image

Յակոբ Եափուճեանի Անմոռանալի Յիշատակին. Գրեց ՝ Նազարէթ Պէրպէրեան

Յակոբ Եափուճեանի Անմոռանալի Յիշատակին. Գրեց ՝ Նազարէթ  Պէրպէրեան

Հաւատալս չի գար, որ այդպէս` յանկարծ, «Շախս»-ը չկայ այլեւս:

«Զաւարեանական» մեր սերունդին «Շախս»-ն էր` «յարգանք պարտադրող անձնաւորութի՛ւն»-ն էր Յակոբ Եափուճեան, որ իր ամբողջ կեանքը իմաստաւորեց ազգին ու հայրենիքին հանդէպ դաշնակցական ծառայութեան անսակարկ անձնուիրումով:

Կեանքը կանուխէն մեզ իրարու մօտեցուց Լիբանանի մէջ եւ բնաւ իրարմէ չհեռացուց, նոյնիսկ երբ վերջին երեսուն տարիներուն տարբեր երկիրներու մէջ ապրեցանք` ինք Լիբանան եւ երբեմն Քանատա, ես` ընդհանրապէս Յունաստան, իսկ տասը տարի ալ` Հայաստան:

Քանի մը տարի առաջ որոշ անհանգստութիւններ անցուց, օրին լրջօրէն մտահոգուեցաւ իր առողջական վիճակին խանգարումով, բայց սկաուտական մաքրութեամբ ամբողջ կեանքը հունաւորած ըլլալով «առողջ միտք` առողջ մարմնի մէջ» սկզբունքով, պարզապէս աւելի ուշադիր եւ շրջահայեաց դարձաւ, որոշեց լրիւ քաշուիլ աշխատանքէ եւ աւելիով հանգիստ ընել ու մտաւորական իր հետաքրքրութեանց գոհացում տալով ժամանակը լեցնել:

1968-1969 տարեշրջանին սկսաւ մեր դաշնակցականի ծանօթացումը եւ գործակցութիւնը` ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական եւ աշակերտական միութեանց փոքրաթիւ, բայց էապէս մեծ ընտանիքին մէջ: Ինք տարեց էր, Էշրեֆիէի շրջանէն` ուսանողականի վարչական անդամ եւ ընդհանուր վարիչ` Քաղաքի ու Պուրճ Համուտի աշակերտականներուն մօտ, իսկ ես կրտսեր` այդ ատեն ատենապետն էի Պուրճ Համուտի «Զաւարեան» աշակերտական միութեան: Ինչպէս կ՛ըսեն` մեր ջուրը քալեց եւ շատ արագօրէն մտերմացանք իրարու հետ: Գաղափարական եւ ընկերական սկզբնական այդ մօտիկութիւնը աւելիով խորացաւ, երբ իր կրտսեր եղբօր` Մկօ Եափուճեանի հետ ընկերացանք ուսանողականի մեր տարիներուն` հետագային ընտանիքներով ալ բոլորս հարազատ դառնալով իրարու:

Ինչ որ սկզբնական այդ շրջանէն «Շախս»-ին վերաբերեալ տպաւորութիւն յառաջացած էր մէջս` ազգային-կուսակցական մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան – նաեւ ընկերային յարաբերութեանց առումով – շարունակ արմատաւորուեցաւ եւ խորացաւ:

Երիտասարդական օրերէն` Յակոբի գլխաւոր արժանիքը մարդոց` դասընկերներուն, գործընկերներուն թէ միութենական-կուսակցական ընկերներուն մէջ ընդհանրապէս լաւն ու արժանաւորութիւնը փնտռելու, գտնելու եւ յարգանքի ու խրախուսանքի արժանացնելու ինքնաբուխ բարութիւնն ու ազնուականութիւնն էր:

Զաւարեանականներուս բնորոշ խստապահանջութիւնը «Շախս»-ի պարագային կը դրսեւորուէր… ամենայն նախանձախնդրութեամբ: ՀՄԸՄ-ական իր դաստիարակութեա՞մբ, թէ՞ Ճեմարանի մթնոլորտէն եւ Վրացեաններէն քաղած իր արժէքներու ընկալումով` Յակոբ տրամադիր չէր պարագաները առանց սպառիչ քննութեան ենթարկելու դատավճիռներ արձակելու:

