image

Թրքացած հայեր ու ծագման հարցին հետեւանքով յառաջացած ողբերգական այլ պատմութիւններ

Թրքացած հայեր ու ծագման հարցին հետեւանքով յառաջացած ողբերգական այլ պատմութիւններ

Անցեալ ամիս թրքական կառավարութեան կողմէ ստեղծուած էր  կայք մը, ուր Թուրքիոյ քաղաքացիները կարելիութիւն պիտի ունենային որոնել իրենց արմատները՝ հասնելով մինչև 1850-ականներու կէսերը։ Տպագիր ու հասարակական ցանցերուն մէջ հրապարակուած են հարիւրաւոր պատմութիւններ, որոնք խուճապ յառաջացուցած են Թուրքիոյ մէջ եւ անոր սահմաններէն  դուրս։ Կան նաեւ քանի մը պատմութիւններ թուրքերու մասին, ովքեր յայտնաբերած են, որ ունին ալպանական, արաբական, Պոնտոսի յոյներու, եւ որ «ամենավատն է»` հայկական արմատներ։ Անոնք նոյնիսկ յօդուածներ ստորագրած են, ուր գրած, որ ծայրայեղ ազգայնական ու ցեղապաշտական կուսակցութիւններու որոշ անդամներ վտարուած կամ կորսնցուցած են իրենց կոչումները,հոգեկան տագնապի ենթարկուած են ու, նոյնիսկ, անձնասպանութեան դիմած են, երբ  իմացած են իրենց հայկական արմատներուն մասին։

 

Արդեօք այս պատմութիւնները ճի՞շդ են, թէ չափազանցուած. այնուամենայնիւ ծագումի խնդիրը ճգնաժամային, որոշ պարագաներու նոյնիսկ մահացու է Թուրքիոյ մէջ։ Վերջին դէպքը կապուած է Հրանդ Տինքի հետ,  որ անընդհատ կը հալածուէր, կը հետապնդուէր` «թրքութիւնը վիրաւորելուն համար» եւ ի վերջոյ սպաննուեցաւ այն բանէն ետք, երբ բացայայտեց, որ Քեմալ Աթաթուրքի որդեգիր դուստրը՝  Թուրքիոյ առաջին տիկին ռազմական օդաչու Սապիհա Գէոքչէնը Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով որբացած հայ աղջիկ մը եղած է։ Այլ դէպքով մը Թուրքիոյ նախկին նախագահը խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամին դէմ դատական հայց ներկայացուցած է այն բանի համար, որ վերջինս պնդած էր, թէ « կը սերի Կայսերիի (Կեսարիա-Ակունքի խմբ.) հայկական ընտանիքէ մը»։

Դեռ աւելին, երկրի մը մէջ, ուր հայկական ապրանք վաճառելը անգամ ամենամեծ մեղքը կը համարուի, կան բազմաթիւ փաստագրուած ու փաստեր չունեցող պատմութիւններ հայկական ծագում ունեցող յայտնի թուրքերու մասին. անոնց կարգին են՝ Թուրքիոյ նախկին նախագահը, նախկին նախագահներէն մէկուն կինը եւ ընդդիմադիր քանի մը քաղաքական գործիչներ։ Փաստագրուած պատմութիւններէն մէկուն մէջ յիշուած է, որ ընդդիմութեան ծայրայեղ ազգայնական նախկին առաջնորդին ընտանիքը իրականութեան մէջ Սեւծովեան շրջանի իսլամացած հայ ընտանիքներէն եղած է, եւ այդ  ընտանիքին հայ ժառանգորդները ներկայիս Քանատա կ’ապրին։

Երբ ծագումնաբանական այս կայքը պաշտօնապէս հանրային դարձաւ, զիս անմիջապէս հետաքրքրեց, թէ այնտեղ ինչպէ՞ս յիշատակուած է ծպտեալ հայերուն (հայերն ու անոնց ժառանգորդները, որոնք բռնի կրօնափոխ դարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին) ծագումը։ Այդ արագ հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ, որ անոնցմէ ոչ մէկը յիշատակուած է որպէս հայ։ Անոնց ընտանեկան պատմութիւնը կը սկսի արդէն իսլամացած ու իսլամական անուն կրող իրենց նախնիներուն անունէն։ Հակառակ այն բանին, որ կան ապացոյցներ այն մասին, որ կառավարութիւնը մանրամասն արձանագրութիւններ կը պահէ թուրքերուն եւ քիւրտերուն մէջ կրօնափոխ դարձած հայերուն մասին, այդ արձանագրութիւնները չեն տարածուած կամ առկայ չեն այս նոր կայքին մէջ։ Հետաքրքրական է, որ ապացուցուած է այն, որ բազմաթիւ հայեր սպանուած, կորած կամ տեղահանուած են Ցեղասպանութեան ընթացքին, սակայն անոնք այդ կայքին մէջ տակաւին կը յիշուին ողջերու կարգին։ Բազմաթիւ հայ ընտանիքներ, ովքեր գիտեն, թէ մինչեւ 1850-ական թուականներ ծնած  իրենց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը ողբերգական ինչպիսի՞ ճակատագրի ենթարկուած են, այս կայքին մէջ կը յայտնաբերեն, որ այդ մարդիկը, համաձայն կայքին կեղծ տուեալներուն, դեռ հրաշքով ողջ են։


Ես կը փափաքէի ներկայացնել ծագումի հարցին առնչուող երկու հետաքրքրական եւ ոչ այնքան ընդհանրացած պատմութիւններ։


1880-ական թուականներուն, Մալաթիոյ գիւղերէն մէկուն մէջ հարուստ հայ ընտանիք մը  կ’ապրէր։ Շրջանը անընդհատ ահաբեկչութեան ու ոտնձգութիւններու կ’ենթարկուէր քիւրտ ցեղախումբերու կողմէ․ անոնք անընդմէջ կը յարձակէին շրջանի գիւղերուն վրայ։ Այդ ատեն հայերը կը սկսին ինքնապաշտպանական ուժեր կազմել ու համախմբել ֆետայիները, որպէսզի պաշտպանեն հայկական գիւղերը։ Հայ ֆետայի առաջնորդներէն մէկը անգամ մը կը դիմէ այդ հարուստ ընտանիքի նահապետին եւ գումար կը խնդրէ զէնք ու ձիեր գնելու համար։ Այդ հարուստ հայը կը պատասխանէ ըսելով, որ երկու օրուան ընթացքին կ’որոշէ` տա՞լ այդ գումարը, թէ ոչ։ Երկու օր անց, հայ ֆետային կը վերադառնայ, եւ հարուստ հայը կը մերժէ անոր գումար տալ։ Ֆետային առանց վարանելու կը կրակէ ու կը սպաննէ զինք։ Անոր այրին նորածին որդիին հետ կը փախչի Իզմիր (Զմիւռնիա-Ակունքի խմբ.), ուր ան կրօնափոխ կը դառնայ եւ իր որդին կը մեծցնէ՝ հայերուն նկատմամբ ծայրայեղ ատելութիւն սերմանելով անոր մէջ։ Այդ տղան Իսմէթ Ինոնիւն (1884-1973) է՝ Թուրքիոյ երկրորդ նախագահը Քեմալ Աթաթուրքէն վերջ․ ան, ըստ երեւոյթին, եղած է հայերուն ու Թուրքիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութիւններու թշնամիներէն մէկը՝ Իթթիհատական առաջնորդներէն յետոյ։

Ինոնիւ 1942-ին օրակարգ կը բերէ « Ունեցուածքի հարկը» (Varlik Vergisi) մասին օրէնքը։ Ակնյայտ էր, որ սոյն օրէնքը կը հրապարակուէր` օգնելու Թուրքիոյ յաղթահարել ու պատերազմական տարիներու տնտեսական դժուարութիւնները եւ նպատակ ունէր կործանել ազգային փոքրամասնութիւնները։ Հարկերը կը գանձուէին ըստ էթնիկ ծագումի․ հարկին քանակը, ընդհանուր ունեցուածքին հետ համեմատած, հայերուն համար կը կազմէր 232 տոկոս, 184 տոկոս՝ հրեաներուն, 159 տոկոս յոյներուն համար, իսկ թուրքերուն համար` միայն 4,9 տոկոս։ Վճարելու համար անոնց կը տրուէր 15 օր, եւ ան, որ չէր կրնար վճարել,  կը ձերբակալուէր եւ կը ղրկուէր երկրի արեւելեան շրջաններ՝ աշխատելու քարահանքերուն մէջ ճամբաներ եւ փապուղիներ կառուցելու: Սա փաստօրէն կը նշանակէր փոքրամասնութիւններու հարստութեան փոխանցումը թուրքերուն։

Բազմաթիւ հայեր իրենց ունեցուածքը չափազանց աժան գիներով վաճառելէ ետք, կը սնանկանային, սակայն, միաժամանակ չէին կրնար հաւաքել հարկերու պահանջուած գումարը եւ կը ղրկուէին աշխատաւորական ճամբարներ ու այնտեղ ալ կը մահանային։ 1964-ին՝ Կիպրոսի ճգնաժամի տարիներուն, Ինոնիւն կրկին ճնշում կը բանեցնէ յոյներուն վրայ։ Մօտաւորապէս  45․000 յոյներ տեղահանել կու տայ․  անոնք միաժամանակ Թուրքիոյ ու Յունաստանի քաղաքացիներ էին: Անոնց կը տրուի 10 օր, որպէսզի լքեն իրենց ունեցուածքը եւ մեկնին երկրէն։ Անոնց թոյլատրուած էր իրենց հետ միայն 20 տոլար ու 20 ք.կ. առնել։ Ինոնիւի հայկական ծագման մասին պատմութիւնը կը հաստատէ նաեւ յայտնի պատմաբան փրոֆեսոր Բարս Թուղլաճըն (Բարսեղ Թուղլաճեանը) (1933-2016), որ Ինոնիւի ընտանիքին բարեկամն էր։

Ալի Քեմալ եղած է Օսմանեան Կայսրութեան հանրածանօթ լրագրողներէն, իսկ 1910-ականներուն՝ «Իքտամ» պարբերականի խմբագիր։Ան նաեւ ընդդիմադիր Ազատութիւն եւ Համաձայնութիւն (Hürriyet ve İtilaf) Կուսակցութեան անդամ էր ու իշխող կուսակցութեան՝ İttihat ve Terakki-ի (Միութիւն եւ յառաջադիմութիւնԱկունքի խմբ.) սուր քննադատ։ Ան բուռն կերպով կը քննադատէր ղեկավար կուսակցութեան՝ պատերազմի մէջ մտնելու որոշումը եւ իր իսկ հայ քաղաքացիներուն նկատմամբ «պատերազմական յանցագործութիւններ ու ջարդեր» իրականացնելը։ Անոր խմբագրականներն ու հայերը պաշտպանող քաղաքական ելոյթները այնքան ազդեցիկ էին, որ փրօ-իթթիհատական մամուլը անոր «Արթին Քեմալ» (Արթինը հայկական անուն է, Յարութիւնի կրճատուած տարբերակը) կ’անուանէր։

Պատերազմէն ետք, երբ Օսմանեան Կայսրութիւնը պարտութիւն կրեց, իթթիհատական առաջնորդները փախան երկրէն, սուլթանը նոր կառավարութիւն նշանակեց, եւ Քեմալը կարճ ժամանակի մը համար դարձաւ ներքին գործոց նախարար։ Քեմալ անխնայ կը պահանջէր  դատապարտել ու պատժել իթթիհատական առաջնորդները։ Ան կը շարունակէր իր սուր քննադատութիւնը իթթիհատական առաջնորդներուն նկատմամբ ու հանդէս կու գար հայերուն իրաւունքներուն պաշտպանութեան դիրքերէն, այդ պատճառով իր անգլիացի կնոջ ու երեխաներուն անվտանգութենէն մեկնելով՝ զանոնք Անգլիա կը ղրկէ։ Ցաւօք սրտի, ալիքը իրեն դէմ կը շրջուի, երբ Աթաթուրք ապստամբութիւն կը  յայտարարէ, Անգարայի իշխանութիւնը ձեռք կը ձգէ ու գահընկեց կ’ընէ սուլթանը եւ Իսթանպուլի կառավարութիւնը։ Ալի Քեմալ  Իսթանպուլի Թոքաթլեան պանդոկին մէջ կը ձերբակալուի։ Իսկ երբ զինք կը տանին Անգարա՝ դատելու, Աթաթուրքի հրամանատարներէն մէկը՝ «արիւնարբու» Նուրըտտին փաշան (անոր արիւնարբու կը կոչէին իր կարմիր մօրուքին, ինչպէս նաեւ խիստ դաժանութեան համար), կը պատուիրէ իր զինուորներուն լինչի դատաստան տեսնել Քեմալի նկատմամբ, ու անոր ողջ վիճակով մաս առ մաս կը կտրտեն։

Քեմալի ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատէ Բրիտանիոյ մէջ: Անոր մեծ թոռը Պորիս Ճոնսընն է, որ եղած է  Լոնտոնի քաղաքապետ, իսկ հիմա արտաքին գործոց նախարարն է։ Որպէս հմուտ դիւանագէտ՝ Ճոնսըն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին շարունակ կ’ըսէ, որ Մեծն Բրիտանիան կարելի ամէն բան պիտի ընէ, որ Թուրքիան անդամ դառնայ Եւրոպական Միութեան, բայց միաժամանակ կը պաշտպանէ Պրեքսիթը (ՄիացեալԹագաւորութեան հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնԱկունքի խմբ.)՝ պնդելով, որ եթէ Թուրքիա մտնէ ԵՄ, Անգլիան կ՛ողողուի թուրք գաղթականներով։

Թերեւս այս քաղաքականութիւնը ծիծաղելի կը թուէր, եթէ այս պատմութիւնները այդքան ալ ողբերգական չըլլային:

 

Ռաֆֆի Պետրոսեան

Akunq.net