դպրոցը տունով պիտի փոխարինեն, պիտի հսկեն, պիտիծրագրեն եւ ուղղութիւն տան:

 

Դպրոցական տարեվերջ է ըսինք ու մեր զաւակները՝ մեծերն ու փոքրերը, տունն են: Այս մէկը պէտք է ըլլայ նաեւ լաւագոյն առիթը մեր զաւակները մեր ուշադրութեան յանձնուելու համար: Իսկ մեզի համարլաւագոյն առիթը պիտի ըլլայ՝ մեր ընտանիքի իսկական ինքնաճանաչման համար: Մօտէն հսկելով եւ աւելի մօտէն ծանօթանալով մեր զաւակներուն հետաքրքրութիւններուն, անոնց կերպարներուն եւնկարագրային զանազան ծուռ եւ շիտակ գիծերուն, մենք կ՛ըլլանք միայն ապագայի հաշւոյն շահաւորը:

 

Իբրեւ ուսուցիչ կամ հայ կրթական մշակ իմ կարծիքով, դպրոցական արձակուրդը օգտակար դարձնելու համար, լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլայ զաւակը ընթերցանութեան մղելը: Դէպի գրադարաններ եւ կամ հայկական գրախանութներ եւ մանաւանդ հայ կամ օտար գիրքերու ընթերցումի առաջնորդել: Եւ քանի որ ամէն բան վարժութենէ կը ծնի, ուստի ձեր օրինակով առաջնորդեցէք ձեր զաւակը ընթերցանութեան:Ընթերցել հայերէն գիրքեր, հին կամ նոր դասագիրքեր, օրաթերթեր կամ գրական թերթեր: Այս կը նշանակէ տան մէջ հայերէն լրագրին կամ գիրքին ներկայութիւնը ապահովել։

 

Որովհետեւ ընթերցումը զաւկին կամ աշակերտին մտային եւ հոգեկան պաշարն ալ  կ՚ամբարէ, մանաւանդ եթէ այս մէկը ընթանայ ծրագրուած կերպով:

 

Ծնողները պէտք է գիտակցին նաեւ, որ հայ գիրքը, հայու շունչի կողքին, հայ մշակոյթ եւ պատմութիւն ալ կը ներշնչէ:

 

Պէտք է յիշեցնել, որ հազարաւոր օտար գրախանութներու կողքին, մեր այս գաղութն ալ բախտաւոր է, հայկական գրախանութներով, որոնք ամէն ձեւով գոհացում կրնան տալ մեր զաւակներու մտային պաշարըհարստացնող հայկական հաճելի եւ օգտաշատ բազմազան հրատարակութիւններով:

 

Հայ ուսուցիչին եւ մանաւանդ հայերէն լեզուի դասատուին ցուցմունքներուն եւ թելադրանքերուն հետեւելով ու քաջալերանքին անսալով՝ կարելի է օգտակար գիրքերու եւ մտային ու ազգային զարգացմանյատուկ հրատարակութիւններու ցանկ մը ձեռք ձգել:

 

Գիտենք, որ այս արագավազ դարուն, երբ մանաւանդ ամէն օր փոքրերուն կամ պատանիներուն համար համակարգիչի, «դիմատետր»ի («ֆէյսպուք») եւ հեռաձայններու վրայ էլեկտրոնիք նոր խաղեր «կը բուսնին»,եւ հեռատեսիլի կամ այլ ճամբաներով կը հրամցուին ու կը մտնեն մեր տուներէն ներս, երբ ինք՝ աշակերտը, իր նմանէն օրինակուելով, շուտով անոնց կը կապուի. անոր իր ծնողքին համար շատ դժուարաշխատանք մը պիտի ըլլայ զինք դէպի ընթերցանութիւն առաջնորդելը:

 

Հասկնալի է այս մէկը եւ կը բաժնենք այս մտահոգութիւնը:

 

Սակայն ծնողքի մը մօտէն հսկողութիւնը մեծ դեր կրնայ խաղալ այս տեսակ առաքելութեան մէջ, երբ մանաւանդ ընթերցանութեան կողքին նաեւ ծրագրուած կամ կազմակերպուած ըլլայ քանի մը օրերու կամշաբաթներու համրանքով ընտանեկան արձակուրդ մըն ալ: Դատարկութեամբ լեցուն արձակուրդ մը մեծապէս կրնայ վնասել աշակերտին մտապաշարի բարգաւաճման ձգտող ճիգին:

 

Լաւատեղեակ ենք, որ միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, դպրոցական արձակուրդի ժամկէտէն առաջ արդէն ծրագրած կ՛ըլլան հաճելի բանակումներ, ջամբարներ, շրջապտոյտներ, շաբաթական դրութեամբծրագրուած «քեմբ»եր:

 

Այլ խօսքով, արձակուրդի շրջանին, քանի որ ծնողքը ինքն է միակ պատասխանատուն իր զաւակին կամ զաւակներուն, եւ որպէսզի իր զաւակը հեռու մնայ վարակիչ ախտե-րէ, օտարամոլութենէ, հարկ է ործնողքը արժեւորէ հրամցուած արձակուրդները եւ իր զաւակը՝ իր կարելիութեան սահմաններով՝ առաջնորդէ ու քաջալերէ, որպէսզի ան հայկական բարքերուն, երաժշտութեան եւ աւանդութիւններուն կողքին, իրինքնութիւնը պահէ, իր իմացական եւ զգացական աշխարհը ճոխացնէ եւ ապա դպրոցական վերամուտին վերադառնայ կազդուրուած եւ առողջ միտքով:

 

Այս բոլորը ըսինք, որպէսզի հայ ծնողքը ուսումնական նոր տարեշրջանի սկիզբին, սրտի գոհունակութեամբ եւ հայավայել հպարտութեամբ իր զաւակները կրկին անգամ առաջնորդէ հայ մանուկին կամ փոքրիկինհարազատ ու միակ միջավայրը՝ հայ դպրոցը: Մինչ՝ բարի արձակուրդ։

 

Գէորգ Պետիկեան