image

Ամերիկա կ'ուզէ Սուրիա «վերադառնալ» ...Բայց ի՛նչ գինով

Ամերիկա  կ'ուզէ    Սուրիա    «վերադառնալ» ...Բայց  ի՛նչ գինով

Անցնող օրերուն միջազգային լրահոսին համար ամենէն «փայլուն» աստղը դարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Ամերիկայի նախագահը մասնաւորապէս կը գրառէր՝ «Ռուսաստան կը խոստանայ վնասազերծել այն հրթիռները, որոնք պիտի արձակուին Սուրիոյ ուղղութեամբ, իսկ ես կ՚ըսեմ, պատրաստուեցէ՛ք, որովհետեւ հրթիռները պիտի գան եւ պիտի ըլլան գեղեցիկ ու խելացի: Ռուսաստան պէտք չէ իր ժողովուրդը սպաննող եւ ատկէ հաճոյք առնող անասունի մը գործընկերը ըլլայ»: Թէեւ առաջին անգամը չէր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը նման «զարմացնող» շեշտով գրառումներ կը կատարէր դառնալով՝ համաշխարահային մամուլին գլխաւոր չհերոսը: Ի դէպ, Սուրիոյ տագնապին թեման վերստին սեղանի վրայ կը դրուէր Դամասկոսի վերջին զարգացումներէն ետք, ուր Սուրիոյ բանակը կը յաջողէր անցեալ Փետրուարին սկսած զինուորական գործողութիւնները յաջողութեամբ պսակել եւ տարբեր անուններով «յայտնի» բոլոր իսլամամէտ զինեալները այդ շրջաններէն վտարել: Այդ հեռացման վերջին փուլը տեղի կ՚ունենար արեւելեան Կութայի կեդրոնական կէտ համարուող Տումա քաղաքին մէջ, ուր հազարաւոր զինեալներ «Ժայշ ալ իսլամ»ի զինեալներու կարեւոր մէկ մասը իրենց զէնքերը կը յանձնէին բանակին, իսկ նոյն խմբաւորման ղեկավարները կը հեռանային դէպի Իտլիպ: Մինչ Միացեալ Նահանգներու առաջնորդը «բացէ ի բաց» կը խօսէր զինուորական հարուածի մը մասին, անդին Սուրիոյ կառավարութիւնը՝ Տումա աւանը կը յայտարարէր ազատագրուած, նաեւ ահաբեկիչներէ զերծ շրջան մը: Եթէ առանց խորանալու փորձենք ներկայացնել այսօր առկայ լարուածութիւնը, ապա պիտի հասնինք այն եզրակացութեան, թէ այս պահուն Սուրիոյ ուղղութեամբ արձակուելիք Թրամփի «գեղեցիկ եւ խելացի» հրթիռները «տեղ պիտի հասնին»՝ ունենալով մէկ նպատակ, որն է հակազդել Սուրիոյ վարչակարգին, որ ըստ արեւմտեան երկիրներու, ան Կութայի մէջ քիմիական զէնք կիրառած է սպաննելով տասնեակ անզէն քաղաքացիներ: Բայց եւ այնպէս, եթէ քիչ մը «խորազննին» մօտեցում ցուցաբերենք, ապա պիտի հասկնանք, որ եղածը ունի շատ մը խորքային պատճառներ: Իսկ քիմիականի «դէպք»ը պարզապէս պատրուակ է, աւելի հեշտ կերպով կատարելու համար «պէտք եղած» պատուէրը:

 

Ի դէպ, Սուրիոյ պատերազմին սկիզբէն ի վեր տարբեր առիթներով խօսք եղած է Սուրիոյ ունեցած քիմիական զէնքի պաշարներուն եւ այդ զէնքերու ներկայացուցած վտանգներուն մասին: Ու նաեւ մեր յիշողութիւններուն մէջ է, երբ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ գործող «քիմազերծող» մարմիններ Սուրիա հասնելով եւ բաւականին երկար գործընթաց մը իրականացնելով՝ յաջողեցան Սուրիայէն դուրս բերել այդ քիմիական պաշարները:

 

