image

Աշխարհի վերջը կու գա՞յ

Աշխարհի վերջը կու գա՞յ

2012 տարուան վերջերուն մօտ ոմանք ապրեցան անձկութեան մէջ, այն մտավախութեամբ, թէ իրականութիւն կր դառնայ մայա օրացոյցի գուշակութիւնները, ըստ որու Դեկտեմբեր 21-ին աշխարհի վերջն էր: 5 տարի անց, մենք միշտ ներկայ ենք մեր մոլորակին վրայ, սակայն դեռ որքա՞ն ատենուան համար: Ի դէպ, բազմաթիւ սպառնալիքներ ուղղուած են մեր երկրագունտին եւ այս անգամ մայա օրացոյցի գուշակութիւններրը չեն այս վերջինները, այլ՝ գիտնականներու նախատեսութիւնները, հիմնուած՝ հաւանական աղէտներու վրայ: Գերհրաբուխի ժայթքումէն մինչեւ հսկայ աստղակերպի մը բախումը մեր երկրագունտին, կորիզային պատերազմէն մինչեւ արուեստական իմացականութեան գերիշխանութիւնը մարդկութեան վրայ, մոլորակային կործանման հաւանական հեռանկարներ են: Այժմ ուսումնասիրենք մօտէն.

Գերհրաբուխի ժայթքում


Աշխարհի տարածքին ծանօթ են 6 գերհրաբուխներ. Գալիֆորնիոյ Լոնկ Վալէն, Ամերիկայի հիւսիս-արեւմտեան Ելլոսթոնը, Նոր Մեքսիքայի Վալլես Քալտէրան, Նոր Զելանտայի Թաուբօն, Էնտոնեզիոյ Թոպան եւ Ճափոնի Աիրա-Սաքուրաժիման: Այս արտակարգ հրաբուխներէն մէկուն զարթնումը կրնայ փճացնել մարդկային քաղաքակրթութիւնը: Որովհետեւ գերհրաբուխները յատկանշական են իրենց արտասովոր արտահանումներով, ինչպէս 1.000 խորանարդ քիլոմեթր կազ, ժայռ եւ մոխիր՝ օրեր շարունակ: Որպէս հետեւանք՝ բացի մարդկային կորուստներէ, մշակուած վիթխարի տարածութեանց ոչնչացում եւ տարիներ շարունակուող կլիմայական փոփոխութիւն: Ասոնց կողքին էնտոնեզեան կղզիներէն մէկուն վրայ գտնուող Թամպորայի 1815 թուականին պատահած ժայթքումը, որ 50 խորանարդ քիլոմեթր արտահանումով 70.000 մարդկային զոհերու պատճառ դարձած էր, կատուի մը լորձունքին հազիւ համազօր կը նկատուի: Թէ ի՞նչ ձեւով կը յայտնուի գերժայթքումը: Նախ եւ առաջ մոխիրներու եւ կազերու ամպ մը կը մթագնէ երկինքը, որուն կը յաջորդէ կազերուն ներխուժումը դէպի վերնային մթնոլորտ: Ասոր կը յաջորդէ ջերմաստիճանի յանկարծակի անկումը: Բերքը եւ կենդանական աշխարհը կը քայքայուին: Լաւաները, մոխիրներն ու ժայռի կտորները կու գան ծածկել տուները, ճամբաները եւ ելեկտրական ցանցերը՝ քառակուսի քիլոմեթրերու հասնող տարածութեամբ: Թթուախառն անձրեւներ կը տեղան, փճացնելով ցանքը, թունաւորելով հողը, ապականելով մթնոլորտը, պատճառելով լուրջ հիւանդութիւններ:

Կորիզային պատերազմ


Կորիզային ռումբերը մոլորակին ամենակործանիչ զէնքերն են: Ի դէպ սպառնալիքը առկայ է. 16.000 կորիզային սրակամարներ (ogives) հաշուարկուած են աշխարհի տարածքին 2017 տարուան վերջերուն, որոնցմէ 4.000-ը գործածութեան պատրաստ վիճակի մէջ: Ընդամէնը 9 երկիր տէր են այս ահեղ աւերիչ ռազմամիջոցին. Միացեալ Նահանգներ, Ռուսաստան, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Չինաստան, Հիւսիսային Գորէա, Փաքիստան, Հնդկաստան եւ Իսրայէլ: Ինչպէս ծանօթ է, 1945 Օգոստոս 6-ին եւ 9-ին Հիրոշիմա եւ Նակազաքիի վրայ արձակուած կորիզային ռումբերը աւելի քան 200.000 մարդկային կեանք խլեցին: Ամերիկացի կլիմայագէտ Ալան Ռոպոք հաւանական կորիզային պատերազմի մը կարողականութիւնը արժեւորած է որպէս 1,5 միլիոն թոն պայթուցիկի TNT (Trinitrotoluène) համազօր, որ կը նշանակէ Հիրոշիմայի աղէտի ուժգնութեան հարիւրապատիկը։

Ի՞նչ կրնայ պատահիլ կորիզային ռումբի մը պայթումի պարագային
Բոցակիզումը ահաւոր է եւ սարսափազդու, վնասներն ու աւերները կ՚երկարաձգուին բազմաթիւ տասնեակ քիլոմեթր տարածութեան վրայ: Բոցի փոթորիկներ երկար շաբաթներու տեւողութեամբ արտակարգ ջերմութեամբ սեւ ամպերով կը ծածկեն երկինքը, եւ անոնց մոխիրներովը՝ երկիրը: Ամիսներ շարունակ թթու անձրեւներ կը տեղան եւ բորակածին օքսիտի կազեր կը տարածուին ամէնուրեք, խեղդամահ ընելով ամէն ապրող էակ: Մթնոլորտը կլանող փոշիները արեւի ճառագայթները արգելակելով, օզոնի խաւը այնպիսի ջերմաստիճանի կը հասցնեն, որու հետեւանքով այս վերջինը 70 առ հարիւր տոկոսով կ՚անհետանայ: Այս պայմաններու տակ ցանքն ու մշակուած հողերը կը փճանան, որու պատճառաւ համատարած սով կը ծագի: Իսկ արտասովոր ջերմաստիճանի դիմադրող կենդանիներն իսկ, շողագործօն ճառագայթներու ազդեցութեան տակ, ինչպէս նաեւ թթու անձրեւներու պատճառաւ սովէն կը մահանան: Մթնոլորտը գրաւող շողագործօն փոշիները ջրային պաշարները եւ սննդանիւթերու ցանցը կը թունաւորեն ամբողջութեամբ: Միջին ջերմաստիճանը զերոյէն վար կ՚իջնէ տարիներ շարունակ:

Աստղակերպի մը անկումը
Եթէ գոյութիւն ունի հաւանական, ընդունելի գուշակութիւն մը, այն ալ ա՛յս մէկն է: Արդարեւ, փոքր աստղակերպի մը ապագայ անկումը Երկրագունտին վրայ հաւաստի իրողութիւն է: Դարի մը ընթացքին մոլորակներու կազմութեան շրջանի մնացորդները մէկէն երեք անգամ հաւանականութիւն ունին բախելու մեր Երկիր մոլորակին: Վերջին բախումը պատահած է Սիպերիոյ մէջ 1908-ին, փճացնելով 2.000 քառակուսի քիլոմեթր թաիկա (եղեւիններու ընտանիքէն ծառ մը):
Այս աստղակերպերը միջին հաշուով 50 մեթր տրամագիծով սառուցեալ ժայռի եւ մետաղի խոշոր զանգուածներ են: Սակայն եթէ տրամագիծը հասնէր քիլոմեթրերու, ի՞նչ կ՚ըլլար հաւանական բախումի մը հետեւանքները: Յամենայնդէպս կը կարծուի, թէ 10 քիլոմեթր տրամագիծով աստղակերպ մըն է, որ հոյամողէզներու 80 տոկոսը ոչնչացուց 66 միլիոն տարիներ առաջ: Այս տեսութիւնը հիմնուած է Մեքսիքայի մէջ դիտարկուած 180 քիլոմեթր տրամագիծով հրաբերանի մը կազմութեան հաւանականութեան վրայ: Եթէ մօտաւոր ապագային վտանգ չի սպառնար այս ուղղութեամբ, այսուհանդերձ ստուգուած է, որ իւրաքանչիւր 20 միլիոն տարին անգամ մը արտակարգ տրամագիծով աստղակերպ մը կրնայ բախում ունենալ: Մէկ քիլոմեթր տրամագիծով աստղակերպի մը Երկիր մոլորակին բախումը կրնայ պատճառ դառնալ 40.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան մը (Հոլանտայի մակերեսը) քարտէսէն ոչնչացումին:
Կան սակայն 5 ռազմավարութիւններ, որոնց շնորհիւ կարելի է արգելք հանդիսանալ նման աղէտի.

1- Հսկայ խորաչափի մը ստեղծելիք ձգողական ուժին շնորհիւ շեղել աստղակերպին ուղեգիծը,

2- Անջրպետային աստղանաւ մը արձակել, աստղակերպին հետ արուեստական բախում գրգռելու եւ այդպէսով դանդաղեցնելու համար անոր ընթացքը եւ շեղելով ծիրը,

3- Օգտուիլ իոնական ներմղում (propulsion ionique) ունեցող հրթիռի մը աստղակերպի վրայ վայրէջքէն, վերջինս շեղելու համար իր ուղեգիծէն,

4- Կորիզային ռումբ մը պայթեցնել աստղակերպի մակերեսին վրայ, քայքայելով անոր զանգուածին կարեւոր մասը,

5- Ջերմակորիզային ռումբ մը պայթեցնել աստղակերպը ամբողջութեամբ տարբաղադրելու համար:
Ակնյայտ է, որ վերոյիշեալ միջոցները դիւրութեամբ իրագործելի գործողութիւններ չեն եւ կը պահանջեն արհեստագիտական եւ գիտական լուրջ պատրաստութիւն:

Ջեռուցային երեւոյթի անբնական զարգացում
Ջեռուցային երեւոյթը կենսական հիմնական երեւոյթ մըն է: Ինչպէս ապակեայ ջերմանոց մը, որ կը թոյլատրէ արեւի ճառագայթներու ներթափանցումը, միաժամանակ բանտարկելով ջերմութիւնը, մեր մթնոլորտի մեկուսացնող կազերն ալ, – ի մասնաւորի ջրաշոգին, – իրենց կարգին մեզ կը պաշտպանեն անջրպետի սպաննիչ պաղէն: Առանց այս ջեռուցային ազդեցութեան՝ Երկրագունտի միջին ջերմաստիճանը պիտի ըլլար -18 աստիճան, փոխանակ ներկայի 15 աստիճանին:
Հարցը այն է, որ մարդ արարածը Երկրի մթնոլորտին փխրուն հաւասարակշռութիւնը ոչ միայն խանգարած է, այլ՝ տապալած: Բրածոյ վառելանիւթերուն ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մէջ (անասնաբուծութիւն, պարարտանիւթեր..) զանգուածային քանակով սպառումը, անտառահատումը եւ մեր կենցաղակերպի հրամայականները ինչպէս ինքնաշարժերը, սառնադարանները, աէրոսոլ սրսկիչները եւ այլն, ահազանգային աստիճանի հասցուցած են ջեռուցային կոչուած կազերու քանակութիւնը: Գլխաւոր կազերն են. ածխածին երկօքսիտը(C02), մեթանը, օզոնը, ֆլիւորացած կազերը: Այս վերջիններն են, որ մոլորակին շուրջ հաստ ծածկոց-խաւ մը կազմելով ջերմութիւնը կը բանտարկեն եւ Երկիր մոլորակի ընդհանուր ջերմաստիճանը կը բարձրացնեն:


Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ վերոյիշեալ երեւոյթի անբնական զարգացումը չարգելակուի, հասնելու համար անվերադարձ գոյավիճակի մը: Ուրիշ խօսքով՝ Երկրագունտը չկարողանայ արեւէն ստացած ջերմութիւնը պարպել: Հետեւանքը այն կ՚ըլլայ, որ Երկրագունտի զանազան վայրերու ջերմաստիճանները նախ բազմաթիւ տասնեակներ, յետոյ հարիւրաւոր աստիճաններով կը բարձրանան, ծնունդ տալով շարք մը աղէտներու, ինչպէս՝ երաշտ, ջրհեղեղներ, ուժեղագոյն փոթորիկներ եւ այլն, եւ վերջապէս ովկէանոսներու շոգիացում, աշխարհի վրայ կեանքը անկարելի դարձնելով:


Եթէ նոյնիսկ այս չարաղէտ գուշակութիւնը հեռաւոր ենթադրութիւն թուի, կենսոլորտային ջեռուցումը իրականութիւն մըն է եւ անհրաժեշտ է դիմել լուրջ միջոցներու:

Քաղեց՝ Սուրէն Շէրիք 


(Մնացեալը յաջորդով)