image

Հայ մեծերն ու Երեւանի փողոցները

Հայ մեծերն ու Երեւանի փողոցները

Վերջերս պատահած դէպք մը առիթ դարձաւ անդրադառնալու Երեւանի փողոցներու անուններուն եւ անոնց մէջ նշմարելու զարմանալի անուանակոչումներ:

Ծանօթ սփիւռքահայ մը Երեւան եկած էր եւ գիրք մը բերած էր ինծի, հեռաձայնեցի, որպէսզի երթամ եւ առնեմ զայն: Հասցէն հարցուցի: Սփիւռքահայերը սովորաբար հասցէ մտապահելու սովորութիւն չունին, մանաւանդ եթէ միջին-արեւելեան սփիւռքէն են, երկար-բարակ կը բացատրեն, բայց սովորութիւն չունին ստոյգ հասցէն, ինչպէս որ մշակուած է քաղաքապետարանի կողմէ, գիտնալու: Միշտ շէնք մը կամ հաստատութիւն մը բացատրելու ատեն կ՚ըսեն՝ այսինչ շէնքը կ՚անցնիս, առաջին փողոցէն ձախ կը մտնես, կը քալես, երեք տուն կայ, երկրորդ տունն է, կամ ալ ուրիշ ձեւ մը կը գտնեն պահանջուած վայրը բացատրելու: Երբեմն նոյնիսկ պատրաստ են թուղթի վրայ գծելու փողոցները եւ գծագրութեան միջոցաւ ցոյց տալու շէնքին տեղը, բայց կարճ հասցէն սորվելու կը դժուարանան: Ես այս մէկը նկատած եմ շատ սփիւռքահայերու պարագային: Այդպէս ալ եղաւ այս անգամ: Երեւան եկած հիւրին կը հարցնեմ՝ ո՞ւր կը մնաք, կը պատասխանէ՝ Քոնիաքի գործարանը գիտե՞ս, բաւական առջեւ կ՚երթաս, թաղ մը կայ, կը մտնես, աջի վրայ երկար կ՚երթաս, խանութ մը կայ… Եւ տակաւին կը պատրաստուէր շարունակել բացատրութիւնը, երբ խնդրեցի փողոցին անունը եւ շէնքին թիւը մէկ անգամէն ըսել, այդպէս աւելի դիւրին է:


-Բարեկամի տուն է, միշտ հոս կու գամ, բայց հասցէն երբեք չեմ հարցուցած, մեծ, լայն փողոց մըն է, երբ գործարանէն բաւական առջեւ երթաս, կը տեսնես,- նոյն ձեւով կը շարունակէ բացատրել:

-Իսկ գուցէ՞ հասցէն տանտէրերուն հարցնէք,-հասցէն գիտնալու եւ այդպէս դիւրին հասնելու միջոցը կը փորձեմ պարզել:

Կը հարցնէ տանտէրին: Տանտէրը անմիջապէս կարճ ու յստակ կը պատասխանէ՝ Լուսինեանց 11:


Վերջ, ասկէ դիւրին ձեւ չկայ արագ եւ ճիշդ գտնելու տեղը: Սովորաբար թաքսիներուն վարորդները այս հարցին մէջ փորձառու կ՚ըլլան, եթէ միայն հասցէ մը ըսես, անմիջապէս կը կողմնորոշուին, եթէ չեն գիտեր՝ կը հեռաձայնեն թաքսիի ծառայութեան գրասենեակ, եւ աշխատակիցը իսկոյն կը բացատրէ: Այս առումով երբեք հարց չես ունենար, մանաւանդ եթէ վարորդը փորձուած եւ ծանօթ ընկերութեան մը թաքսիի վարորդ է կամ երկար տարիներ այդ գործին վրայ է: Աւելի ժամանակակից ընկերութիւնները խելախօս սարքերու եւ այդ սարքերուն մէջ նաւարկուող առցանց քարտէսներուն միջոցաւ անմիջապէս կը գտնեն տեղը:


-Լուսինեանց փողոցը գիտէք ո՞ւր է,- ինքնաշարժին դուռը բանալով եւ թաքսիին մէջ նստելով կը հարցնեմ վարորդին:

-Ես բոլոր փողոցները գիտեմ,- հպարտութեամբ կը պատասխանէ վարորդը,- ես մեր գրասենեակին մէջ միակ վարորդն եմ, որ Յասմիկի քննութիւնը անցած եմ:

-Ատիկա ի՞նչ է,- կը հարցնեմ, գաղափար չունենալով, թէ ինչի՞ մասին է խօսքը:

-Յասմիկի քննութիւնը մեր գրասենեակ ընդունուելու դժուար քննութիւններէն մէկն է, երբ վարորդ մը աշխատանքի կ՚ընդունուի, ուրիշ պահանջքներու հետ նաեւ Երեւանի մէջ քանի մը ոչ այնքան ծանօթ փողոցներուն տեղը կը հարցնեն, եթէ գիտնան, աշխատանքի կ՚ընդունին: Անոնցմէ մէկը Յասմիկի փողոցն է, ես անմիջապէս գիտցայ: Ուրիշներ կան, որ այդ պատճառով աշխատանքի չընդունուեցան,- Լուսինեանց փողոց երթալու ճամբուն կը պատմէ վարորդը:

 

-Իսկ ո՞ւր է Յասմիկի փողոցը, եւ ո՞վ է Յասմիկը, որուն անունով կոչած են զայն,- հետաքըրքրութեամբ կը հարցնեմ, առաջին անգամ լսած ըլլալով նման փողոցի մը մասին:

-Յասմիկի փողոցը Լենինկրատեան պողոտային կից պզտիկ փողոց մըն է, բայց որո՞ւն անունով է, չեմ գիտեր, գիտնաս՝ ինծի ալ ըսէ,- ժպիտով կ՚ըսէ վարորդը, եւ կը շարունակէ բացատրել, որ կան այդպիսի շատ ուրիշ փողոցներ, որոնց մասին մարդիկ տեղեակ չեն, բայց երբ թաքսի նստողը ստոյգ հասցէն պահանջէ՝ վարորդը պարտաւոր է գիտնալ:


-Օրինակ, գիտէի՞ք, որ Երեւանի մէջ երեք հատ Քոչարի փողոց կայ, երբեմն կը նստին եւ կ՚ըսեն՝ Քոչար, կը հարցնեմ՝ Հրաչեա՞յ Քոչար, Երուա՞նդ Քոչար, թէ՞ Գուրգէն Քոչար: Երբեմն այցելուն ինքն ալ չի գիտեր, թէ ո՞ր մէկ Քոչարը կ՚երթայ, ատոր համար ճշգրիտ պիտի գիտնաս տեղերը, որ սխալ տեղ չտանիս,- փողոցներուն մասին իր գիտելիքները կը փոխանցէ վարորդը, միաժամանակ ինծի համար ուրիշ անծանօթ փողոցներու անուններ ըսելով՝ Վշտունիի, Գրիգոր Զօհրապի, Չուխաճեանի, Ջանիբէկեանի եւ այլն: Այս անունները ծանօթ են իբրեւ արուեստի, գրականութեան անուններ, բայց երբեք չէի պատկերացներ, որ անոնց անուններով փողոցներ կան:


Այս առօրեայ դէպքը առիթ եղաւ պարզելու, թէ որո՞ւն անունով կոչուած է Յասմիկի փողոցը եւ ուրիշ ի՞նչ հետաքրքրական անուանակոչումներ կան Երեւանի մէջ: Երեւանի քարտէսին նայելով կը զարմանաս անուններուն առատութենէն, որոնցմով անուանակոչուած են մեծ ու փոքր փողոցները: Երեւանի մէջ բոլոր փողոցները, նրբանցքները, պողոտաները, այգիները, փակուղիները անուանակոչուած են եւ անոնց մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն արուեստի, գրականութեան մեծերու անունները: Զարմանք կը պատճառէ նաեւ այն, թէ ինչպէս քաղաքապետարանին եւ թաղապետարաններուն մէջ նստած պաշտօնեաները, որ կը թուին չոր եւ գործնական, այդքան անուններ գիտցած են մեր գրականութենէն, թատրոնէն, երաժշտութենէն եւ ժամանակի ընթացքին այդ անուններով կոչած են փողոցները:


Որո՞ւն միտքէն անցած է պոլսահայ մեծ երգահան Տիգրան Չուխաճեանի անունով փողոց մը անուանակոչել, կամ ուրիշ փողոց մը անուանել Վան քաղաքի մէջ ծնած, Պոլիս ուսանած, յետագային Խորհրդային Հայաստանի մէջ գրական, հասարակական գործունէութիւն ունեցած բանաստեղծ Ազատ Վշտունիի անունով: Սիսվանի փողոց. կը կարդամ Երեւանի փողոցներու անուանացանկին մէջ: Ո՞վ է Սիսվանը, կը փնտռեմ փողոցներուն կից բացատրական թերթիկին մէջ՝ Գրիգոր Սիսվան. Ծնած է Կիլիկիոյ Սիս քաղաքին մէջ։ 1936 թուականին աւարտած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքանի հոգեւոր ընծայարանը։ Պէյրութի մէջ եղած է հայոց լեզուի ուսուցիչ, 1945-1947 թուականներուն՝ «Նոր ուղի» պարբերականի խմբագիր։ 1947 թուականին ներգաղթած է Հայաստան։

Բոլորին յայտնի է, որ հայ պատմիչներու, մեծ գրողներու, երգահաններու անուններով անուանակոչուած են Երեւանի կեդրոնական փողոցներն ու պողոտաները, իսկ ահաւասիկ պարզ կը դառնայ, որ երկրորդական փողոցներէն շատեր նոյնպէս կը կրեն արուեստի մեծերուն անունները։ Այս բացայայտումը տեղ մը, նորութիւն է: Անուանակոչումներուն մէջ շատ են նաեւ բարեկամ երկիրներու կամ անոնց մայրաքաղաքներու անուններով փողոցները՝ ինչպէս Պէյրութի, Աթէնքի, Փրակի, Սոֆիայի, Հնդկաստանի, Իտալիոյ փողոցները, կամ՝ Ֆրանսայի, Ուրուկուայի, Ռուսաստանի, Պրազիլի եւ այլ երկիրներու անուններով հրապարակները:

Մայրութեան զբօսայգի, Անգլիական այգի, Սիրոյ եւ Հաւատքի զբօսայգի, Միսաք Մանուշեանի անուան պուրակ, Լիոնի այգի, Մխիթար Հերացիի հրապարակ, Անրի Վերնէօյի փողոց, Շարա Տալեանի փողոց, Քեսապցիներու նրբանցք, Կոզեռնի թաղամաս… 11-րդ դարու առաջին կէսի հայ գիտնական, տոմարագէտ Յովհաննէս Կոզեռնի անունով կոչուած է Երեւանի հնագոյն փողոցներէն մին, իսկ ահաւասիկ՝ Շարա Տալեանը թիֆլիզահայ անուանի երգիչ, երգահան է…

Երեւանի՝ ինծի անծանօթ փողոցներուն եւ հրապարակներուն ցանկը բաւական երկար է, ժամանակի ընթացքին ուսումնասիրելու եւ բացայայտելու հետաքրքրական նիւթ կայ, հայ անուանիներուն ծանօթանալու ինքնատիպ ցուցակ մըն է այս մէկը: Այդ ցուցակին մէջ կը փնտռեմ եւ կը գտնեմ Յասմիկի փողոցը, որուն մասին ակնարկած էր թաքսիի վարորդը եւ բացատրական թերթիկին մէջ կը կարդամ, որ փողոցը անուանակոչուած է հայ մեծ դերասանուհի՝ Յասմիկի անունով:

Հայ թատերական գործիչներուն անունով բազմաթիւ փողոցներ կան Երեւանի մէջ, բայց Յասմիկի փողոցին անունը նորութիւն է այն իմաստով, որ անուանակոչումներուն մէջ կիներու անուններ շատ քիչ կան, եւ Յասմիկը այն եզակիներէն է, որուն անունով Երեւանի մէջ փողոց մը կոչուած է: Այդպիսի եզակիներէն են նաեւ Սիլվա Կապուտիկեան, Սօսէ Մայրիկ եւ անուանակոչումներուն մէջ կիներու անուններու այլեւս չես հանդիպիր:

Երեւանի մէջ տեղադրուած արձաններուն մէջ չկան նաեւ կիներու արձաններ, եթէ նկատի չառնենք Մայր Հայաստանի խորհրդանշական արձանը: Որոշ մարդոց կարծիքով, ստոյգ մարդոց արձաններու ժամանակը վաղուց անցած է, բայց նոյնը չես ըսեր փողոցներու մասին, որոնք կը պահեն մարդոց յիշատակը եւ մոռցուած անունները կրկին յիշեցնել կու տան:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/ Պոլիս