Վերջին օրերուն «ջուրի երես» ելած լարուածութեան ուշի-ուշով հետեւող ռազմական փորձագէտներ տեսակէտ յայտնած են, որ Ամերիկայի կողմէ կատարուելիք զինուորական հաւանական հարուածը թիրախ պիտի դարձնէ Սուրիոյ բանակին կարեւորագոյն դիրքերը: Այս մասին ուշագրաւ հրապարակում մը կատարած է բրիտանական The Guardian պարբերականը՝ նկատել տալով, որ Ամերիկայի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը «նախատեսուած» գրոհին համար պատրաստի ունի քարտէսագրուած յիսուն հիմնական կէտեր, որոնք կը համարուին Սուրիոյ բանակին գլխաւոր կեդրոնատեղիները: Իր կարգին, լիբանանեան LBCI կայանը նոյն նիւթին մասին խօսելով կը տեղեկացնէ, որ ամերիկեան հարուածները պիտի կատարուին շնորհիւ «Թոմահոք» հրթիռներուն, որոնք բաւականին ազդեցիկ եւ «նպատակասլաց» են: Կայանի լրագրողը նաեւ կը դիտարկէ, որ Ամերիկայի կողմէ գործածուելիք «Թոմահոք» հըր-թիռներուն դէմ «կարեւոր» գործ կրնան կատարել ռուսական C-400 հրթիռային համակարգերը, անշուշտ եթէ Մոսկուա համաձայնութիւն տայ այդ առումով: Լրագրողը այս կէտին ալ մեծ կասկածներ ունի յիշեցնելով՝ 2017 թուականին «Շուհայրաթ» օդակայանին դէմ գործուած գրոհը, որուն ի տես, ռուսական կողմը հանդէս եկաւ պարզապէս որպէս հանդիսատես:

 

Այս առումով ալ պէտք չէ անտեսել կամ մոռնալ այն փաստը, թէ «Շուհայրաթ» զինուորական օդակայանին դէմ եղած գրոհի օրերուն իրավիճակը այլ էր, իսկ այս օրերուն բոլորովին այլ:

 

Ճիշդ է, որ այդ օրերուն ալ Ռուսաստան աշխուժօրէն մասնակից էր Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմին, սակայն կար տպաւորութիւն, թէ բոլոր կողմերն ալ «հաւասարաչափ» կերպով կը մասնակցէին գործողութիւններուն: Այսօր սակայն ակներեւ է, թէ ռուսական կողմը ոչ թէ մեծ շահեր ունեցող մասնակից է, այլ նաեւ հետամուտ է, որ Սուրիոյ մէջ առկայ հակամարտութիւնը «քաղաքական ելք» մը ունենայ եւ այդ առումով ալ Մոսկուա կը կազմակերպէ զանազան մակարդակի հանդիպումներ: Անշուշտ քաղաքական հարթակի վրայ եղած ամենաուշագրաւ զարգացումը, որ խորքին մէջ ապագայի առումով ալ կարեւոր հարթակ դառնալու բոլոր բաղադրիչները ունէր, Անգարայի մէջ կայացած Մոսկուա-Անգարա-Թեհրան ձեւաչափով գագաթն էր, որուն կը մասնակցէին նշեալ երեք մայրաքաղաքներու առաջնորդները:

 

 

Վերադառնալով ամերիկեան սպառնալիքներուն՝ ապա պէտք է յիշեցնել, որ առաջին անգամը չէ, որ Միացեալ Նահանգներ «բաց թեքստ»ով սպառնալիքներ կ՚ուղղէ Սուրիոյ կառավարութեան եւ յատկապէս նախագահ Պեշար Էսատի հասցէին: Նոյնը տեղի ունեցած էր 2013 թուականին, երբ հինգ հարիւր սուրիացիներ զոհուած էին մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայ արեւելեան Կութա շրջանին մէջ:

 

Այդ օրերուն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա աշխարհը երեք օր «շնչակտուր» վիճակի մէջ պահելէ ետք «չեղեալ» կը համարէր իր սեղանին վրայ դրուած եւ Դամասկոսը հարուածելու ծրագիր-առաջարկը: Պէտք է հաշուի առնել նաեւ, որ սուրիական տագնապը վաղուց դուրս եկած է «տեղական բնոյթ» հանդիսացող «քաղաքացիական» տագնապի մը բնոյթէն ու դարձած է «միջազգային»:

 

Աւելի՛ն. Սուրիոյ մէջ է այսօր կը վճռուի Միջին Արեւելքի ոչ-երկարաժամկէտ ապագայի ընդհանուր սահմանագծումները, հակամարտելու «կա-նոն»ները, քաղաքական եւ տնտեսական շահերու առընչութիւնները:

