image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան Ինչպէ՞ս Կը Խեղաթիւրէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Բանաձեւերը (Մաս 2)

Ատրպէյճան Ինչպէ՞ս Կը Խեղաթիւրէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի Բանաձեւերը (Մաս 2)

Յարութ Սասունեան       

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Անցեալ շաբաթ ներկայացուցի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի՝ 1993-ին ընդունած չորս բանաձեւերէն երկուքի խեղաթիւրումները Ատրպէյճանի կողմէ, իսկ այժմ կը ներկայացնեմ մնացած երկուքը.

 

Հատուածներ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի 874 բանաձեւէն, որ ընդունուած է 14 Հոկտեմբեր 1993-ին.

 

 «Կոչ կ՛ընէ շահագրգիռ կողմերուն՝ մնայուն եւ արդիւնաւէտ դարձնել հրադադարը, որ հաստատուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան oժանդակութեամբ ձեռնարկուած ուղիղ շփումներու իբրեւ արդիւնք՝ առ ի զօրակցութիւն Մինսքի խումբին»։

 

«Համոզում կը յայտնէ, որ հակամարտութենէն բխող մնացած բոլոր հարցերը ... պէտք է արագօրէն լուծուին խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի գործընթացի համագրութեան մէջ»:

 

«Կոչ կ՛ընէ անմիջապէս իրականացնել փոխադարձ եւ հրատապ քայլեր, որոնք նախատեսուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի «Նորացուած ժամանակացոյց»ի մէջ, ներառեալ՝ վերջերս գրաւուած տարածքներէն զօրքերու դուրս բերումը եւ կապի ու երթեւեկութեան բոլոր խոչընդոտներու վերացումը»:

 

«Կոչ կ՛ընէ բոլոր կողմերուն՝ ձեռնպահ մնալ մարդասիրական միջազգային իրաւունքի բոլոր ոտնահարումներէն եւ կը վերահաստատէ իր 822 (1993) եւ 853 (1993) բանաձեւերուն մէջ ընդունուած կոչը` հակամարտութեան հետեւանքով տուժած բոլոր շրջաններուն մէջ մարդասիրական միջազգային օգնութեան գծով առանց խոչընդոտի մուտք ապահովելու համար»:

 

     «Կոչ կ՛ընէ տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններուն՝ ձեռնպահ մնալ թշնամական գործողութիւններէ եւ որեւէ միջամտութենէ կամ ներխուժումէ, որ կը յանգեցնէ հակամարտութեան ընդլայնման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան խաթարման»:

 

Ատրպէյճան խախտած է վերոնշեալ դրոյթներէն իւրաքանչիւրը: Բացի հրադադարի դրութեան յաճախակի խախտումներէն, 2016-ի Ապրիլին ատրպէյճանական ուժերը յարձակեցան Արցախի վրայ՝ հսկայական վնաս պատճառելով սահմանամերձ բնակավայրերուն եւ սպաննելով խաղաղ բնակիչները: Կտրելով հայ տարեց գիւղացիներու ականջներն ու գլխատելով մի քանի հայ զինուորական ծառայողներ՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կատարեցին բարբարոսական արարք եւ պատերազմական ոճիր...

 

 

Հատուած՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի 884 բանաձեւէն, որ ընդունուած է 12 Նոյեմբեր 1993-ին.

 

«Կոչ կ՛ընէ Հայաստանի կառավարութեան գործադրելու իր ազդեցութիւնը՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի հայութեան կողմէ  822 (1993), 853 (1993) եւ 874 (1993) բանաձեւերու պահանջները կատարելու նպատակով եւ ապահովել, որ ներգրաւուած ուժերուն միջոցներ չտրամադրուին՝ իրենց զինուած արշաւը շարունակելու համար»:

 

Հայ պաշտօնեաները սովորաբար ո՛չ կ՛արձագանգեն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի բանաձեւերու վերաբերեալ ատրպէյճանական մեղադրանքներուն, ոչ ալ կը փորձեն յստակութիւն մտցնել անոնց մէջ: Միակ բացառութիւնը՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընդգրկուն ելոյթն էր ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Խորհուրդի առաջ, 24 Սեպտեմբեր 2014-ին:

 

Նախագահ Սարգսեան յայտարարեց. «Խօսելով ԼՂ հիմնախնդիրի լուծման մասին՝ չեմ կրնար չանդրադառնալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի կողմէ պատերազմի տարիներուն ընդունուած չորս բանաձեւերուն, որոնք պարբերաբար կը շահարկուին Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ՝ իբրեւ իրենց ապակառուցողական քաղաքականութեան հիմնաւորում»:

 

 «Խօսքը այն չորս բանաձեւերուն մասին է, ուր՝ իբրեւ առաջնային եւ անվերապահ պահանջ, կը նշուէր ռազմական եւ թշնամական գործողութիւններու դադրեցումը, ինչ որ չիրականացուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ: Նոյնինքն Ատրպէյճանի կողմէ նշեալ բանաձեւերու հիմնարար պահանջները չկատարուելու հետեւանքով էր, որ անհնար դարձաւ անոնց  ամբողջական իրականացումը: Բանաձեւերուն մէջ կոչ կ՛ըլլար դադրեցնել խաղաղ բնակչութիւնը ռմբակոծելն ու օդային հարուածները եւ զերծ մնալ մարդասիրական միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու ոտնահարումէն, որոնց ի պատասխան՝ Ատրպէյճան կը շարունակէր ռմբակոծել խաղաղ բնակչութիւնը՝ տարբերութիւն չդնելով երեխաներու, կանանց, տարեցներու միջեւ՝ կոպտօրէն խախտելով մարդասիրական միջազգային իրաւունքի բոլոր իրաւական եւ բարոյական չափանիշները»:

 

«Եւ այսօր, Ատրպէյճան՝ առանց ամչնալու, ընտրողաբար յղում կը կատարէ այդ բանաձեւերուն, համագրութենէն կտրուած կը մեկնաբանէ զանոնք՝ իբրեւ հարցի լուծման նախապայման: ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի բանաձեւերու համարժէք մեկնաբանումը անկարելի է՝ առանց հոն ամրագրուած պահանջներու աստիճանակարգի ճիշդ ընկալման»:

 

«Բանաձեւերուն մէջ ամրագրուած պահանջներէն են նաեւ՝ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական, հաղորդակցութեան ուղիներու եւ ուժանիւթի կապերու վերականգնումը (ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի 853 բանաձեւ), հաղորդակցութեան ուղիներու վերականգնման խոչընդոտներու վերացումը (ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի 874 բանաձեւ): Գաղտնիք չէ, որ հակամարտութեան սկիզբէն իսկ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա շրջափակում կը կիրարկեն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ: Ատրպէյճանի նախագահը իր ելոյթներուն մէջ նոյնիսկ ատով կը հպարտանայ՝ իր երկրի ժողովուրդին խոստանալով, որ այդ ուղղութիւնը պիտի մնայ Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը»:

 

 «Անվտանգութեան Խորհուրդի նշեալ բանաձեւերուն մէջ կոչ կ՛ըլլայ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ ուղիղ շփումներ հաստատելու Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Ատրպէյճան ոչ միայն ուղիղ շփումներ չի հաստատեր Լեռնային Ղարաբաղի հետ, որ, ի դէպ, 1994-ի հրադադարի եւ շարք մը միջազգային այլ համաձայնագրերու իրաւահաւասար կողմ է, այլեւ թշնամանք կը քարոզէ ժողովուրդի մը հանդէպ, զոր, իբր թէ, կը փափաքի տեսնել իր պետութեան կազմին մէջ»:

 

 «Ոչ մէկ բանաձեւի մէջ Հայաստան ճանչցուած է իբրեւ հակամարտող կողմ: Մեր երկրին ուղղուած կոչերուն մէջ միայն կը խօսուէր «շարունակել ազդեցութիւն գործադրել» ԼՂ հայութեան վրայ (853, 884)՝ հակամարտութիւնը դադրեցնելու համար, ինչ որ Հայաստան լիարժէքօրէն իրականացուցած է, եւ նաեւ ասոր շնորհիւ է, որ 1994-ին կնքուած է զինադադար: Բոլոր բանաձեւերուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղը յստակօրէն ճանչցուած է իբրեւ հակամարտող կողմ»:

 

«Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն իրականացուցած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի հիմնարար պահանջները՝ որոնց շարքին նաեւ մարդասիրական չափանիշներու իրագործումն ու պահպանումը»:

 

 «Ի դէպ՝ այս պահանջը եւս պարբերաբար եւ կոպտօրէն կը խախտուի Ատրպէյճանի կողմէ, երբ գերեվարուած հայերու՝ խաղաղ բնակիչներու նկատմամբ դաժան եւ անմարդկային վերաբերում կը ցուցաբերուի, որ շատ յաճախ անոնց մահուան պատճառ կը հանդիսանայ: Թէեւ, կը կարծեմ, զարմանալը աւելորդ է. չէ՞ որ խօսքը պետութեան մը մասին է, ուր սեփական ժողովուրդն է, որ կ՛ենթարկուի ճնշումներու եւ անմարդկային վերաբերումի: Այս իրականութեան վառ վկայութիւնն էր ՄԱԿ-ի Կտտանքներու դէմ ենթակոմիտէի առաքելութեան աշխատանքին օրեր առաջ ընդհատումը` իբրեւ հետեւանք պաշտօնական Բաքուի կողմէ դրսեւորուած վարքագիծին»:

