image

Օրբէլի եղբայրները. Անուշ Թրուանց

Օրբէլի եղբայրները. Անուշ Թրուանց

Ծաղկաձոր քաղաքին կեդրոնը կայ գողտրիկ թանգարան մը, որուն կից, պզտիկ հրապարակի մը վրայ, տեղադրուած է քանդակագործ Արտաշէս Յովսէփեանի կերտած Օրբէլի եղբայրներու յուշաքանդակը: Այդ հուժկու քանդակը փողոցէն անցնողները կարծես կը հրաւիրէ թանգարան մտնելու: Իսկապէս բացայայտում մըն է քարէ շէնքին մէջ տեղադրուած Օրբէլիներու թանգարանը, ուր կրնաս ժամեր անցընել եւ չձանձրանալ՝ դիտելով լուսանկարները, ցուցադրուած իրերը, հնաոճ կահոյքն ու արժէքաւոր կահ կարասին եւ կարդալ հարուստ տեղեկութիւնը Օրբէլի եղբայրներուն մասին: Աշխատակիցներն ալ, մէկը միւսին կարգ չտալով, կը պատմեն հայ երեք նշանաւոր գիտնականներուն մասին, որոնց միայն մականունները լսած ես, ու կը զարմանաս, որ անոնց վիթխարի վաստակին մասին մինչ այժմ տեղեակ չէիր:

Թանգարանին մէջ հաւաքուած իրերը կը յուշեն ազնուական ծագումով եւ իրենց կեանքը գիտութեան ու երկրին նուիրած երեք եղբայրներուն մասին, որոնց անունները եւ լուսանկարները կ՚առաջնորդեն թանգարանի սրահներ:

Այս թանգարանը բացուած է 1982 թուականին, երբ Հայաստանի մէջ կը նշուէր Օրբէլի եղբայրներէն մէկուն՝ ակադեմիկոս Լեւոն Օրբէլիի 100-ամեակը:

Անոնք՝ Օրբէլի եղբայրները, աշխարհահռչակ եւ ականաւոր հայ գիտնականներ են, որոնք մեծ աւանդ ունին գիտութեան կարգ մը ոլորտներուն զարգացման մէջ։ Ընդհանրապէս, Օրբէլի եղբայրներուն (Սիւնեաց Օրբէլեաններուն) տոհմը հին հայկական իշխանական ծագում ունի։ Ան կը սերի Մամիկոնեաններէն, Զաքարեաններէն։ Ըստ պատմական վկայութիւններու, 13-15-րդ դարերուն Սիւնիքը անցած է Օրբէլեաններու տոհմի տիրակալութեան տակ: Տոհմին գերեզմանատունը այժմ կը գտնուի Նորավանքի մէջ, ուր յուղարկաւորուած է տոհմի պատմաբան Ստեփանոս Օրբէլեան։ Համաձայն անոր՝ Օրբէլ անունը կը ծագի Վրաստանի մէջ Օրբէտ գիւղին մօտ գտնուող համանուն ամրոցին անունէն։

Այս տոհմի անուանի մարդոցմէն եղած է Աբգար Օրբէլին, որուն երեք զաւակներն էին Ռուբէն, Յովսէփ եւ Լեւոն Օրբէլիները, որոնց նուիրուած է այս թանգարանը:

Թանգարանին մուտքը կը սկսի Օրբէլի եղբայրներէն աւագին՝ Ռուբէն Օրբէլիին նուիրուած ցուցադրութեամբ: Ան եղած է անուանի հնագէտ, ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ նկատուած է ստորջրեայ հնագիտութեան հիմնադիր: Ծնած է Նախիջեւան՝ 1880 թուականին, դպրոցական եւ համալսարանական գերազանց կրթութիւն ստացած է, աշխատած է իբրեւ իրաւաբան, 1905 թուականին գործուղուած է Գերմանիա՝ նշանաւոր համալսարաններ, ուրկէ վերադարձած է Սեն Փեթերսպուրկ, ընտրուած է Սեն Փեթերսպուրկի Կայսերական համալսարանի իրաւաբանական ընկերութեան իսկական անդամ, աշխատանքի անցած է Ծերակոյտէն ներս, նշանակուած է Վճռաբեկ յանձնաժողովի աւագ քարտուղար: Յետագային, ստացած է իրաւաբանական տոքթորի գիտական աստիճան եւ փիլիսոփայական գիտելիքները կատարելագործելու նպատակով կրկին մեկնած է Գերմանիա:

1921 թուականին վերադառնալով Սեն Փեթերսպուրկ՝ Ռուբէն Օրբէլին աշխատանքի կ՚անցնի Ռուսաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ գրադարանին մէջ: Այս տարիներուն է, որ ան ջանասիրաբար աշխատած է արխիւներու, գրադարաններու մէջ՝ կատարելով թարգմանութիւններ եւ դառնալով գրադարանային եւ արխիւային գործի լաւ մասնագէտ: Այդ ժամանակ ան կը գտնէ իր կոչումը, կեանքի գործը՝ ստորջրեայ հետազօտութիւններու բնագաւառը: Գիտնալով տասներկու լեզու (ռուսերէն, վրացերէն, հայերէն, լատիներէն, յունարէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն, շուէտերէն, իտալերէն, հին իտալերէն), ան, սկզբնաղբիւրներով առաջնորդուելով, կրցած է զբաղիլ ջրասուզակային գործի գիտական ուսումնասիրմամբ:

Ստորջրեայ հնագիտութեան գործի հըս-կայական գրականութեան եւ արխիւային նիւթերու ուսումնասիրութեան հետեւանքով Ռուբէն Օրբէլին հիմնած է գիտութեան նոր ճիւղ՝ ջրահնագիտութիւն:

Ուսումնասիրելով Արիստոտէլի, Հոմերոսի, Փլաթոնի, Էսքիլէսի աշխատութիւնները, ան գրած է կարգ մը աշխատութիւններ:

Ուշագրաւ է Ռուբէն Օրբէլիի հետեւեալ գործը՝ «Լէոնարտօ տա Վինչին եւ անոր աշխատանքները ստորջրեայ լողի եղանակներուն ընտրութեան եւ ստորջրեայ ընկղմումներուն վերաբերեալ» գիրքը, որ հանճարեղ մտածող եւ նկարիչ Լէոնարտօ տա Վինչիի բնագրերուն ուսումնասիրման աշխատանքին հետեւանքն է եւ որ Ռուբէն Օրբէլի կատարած է հայելիի եւ խոշորացոյցի օգնութեամբ:

Օրբէլիի միւս գործին՝ «Ջրասուզակները ըստ հին աշխարհի գրողներուն, առաջին ծովային պատերազմի ընթացքին» աշխատութեան մէջ ներկայացուած է ջրասուզակներու հսկայական դերը յունա-պարսկական երկրորդ պատերազմի (Ն.Ք. 481-480) ընթացքին:

1934 թուականին Օրբէլիի ղեկավարութեամբ Խորհրդային Միութեան մէջ կը ստեղծուի մասնաւոր աշխատանքային խումբ մը եւ կը սկսին փրկարարական եւ ստորջրեայ պեղումներու՝ ծովերու եւ պատ-մական վայրերու մէջ: Հնագէտ, ստորջրեայ հնագիտութեան հիմնադիր Ռուբէն Օրբէլի հաստատած է, որ Լէոնարտօ տա Վինչին եղած է ջրասուզական գործի գիտակ, ան Տա Վինչիին վերագրած է ստորջրեայ իջեցումներուն համար նախատեսուած կազային շնչառական գործիքին գիւտը։ Հայ գիտնականը իր աշխատանքներուն մէջ գիտականօրէն հաւաստած է, որ Լէոնարտօ տա Վինչին եղած է Հայաստանի մէջ եւ, ի թիւս իր մատչելի աշխարհագրական տարածքի ծովերուն եւ գետերուն, իր ձեռագրերուն մէջ յիշատակած է նաեւ Հայաստանի գետերը։ Օրբէլի միեւնոյն ժամանակ ճշդած է ջրասուզական զանգի յայտնագործման տարեթիւը, եւ անոր ղեկավարած արշաւախումբը յայտնաբերած է ստորջրեայ յունական քաղաքի մնացորդներ Խրիմի մէջ, հնադարեան նաւահանգստային կառոյցներ՝ Օլվիայի, Խերսոնէսի մէջ եւ այլուր։ 1939 թուականին անոր ղեկավարած արշաւախումբը Բուգ գետէն անվնաս կերպով հանած է մօտ 2500 տարի առաջ սուզուած միափայտ սկիւտական նաւակ մը, որ այժմ կը ցուցադրուի Սեն Փեթերսպուրկի Ռազմածովային թանգարանէն ներս։ Հայ գիտնականը առաջարկած է հնագոյն իրերը ջուրէն հանելու եւ պահպանելու միջոցներ եւ յառաջ քշած ստորջրեայ կառոյցները պաշտպանելու նպատակով ծովափերը ամրացնելու գաղափարը: Գիտնականը մահացած է 1943 թուականին՝ Մոսկուա։

Օրբէլի եղբայրներէն միջնեկը՝ Լեւոն Օրբէլին, ծնած է Ծաղկաձոր (նախկին՝ Դարաչիչակ) 7 Յուլիս 1882 թուականին, նոյն տան մէջ, ուր այսօր կը գտնուի Օրբէլիներու թանգարանը: 1899 թուականին գերազանցութեամբ աւարտելով դպրոցը, մեկնած է Սեն Փեթերսպուրկ եւ ուսանած տեղւոյն Ռազմաբժշկական ակադեմիոյ մէջ: Եղած է նշանաւոր ռազմական բժիշկ, ունեցած է բժշկական ծառայութեան զօրավար-գնդապետ կոչումը: Աշխատած է Ռուսաստանի, Գերմանիոյ, Անգլիոյ մէջ, Նէափոլի ծովային կենսաբանական կայանէն ներս:

Լեւոն Օրբէլիի անունին հետ կապուած են գլխուղեղի գործունէութեան նոր օրինաչափութիւններու բացայայտումները, անոր կարգաւորիչ ազդեցութիւններուն յայտնագործումները ջղային համակարգին մէջ: Բժիշկ Օրբէլիի գիտական ուսումնասիրութիւններով հաստատուած օրինաչափութիւնները մտած են համաշխարհային կենսաբանական գիտութեան ոսկէ ֆոնտ: Հեղինակած է բժշկութեան մասին գիրքեր, աջակցած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Բնախօսութեան հիմնարկի հիմնադրմանին եւ կերտած է հայ բնախօսներու ամբողջ սերունդ մը: Այսօր այդ հիմնարկը անուանակոչուած է Լեւոն Օրբէլիի անունով եւ յաջողութեամբ կը զարգացնէ անոր ձգած գիտական ժառանգութիւնը: Բ. Աշխարհամարտը սկսելէ ետք Լեւոն Օրբէլի կը նշանակուի Ռազմաբժշկական ակադեմիոյ պետ: Օրբէլի տոհմէն նշանաւոր բժիշկը եղած է Փարիզի Կենսաբանական ընկերութեան, բնախոյզներու գերմանական «Լէոպոլտինա» ակադեմիոյ, անգլիական Բնախօսական ընկերութեան պատուաւոր եւ արտասահմանեան այլ ակադեմիաներու եւ ընկերութիւններու անդամ։ Պետական մրցանակներ եւ շքանշաններ ստացած է, մահացած է 1958 թուականին:

Աբգար Օրբէլիի որդիներէն կրտսերը՝ Յովսէփ Օրբէլին, ծնած է Վրասատանի Քութայիսի քաղաքին մէջ, 1887 թուականին: Ինչպէս եղբայրները, ինք եւս գերազանցութեամբ աւարտած է դպրոցը՝ Թիֆլիզի երրորդ արական միջնակարգ հանրակրթական ուսումանական հաստատութիւնը: 1904 թուականին ընդունուած է Սեն Փեթերսպուրկի Կայսերական համալսարանի Պատմաբանասիրական բաժինը, աշակերտելով ժամանակի մեծահամբաւ գիտնականներուն:

Բացի յունահռոմէական հնութիւններէն ան հրապուրուած եւ տարուած է Արեւելքով՝ Հայաստանով, Վրաստանով, Պարսկաստանով, անոնց պատմութեամբ եւ մշակոյթով: Ստացած է նաեւ արեւելագէտի մասնագիտութիւն, սակայն, նուիրուելով արեւելագիտութեան, ան չէ ձգած դասական բանասիրութիւնը, որ նկատած է արեւելագիտական առարկաներու տիրապետման ճանապարհին անհրաժեշտ աստիճան մը:

1906 թուականի ամրան, Օրբէլին առաջին անգամ այցելած է Անի քաղաքը, մասնակցելու քաղաքամայր Անիի պեղումներուն: Յովսէփ Օրբէլիի համար Անիի պեղումները հնագիտական հիանալի դպրոց մը եղած են: Այդ արշաւներէն ան ստացած է նիւթի եւ անոր մեկնաբանման վերաբերեալ խոր գիտելիքներ: Անիի յուշարձաններուն դիտումները ծնած են կարգ մը նոր ու կարեւոր գաղափարներ, որոնք շուտով դրուած են Յառաջաւոր Ասիոյ մշակոյթին նուիրուած անոր աշխատութեան հիմքին մէջ:

Դառնալով Նիկողայոս Մառի ամենամօտ աշխատակիցը՝ ան այլ պարտականութիւններու հետ կը տնօրինէր նաեւ Անիի հնադարանը: Վերջինս հիմնուած էր մասնաւոր միջոցներու շնորհիւ: Սկզբնական շրջանին հնադարանին համար յարմարեցուած էր այն շէնքը, որ 11-րդ դարուն դարձած էր մզկիթ (Մանուչէ մզկիթ): 1908 թուականի Սեպտեմբերին աւարտած է թանգարանի նոր շէնքին աշխատանքները: Յովսէփ Օրբէլի պատրաստեց եւ «Անիի շարք»ին մէջ հրատարակեց պեղուող քաղաքին ուղեցոյցը, ապա կազմեց հնադարանէն ներս պահուող նիւթերուն գիտական ցուցակը, իսկ ամփոփելով ողջ գիտելիքը, որ կուտակած էր Անիի պատմութեան եւ անոր յուշարձաններուն վերաբերեալ, հրատարակեց հանրամատչելի գրքոյկ մը եւս՝ «Անիի աւերակները» խորագրով:

Յովսէփ Օրբէլին հնագիտական պեղումներ կատարած է նաեւ Վանի, Գառնիի, Ախթամարի, Ամբերդի, Տաղիստանի մէջ:

Պատմական Հայաստանի միջնադարեան պատմական յուշարձաններու ուսումնասիրութեան վերաբերեալ հրատարակած է գիրք մը, ուր ցուցակագրելով հայկական վիմագիր արձանագրութիւնները, ուսումնասիրած է հայկական եւ քրտական կենդանի բարբառները, կազմած է բառարան, կրկնօրինակած է կարգ մը հայկական վիմագրեր, քարտէսագրած է հնագոյն ճարտարապետական յուշարձաններ: Հայ բանահիւսութեան մէջ անոր անունին հետ կապուած է Փաւստոս Բիւզանդի, Շապուհ Բագրատունիի, Անանիա Շիրակացիի գործերուն ուսումնասիրումը, Եղիշէի եւ Փարպեցիի գործերուն թարգմանութիւնները, ինչպէս նաեւ «Միջնադարեան Հայաստանի առակները»:

1918-1920 թուակններուն Յովսէփ Օրբէլիին վստահուած էր Ռուսական Գիտութիւններու ակադեմիոյ տպարանի տնօրէնին պաշտօնը, անձամբ կը կատարէր գրաշարութիւն եւ այդ ժամանակ շարեց «Անանիա Շիրակացիի հարցումները եւ լուծումները» գիրքը:

Յովսէփ Օրբէլիին նուիրուած սենեակը՝ Օրբէլիներու թանգարանին մէջ, կանաչ ներկուած է. թանգարանի աշխատակիցը բացատրեց, որ ատիկա ռուսական Պետական Էրմիթաժի գոյնն է եւ խորհրդանշական ձեւով այդ գոյնը ընտրած են Յովսէփ Օրբէլիին սենեակը ձեւաւորելու ժամանակ, քանի որ մեծ գիտնականը 1920 թուականէն մինչեւ 1951 թուականը աշխատած է Ռուսաստանի ամենամեծ թանգարաններէն մէկուն՝ Պետական Էրմիթաժին մէջ, նախ որպէս ֆոնտապահ, այնուհետեւ՝ Արեւելքի բաժնի հիմնադիր եւ վարիչ, իսկ 1934 թուականին՝ Էրմիթաժի տնօրէն: Օրբէլին առանց Էրմիթաժի չէ պատկերացուցած իր կեանքը: Այդ տարիները անոր ստեղծագործական եւ կազմակերպչական վերելքին ժամանակը եղած են: Էրմիթաժի տնօրէնը եղած ընթացքին ան կազմակերպած է ցուցահանդէսներ, գիտական նստաշրջաններ, գիտաժողովներ: Բ. Համաշխարհային պատերազմի առաջին տարիներուն ան անձամբ ղեկավարած է Էրմիթաժի գանձերուն տարհանումը, իսկ պատերազմէն ետք հսկած է անոնց տեղափոխման աշխատանքները: Որպէս վկայ, Յովսէփ Օրբէլի հանդէս եկած է Նիւրընպերկեան յայնտի դատավարութեան ժամանակ, որ տեղի ունեցաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին յաղթանակ տարած տէրութիւններուն կողմէ եւ երբ դատարանի առջեւ կանգնեցան ֆաշական Գերմանիոյ քաղաքական, ռազմական, արդարադատութեան ծանօթ գործիչները, որոնք ծրագրած, իրականացուցած կամ մասնակցութիւն ունեցած էին Հոլոքոստին եւ այլ պատերազմական հանցագործութիւններուն: Իբրեւ արեւելագէտ Օրբէլին ղեկավարած է Սեն Փեթերսպուրկի արեւելագիտութեան բաժինը, հիմնած է արեւելագիտական այլ հիմնարկներ: Ան մահացած է 1961 թուականին:

Ցաւօք, Օրբէլիներու ժառանգներէն այսօր ոչ ոք ողջ է. Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կը բնակի անոնցմէ մէկուն թոռը՝ Օրբէլի մականունով, երիտասարդ տղայ մը, որ ինչպէս թանգարանի աշխատակիցը տեղեկացուց, երբէք չէ եղած Հայաստանի մէջ եւ խոստացած է այս ամառ այցելել Հայաստան, ինչպէս նաեւ՝ Օրբէլիներու թանգարան: Այսօր միայն ան է, որ կը կրէ Օրբէլի մականունը:

Այցի պահուն թանգարան այցելած էին դպրոցականներ, Ծաղկաձորի մէջ հանգստացող զբօսաշրջիկներ, այդ կարգին՝ հեռաւոր Հնդկաստանէն: Անոնք իրենց հետ տարին թանգարանի մէջ պահուող գրքոյկներէն, որու մէջ ամենայն մանրամասնութեամբ նկարագրուած է Օրբէլիներու աւանդն ու դերը գիտութեան մէջ:

ՕՐԲԷԼԻՆԵՐՈՒ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ

Օրբէլի եղբայրներու թանգարանին մէջ առանձին տեղ կը գրաւէ գրադարանը, որու մէջ կարելի է գտնել հայերէն հնագոյն գիրքեր՝ հրատարակուած արտասահմանի մէջ գործած հայկական կեդրոններու մէջ, ինչպէս Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ եւ այլուր: Այդ գիրքերը պատկանած են Օրբէլիներուն, անոնք բառարաններ են, պատմական, գիտական գիրքեր, որոնք մեծ արժէք կազմելով կը համալրեն թանգարանի հարուստ հաւաքածոն: Անոնց գրադարանին մէջ կարելի է գտնել նաեւ օտար լեզուներով՝ ռուսերէնով, գերմաներէնով, իտալերէնով գիրքեր, որոնցմէ շատեր կը կրեն Օրբէլիներու կողմէ կատարուած նշումներ։ Այստեղ կը պահուին նաեւ անոնց հեղինակած գիրքերը: Երեք եղբայրներն ալ բաւական մեծ թիւով գիրքերու հեղինակներ են: Գիրքերու կողքին այն գործիքներն են, որոնցմով անոնք կատարած են իրենց գիտական գործերը. ինչպէս՝ բժշկական գործիքներ, հնագիտական պեղումներու բրիչներ, մակոյկներու մանրակերտներ, որոնք դուրս բերուած են ծովու յատակէն:

Թանգարանի միջանցքի ուղիղ կեդրոնը կը պահուի Օրբէլի եղբայրներու մօր՝ Վարվառա Օրբէլիի «Ռոյալ» դաշնամուրը: 122 տարեկան Ռոյալը հրաշալի հնչեղութիւն ունի եւ կը զարդարէ թանգարանին միջանցքը: Օրբէլիներու մայրը՝ Վարվառա Արղութեան-Երկայնաբազուկը նոյնպէս իշխանական ծագում ունի։ Երկայնաբազուկները սերած են Զաքարեան տոհմէն։ Ան կրթուած կին եղած է, հիանալի տիրապետած է չորս լեզուներու, հետեւած է իր երեխաներու դաստիարակութեան եւ ուսման։ Օրբէլի եղբայրները իրենց ուսումնառութեան ողջ ընթացքին մշտապէս նամակագրական կապ պահպանած են իրենց մօրը հետ, որ ծայրայեղ հոգատար եղած է իր զաւակներուն հանդէպ: Թանգարանի մէջ առանձնակի տեղ կը գրաւեն նամակները: Իր ամուսինին՝ Աբգար Օրբէլիի մահէն յետոյ Վարվառա Օրբէլի սկսած է դասաւանդել ֆրանսերէն եւ միաժամանակ զբաղած է հասարակական գործունէութեամբ։ Վարվառա Արղութեան-Երկայնաբազուկը յուղարկաւորուած է Թիֆլիզի Խոջիվանքի հայկական եկեղեցւոյ բակը:

ՕՐԲԷԼԻԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

Օրբէլիի համաժողովը կը նշանաւորուի արծաթեայ յուշամետայլով, որ ստեղծուած է ակադեմիկոս Յովսէփ Օրբէլիի մտայղացմամբ եւ միջոցներով։ Ան այսօր կը պահուի Օրբէլի եղբայրներու տուն-թանգարանին մէջ։

1935 թուականի 11 Սեպտեմբերին էրմիթաժեան լաւագոյն սրահներէն մէկուն՝ «Էրմիթաժի թատրոն»ին մէջ բացուեցաւ Իրանական արուեստի եւ հնագիտութեան երրորդ միջազգային համաժողովը։

Ակադեմիկոս Յովսէփ Օրբէլի համաժողովի նախագահն էր, գաղափարական ոգեշնչողը, ցուցահանդէսի կազմակերպիչը, համաժողովի առանցքը։ Օրբէլին կը փափաքէր, որ միջազգային համաժողովներու սովորական յուշանուէրներէն՝ նշաններէն, յուշամետայլներէն, ընթերցուած զեկուցումներէն, Էրմիթաժի մասին հրատարակուած շքեղ հատորէն զատ հիւրերը իրենց հետ արտակարգ յիշարժան որեւէ իր տանէին Սեն Փեթերսպուրկէն: Այդ նպատակով ան հաւաքած է իր ճաշասեղանի արծաթեայ տոհմական բոլոր իրերը եւ ձուլած է մանրակերտ ափսէներ, որոնք տասնապատիկ փոքրացուած պատճէններն էին Էրմիթաժի սասանեան այն նշանաւոր արծաթեայ ափսէին, որու վրայ պատկերուած էր իրանական դիցաբանութեան մէջ յայտնի, աստուածային ծագում ունեցող հաւք-շուն Ռոխը՝ Սիմուրկ կամ Սենմուրվ անունով:

Համաժողովի փայլուն կազմակերպման համար, զոր հիւրերը եւ մասնակիցները անուանեցին «Օրբէլիի համաժողով», ան պարգեւատրուեցաւ «Յանուն գիտական ծառայութեան» իրանական առաջին աստիճանի շքանշանով եւ ընտրուեցաւ Թեհրանի համալսարանի պատուաւոր փրոֆեսէօր։

Անուշ Թրուանց

Պոլիս/ «Ժամանակ»