Այդպէ՛ս ապրեցաւ եւ գործեց թէ՛ Դաշնակցութեան, թէ՛ ՀՄԸՄ-ի, թէ՛ Համազգայինի եւ թէ՛ Ազգային իշխանութեանց մէջ` պատասխանատուութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ ալ: Եւ Յակոբ Եափուճեան միշտ մնաց պատնէշի վրայ` առաջին դիրքերը յաճախ զբաղեցնելով եւ միշտ անսակարկ նուիրաբերելով իր անձն ու կարողութիւնը, իր ժամանակն ու կենսունակութիւնը:

Յակոբի միւս գլխաւոր արժանիքը եղաւ անոր սկզբունքայնութիւնն ու գաղափարական համոզումներուն հաւատարիմ գործելու հաստատակամութիւնը: Խորապէս ժողովրդավար ըլլալով` միշտ յարգեց ուրիշին կարծիքը, ի հարկին ընդունեց նաեւ իր սխալներն ու թերացումները, բայց ոչ մէկ պարագայի դաւաճանեց իր խղճմտանքին` արդարութեան, պարկեշտութեան եւ համերաշխութեան ծառայելու իր անսակարկելի յանձնառութեան:

Այդ առումով ալ, իր ստանձնած բոլոր պատասխանատուութեանց եւ ղեկավարած աշխատանքներու ընթացքին, Յակոբ Եափուճեան որեւէ կամուրջ չայրեց եւ երկխօսութեան, իրարհասկացողութեան ու համերաշխութեան դուռ մը միշտ բաց պահեց բոլորին հետ… ի վերջոյ բարիին եւ արժանաւորին, արդարին եւ իրաւազրկեալին ի նպաստ դրական քայլ մը ապահովելու մտասեւեռումով:

«Շախս»-ի իր արժանաւորութիւնը Յակոբ ամրագրեց նաեւ գործի ասպարէզին մէջ` իր արձանագրած յաջողութեամբ եւ տեւական վերելքով: Առեւտրական գործարարութեան եւ հաշուապահութեան մէջ մասնագիտացած` Յակոբ Եափուճեանի աշխատասիրութիւնն ու բծախնդրութիւնը, այլեւ ու մանաւանդ ժամանակին հետ քայլ պահելու բաց միտքն ու պատրաստակամութիւնը իր հաշուոյն վստահութեան անփոխարինելի դրամագլուխ մը յառաջացուցին` օտարներուն մօտ եւս բարձրացնելով իր վարկանիշը:

Յակոբ Եափուճեան անդարձ մեկնած է արդէն:

«Շախս»-ն ալ գնաց…

Մնացողներս տակաւին չենք կրնար հաւատալ, որ այսպէս անակնկալ կրնար երթալ մեր ընկերը, մտերիմը, հարազատը:

Մանաւանդ մեզմէ անոնք, որոնք վերջին չորս-հինգ տարիներուն համացանցի վրայ մնայուն հաղորդակցութեան մէջ էին Յակոբին հետ, այսօր դժուարութիւն ունին հաշտուելու այն գաղափարին հետ, որ այլամերժութեան եւ անհանդուրժողականութեան այսօրուան անշնչելի մթնոլորտին մէջ այլեւս պիտի չլսենք կամ չկարդանք Յակոբին յորդորները` հաւատքը չկորսնցնելու եւ դիմանալու նեղ օրերուն, որոնք ի վերջոյ պիտի անցնին:

Տիրացուական քարոզներ չէին յոյս ու հաւատք ներշնչող «Շախս»-ի յորդորները: Իր վերջին նամակներէն մէկուն մէջ արդարօրէն կը պոռթկար, թէ «Այս ընթացքով ո՞ւր պիտի հասնինք` չեմ գիտեր: Մտածող մարդը կամ մտաւորականը իր մտահոգութիւնները ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի արտայայտէ` չեմ գիտեր: … Գերլճացած վիճակի է: Ո՛չ մէկ խորհրդածութիւն կամ խորհրդակցութիւն որեւէ մակարդակի»: Բայց անմիջապէս կ՛աւելցնէր` «Մի՛ մտահոգուիր, թեթեւի առ»:

Մեր կեանքին տաքն ու պաղը աւելի քան քառասուն տարի մօտէն ճաշակած, առաջին աղբիւրէն ջուրը խմած, նաեւ իր սեփական մորթին վրայ անարդարութիւններ զգացած` Յակոբ Եափուճեան ահա գացած է միանալու անոնց, որոնք նոր ժամանակներ մեր մուտքը հունաւորեցին` ազգի եւ հայրենիքի հանդէպ անձնազոհ եւ անսակարկ ոգիով դաշնակցական ծառայութեան անկորնչելի աւանդը կտակելով նորերուն:

 

  Նազարէթ  Պէրպէրեան

 «Ազդակ»/Պէյրութ