 

«ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը միակ մասնագիտացուած կառոյցն է, որ երկու տասնամեակէ ի վեր կը զբաղի ղարաբաղեան հիմնահարցով՝ միջազգային հանրութեան կողմէ ստացուած յանձնարարութեամբ (mandate): Ատրպէյճան՝ քաջ գիտակցելով, որ անկարելի է խաբել կամ թիւր տեղեկութիւն հրամցնել հարցի էութեան մէջ խորացած Մինսքի խումբին, կը ջանայ հարցի լուծումը տեղափոխել այլ հարթակներ՝ փորձելով հարցին հաղորդել տարածքային վէճի բնոյթ կամ շահարկելով կրօնական համերաշխութեան գործօնը: Ասոնք կատարեալ անհեթեթութիւններ են: Իսկ Հայաստան աւանդաբար ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած է իսլամութիւն դաւանող ժողովուրդներու հետ՝ ի դէմս արաբական աշխարհի կամ, օրինակ, մեզի անմիջական դրացի՝ Իրանի»:

 

Կը փափաքէի ամփոփել՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան չորս բանաձեւերու խեղաթիւրումներու վերաբերեալ ելոյթիս հիմնական կէտերը. 

 

1)    ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի բանաձեւերը ընդունուած են 1993-ին՝ Արցախի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմի թէժ ժամանակաշրջանին: Այդ բանաձեւերը կը ցոլացնեն այդ ժամանակուան պայմանները: Այդ ժամանակէն ի վեր իրավիճակը կտրուկ փոխուած է:

2)   Հակառակ 1994-ին Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած հրադադարի դրութեան, վերջինս կը շարունակէ խախտել հրադադարը եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի բանաձեւերը՝ Արցախի եւ Հայաստանի վրայ իր յաճախակի յարձակումներով:

3)    Ատրպէյճան դեմ կ՛արտայայտուի՝ բանակցութիւններուն Արցախի մասնակցութեան, ասով իսկ խախտելով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի բանաձեւերը:

4)    Արցախեան հակամարտութեան պաշտօնական միջնորդները Մինսքի խումբի համանախագահներն են, որոնք կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսիան, այլ ոչ թէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը, ոչ ալ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Խորհուրդը:

5)   Իրականութեան մէջ, երբ 2008-ին Ատրպէյճան Արցախի հարցը բերաւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Խորհուրդ, Մինսքի խումբի երեք համանախագահները դէմ քուէարկեցին: Ատրպէյճանի առաջարկը ընդունուեցաւ միայն կարգ մը պետութիւններու կողմէ: Ճնշող մեծամասնութիւնը ձեռնպահ մնաց:

6)  Շրջափակելով Արցախը՝ Ատրպէյճան կը խախտէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի չորս բանաձեւերը:

7)   Կարեւորաբար, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի բանաձեւերուն մէջ Հայաստան կը յիշատակուի ոչ թէ իբրեւ հակամարտութեան կողմ, այլ միայն իբրեւ միջնորդ՝ համոզելու Արցախի հայերուն՝ ընդունելու այս բանաձեւերը: 23 Փետրուար 2001-ին Ատրպէյճանի նախագահ Հէյտար Ալիեւ խորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթով ընդունած է այդ փաստը. «ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի մէջ չորս բանաձեւ ընդունուած է...: Այդ չորս բանաձեւերուն մէջ գրուած է, որ գրաւող ​​բանակը պէտք է հեռանայ Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներէն...: Բայց «Հայաստան» բառը չկայ, այսինքն՝ «հայկական զինուած ուժեր» բառերը չկան: Սակայն բանաձեւերէն մէկուն մէջ գրուած է, որ Հայաստանէն պահանջած են՝ ազդեցութիւն գործադրել Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Իրականութեան մէջ, սա հայ-ատրպէյճանական պատերազմ է: Իրականութեան մէջ, Հայաստանն է, որ յարձակում իրականացուցած է Ատրպէյճանի դէմ: Այսուամենայնիւ, ոչ ոք Հայաստանը կը ճանչնայ իբրեւ յարձակող, միջազգային որեւէ կազմակերպութեան պատկանող փաստաթուղթի մէջ...»:

 

Ատրպէյճանցիները, որոնք կը շարունակեն խեղաթիւրել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի չորս բանաձեւերը, պէտք է հետեւին նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւի յայտարարութեան եւ ձեռնպահ մնան՝ այդ բանաձեւերը խախտելուն մէջ Հայաստանը մեղադրելու առումով, երբ փաստացիօրէն Ատրպէյճանն է, որ չի կատարեր զանոնք:

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան