image

Հայ ազգը բնաջնջելու փորձը ըստ Հենրի Մորկընթաուի

Հայ ազգը բնաջնջելու փորձը  ըստ Հենրի Մորկընթաուի

Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ հայերը էական դիմադրութիւն չկրցան ցոյց տալ ընդհանրապէս 1915-ին սկսած ջարդերուն, բացի Վանէն: Կարգ մը տեղեր հայերը զինեալ դիմադրութիւն ցոյց տուած էին 1895-1896 թուականներուն: 1915-ի սկիզբը թուրքերը ամէն տեղ հայոց զէնքերը կը հաւաքեն վայրագ ձեւերով: Նոյնիսկ բանակին ծառայող հայ զինուորները իբրեւ պարզ բանուորներ կþաշխատցնեն ամալէ թապուրի մէջ, անոնց զէնքերը գրաւելէ յետոյ: Հայ զինուորներու կռնակներուն զինամթերք եւ պարէն բեռցնելով, թուրքերը զանոնք երկար ճամբաներով, լեռներու եւ դաշտերու վրայէն կը քշեն, անոնց խրամատներ փորել կու տան բոլոր ճակատներուն վրայ` փոխան շատ քիչ քանակութեամբ ուտելիքի: Թուրք սպաներ եւ զինուորներ հայ զինուորներէն ոմանց կը գնդակահարեն ամէն առիթով եւ նոյնիսկ առանց պատճառի: Թուրքերը երբ հայ զինուոր մը հիւանդ վիճակի մէջ տեսնէին, զայն այդպէս կը լքէին որպէսզի մեռնի կամ կը գնդակահարէին զայն: Թուրքերը զանազան քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ յիսուն կամ հարիւր հայեր իրարու կապելով անծանօթ ուղղութեամբ կը քշէին: Զինուոր-ոստիկանները զանոնք բոլորն ալ կը սպաննէին անոնց վրայ կրակ բանալով կարաւանը տակաւին շատ չհեռացած, ապա սպաննուածներուն զգեստները կը կողոպտէին: Թուրքերը զանոնք սպաննելէ առաջ յաճախ կը չարչարէին:

Ամերիկացի հիւպատոս մը հետեւեալ առանձին դէպքը զեկուցած էր Մորկընթաուին: Այս իրողութիւնը արձանագրուած կը մնայ ամերիկեան պետական արխիւներուն մէջ. թուրքերը ամալէ թապուրիի մէջ գործող 2000 հայ զինուոր ճանապարհաշինութեան կը տանին Խարբերդէն, 1915-ի Յուլիսի սկիզբին: Քաղաքին հայերը գիտէին, որ անոնց ինչ ճակատագիր կը սպասէր... Անոնք աղերսանքով իսկոյն կը դիմեն նահանգապետին եւ գերմանացի միսիոնար Էհմանին: Նահանգապետը հայերը կը հանդարտեցնէª ըսելով, որ անոնց ոչ մէկ գէշ բան պիտի պատահի: Քիչ ետք սպաները կը հրամայեն զինուորներուն` կրակ բանալ հայ զինուորներուն վրայ, որոնք մեծ մասամբ կը զոհուին: Քանի մը հոգի միայն հրաշքով կþազատի եւ փախուստ կու տայ: Շատ չանցած, թուրքերը դէպի Տիգրանակերտ կը տանին եւ քիւրտերու ձեռքով ճամբուն վրայ սպաննել կու տան երկրորդ 2000 հայ զինուորներու խումբ մը: Թուրքերը քիւրտերուն նախապէս պատուիրած էին իրենց ընելիքը: Ո՛չ միայն զինուած քիւրտեր շրջակայ լեռներէն կþիջնեն, այլեւ` նոյնիսկ քիւրտ կանայք խոհանոցի դանակներով եւ ուրիշ գործիքներով կը մասնակցին ջարդին` կուրօրէն հաւատալով, որ քրիստոնեաներ սպաննելու իրենց արարքը Ալլահին հաճելի պիտի ըլլար:

Ամէն քաղաքի ու գիւղի մէջ, երբ թրքական իշխանութիւնները կը պահանջէին զէնքերը յանձնել կառավարութեան, այս մէկը կը գործադրուէր միայն հայերու պարագային: Թուրք եւ քիւրտ քաղաքացիներէն բացարձակապէս զէնք չէր հաւաքուեր: Այսպիսով, թուրքերն ու քիւրտերը իրենց զէնքերով պատրաստ կը սպասէին հայոց վրայ յարձակելու ազդանշանին: Հայերէն շատեր զէնք չունէին որպէսզի յանձնէին, իսկ ուրիշներ կը մերժէին յանձնել զէնքերը ոչ թէ ապստամբութիւն իրականացնելու համար (ինչպէս կþըսէին թուրքերը), այլ` ի հարկին իրենց ու ընտանիքի անդամներուն կեանքն ու պատիւը պաշտպանելու համար: Հայերը գիտէին, որ դաւադրութիւն մը լարուած էր իրենց դէմ: Թուրքերը սաստիկ կերպով կը պատժէին այն հայերը, որոնք կը մերժէին զէնքերը յանձնել: Այս մասին Մորկընթաու կþըսէ. ՙՄենք կը հաւատայինք, որ չարչարանքը պատժամիջոց ըլլալէ շատոնց դադրած էր: Սակայն եւ այնպէս, խաւար Միջնադարուն չեն գործադրուած այնպիսի չարչարանքներ, զորս մենք տեսանք ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին՚: Զէնք փնտռելու պատրուակով, թուրքերը եկեղեցիներ կը պղծեն ու կը կողոպտեն, կրօնաւորներ կը ծեծեն ու կը խոշտանգեն, ապա տուներն ու եկեղեցիները կրակի կու տան:

Դեսպան Հենրի Մորկընթաու գիրքին` Henry Morgenthau, ՙThe Murder of a Nation՚, published by Armenian General Benevolent Union, ՙArarat՚ Press, Los Angeles, U.S.A., 1982, medium size 132 pages.

Հենրի Մորկընթաու, ՙԱզգի Մը Բնաջնջումը՚, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հրատարակութիւն, ՙԱրարատ՚ տպարան, Լոս Անճելըս, Ա.Մ.Ն., միջակ չափի 132 էջ/   33-36-րդ էջերուն մէջ կը նկարագրէ չարչարանքի սարսափելի տեսարաններ` ըստ հիւպատոսներէն իրեն հասած տեղեկագիրներու: Օրինակ` հայ երիտասարդ մը խաչափայտի վրայ կը դնեն, անոր ձեռքերն ու ոտքերը կը գամեն եւ կþըսեն լկտիաբար. ՙՀիմա թող Քրիստոսդ օգնէ՜ քեզի՚: Այս տեսակի չարչարանքներն ու բարբարոսութիւնները թուրքերը ընդհանրապէս գիշերով կը գործադրէին: Թուրք խուժանը կը հաւաքուէր բանտերուն առջեւ եւ թմբուկներով ահագին աղմուկ կը բարձրացնէր, որպէսզի խոշտանգուող հայ բանտարկեալներուն ահասարսուռ ճիչերը բանտերու պատերէն դուրս չլսուէին:

Շատ պարագաներու տակ հայերը, հակառակ տանջանքներու սաստկութեան, իրենց զէնքերը չեն յանձնած, որովհետեւ... զէնք չեն ունեցած: Անկարելի էր այդ իրողութիւնը թուրքերուն բութ ուղեղը մտցնելը: Այս պատճառաւ, շատեր ստիպուած եղան զէնքեր գնել շատ սուղ գիներով եւ զանոնք յանձնել թուրքերուն` չարչարանքէ զերծ մնալու յոյսով, զինահաւաքէն առաջ...

Իրենց ժողովներուն (զորս ընդհանրապէս գիշերով կը գումարէին) մէջ, իթթիհատական կուսակցութեան ղեկավարները հայերը չարչարելու նոր ձեւերու մասին կը խօսէին եւ իրարու հետ կը մրցէին չարչարանքի նոր տեսակներ հնարելու մէջ, ինչպէս Մորկընթաուին խոստովանած էր իթթիհատական պատասխանատու մը: Թուրքը ըսած էր նաեւ, որ իրենք նոյնիսկ ուսումնասիրեր էին ՙՍպանական Հաւատաքննութեան՚ եւ ուրիշ հաստատութիւններու պատմութիւնը, յայտնաբերելու համար անոնց մէջ յիշուած չարչարանքի կերպերը` զանոնք անմիջապէս գործադրելու համար հայոց նկատմամբ: Այս իթթիհատականներու ամէնէն տխրահռչակներէն էր Վանի նահանգապետ Ճեւտէթ պէյը, որուն ՙգիւտը՚ եւ մասնագիտութիւնն էր հայ այրերու ներբաններուն տակ պայտ գամել տալը: Երիտթուրքերը ոճիրներու մէջ աւելի մասնագէտ ու ճարտար դուրս եկան քան իրենց նախորդները, ի մասնաւորի սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. ճիւաղը:

Հայերը բնաջնջելու նոր գաղափար մը կը յղանան իթթիհատականները: Փոխանակ Ապտիւլ Համիտի նման միայն կոտորելու, երկու միլիոն հայեր բռնութեամբ գաղթել կու տան իրենց բնակավայրերէն եւ կը քշեն մինչեւ Սուրիոյ ու Միջագետքի անապատները` այդ տեղերը զանոնք փճացնելու համար: Այս տարածքներուն վրայ ատեն մը մեծ քաղաքակրթութիւններ կային, սակայն նախորդ դարերու ընթացքին, օսմանեան գրաւման լուծին պատճառաւ, հոն տիրեցին խամրածութիւնը, փտածութիւնն ու կործանումը:

Հայաստանի մէջ բռնագաղթերը տեղի ունեցան 1915-ի գարնան եւ ամրան: Մեծ քաղաքներէն միայն Կ. Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ եւ Հալէպի հայերը զերծ մնացին զանգուածային տեղահանութենէ ու կոտորածներէ: Քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ընդհանրապէս հայոց մէկ կամ երկու օր պայմանաժամ կու տային: Գտնուեցան գիւղեր եւ քաղաքներ, ուր թուրքերը մէկ վայրկեան իսկ պայմանաժամ չտուին հայոց` բռնագաղթին նախապատրաստուելու համար. թուրք ոստիկան-զինուորներ յանկարծ յայտնուեցան հայոց տուներուն դրան առջեւ, ներսինները բռնի ոյժով եւ վայրագօրէն դուրս քշեցին ու անմիջապէս ճամբայ հանեցին անորոշ ուղղութեամբ: Ուր որ թուրքերը հայոց քանի մը օր պայմանաժամ տային, հայերը կը ջանային իրենց կահ-կարասին եւ գոյքերը վաճառել: Ասիկա, սակայն, կողոպուտի կը վերածուէր, որովհետեւ թուրք դրացիները ապրանքները չէին գներ կամ անոնց համար չնչին գումար կը վճարէին` լաւ գիտնալով, որ քիչ ետք անոնց ձրի պիտի տիրանան, քանզի տեղեակ էին, որ հայոց համար այլեւս վերադարձ չկար: Կողոպուտը դիւրացնելու համար, յաճախ թուրք ասքեարները հայոց կþարգիլէին իրենց ապրանքները ծախել:

Երբ բռնագաղթի կարաւանը կազմուէր, անոր մէջ միայն կիներ, երեխաներ, աղջիկներ եւ ծերեր կþըլլային: Երիտասարդները կա՛մ բանակ, կա՛մ սպաննուելու տարուած էին: Կարաւանը շարժելէ առաջ, երբեմն ալ յետոյ, ոստիկանները հայ կիներուն կþառաջարկէին թրքանալ եւ իրենց հետ ամուսնանալ` կեանքը փրկելու համար: Շատ քիչեր կþընդունէին առաջարկը: Սակայն վերջիններուս տառապանքը այդպիսով վերջ չէր գտներ. թուրքերը կը ստիպէին իսլամացած հայ կիները իրենց զաւակները թրքական որբանոցներուն յանձնել:

Թուրքերը հայ բռնագաղթուածները արահետներով, կիրճերով եւ լեռնային քարքարուտ ճամբաներով կþառաջնորդէին, որպէսզի հիւծուէին ու տառապանքնին կարելի չափով աւելնար: Այրերը կիներէն, վերջիններն ալ երեխաներէն կը բաժնէին: Ոստիկանները հայ գաղթականներուն առաւելագոյն վնասն ու տառապանքը կը պատճառէին, անօթի ու ծարաւ կը ձգէին զանոնք: Սայլերով աքսորի ելածներուն ընկերակցող թուրք սայլապանները իրենց վարձքերը ստանալէ յետոյ կը լքէին խեղճերը: Անկէ անդին գաղթականները ոտքով կը շարունակէին տառապանքի ճանապարհը: Քալել չկրցողները իսկոյն կը սպաննուէին կա՛մ սուիններով, կա՛մ փամփուշտով: Երբ յղի կիներ ճամբուն եզերքը կը մնային, չկարենալով շարունակել ճամբան, ասքեարները սուինով անոնց փորերը կը ծակէին: Ոստիկաններէն ոմանք կարաւանին առջեւէն կþերթային եւ քիւրտերը տեղեակ կը պահէին կարաւանին գալուստին մասին: Քիչ ետք երբ կարաւանը կը հասնէր քիւրտ կամ թուրք խուժանին մօտ, վերջիններս նախ կը կողոպտէին տարագրեալները, ապա կը սպաննէին անոնցմէ շատերը եւ կþառեւանգէին ուրիշները: Որքան ճանապարհը երկարէր, ոստիկանները այնքան աւելի վայրագ կը դառնային, քանզի ողջ մնացող հայերը իրենց բեռ կը նկատէին: Գաղթականները ընդհանրապէս ամայի ու չոր վայրերէ կþանցնէին եւ երկար ատեն ծարաւ կը մնային: Երբ ջուրի աղբիւրի մը կամ հորի մը հասնէին, ոստիկան-զինուորները անոնց կþարգիլէին այդ ջուրէն խմել: Երբ կարաւանը կը յառաջանար, իր ետին կը ձգէր հիւանդներ, անկարներ եւ դիակներ, որոնց վրայ վայրի թռչունները իսկոյն կը թառէին:

Ռաս-իւլ-Այն աւանը առաջին կայարանն էր սուրիական անապատին սկիզբը, ուր կը հասնէին հայրենահանեալները: Հոն թուրքերը խեղճ տարագիրներուն վրայ ամէն տեսակ վայրագութիւն կը գործադրէին: Արաբներն ու քիւրտերը գեղեցիկ աղջիկները կþառեւանգէին: Այդ գաղթակայանէն թուրքերը հայերը խումբ առ խումբ կը տանէին ու կը սպաննէին: Մորկընթաու իրեն հասած զեկուցումներէն մէկը հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ. ՙՔիւրտերը կարաւանին աքսորականները կողոպտելէ յետոյ, անոնց հագուստները կը կողոպտեն: Կարաւանը հինգ օր կը քալէ, բոլորն ալ մերկ` անապատային կիզիչ արեւուն տակ: Խեղճերը հինգ օր կտոր մը հացի ու կաթիլ մը ջուրի երեսն անգամ չեն տեսներ: Անոնց լեզուները ածուխի պէս սեփ-սեւ դարձած էին: Երբ հինգ օր ետք կարաւանը աղբիւրի մը մօտ կը հասնի, ամէն ոք կþարտօրայ ջուր խմելու, սակայն ոստիկանները անոնց կþարգիլեն ջուրին մօտենալ: Թուրքերուն նպատակը ջուր ծախելն էր, եւ ահա՛ ՙգործ՚ի կը սկսին. գաւաթ մը ջուրին գինը մէկէն երեք լիրայի միջեւ կը տարուբերի: Երբեմն ոստիկանները դրամը գանձելէ յետոյ իսկ կը մերժեն ջուր տալ անոնց: Ուրիշ օր մը կարաւանը հորի մը մօտ կը հասնի եւ ամէն ոք յառաջ կը նետուի ջուր խմելու համար: Քանի մը կիներ հորին մէջ կը նետուին, որովհետեւ ո՛չ պարան կար եւ ո՛չ ալ դոյլ` ջուր քաշելու համար: Կիները հորին մէջ կը խեղդուին: Մնացեալները իրենց հանդերձները նոյն ջուրին կը թաթխեն եւ ապա քամելով` կաթիլ-կաթիլ կը խմեն՚:

Այս մանրամասն նկարագրութիւնները Հենրի Մորկընթաու ամերիկեան հանրային կարծիքին կը ներկայացնէ ու կþաւելցնէ. ՙԻնչ ոճիրներ որ մարդու հիւանդագին եւ շեղած ուղեղը կրնար յղանալ ու ի գործ դնել եւ ինչ կատարեալ հալածանք ու անարդարութւն որ այդ անձը կրնար կատարել, դարձած էին հայուն առօրեայ ճաշակած բանը այդ օրերուն: Վստահ եմ, որ մարդկային ցեղին ամբողջ պատմութիւնը այս տեսակի ոճիրներ բնաւ չէ արձանագրած՚:

Ահաւասիկ օտար դիւանագէտի մը վկայութիւնը կու գայ հաստատելու հայասպանութեան փաստը ամբողջ աշխարհին առջեւ: Հակառակ այս ուժեղ ապացոյցին ցցուն ըլլալուն եւ հակառակ այն իրողութեան, որ ականատես վկան նոյնինքն ամերիկացի դիւանագէտ Հենրի Մորկընթաուն է, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական կեցուածքը տակաւին կը թափառի մութի եւ կեղծիքի մէջ, պարզապէս պահպանելու համար, անշուշտ իրենց կարծիքով, Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ բարեկամական յարաբերութիւնները ի նպաստ ամերիկեան շահերուն: Սակայն ո՞րքան երկար կրնայ տեւել այս տատամսումը... Չէ՞ որ ոչ մէկ բան ծածուկ պիտի մնայ: Շուտով ամէն բան պիտի յայտնուի եւ յստականայ:

 

Յարութիւն Իսկահատեան