
(Բ. եւ վերջին մաս)
Արեւին մահը
Մեր արեգակին վերջաբանը յայտնի է: Ինչպէս բոլոր աստղերը, իր երկարակեցութիւնը պայմանաւորուած է իր զանգուածով. որքան խոշոր ըլլայ զանգուածը աստղի մը, այնքան կարճ կ՚ըլլայ անոր կեանքը: Շատ մեծ զանգուած ունեցող աստղերը կը մեռնին քանի մը միլիոն տարիէն (փոխակերպուելով սեւ խոռոչներու) մինչ փոքր աստղերը, ինչպէս արեւը, զոր կը կոչեն դեղին թզուկ, կ՚ապրին մինչեւ 15 միլիառ տարիներ: Արեւը ներկայիս ունենալով 4,5 միլիառ տարուան տարիք, ըստ որոշ հաշիւներու՝ ունի դեռ 7,7 միլիառ տարուան կեանք: Իսկ արդէն 4,4 միլիառ տարիէն կը նախատեսուի անոր զանգուածին մէկ տասներորդը ներկայացնող միջուկին պայթումը: Ահա թէ ինչ կրնայ տեղի ունենալ յաջորդիւ. Արեւը իր գլխաւոր վառելանիւթի՝ ջրածինի պակաս պիտի ունենայ, ջրածինը զոր ան կը վերածէ հելիումի՝ կորիզային փոխակերպումի ընթացքին, ջերմութիւն եւ լոյս արձակելով միաժամանակ: Իր արտաքին պատեանները պիտի սկսին ընդլայնիլ, աստղը պիտի վերածուի կարմիր հսկայի մը, հելիումէ ահաւոր գունտի մը, որ այսօրուան աստղէն 3000 անգամ աւելի փայլուն է: Իր տրամագիծը պիտի հասնի Երկիր-Արեգակ հեռաւորութեան կրկնապատիկին, այսինքն մօտաւորապէս 150 միլիոն քիլոմեթրի: Հետեւութիւն՝ ան պիտի կլանէ իր մօտը գտնուող մոլորակները, ինչպէս Փայլածուն, Առուսեակը եւ Երկիրը: Երբ իր ամբողջ վառելանիւթը սպառի, Արեւը վերջնականօրէն մարելէ առաջ պիտի կքի իր իսկ վրայ իր միջուկը վերածելով դեղին թզուկի, այսինքն մեր ներկայ Երկիր մոլորակի մեծութեամբ գունտի մը: Բազմաթիւ միլիառ տարիներ յետոյ է, որ պիտի պաղի ամբողջութեամբ, վերածուելով մեռեալ աստղի:
Կամմա ճառագայթներու ռմբակոծում
Այս մէկը տիեզերքի ամենէն ուժգին եւ ամենէն լուսաւոր երեւոյթներէն մէկն է: Կամմա ճառագայթներու ոստում մը կամմա ֆոթոններու, նաեւ X ճառագայթներու յորձանք մըն է, որ ծայրագոյն ուժանիւթային կարողութիւն ունի: Երկվայրկեանէ ալ կարճ պահէ մը հազիւ քանի մը վայրկեանի հասնող ժամանակահատուածի մը ընթացքին վիթխարի քանակութիւններու հասնող ուժանիւթ կ՚արձակուի տիեզերքի մէջ: Ըստ աստղաբնագէտներու՝ կամմա ճառագայթները արդիւնք են կամ նէօթրոնային երկու աստղերու համաձուլման եւ կամ հսկայ աստղի մը ձգողական փլուզման հետեւանքով ծագում առած սեւ խոռոչի մը կազմութեան:
Ի՞նչ են հետեւանքները նման աղէտալի երեւոյթի մը. եթէ Երկիր մոլորակը դժբախտութիւնը ունենայ գտնուելու կամմա ճառագայթներու յորձանքի դաշտին մէջ, հետեւանքները աղէտալի կ՚ըլլան անտարակոյս: Նախ մեր մթնոլորտի պահպանիչ օզոնի խաւը պիտի քայքայուի, մեր մոլորակը ենթարկելով Արեւի քանդիչ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու յարձակումին, պատճառ դառնալով ապրող բազմաթիւ էակներու ոչնչացման:
Այս աղէտալի տեսութեան հաւանականութիւնը բաւական տկար է ի հարկէ, տրուած ըլլալով, որ նման կամմա ճառագայթներու յարձակում տեղի պէտք է ունենայ մեզմէ գոնէ 6.500 լոյս-տարի (*) հեռաւորութենէ աւելի մօտ անջրպետային վայրէ մը եւ ուղղուած ըլլայ դէպի Երկիր մոլորակ: Աստղագէտներու համաձայն՝ վերջին կամմա ճառագայթներու յարձակումը տեղի ունեցած է 1250 տարի առաջ: Այս երեւոյթը պատասխանատուն կը նկատուի Երկրի վրայ ապրող որոշ կենդանի էակներու վերջնական բնաջնջումին, պատահած՝ 445 միլիոն տարի առաջ, ի մէջ այլոց ծովային անասնատեսակին 85 առ հարիւրը:
Աշխարհատարած համաճարակ մը
Սեւ ժանտախտ, ծաղկախտ, սպանական դում ... մարդկութեան պատմութիւնը դրոշմուած է այս համաճարակներով եւ տուժած անոնցմէ (վարակիչ ախտեր, որոնք կը տարածուին մեծ արագութեամբ մարդկային մեծ զանգուածներու միջեւ), որոնք Երկրագունտի կարեւոր մէկ մասը, երբեմն ամբողջ աշխարհը, իրենց ազդեցութեան տակ առած են:
Մեր օրերուն, առողջապահական կանոնները եւ բժշկութեան արձանագրած յառաջդիմութիւնները կարեւոր չափով հեռացուցած են համատարած վարակիչ ախտերու սպառնալիքը: 1972 թուականէն ի վեր հնարուած եւ ի գործ դրուած պատուաստին շնորհիւ ամբողջութեամբ անվնաս դարձած ծաղկախտի ժահրը խօսուն օրինակ մըն է այս ուղղութեամբ: Այսուհանդերձ արտածագ հիւանդութիւնները լուրջ վտանգներ կը ներկայացնեն, քանի որ մեծամասնութեամբ անծանօթ ախտաբանութիւններ են, եւ որոնց դէմ պատուաստումի հնարաւորութիւն դեռ չկայ: Ինչպէս սիտայի VIH ժահրը, որ արագ յեղադարձութիւն կը ցուցաբերէ, գրեթէ անկարելի դարձնելով պատուաստի մը պատրաստութիւնը:
Ամենավտանգաւոր հիւանդութիւնները մեծամասնութեամբ փոխանցիկ նկարագիր կը դրսեւորեն, մասնաւորաբար երբ ախտանշանները ուշ կը յայտնուին: Վարակուած հիւանդները այս վերջին պարագային ախտածին տարրը կը փոխանցեն, անգիտանալով իրենց հիւանդութիւնը: Մանաւանդ ներկայ դարուս միջազգային ճամբորդութիւններու յաճախականութիւնը, ինչպէս նաեւ բնակչութեան հետզհետէ աւելի խտացած վիճակը աշխարհատարած համաճարակի մը հաւանականութիւնը աւելցնող ազդակներ են:
Յիշեցնենք, որ անցեալի ամենէն մահացու համաճարակները եղած են հետեւեալները.
– Հարսանիթ՝ Ք.ա. 7րդ դարուն – պատճառած է 200 միլիոն զոհեր,
– Յուստինիանոսի ժանտախտը՝ 541-767 թուականներուն – պատճառած է 100 միլիոն զոհեր:
– Սեւ ժանտախտը՝ 1346-1353 թուականներուն – 25-50 միլիոն զոհեր,
– Հնդախտ-քոլեռա՝ 19-րդ դարու սկիզբէն ի վեր – տասնեակ միլիոն զոհեր,
– Սպանական դում՝ 1918-1919 ին – 50-100 միլիոն զոհեր,
– Ծաղկախտ՝ Ք.ա. 10000 թուականէն մինչեւ 1977՝ պատուաստի յայտնաբերումը – 300 միլիոն զոհեր,
– Սիտա՝ 1981-էն ի վեր – 40 միլիոն զոհեր:
Բացայայտ է, որ վերոյիշեալ հեռանկարային երեւոյթներու մեծամասնութիւնը չնչին հաւանականութիւն ունեցող վտանգներ են: Այսուհանդերձ, չնչին չի նշանակեր անկարելի: Ասոր փոխարէն անհիմն գուշակութիւններու ալ երբեք պէտք չէ հաւատք ընծայել:
Քաղեց՝ Սուրէն Շէրիք
(*) 1 լոյսի տարին համարժէք է մօտաւորապէս 9.500 միլիառ քիլոմեթր հեռաւորութեան։ ■
(Շար. 2 եւ վերջ)










