image

Գիրք պատրաստել, հրատարակել, մակագրել, առաքել, ցրուել եւ... շնորհակալութի՜ւն. Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Գիրք պատրաստել, հրատարակել, մակագրել, առաքել, ցրուել եւ... շնորհակալութի՜ւն. Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Գիրքը գոյութեան գրաւական է
Գիրքը պատմութեան հայելի է
Գիրքը գիտութեան աղբիւր է
Գիրքը հզօրութեան ամրոց է
Գիրքը ինքնութեան արտայայտիչ է


Եթէ այս թւումները կամ հաստատումները ընդհանրական են ժողովուրդներու պատմութեան մէջ, ապա, ի՞նչ կրնան ըլլալ հայ ժողովուրդին համար, որ դարաւոր անցեալ ու շփում ունեցած է հայ գիրքին հետ, ա՛յն գիրքին, որ իրեն համար եղած է՝


- Ազգային կառչածութեան դարբնոց
- Հայրենասիրական ոգիի զարթօնք
- Պատմամշակութային հաւատամքի ներշնչարան
- Ընթերցասիրական աշխարհի լուսարան
- Հայերէնագիտական իրազեկութեան շտեմարան:


Առանց սահմանափակուելու վերոյիշեալներուն մէջ, այո՛, հայ գիրքը՝ իր հրատարակութեամբ, բովանդակութեամբ, գիտելիքութեամբ ու նիւթակազմութեամբ, անփոխարինելի եւ անկրկնելի ակունք մըն է, որ մի՛շտ հայ ժողովուրդի «զրահն ու վահան»-ը դարձած է, նոյնիսկ այն դժնդակ ու դժխեմ ժամանակաշրջաններուն, երբ սուրն ու թալանը, թուրն ու ջարդը, զինք կը հալածէին, կը ճնշէին, կը ստրկացնէին ու կը պղծէին։
Հայ գիրքը դարձաւ փրկութեան ու օրհնութեան անընկղմելի լաստ մը, որ հակառակ իր փոքրութեան եւ ածութեան, ի վիճակի եղաւ հայ ժողովուրդը պահել-պահպանել, սրբապատել-սրբացնել, կենդանաւորել–կենդանացնել։

***
Հայ գիրքը եղաւ հայ ժողովուրդին անբաժան էամասնիկը, անխզելի յենարանը, անկոտրելի բազուկը եւ աննկուն խարիսխը, որ իրեն տուաւ շունչ ու կեանք, ոգի ու սլացք, ինքնավերանորոգուելու եւ ինքնակողմնորոշուելու գնով։
Պատահական չէ, որ գրքասիրութիւնը, գրքապաշտութիւնը եւ գրքամեծարութիւնը հայ ժողովուրդին համար դարձան անխախտ լծակներ, սակայն, միշտ ամրագրուած եւ ամրապնդուած ազգային դրոշմով, ազգային ինքնութեամբ եւ ազգային էութեամբ։
Եթէ պիտի մասնաւորենք որոշակի պարագաներ, ատոնց մէջ «առիւծի բաժին» կը գրաւեն Պոլիսն ու Խորհրդային Հայաստանը, առաջինը՝ իր բազմասեռ, բազմաշերտ, բազմագոյն ու բազմահարուստ հրատարակութիւններով, իսկ երկրորդը՝ իր մասնագիտական, բանասիրական, ակադեմական ու գիտահետազօտական գործերով, որոնք «անսպառ» գրագանձարաններ են, գրաօճախներ ու գրապահեստանոցներ։


Բարեբախտաբար, այս գրքասիրութիւնը կամ գրքապաշտութիւնը, գրողի եւ ընթերցողի ջերմ համեմատութիւններով, ժառանգուեցան եւ իրագործուեցան Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ, որոնց նախակարապետները հանդիսացան ՀԱԼԷՊ-ն ու ՊԷՅՐՈՒԹ-ը, որոնք դարձան հայ գիրքի հրատարակութեան հնոցներ, գրիչի հզօրութիւններով, ստեղծագործութիւններու որակով, գրասեռերու առատութեամբ եւ, ամենէն կարեւորը, ընթերցողներու գիտակից ընտրանքով ու հայ գիրքը գնահատողի զանգուածով։
Անշուշտ, տուեալ ժամանակաշրջաններու պայմանները շատ աւելիով թոյլատու էին, որ հայ գիրքը իր տեղը գտնէ, իր արժէքը ունենայ, մանաւանդ երբ՝ գրողներու աւելի մեծ փաղանգ կար, իսկ արհեստագիտութիւնը տակաւին այնքան «աւեր ու աղէտ» չէր գործած, որքան այս օրերուն, ուր «ռոպոթ»-ային մտայնութիւնը, գործիքութիւնը ու բռնազբօսիկութիւնը «գերիշխած» են ամէնուրեք։


Լիբանանահայութեան պարագային, ի հեճուկս գրողներու եւ ընթերցողներու թիւի զգալի նուազումին, բարեբախտաբար, տակաւին կան «խենթեր», որոնք գիրք կը գրեն, կը պատրաստեն, կը հրատարակեն, որովհետեւ կը հաւատան հայ գիրքի լոյս ընծայման՝
– Անհրաժեշտութեան
– Օգտակարութեան
– Լիարժէքութեան
– Կենսականութեան
– Անսասանութեան


Վերջին հաշուով, եթէ հայ ժողովուրդը կը հզօրանայ իր գրքասիրութեամբ ու գրքահրատարակութեամբ, որոնք իրեն համար եղած են օրինակելիութեան ու բարեմասնութեան ոսկեայ չափանիշեր, ապա, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել եւ ինչո՞վ արդարացնել հայ գիրքի նկատմամբ եղած աններելի վերաբերումները եւ գործուած անընդունելի անտեսումները։


Այս հրատապ հարցերուն մասին երբ կը խօսուի կամ արտայայտութիւններ կը լսուին, շատեր մատնացոյց կ՚ընեն Հայաստանի օրինակը, ուր ընթերցողներու թիւի անկում կայ (անշուշտ, համեմատած Բ. Հանրապետութեան շրջանին), իսկ գրողներու գիրքերու հրատարակութեան տպաքանակը, աւելի քան սահմանափակուած է (դարձեալ՝ համեմատած խորհրդային կարգերու տարիներուն)։


Անտարակոյս, ճիշդ է ակնարկութիւնը կամ դիտողութիւնը, որովհետեւ ոչ մէկ չքմեղանք պէտք է փնտռել հոն, այնքան ատեն որ խօսքը կը վերաբերի հայրենի իրականութեան ու մտաւորականութեան, որոնք կը սնուին Հայաստանի մէջ, կ՚աճին ու կը հասուննան, ի շարս այլ երեւոյթներու ու շարժերու, բայց, ամենէն աւելի ներշնչուելով հայրենի հողէն ու կանչէն։


Անշուշտ, մեր նիւթը հայրենական այս թղթածրարը քննարկել չէ, այլ՝ սփիւռքահայ ու մասնաւորաբար լիբանանահայ հեղինակներու գրքահրատարակութեան հիմնախնդիրին վրայ ակնարկ մը նետել է, որ վստահաբար, կը մտահոգէ ու կը տագնապեցնէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը։


Ինչպէս ազգային մեր բազմագոյն հարցերուն, մեղմ ըսած, անմխիթարութիւնը, ընթերցողներու տակաւ սակաւութիւնն ու շոգիացումը, կարելի չէ միայն «նետել» լոկ աշակերտին եւ երիտասարդութեան վրայ, քանի ատիկա կը պահանջէ լուրջ, առարկայական եւ իրապաշտ մօտեցում, որ պարտականութիւնը պէտք է դառնայ մասնագիտական վերլուծումներու ու քննարկումներու, մանկավարժներէ, ընկերաբաններէ, հոգեբաններէ ու փորձագէտներէ բաղկացած խմբակներու կողմէ։


Սակայն, հայ գիրքի հրատարակութեան գործընթացը, որքան ալ կապուած ըլլայ ընթերցողին հետ, գրողներուն համար բոլորովին այլ հոլովոյթի մը հետ առընչութիւն ունի (բանաստեղծ, արձակագիր, պատմագիր, հրապարակագիր, լեզուագէտ, յուշագրագէտ, եւ այլք)։
Յաճախ հարցում կ՚ուղղուի հեղինակներու (եւ կամ՝ հասարակութեան մէջ զարմանք կայ), թէ ինչո՞ւ կը գրուին կամ կը հրատարակուին գիրքեր, ո՞վ կը կարդայ զանոնք...։
Թերեւս իրաւացի(՞) են այս հարցադրումները կամ հարցադրողները։ Չեմ գիտեր, թէ իւրաքանչիւր հեղինակ ինչպէ՞ս կը պատասխանէ անոնց, բայց, գոնէ ես, կ՚ըսեմ.


- Գիրք կը հրատարակեմ, որովհետեւ ինքզինքս կոչումի մարդ կը նկատեմ, հետեւաբար, այդ առաքելութեան կրողը եւ նուիրագործողն եմ։ Հաւատացած եմ, որ տակաւին ընթերցողներու յարգելի շրջանակ մը կայ, բայց, ամենէն աւելի, ես հոգեկան ու բարոյական մտաւորականի ինքնագոհունակութիւնը կը վերապրիմ, քանզի՝ աշակերտեցինք, դաստիարակուեցանք ու զինուեցանք հայ գիրքի հրայրքով ու հմայքով, որ եղաւ հայկականութեան հրավառ դպրոց մը։
Այսօր, սակայն, արդէն իսկ հազուագէտ-ացող գրողներու համար, ամենէն դաժանագին ու տառապագին աշխատանքներն են.
- Մեկենասներ կամ բարերարներ գտնելը, որովհետեւ՝ շնորհաւորելի քիչերն են, որոնք յանձն կ՚առնեն գիրքերու հրատարակութիւնը։
- Ցրւումը «բեռնակրութեան» համազօր (եւ աւելի) ծանրակշիռ պարտաւորութիւն-հեւք մըն է, որ կ՚իյնայ հեղինակին վտիտ ուսերուն։
- Արտասահման առաքումի ծախսը կատարեալ սնանկացումի առաջնորդող արկածախնդրութիւն մըն է։
- «Մակագրութիւն»-ը ուրիշ պարտադրանք մըն է, որուն կը մղուի հեղինակը կամ... կը պահանջուի անկէ։


- Հայաստան ուղարկումը պարզապէս «անկարելիութիւն» մըն է։ Եթէ ճամբորդ է՝ կը մերժէ (թերեւս՝ բացի մէկ-երկու գիրքէ)։ Եթէ հեղինակ է՝ ճամպրուկը միայն գիրքով կը լեցուի, իսկ հոն ալ «ցրուիչ»-ի լրացուցիչ դեր կը կատարէ (վերադարձին ալ՝ նոր գիրքերով ճամպրուկը ամբարելով)։
Այս խայտառակ վիճակի պատճառով, ոչ հայաստանցի մտաւորականը, ոչ ալ սփիւռքահայ, հաղորդակից կը դառնան զոյգ հատուածներու հրատարակութիւններուն։


Ի դէպ, օրին, պաշտօնական նամակով թէ այլապէս, այս տխուր կացութեան մասին տեղեկացուած են Հայաստանի դեսպանատունն ու հայրենի պատասխանատուներ։ Ո՚չ մէկ արձագանգ, լաւագոյն պարագային՝ «պիւտճէ չունենք»։


Հետաքրքրական է, ինչո՞ւ խորհըրդային շրջանին գիրք կը ստացուէր, նաեւ՝ ամէն տեսակի գրականութիւն, իսկ հիմա «փող... չկայ»-ի խժալուր յանկերգ։
Սփիւռքի նախարարութիւնը ըսելիք կամ ընելիք ունի՞...։
Այս «թելեթոն»-ներէն կամ «ռատիօթոն»-ներէն հայ գիրքին ալ բաժին մը կարելի՞ է կազմակերպել։


Արձանագրենք նաեւ, որ որոշ հրատարակչական յանձնախումբեր ու շրջանակներ, մեկենասի կարգով, գիրքի հրատարակութեանց գործնապէս սատարող են, ինչ որ, իրօք, գնահատելի է, այդուհանդերձ, անոնք ալ քննարկելիութեան ենթակայ ըլլալու են, որովհետեւ հոն ալ անհարթութիւններ կան...։


Յամենայն դէպս, հայ գրողը եւ մտաւորականը իրենց ինքնութեան տէրն են եւ պիտի շարունակեն գիրք պատրաստել, խմբագրել, հրատարակել, մակագրել եւ մե՜նծ... շնորհակալութիւն բոլորին, բայց, ԳԻՐՔ ՍՏԱՑՈՂՆԵՐԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵ՞Ն, ԳԻՏԵ՞Ն ՅԱՅՏՆԵԼ, ՍԿՍԱԾ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԷՆ, ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՄԵՍՏԸ...։

Պ.Յ.Ա.
Պէյրութ,
Յունուար 2018