image

Էրտողան հզօրութեան գագաթնակէտին. Ժիրայր Չոլաքեան

Էրտողան հզօրութեան գագաթնակէտին. Ժիրայր Չոլաքեան

Մաքրոն-Էրտողան նախագահական մամլոյ ասուլիսը Թուրքիա-Արեւմուտք երկդիմի փոխյարաբերութիւններու բացառիկ խտացումն էր։ Ի՞նչ արժանիք ունի Մաքրոնի մաղթանքը Թուրքիան եւրոպական արժէքներուն կառչած տեսնելու, երբ իր աչքին առջեւ Cash-investigation-ի լրագրող Լօռան Ռիշարին Էրտողան այնպիսի շլացուցիչ պատասխան մը տուաւ որ՝ ո՛չ ինք՝ նախագահ Մաքրոն եւ ո՛չ ալ ոեւէ այլ լրագրող յանդգնեցաւ նոյնքան համարձակութեամբ, նոյնքան կոշտութեամբ հակազդելու։ Էրտողան լաւ գիտէ հիւրընկալին հակազդեցութեան սահմանները։ Կը խօսի ուժի դիրքերէ։ Թուրքիան բնաւ ինքզինք այսքան զօրաւոր ու այսքան համարձակ չէ զգացած, որքան Էրտողանի շրջանին։ Եւ ասոր բուն պատասխանատուները արեւմտեան երկիրներն են։ Անոնք են, որ Էրտողանին յանձնեցին զիրենք խարազանելու փայտը։

Եթէ ոեւէ լրագրող այդ նոյն հարցումը Թուրքիոյ մէջ հարցուցած ըլլար՝ հաստատ կ՚ամբաստանուէր կիւլէնական դաւադրութեամբ եւ իսկոյն բանտ կը նետուէր։ Այս է բացայայտ իրականութիւնը։ Ինչպէս որ երրորդ աշխարհի այլ տիրակալ մը, եթէ նոյնքան ուժգնութեամբ հակառակէր Արեւմուտքի ցանկութիւններուն, անպայման ենթարկուած պիտի ըլլար տնտեսական կամ այլ պատիժներու։ Բայց ոեւէ մէկ Եւրոպացի չի յանդգնիր Էրտողանը ամբաստանելու կամ Թուրքիան տնտեսական պատիժներու ենթարկելու։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ Էրտողան Արեւմուտքին՝ ԱՄՆ եւ Եւրոպա, ծառայութիւններ մատուցած է, որոնց գինը կը պահանջէ։ Էրտողանին պատասխանը Լօռան Ռիշարին շատ դիպուկ էր՝ «իսկ ամերիկեան զէնքերու հայթայթո՞ւմը, ինչո՞ւ անոնց մասին հարցում չէք ուղղեր», եւ դեռ կրնար աւելի հեռուն երթալ՝ իսկ ֆրանսական, անգլիական, իսրայէլեան զէնքերու հոսքը …։ Կա՞յ մեծ երկիր մը որուն ձեռքը արիւնի մէջ թաթխուած չէ սուրիական պատերազմին պարագային։ Էրտողան բոլորին հետ գործակցած է քանդելու համար Սուրիան։ Ան բոլորին ծառայութիւն մատուցած է, նոյնիսկ ռուսական հալածիչ մը վար առած է, Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները շրջան մը խզած, Պաշար ալ Ասատի վարչակարգը քանդելու արեւմտեան ծրագրին սիրոյն։

 
Նախագահ Մաքրոնի արժանիքը Թուրքիոյ հետ երկդիմի յարաբերութիւններուն վերջ դնելու ցանկութեան մէջ  կը կայանայ։ Արդեօք պիտի յաջողի՞։ Առաջին փորձը յաջող չէր։ Թէեւ կարեւոր քայլ մըն էր։ Ինչ որ բոլորը գիտէին, Թուրքերէն սկսեալ, որ ԵՄ-ի մուտքը Թուրքիոյ առջեւ փակուած է, Մաքրոն յանդգնեցաւ Էրտողանի դիմաց յայտարարելու։ Սակայն, փոխարէնը՝ Էրտողան անմիջապէս ստացաւ գործընկերութեան առաջարկը, հակառակ մարդկային իրաւունքներու ամէն տեսակի ոտնակոխումներուն, օրինական երկրի բոլոր տեսակի խախտումներուն։ Ստորագրեց տնտեսական ու ռազմական գործակցութեան պայմանագրեր, ֆըրանքեւթրքական առեւտրական փոխանակումներու ծաւալը բարձրացնելով 20 միլիառ եւրոյի …

 
Միջպետական այս հանդիպումին Էրտողան ձեռք ձգեց նաեւ ռազմավարական շատ մեծ յաղթանակ մը։ Մաքրոնի բերնով վերստին յայտարարել տուաւ որ Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութիւնը՝ ՓՔՔ-ն ահաբեկչական կառոյց մըն է։ Ինք բոլորին ներկայութեան յայտարարեց որ Սուրիոյ մէջ գործող YPG-PYD քրտական կազմակերպութիւնները ՓՔՔ-ի լծակից կառոյցներ են, որոնց դէմ իրաւասու է հակահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու, մինչ Քիւրտերը ՏԱՀԷՇի դէմ պայքարող Արեւմուտքին դաշնակից գլխաւոր ուժն են եւ ինքնավարութեան համար պայքար կը մղեն, թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ։ Ուրեմն, նոյնիսկ Քիւրտերուն նկատմամբ Արեւմտեան ճակատին մէջ ճեղք մը յառաջացնող դիրքորոշում գրգռեց։ Ասկէ զատ, ընդգծելի է նաեւ այս ասուլիսին տիրած լռութիւնը՝ Էրտողանի կողմէ  Գերմանիոյ կառավարութեան անդամներուն յղուած «նացի»ականութեան ամբաստանութիւններուն, Կիպրոսի հարցին, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի շրջափակման նկատմամբ…։


Բնաջնջումի զանգուածային զէնքերու արտադրութեան շինծու պատրուակով ԱՄՆ-ու կողմէ Սատտամի վարչակարգի տապալումէն ետք, որուն դէմ էր Թուրքիան, որովհետեւ գիտակից էր, որ այդ քայլը իր սահմանին պիտի ստեղծէ քրտական անկախ պետութեան վտանգը, ան Սուրիոյ պատերազմին գործակցեցաւ Արեւմտեան պետութիւններուն հետ, հիմնական նպատակ ունենալով արգիլել քրտական պետութեան մը ստեղծումը իր սահմանին եւ անշուշտ իսլամական աշխարհի մէջ առաջնորդի դերակատարութիւնը ստանձնելու այլ ռազմավարական նպատակ ալ հետապնդելով։ Երբ ռուսական միջամտութիւնը փոխեց խաղին օրէնքը, Էրտողան իր ռազմավարութիւնը յարմարցուց նոր պայմաններուն։ Ձեռք ձգեց նաեւ Ռուսաստանի հետ դաշնակցելու նոր խաղաթուղթ մը Արեւմուտքին դիմաց։

 

Այսօր, Թուրքիան դարձած է անշրջանցելի գործակից մը Միջին Արեւելքի բոլոր հարցերու լուծումին համար։ Միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտ դաշնակից։ Դարձած է Արեւելքէն Արեւմուտք ուժանիւթի փոխադրութեան տարանցիկ քառուղի։ Երեք ու կէս միլիոն սուրիացի գաղթականներու ապաստան տալով՝ ան Եւրոպան պատանդ առած է, որուն կը պարտադրէ իր խաղին օրէնքները։ Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը բաւարար զէնք չէ Արեւմուտքի ձեռքին մէջ, որպէսզի ծունկի բերէ Էրտողանը, որ լաւ գիտէ իր մատուցած ծառայութեան արժէքը եւ զայն սուղ վճարել տալու եղանակը։

Խմբագրական «Նոր Յառաջ» 

Ժիրայր Չոլաքեան