image

Ինչպէ՞ս չղեկավարել կառավարութիւնը եւ Ժողովուրդին կողմէ զրկուիլ իշխանութենէն

Ինչպէ՞ս չղեկավարել կառավարութիւնը եւ Ժողովուրդին կողմէ զրկուիլ իշխանութենէն

Յարութ Սասունեան       

 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները զարմացուցած եւ տպաւորած են ինչպէս աշխարհի հայերը, այդպէս ալ օտարները, քանի որ երկրին ղեկավարը, որ իր աջակիցներուն կողմէ կը նկատուէր անփոխարինելի, առանց  որեւէ բռնութեան կամ արիւնահեղութեան փոխարինուեցաւ նորով: Ասկէ զատ, այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ շատ աւելին է, քան որոշակի ղեկավարի մը  պաշտօնազրկումը: Երկու տասնամեակ արմատաւորուած վարչակարգը տապալեցաւ գրեթէ մէկ գիշերուան մէջ...

 

Հասկնալու համար, թէ ինչ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին, պէտք է վերադառնալ 1991 թուական՝ Խորհրդային Միութենէն Հայաստանի անկախացման ժամանակաշրջան: Այդ ժամանակէն ի վեր Հայաստան ունեցած է երեք նախագահ, որոնցմէ ոչ մէկը մտածած է ժողովուրդին մասին եւ երկիրը չէ կառավարած ժողովրդավար կերպով: Անոնց ձեռքին կեդրոնացած էր ինչպէս իշխանութիւնը, այնպէս ալ ռազմական ղեկավարութիւնը եւ օլիկարքիկ գլանները:

 

Մինչ խումբ մը ինքնակալներ նստած էին իշխանական բուրգի գագաթին, ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութիւնը զրկուած էր գոյատեւման անհրաժեշտ հիմնական միջոցներէ, ինչպէս՝ սնունդ, հագուստ, դեղորայք եւ անշուշտ՝ դրամ: Վերջին քառորդ դարուն աւելի քան մէկ միլիոն հայեր լքած են հայրենիքը եւ հաստատուած հոն, ուր կրնային աշխատանք գտնել եւ կերակրել իրենց ընտանիքները: Անոնցմէ շատեր, որոնք չեն կրցած հեռանալ երկրէն, հազիւ թէ գոյատեւած են արտասահմանէն իրենց հարազատներուն եւ ընկերներուն ուղարկած միջոցներուն հաշուոյն:

 

Այս տխուր պայմաններուն մէջ կը շարունակէին աճիլ բնակչութեան զայրոյթն ու վրդովումը իշխանութեան, յատկապէս երկրի ղեկավարին դէմ: Ի լրումն ծայրայեղ աղքատութեան, ժողովուրդը կը տառապէր փտախտէ, ընտրական կեղծիքներէ, անարդար դատարաններէ, գործազրկութենէ, գրաքննութենէ եւ ոստիկանութեան պարբերաբար կիրարկած դաժանութիւններէն: Մինչ անոնք, որոնք միջոցներ ունէին ձեռք բերելու վիզա եւ օդանաւի տոմսեր, կ՛արտագաղթէին Հայաստանէն, միւսները ստիպուած էին ծպտուն չհանել եւ հանդուրժել ծանր պայմանները:

 

Ժամանակ առ ժամանակ հանրային բողոքներ տեղի կ՛ունենային՝ կեղծ ընտրութիւններու կամ անտանելի ծանր կենսապայմաններու դէմ, սակայն ոստիկանութիւնը կը  յաջողէր ճնշել անկարգութիւնները՝ ծեծելով կամ ձերբակալելով ցուցարարները: Ամէնէն սարսափելի միջադէպը տեղի ունեցաւ 2008ի Մարտին, երբ տասը մարդ սպաննուեցաւ Սերժ Սարգսեանի նախագահ ընտրուելուն դէմ բողոքի ելած ժողովուրդէն:

 

Մինչ Սերժ Սարգսեան եւ իր նախորդը՝ Ռոպերթ Քոչարեան ուշադրութիւն չէին դարձներ հանրութիւնը յուզող ողբալի պայմաններուն վրայ, ժողովուրդին անբաւարարուածութիւնը, դժգոհութիւնը եւ զայրոյթը՝ ընդդէմ իշխանութիւններուն, կը շարունակէին աճիլ: Պետութեան այս ղեկավարները, շրջապատուած իրենց օգնականներով, որոնք կը գովաբանէին զանոնք եւ կը հաւաստիացնէին, թէ ամէն բան հրաշալի է երկրին մէջ, կը մնային անտեղեակ՝ հասարակութեան թշուառ վիճակին մասին:

 

Անցած 27 տարիներուն, Հայաստանի երեք նախագահներու հետ ունեցած հանդիպումներուս հարիւրաւոր ժամերուն ընթացքին, ես անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրած եմ երկրին մէջ առկայ տարբեր խնդիրներու վրայ՝ սկսած կաշառակեր օգնականներէն եւ կառավարութեան նախարարներէն, մինչեւ կաշառակերութեան վրայ հիմնուած անարդար դատավարութիւնները, կեղծ ընտրութիւնները եւ այլն: Նախագահները ինծի կ՛ըսէին, որ առաջին անգամ կը լսեն այդ հարցերուն մասին: Շատ քիչ մարդիկ քաջութիւն ունեցած են անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրելու այդ հարցերուն վրայ:

 

Ես համարձակութիւն ունեցայ նախագահ Քոչարեանին ըսելու, որ Հայաստանի բնակչութիւնը կ՛ատէ զինք: Ան չհամաձայնեցաւ հետս, սակայն ես պնդեցի՝ առաջարկելով իրեն, որ գիշեր մը գլխարկով եւ վերարկուով, ծպտուած կանգնի փողոցի մը անկիւնը եւ անցորդներուն հարցնէ, թէ ի՞նչ կը մտածեն նախագահին մասին: Միաժամանակ զգուշացուցի, որ շատ վիրաւորական մեկնաբանութիւններ կրնայ լսել: 

 

Նաեւ կը յիշեմ, թէ ինչպէս նախագահ Սարգսեանին, անոր առաջին ընտրութեան նախօրեակին ըսի, որ պէտք չէ անտեսէ հասարակ ժողովուրդը եւ յայտնուի հեռատեսիլի պաստառներու վրայ՝ հարուստ օլիկարքներու հարսանիքներուն մասնակցելով եւ անոնց գործարքներուն ժապաւէնները կտրելով: Առաջարկեցի, որ ամիսը անգամ մը անսպասելիօրէն այցելէ ոեւէ աղքատ ընտանիքի, առանց իր օգնականներուն եւ թիկնապահներուն եւ հետաքրքրուի այդ ընտանիքին գործով, եկամուտի եւ առողջութեան պայմաններով՝ ցոյց տալով, որ հոգատար է աղքատներուն հանդէպ, որոնք կը կազմեն երկրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը: Ցաւօք սրտի, ան երբեք նման այցելութիւն չկատարեց:

 

Նաեւ խորհուրդ տուի նախագահ Սարգսեանին՝ ստեղծել անկախ խորհրդատուներու խումբ՝ կազմուած իմաստուն եւ փորձառու անհատներէ, որոնք պետական ​​աշխատողներ չըլլան: Անոնք պիտի կարենան անկեղծ խորհուրդներ տալ՝ առանց պաշտօնէ զրկուելու վախի: Ցաւօք, այս առաջարկս ալ անտեսուեցաւ:

 

Խնդիրը աւելի խորացաւ, եւ հասարակութիւնը երբեք չմոռցաւ կամ չներեց Սերժ Սարգիսեանը՝ յատկապէս 2008ին ոստիկանութեան կողմէ տասը ցուցարարներու սպանութեան համար, եւ իւրաքանչիւր կեղծ ընտրութեան եւ շարունակուող տնտեսական թշուառութեան հետ աճեցաւ նաեւ ժողովուրդին հիասթափութիւնը: Երբ 2015 թուականին Սահմանադրութիւնը փոխուեցաւ, Սերժ Սարգսեան վստահեցուց ժողովուրդը, որ մտադրութիւն չունի մնալու իշխանութեան մէջ 2018 թուականին, երբ աւարտի իր նախագահութեան երկրորդ ժամկէտը: Մարդոց մեծ մասը չէր հաւատար անոր եւ կը կասկածէր, որ ան կը մնայ պաշտօնի վրայ՝ ձեւական նախագահի աթոռէն անցնելով ուժեղ վարչապետի պաշտօնին՝ համաձայն նոր Սահմանադրութեան: Յատուկ հանդիպումներէս մէկուն ընթացքին հետաքրքրուեցայ, թէ արդեօ՞ք Սերժ Սարգսեան մտադիր է լքելու  պաշտօնը ժամկէտի աւարտին, ինչպէս որ ինք խոտացած էր ընել, սակայն անհանգստացայ, երբ ան ըսաւ, որ որոշում պիտի կայացնէ 2017ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ:

 

Մինչդեռ, ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութիւնը, հակառակ կասկածներուն, Սարգսեանի պաշտօնի աւարտման օրերը եւ ժամերը կը հաշուէր: Երբ անցեալ ամիս Հանրապետական կուսակցութեան մեծամասնութիւնը խորհրդարանին մէջ ընտրեց զայն որպէս նոր վարչապետ, քաղաքացիները այլեւս չկրցան զսպել իրենց զայրոյթը: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, ընդդիմութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, փողոց ելան՝ իրենց հիասթափութիւնը արտայայտելու համար:

 

Բարեբախտաբար, բարկութեան այդ զանգուածային զեղումը կը հսկուէր Փաշինեանի կողմէ՝ որեւէ բռնութիւն չկիրարկելու եւ ոստիկանութեան ուժերը յարգելու անընդհատ յորդորով: Շարք մը սխալներ արձանագրեցին վարչապետ Սարգսեան եւ խորհրդարանի Հանրապետական ​​կուսակցութեան անդամներ, երբ Սարգսեան հանդիպեցաւ Փաշինեանի հետ եւ երեք վայրկեանէն լքեց սրահը: Քանի մը ժամ անց, հակառակ խորհրդարանական իր անձեռնմխելիութեան, Փաշինեան ձերբակալուեցաւ եւ ոստիկանութեան կողմէ պահուեցաւ անյայտ վայր մը՝ զայն դարձնելով աւելի մեծ հերոս: Շարունակուող ցոյցերու պատճառով, Փաշինեան ազատ արձակուեցաւ, եւ անսպասելիօրէն, վարչապետ Սարգսեան հրաժարական տուաւ, խոստովանելով՝ «Ես սխալ էի, Նիկոլը ճիշդ էր»:

 

Մայիս 1ին խորհրդարանը հաւաքուեցաւ նոր վարչապետ ընտրելու համար: Երկար քննարկումներէ ետք, Հանրապետական կուսակցութիւնը՝ որպէս խորհրդարանի մեծամասնութիւն, գրեթէ միաձայնութեամբ քուէարկեց ընդդէմ Փաշինեանի թեկնածութեան: Մայիս 2ին ժողովուրդը փակեց բոլոր գլխաւոր փողոցները, մայրուղիները, կաթուածահար ըրաւ երկաթուղին, մեթրոն եւ օդանակայանէն դէպի Երեւան տանող ճամբաները: Յաջորդ օրը Հանրապետական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ան պիտի չարգելափակէ Մայիս 8ին նախատեսուած ընտրութիւնները՝  Փաշինեանը ընտրելով վարչապետ:

 

Հաւանաբար, Փաշինեանի ընտրութեամբ պիտի չլուծուին Հայաստանի բազմաթիւ հիմնախնդիրները: Հետագայ 15 օրուան մէջ, ան պէտք է ընտրէ նախարարներու դասը եւ իր կառավարութեան օրակարգը ներկայացնէ խորհրդարան՝ հաստատման համար: Այնուհետեւ երկար քննարկում պիտի ծաւալի ընտրական օրէնսդրութեան փոփոխութեան մասին, իսկ քանի մը ամիս անց տեղի պիտի ունենան Ազգային ժողովի նոր ընտրութիւններ: Հակառակ իշխանափոխութեան, Հայաստան պիտի շարունակէ տառապիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակումներէ եւ Արցախի հետ կապուած ռազմական հակամարտութենէն:

 

Պէտք է սպասենք եւ տեսնենք, թէ Փաշինեան զորո՞նք կը նշանակէ արտաքին եւ պաշտպանութեան նախարարներու գլխաւոր պաշտօններու վրայ: Ինչպիսի՞ զիջումներ կը կատարուին Փաշինեանի փոքրամասնութեան անդամներու եւ խորհրդարանի մէջ ՀՀԿ մեծամասնութեան միջեւ ընտրական օրէնսդրութիւնը փոխելու ժամանակ: Միայն ատկէ ետք է որ տեղի կ՛ունենան խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ: Կ՛ենթադրուի, որ նոր ընտրութիւնները արդար եւ պատշաճ կերպով կը վերահսկուին նոր կառավարութեան կողմէ, միայն կը մնայ տեսնել, թէ արդեօ՞ք Փաշինեանի կուսակցութիւնը եւ անոր աջակից կուսակցութիւնները մեծամասնութիւն պիտի կազմեն նոր խորհրդարանին մէջ: Բախտաբեր նորութիւն է, որ այս բոլոր զարգացումները տեղի կ՛ունենան Սահմանադրութեան համաձայն՝ նոր զարթօնք ապրած հայ հասարակութեան ճնշման ներքոյ:

 

Վերջապէս, ամէնէն կարեւոր խնդիրը այն է, որ հազարաւոր նոր լիազօրուած երիտասարդներ, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ եւ զգացումներով փողոց  ելան՝ պահանջելով աւելի ժողովրդավարական պետութիւն, պէտք չէ հիասթափուին: Հայաստան չի կրնար թոյլ տալ կորսնցնելու իր երիտասարդութիւնը, որ երկրին ապագան է...

 

Իւրաքանչիւր ոք, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, պէտք է ամէն ջանք թափէ Հայաստանի մէջ կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ապահովման համար՝ երկրի նոր ղեկավարութեամբ:

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան