image

Զատիկ եւ Յարութիւն շունչ. Գէորգ Պետիկեան

Զատիկ եւ Յարութիւն շունչ.  Գէորգ Պետիկեան

Ահա կրկին Սուրբ Յարութեան տօն կամ՝ Սուրբ Զատիկ: Գեղեցիկ եւ խորհրդաւոր:

Մտաբերեցէ՛ք: Մեր բոլոր աւանդութիւնները խորքին մէջ, մէկական գեղեցկութիւններ են: Իրենց մէջ ունին արդէն անուշ եւ իմաստալից այդ գաղտնի եւ սրբազան խորհրդա-ւորութիւնը: Այլ խօսքով, աւանդութիւն կը նշանակէ, դարձեալ հաղորդակցիլ մեզի ժառանգուած անցեալին հետ: Եւ այդ անցեալը անբաժան մասնիկ մըն է մեր կեանքին: Եթէ կ'ուզէք, մեր ազգային կեանքին:

Անոր համար սուրբ Յարութեան գաղափարը կապած եւ ագուցած ենք մեր ազգային կեանքին հետ իբրեւ ոգի եւ շունչ:

Կը հաւատանք, որ իր գոյութեան մէջ, կեանք ըսուածը կամ աստուածային այս մեծ պարգեւը, մեզի համար միշտ գիտակցութեան եւ ենթագիտակցութեան պայքար մը եղած է՝ մահուան դէմ: Արդէն բոլորիս քաջածանօթ է, թէ մարդկային բոլոր ստեղծա-գործութիւնները նոյն այդ պայքարին արդիւնքն են:

Իսկ գալով մեզի, իբրեւ հայ, մահը՝ առհասարակ ստեղծագործ եղած է: Մեր գերեզ-մանները միշտ երկինքով լեցուցած ենք եւ այդպէս ալ իբրեւ մարդ անհատ փորձած՝ շարունակել մեր ուրոյն մտածողութիւնը, մեր գոյութեան եւ գոյատեւման հետ միատեղ:

Նախակրթարանի գրասեղաններէն մեզի պատգամած էին, թէ Զատիկը ե՛ւ մահուան, ե՛ւ յաղթանակի տօն: Նոր ոգի պարգեւող եւ նոր շունչ ներշնչող տօն: Եթէ այդ օրերուն շատ բան չէինք հասկցած, բայց...տարիները մեզի սորվեցուցին, որ մահը ուրիշ բան է: Ան, թէեւ ճակատագրական վախճան է, սակայն իր մէջ տարբեր կախարդական երանգ մը ունի: Անոր համար է, որ պատմութեան ընթացքին, մենք միշտ մեր մահը զարդա-րած ենք: Մեր գերեզմանները կապած ենք մեր կեանքին: Լաւ նայեցէ՛ք ձեր շուրջը:

Իսկ գալով կեանքին, կ'ուզեմ այսպէս, եզակի եւ սակայն հաստատ ինքնագոհութեամբ եւ աղուոր անկեղծութեամբ մը նաեւ ըսել, որ մենք եթէ իսկապէս կ'ուզենք լաւ ձեւով ընբռնել խաղաղութեան Իշխանին յարութեան իմաստն ու խորհուրդը, պէտք է նախ արժեւորենք մեր կեանքը:

Ճիշդ է, որ ծնած ենք, ուստի պէտք է, որ շարունակենք ապրիլ: Սակայն այս բոլորին մէջ եւ ետին կայ մեր ժամանակը ստեղծելու եւ արժեւորելու էականութիւնը:

Ազգովին անցեալ մը ունեցած ենք. յաւերժական, զորս միշտ կը յիշենք տառապանքով, խոնաւցած աչքերով եւ զգացական պոռթկումով: Ասկէ մեկնած, մեզի համար կեանքը մահ եղած է եւ մահն ալ կեանք: Ուստի արդար է, որ Զատկուայ խորհուրդէն մեկնած, վերագնահատենք մահուան ընբռնումը: Բոլորս ալ գիտակից ենք, թէ մահը կը մաշեցնէ նիւթը: Հապա հոգին՝ միայն հոգին է, որ կը խուսափի անոր ճիրաններէն: Ահա հոսկէ է, որ կը սկսի մարդկային գիտակցութիւնը: Բայց...այս ուրիշ բան է: Իսկ հիմա--

Զատիկ է՝ ի~նչ լաւ: Ի~նչ ուրախութիւն եւ խինդ:

Զատիկը, մեզի համար Սուրբ Յարութեան գաղափարի կողքին, է՛ նաեւ հաւատքի գիտակցութեան տօն: Մահ, հաւատք եւ գիտութիւն պիտի ըսէր Զարեան: Ահա աղուոր եւ հաստատ երրորդութիւն մը:

Դարերով փրկիչ Յիսուսը եւ իր խաչը մեզի համար արեւ դարձուցած էինք եւ տակաւին: Նաեւ զայն դարձուցած ենք լոյս եւ միշտ յոյս: Իսկ այս բոլորին կողքին, մեր երկիրն ալ վերածած՝ այդ լոյսին մեծ շտեմարան մը, որուն ճառագայթներէն կախուած մնացած է մեր կեանքը:

Անգամի մը համար փորձեցէ՛ք, մեր պապերու դարաւոր այդ երկիրը, այդ հայ աշխարհը փորել, պիտի տեսնէ՛ք, թէ անոր տակէն լոյսն է, որ կը ճայթքէ, նոր կեանքն է, որ կը ծնի: Որովհետեւ մեր երկինքն ու անհունը կանգնած են մեր լեռներու կատարներուն, այսպէս ըսած են մեր մեծերը: Ուստի պարտաւոր ենք հոն այդ հողին վրայ տոկալ: Վերապրիլ: Սիրել կեանքը, հոն նաեւ ստեղծագործել յանդուգն եւ անպարտելի: Այդ պատմական հողը դրախտի վերածել:

Որովհետեւ, հաւատացած ենք, որ հո՛ն, այդ հողին մէջ եւ վրայ Աստուծոյ շունչը կայ: Կրկնակի, կախարդական եւ սուրբ:

 

Գէորգ Պետիկեան