 

Ու նաեւ ամերիկեան կողմէն, յատկապէս այս փուլին, զինուորական հարուած մը հասցնելու գաղափարը բնականաբար միտում ունի ապահովել դէպի սուրիական դաշտ «նոր վերադարձ» մը, որ ամէն պարագայի տակ պիտի ըլլայ բաւական «ուշացած վերադարձ» մը:

 

Սուրիական հակամարտութիւնը իր երանգներով, բաժանումներով եւ հակասութիւններով ունեցաւ այնպիսի «հարուստ երանգապնակ» մը, ուր հոն դաշնակից համարուող ուժեր բացի իրարու հետ տարաձայնութիւններ ունենալէ, սկսան «իրարու տակ փորել»: Պատկերը յստակ դարձնելու համար տանք թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու պարագան, որ մանաւանդ Սուրիոյ տագնապին պատճառով կրեց բաւականին «անսպասելի» ցնցումներ:

 

Միացեալ Նահանգներ ոչ միայն զինեց Թուրքիոյ հակառակորդ կողմ համարուող քիւրտ ջոկատները, այլ նաեւ «թաքուն» կերպով անոնց գաղտնաբառ մըն ալ տուաւ, որ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները «լաւագոյն վայր» են «ստեղծելու համար» քրտական հայրենիք մը:

 

Նոյն հակասութիւնները երեւցան Թուրքիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ միւս երկիրներուն միջեւ, որոնք բոլորն ալ դէմ էին ու տակաւին ալ դէմ են Պեշար Էսատի իշխանութեան վրայ մնալուն, սակայն գետնի վրայ որդեգրած են տարբեր «ուղղութիւններ» եւ ունին տարբեր առաջնահերթութիւններ:

 

Այս բոլորով միասին յստակ է նաեւ, որ Ամերիկայի համար կարեւոր «գործօն» հանդիսացած ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), ինչպէս նաեւ քիւրտերու թեմաները առաջուան նման մեծ ազդեցութիւն մը չունին: Խօսքը աւելի կը յստականայ, եթէ հաշուի առնենք այն հանագամանքը, որ այսօր ընդհանրապէս Սուրիոյ ամենէն աւելի թէժ համարուած գօտիները ձեւով մը կը գտնուին ռուս-սուրիական դաշինքի տիրապետութեան տակ:

 

Բացատրութիւնը կարճելու համար նշենք միայն Իտլիպի պարագան, որ այսօր կը համարուի ահաբեկիչ իսլամամէտներու Սուրիոյ «նոր մայրաքաղաք»ը եւ անուղղակիօրէն կապուած է Անգարային: Հոս է նաեւ, որ կը յստականայ, թէ Մոսկուա ինչ զգուշաւոր թելերով կապ ունի Անգարայի հետ եւ վերջին շրջանին երկու երկիրներուն միջեւ առկայ սերտ յարաբերութիւններն են, որ կ՚օգնեն Ռուսաստանին՝ լաւագոյնս «տիրապետելու» Սուրիոյ ընդհանուր «խաղ»ին:

 

Այս ապացոյցները հաշուի առնելէ ետք պարզ կը դառնայ, որ ո՛չ Միացեալ Նահանգներ եւ ոչ ալ Ֆրանսա պատրաստ են «հալած իւղ»ի պէս կուլ տալ Ռուսաստանի ամէն օր աւելի մեծցող դերը եւ ատոր դէմ անոնք պատրաստ են ամէն տեսակի գործողութեան:

 

Ներքին իմաստով Սուրիոյ կառավարութեան համար «մեծ սպառնալիքներ»ու փուլը այսօր կը պատկանի անցեալին: Իսկ հիմա տեղի ունեցածը յետպատերազմեան շրջանի համար տեղի ունեցող սակարկութիւն-պազարն է, որուն համար Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է ամէն տեսակի պայքարի կամ միջամտութեան:

 

Ահա այսպիսի փուլի մը մէջ է Սուրիան եւ ապահովաբար Ամերիկայի կողմէ որեւէ զինուորական հարուած նպատակ ունի վերադարձնել Ուաշինկթընի դերը շրջանի մը մէջ, ուր ան գրեթէ արժեզրկուած է: