image

Լոս Անճելոս. Տեղի ունեցաւ Գէորգ Պէտիկեանի նոր հատորին շնորհահանդէսը

Լոս Անճելոս. Տեղի ունեցաւ Գէորգ Պէտիկեանի նոր հատորին շնորհահանդէսը

Ծանօթ հրապարակագիր եւ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեանի «Սա մեր բոլորին Հալէպն է» նորատիպ հատորին շնորհահանդէսը, Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, առիթ մը եղաւ լուսարձակի տակ բերելու Հալէպի հայկական գաղութին պատմական դերը, վերջին տարիներու տագնապալի վիճակն ու մասնաւորաբար Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տեղն ու դերը սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ։

Արդարեւ, հատորը հեղինակին կողմէ երախտիքի պերճախօս արտայայտութիւն մըն է իր ծննդավայրին ու իր հայեցի աճումին հիմնաքար ծառայած Ճեմարանին, որուն նուիրուած է հատորը՝ ուսումանարանին 70-ամեակին առիթով։ Շնորհահանդէսը սկսաւ ժամը 7-ին, ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, գործակցութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ Լոս Անճելըսի Ճեմարանականներու ընկերակցութեան։ Ներկայ էին քահանայ հայրեր, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, միութենական ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով գրասէր հայորդիներ։ Բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբին ատենապետը՝ Տիար Հրայր Ճերմակեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք, յիշեցուց, որ այս սրահը անցեալին հիւրընկալած է նոյն հեղինակին այլ գործերու շնորհահանդէսները եւս, ապա հրաւիրեց յանձնախումբի երիտասարդ անդամներէն Տիար Մուշեղ Պետեւեանը, որպէսզի վարէ յայտագիրը։ Մ. Պետեւեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Հալէպի հայկական գաղութի պատմականն ու հայութեան դերակատարութիւնը՝ այդ շրջանի մեր պատմութեան մէջ, անդրադարձաւ վերջին տարիներու տագնապալի վիճակին ու վերականգնումի ճիգերուն, նշելով, որ հատորը նուիրուած է Հալէպին։ Ան հրաւիրեց «Ասպարէզ»ի խմբագիր Տիար Աբօ Պօղիկեանը, սրտասանելու իր սրտի խօսքը։ Տիար Պօղիկեան ողջունեց ներկաները, նկատեց, որ ներկաներուն մէջ հալէպցիները կը կազմեն մեծամասնութիւն, ու յայտնեց, թէ իր մեծ հօր հայրն ալ՝ քահանայ մը, անցեալին եղած է Հալէպի առաջնորդական տեղապահ։ Ան կանգ առաւ գրող ու մտաւորական Պետիկեանի երկու գլխաւոր յատկանիշներուն վրայ. մտաւորական կարգապահութիւնը եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ հաւատարմութիւնը, որոնք գործնապէս արտայայտուած են մամուլին հետ իր գործակցութեան տասնամեակներուն ու արտայայտութիւն գտած՝ իր գրական վաստակին մէջ։ Ան նաեւ նկատեց, որ Հալէպը առանցքային տեղ գրաւած է Պետիկեանի գրականութեան մէջ, իսկ այս եօթներորդ հատորը բացառապէս նուիրուած է Հալէպին ու Ճեմարանին, հաւաքագրումն է Հալէպի մէջ կերտուած անհատական ու ազգային արժէքներու, տակաւին, Հալէպը կը հանդիսանայ հայութիւնը իր հողին ու արմատներուն կապող խորհրդանիշ մը։ Ան յատկապէս գնահատեց նման հանդիսութեան մը երիտասարդ հանդիսավար ունենալու իրականութիւնը։ Աշակերտուհի Լիլի Տապպաղեան ընթերցում մը կատարեց գիրքի մէկ գրութենէն։ ՀՕՄ-ի «Թալին» մասնաճիւղի աշակերտներէն խումբ մը երգեց երկու երգ, որոնց բառերուն հեղինակն է Գ. Պետիկեան, իսկ երաժշտութիւնը մշակած է Ալֆրէտ Մարտոյեան։ Դաշնակի վրայ ընկերացաւ Նոյեմի Լոխմանեան։ Այնուհետեւ, հանդիսավարը սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց հեղինակին կենսագրութեան գլխաւոր գիծերը, ապա բեմ հրաւիրեց վաստակաշատ դաստիարակ եւ մշակութային գործիչ Տիկին Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեանը, որպէսզի ներկայացնէ հատորը։ Տիկին Ղազարեան-Մելքոնեան գեղարուեստական շունչով խօսեցաւ հատորի բովանդակութեան ու հեղինակին կեանքին ու ներաշխարհին մէկ հայելին ըլլալու անոր արժանիքին մասին, կատարելով դիպուկ մէջբերումներ։ Ան նշեց, որ հատորը կարելի է ձեւով մը նկատել հեղինակին ինքնակենսագրականը, որովհետեւ ընթերցողը հոն պիտի տեսնէ մանկութեան ու պատանութեան օրերէն սկսեալ յուշեր, զինք շրջապատող միջավայրը՝ թաղ, դպրոց, ուսուցիչներ, ականաւոր ու պարզ անհատներ, որոնք աղերս ունեցած են հեղինակին հետ, ազդեցութիւն ունեցած անոր կազմաւորման վրայ, տակաւին, Հալէպէն երկար ատեն հեռու ապրող Պետիկեան իր ծննդավայրն ու զինք շրջապատած միջավայրը մինչեւ այսօր ալ սերտօրէն կը կրէ իր անձին եւ յուշերուն մէջ, կ'ապրի անոր տագնապները, սակայն միշտ կը մնայ յուսալից անոր վերականգնումին ու ապագային, անոր ազգային ու մշակութային դերակատարութեան նկատմամբ։ Հատորը նաեւ կարելի է նկատել թարգմանը հալէպահայութեան կեանքին ու իրագործումներուն, յոյսերուն։ Հեղինակին թոռնուհին՝ Վանա, խոր ապրումով երգեց «Սիրելի ուսուցիչ» երգը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Կարինէ Վարուժանեանի, իբրեւ նուէր՝ իր պապիկին, որ եղած է իր առաջին ուսուցիչը...

Սրտի խօսք մը արտասանեց հեղինակը։ Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին ու ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, ապա նաեւ հատորին պատրաստութեան ու հրատարակութեան աջակցողներուն. շնորհակալութիւն՝ հատորը ներկայացնող դաստիարակին, յայտագիրին մասնակից աշակերտներուն, հիւրընկալին եւ բոլոր բարեկամներուն, ընտանիքի հարազատներուն ու ներկաներուն։ Ան անդրադարձաւ հայ գիրին ու դպրոցին իր մատուցած կէս-դարեան ծառայութիւններուն, շեշտելով, որ մայրենիին հետ իր մտերմութիւնը եղած է մղիչ ուժ ու սեւեռակէտ։ Ան նկատեց, որ գիրքի հանդէպ մեր ընթերցասէր հասարակութեան մէկ արտայայտիչն է այս երեկոյթը, ապա նաեւ վկայեց, որ Հալէպը իրեն համար սոսկական յուշ չէ, այլ ապրում, իսկ գիրքը կը ներկայացնէ իր էութիւնը, նաեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը բոլոր այն անհատներուն, 70-ամեայ Ճեմարանին ու միջավայրին հանդէպ, որոնք նպաստած են իր կազմաւորման։ Շնորհահանդէսի փակման խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան յայտնեց, որ այս երեկոն ու ամբողջ օրը անմոռանալի պիտի մնան, որովհետեւ այս շնորհահանդէսէն առաջ, Ազգ. Առաջնորդարանը առաւօտուն ու կէսօրին ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Թիւֆէնքեան մանկամսուրի ու Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներուն, որոնք եկած էին հաւատքի ու ազգային արժէքներուն հաւատարմութեան ուխտը վերանորոգելու ապրիլեան այս օրերուն, իսկ վերջինները ամիս մը ետք Հայաստան պիտի մեկնին Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան մասնակից ըլլալու համար։

 

Այս ձեռնարկը Հալէպին ու հեղինակին կողմէ ուղղուած հրաւէրի մը ընդառաջում մըն է, որ մարմնաւորուեցաւ գնահատելի ու գեղեցիկ յայտագիրով մը։ Առաջնորդ Սրբազանը ձայնակցեցաւ Տիար Պօղիկեանի այն մատնանշումին, որ Գ. Պետիկեան մտաւորականի կարգապահութեան հաւատարիմ մշակ մըն է, «որովհետեւ առանց կարգապահութեան՝ կարգ ու կանոն կը կորսուին»։ Ան գնահատանք արձանագրեց Տիկին Ղազարեան-Մելքոնեանի ներկայացման համար, եւ կանգ առաւ հատորին այն արժանիքին վրայ, որ անիկա երախտիքի արտայայտութիւն մըն է Հալէպին ու անոր ազգային հաստատութեանց ու ստորոգելիներուն նկատմամբ, յիշատակեց, որ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսը եղած է Ճեմարանի հիմադիրներէն, ապա նաեւ նկատեց, որ այս երեկոն բոլորին ուղղուած հրաւէր է լաւատեսութեան ու Հալէպի վերականգնումին կապուած յոյսերուն հզօրացման իմաստով, եւ հատորէն մէջբերում մը կատարելով՝ արձագանգ եղաւ հեղինակի այն համոզումին, որ Հալէպի տագնապը վերջ պիտի գտնէ ու գաղութը պիտի վերականգնի։ Ան յայտնեց, որ այս օրերուն, Հալէպի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցած է Հալէպի վերաշինութեան ամբողջական ծրագիրը, ապացուցելով, որ Հալէպը կը կանգնի յարութեան սեմին։ Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ այս գիրքը նոր խթան մը ըլլայ մեր ազգային ու հոգեւոր հարստութեանց պահպանման եւ ուռճացման, եւ օրհնեց վաստակը հեղինակին։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով եւ Զարեհ Վեհափառի այնքան սիրած «Կիլիկիա»ին երգեցողութեամբ։ Այնուհետեւ, ներկաները վայելեցին կոկիկ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած Լոս Անճելըսի Ճեմարանականներու ընկերակցութեան կողմէ, իսկ հեղինակը մակագրեց հատորէն օրինակներ։