image
Հրատապ լուրեր:

Մերին Պոլիսը իր հոգերով. Արմենակ Եղիայեան

Մերին Պոլիսը իր հոգերով. Արմենակ Եղիայեան

Պոլսոյ «Ակօս»-ը  ունի երկու տագնապ, որոնց երկուքն ալ առայժմ իրենց լուծումը գտած ըլլալէ հեռու են. մէկը՝ պատրիարքական ընտրութիւնն է, որուն լուծումը  այնքան ալ իրենցմէ կախեալ չէ, իսկ երկրորդը՝ լեզուական է, որուն պէտք է կարելի ըլլայ լուծում մը բերել, բայց եւ այնպէս ան կ’ուշանայ, եթէ իրապէս տեղի պիտի ունենայ օր մը:

Մաղթենք որ շատ չուշանայ, առանց միւս կողմէ մտահան ընելու, թէ այս ընթացքով կրնայ  կացութիւնը նաեւ...վատթարանալ: Մինչդեռ անոր գլուխը կը գտնուին խոստմնալից  տարրեր, որոնք պէտք է յաջողէին փարատել  մեր այս վախը:

                                                                        *      *

                                                                            *

Մեր քննարկումին համար  մեկնակէտ կ’առնենք ընթացիկ յունիս մէկի թիւի քանի մը յօդուածները միայն:

            ***«Երանելի են բոլոր այն երկիրները, որոնք իրենց խնդիրները կը  յաջողին լուծել ժողովրդավարութեան  սկզբունքներու մէջ։ Ցաւօք որ մենք չենք ապրիր նման երկրի մը պայմաններով»։

            ---Կ’ակնկալուէր, որ  ըսուէր՝ սկզբունքներով եւ պայմաններուն մէջ, բայց ահա գրուած է ճի՛շդ հակառակը. աւերիչ ձեռք մը փոխած է բառերուն տեղը. ուրեմն՝ «Երանելի են բոլոր այն երկիրները, որոնք իրենց խնդիրները կը  յաջողին լուծել ժողովրդավարութեան  սկզբունքներով։ Ցաւօք որ մենք չենք ապրիր նման երկրի մը պայմաններուն մէջ»։

 

            ***«Ոչ միայն մենք, այլ աշխարհի բազում ժողովուրդներու համար այս մէկը երազ մըն է պարզապէս»։

            ---Արեւմտահայը  անդուլ  հալածող նոյն հրէշն է, որ չի զգետնուիր եւ ամէն առիթով գլուխը կը ցցէ. ոչ միայն...այլ  փոխանակ ոչ միայն...այլեւ-ի:

            Բաց աստի, մենք դերանունը պէտք է դրուէր տրական հոլով, ինչպէս դրուած է ժողովուրդներու  գոյականը, որուն համադասուած է ինք:  Համադաս անդամները պարտաւոր են քերականօրէն համասեռ  ըլլալու. ուրեմն՝

            «Ոչ միայն մեզի, այլեւ աշխարհի բազում ժողովուրդներու համար...»  եւ այլն:

 

            ***«Եթէ խօսինք արեւմուտքի հաշւոյն պիտի կրնանք պնդել»…

            ---Եւ ըսել, որ ահա շաբաթներէ ի վեր  հաշւոյն-ը կը  կը հալածենք աշխարհի չորս ծագերուն, իրար կ’անցընենք աղանդաւորներ «Պայքար»-ն ու Պարոյր Աղպաշեանը՝ խնդրելով, աղաչելով, պաղատելով, հրամայելով ու կանոնագրելով, որ գրեն հաշուոյն, ինչպէս կը պահանջէ Մեսրոպ(եան ուղղագրութիւնը):

Պէտք կա՞յ ըսելու, որ մեր բոլոր յորդորները «Ակօս»-ին եւս  կը հասնին:

Միայն ւ-ով կը գրուին այն բառերը, որոնք ի-ով կը վերջանան. այսպէս՝ հոգի-հոգւոյն, տեղի-տեղւոյն, եկեղեցի-եկեղեցւոյ եւ այլն:

Իսկ իւ-ը ու կը դառնայ. այսպէս՝ հաշիւ-հաշուոյն, պատիւ-պատուոյն, հազիւ-հազուագիւտ, թիւ-թուական, պատիւ-պատուական, հաշիւ-հաշուապահ եւ այլն:

 

            ***«Այս հարցումները ինքնաբերաբար տեղի կու տան յաջորդներուն»։

            ---Միտքը այն է, որ այս հարցումները ծնունդ կու տան կամ պատճառ կը դառնան ուրիշ հարցումներու. միայն թէ այս միտքը տեղի տալ բայով չի թարգմանուիր:

Հետեւինք՝

ա) տեղ տալ

Կը նշանակէ հիւրընկալել, ճամբայ տալ, թոյլատրել, որ բան մը յառաջանայ, աճի, զարգանայ, մէջտեղ գայ. ահա ա՛յս բայն է, որ պէտք է կիրարկուէր մէջբերուած նախադասութեան մէջ:

 բ) տեղի տալ

Կը նշանակէ ունեցածը  զիջիլ, յանձնել ուրիշին, նահանջել, դադրիլ պայքարելէ. օրինակ՝ կռփամարտիկը տեղի տուաւ, դիրքը  պաշտպանողները տեղի տուին, Սարգիսեան  ժողովուրդի պահանջին անսալով տեղի տուաւ:

գ) տեղիք տալ

Կը նշանակէ առիթ տալ, պատճառ դառնալ. օրինակ՝ անոր ընթացքը չարախօսութեան տեղիք տուաւ, այդ վերաբերումդ կասկածներու տեղիք տուաւ, սխալներդ քննադատութեան տեղիք տուին:

 

             ***«Միայն Աֆղանիստանով չաւարտիր»...

            ---Պէտք է ըլլայ չ’աւարտիր:

 

            ***«Բոլոր այն երկիրները որոնք պիտի փորձեն Հայաստանի օրինակին հետեւելու, պարտին նախ բարձրացնեն իրենց ազգային գիտակցութիւնը»...

            ---Պէտք է ըսել հետեւիլ, քանի փորձել ներգործական է եւ հայցական հոլով կը պահանջէ՝  պիտի փորձեն հետեւիլ:

Դժբախտաբար օտար լեզուները յաճախ մեր գրողներուն մէջ աւելի զօրաւոր տպաւորուած են, քան հայերէնը. այս պարագային ֆրանսերէնը, որ կ’ըսէ՝ essayer de suivre,  եւ անգլերէնը, որ կ’ըսէ՝ try to follow: Ահա այս վերջիններուն թարգմանութիւնն է  հետեւելու տրականը:

Բաց աստի, պէտք է ըսել նաեւ բարձրացնել. այսինքն՝ «պարտին նախ բարձրացնել»:

            Ուրեմն՝ 

«Բոլոր այն երկիրները որոնք պիտի փորձեն Հայաստանի օրինակին հետեւիլ, պարտին նախ բարձրացնել իրենց ազգային գիտակցութիւնը»...:

 

            ***«Շատեր պետութեան հիմնադրումը կը փորձեն բացատրել զանազան գործօններու խաչաձեւման   հետեւանքով»։

Հետեւանքով բառը թէ՛ սխալ է, թէ՛ աւելորդ:

            ա) Սխալ է, քանի որ հիմնադրումը դրական երեւոյթ է, որուն հետ համատեղելի չէ հետեւանքով յետադրութեան իմաստը, որ հակառակն է:

       բ)  Միւս կողմէ՝ աւելորդ  ալ է. կը բաւէ ըսել՝ «գործօններու խաչաձեւումով»,– այսինքն՝ խաչաձեւումով գործիականը ամէն բան ըսած կ’ըլլայ արդէն:

 

            ***«Մահէն ետք աւելի յստակ կը տեսնեմ, որ որքան շատ ու շատերու դպչած է իմ սիրելի քեռայրը»։

            ---Երբ ստորադաս նախադասութեան  մէջ հարցական բառ մը կայ՝ որքան, ինչու, ինչպէս, ուր, քանի եւ այլն, այդ նախադասութիւնը պէտք է սկսիլ թէ շաղկապով եւ ոչ թէ որ շաղկապով:

            Միւս կողմէ՝ դպչիլ բայը կու տայ դպած, այսինքն՝ չ բաղաձայնը կը կորսուի. նաեւ՝ փլչիլ-փլած, թռչիլ-թռած, կպչիլ-կպած, փախչիլ-փախած:

Ուրեմն՝

            «Մահէն ետք աւելի յստակ կը տեսնեմ, թէ որքան շատ ու շատերու դպած է իմ սիրելի քեռայրը»։

 

            ***«Ո՛չ իզուր չէ երբե՛ք իր վաստակը»:

            ---Խնդրոյ առարկան  վաստակն է, որ գոյական մըն է եւ պէտք ունի ածականի մը: Իզուր մակբայ է, ածական չէ: Ուրեմն՝ «իզուր վաստակ» չ’ըսուիր: Պէտք է ըսել՝ «զուր վաստակ»:

Բաց աստի, Ո՛չ-ին կից պէտք է ստորակէտ մը դնել, իսկ  յաջորդ շեշտն ալ պէտք է դնել  չէ բային վրայ:

  Ուրեմն՝ «Ո՛չ, զուր չէ՛ երբեք իր վաստակը»:

 

            ***«Այսօր մեզ հետ կը սգան իր կորուստը»...

            ---Պէտք է ըլլայ մեզի հետ կը սգան...:

 

            ***Աննախադէպներ կ’ապրուին Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան մէջ...

       ---Հայերէնը ունի աննախադէպ ածականը, սակայն  չունի աննախադէպ գոյականը, որպէսզի ասոր յոգնակին կիրարկենք: Այլանդակ կառոյց մըն է այս, որուն...առաջին անգամն է, որ կը հանդիպիմ թէկուզ...պոլսահայ մամուլի մէջ, որքան ալ յառաջապահ դիրքերու վրայ գտնուի ան՝ բաղդատած արեւմտահայ աւանդապահ մամուլին:

Յետոյ, ուրիշ այլանդակութիւն մըն ալ այս կ’ապրուին բայն է:

Կարելի չէ՞ կոկիկ ու իմանալի հայերէնով մը ըսել. «Աննախադէպ իրադարձութիւններ տեղի կ’ունենան Թուրքիոյ...մէջ»: Այս չէ՞ ըսել ուզուածը:

 

       ***«Կ՛երեւի տնտեսական ճգնաժամը զիրենք պարտադրեց   աւելի կանուխ թուականի մը»։

        ---Մենք կը պարտադրենք բան մը՝ մէկուն. բերուած օրինակին մէջ ճիշդ հակառակն է. պարտադրած ենք մէկը՝ բանի մը, որ անհեթեթ է:

         Հետեւինք  օրինակներուն՝

         Մոգերը պարտադրեցին հայերուն  պաշտել  կրակը:

         Դահիճը պարտադրեց մահապարտին խոնարհել գլուխը:

         Ատեանը պարտադրեց  վարձակալին պարպել բնակարանը:      

         Մելիք պարտադրեց գիւղացիներուն  սուրին տակէն անցնիլ:

         Վասակ պարտադրեց  Վարդանին իրեն հետեւիլ:

         Հաւատաքննութիւնը պարտադրեց  Կալիլէին ուրանալ իր  գիւտը:

         Ուրեմն գրենք՝

          «Ճգնաժամը անոնց  պարտադրեց   աւելի կանուխ թուական մը»։

 

            ***«Յղիացումը Նաիրի, պտղաբերում է»...

               «Բայց Նաիրի, գիտե՞ս»...

               «Մեր անկախութեան տօնին Նաիրի, երկիրՆաիրին թող յղիանայ»…

               ---Ընդգծուած Նաիրի-ները կոչական են. ուրեմն՝ ձախին կը պահանջեն մէկակակն ստորակէտ:

 

Եւ վարձքերնիդ կատար:

 Զձերդ ի ձերոց ձեզ մատուցանեմ:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com