image

Մտորումներ եւ մտահոգութիւններ. Արմենակ Եղիայեան

Մտորումներ եւ մտահոգութիւններ. Արմենակ Եղիայեան

 

            Սփիւռքահայ թերթ մը  վերջերս կ’ակնարկէր շուտափոյթ  որդեգրումին արհեստագիտական աւելի կատարելագործուած նորարարութեանց, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար, հաւանաբար, նպաստել հայերէնի որակին եւ ընդարձակել զայն կիրարկողներու ցանցը: Անշուշտ կանուխ է նախատեսութիւններ ընելու համար, թէ ճիշդ ի՛նչ կ’ըլլայ անոնց արդիւնքը, սակայն ինչ կը վերաբերի արհեստագիտութեան մինչայժմեան բարիքներուն, լաւատես ըլլալու եւ անոնց ապաւինելու շօշափելի շատ պատճառներ չունինք: Արդի արհեստագիտութիւնը կրճատեց հայերէն թերթ ստացողներուն թիւը,– եւ այս միայն մեր ցաւը չէ,– միւս կողմէ՝ ան պատճառ դարձաւ լատինատառ հաղորդակցութեան  յոռի սովորութեան՝ բթացնելով նոր եւ ոչ միայն նոր  սերունդի հայերէնի իմացութիւնը, շեշտակի սահմանափակեց մարդկային  կենդանի  շփումի ջերմութիւնն ու  բանաւոր    խօսքի կիրարկութենէն բխող բարիքները: Անցեալին աւելի յաճախակի կը հանդիպէինք, աւելի երկար կը խօսակցէինք, աւելի տարողունակ կը կիրարէինք մեր լեզուն ու կը խնամէինք զայն:

            Արդի արհեստագիտութիւնը պատճառ դարձաւ անհետացումին նաեւ գրաւոր հայերէնի մէկ քանի  արժէքներուն, որոնց կորուստին հանդէպ համասփիւռքեան առումով անտարբեր ենք. կարծես անոնք երբեք գոյութիւն ունեցած չըլլային ու մաս կազմած չըլլային մեր  ազգային գրաւոր խօսքի հարստութեան:

            Ա. Այդ կորուստներէն առաջինը խօսակցական կամ անջատման գիծի իմացութիւնն է:

            Բացէ՛ք որեւէ  թերթ, որեւէ գիրք, որեւէ այլ հրատարակութիւն, եւ դուք պիտի նկատէք  միութեան կարճ գծիկի համատարած տիրապետութիւնը նաեւ այնտեղ,  ուր անցեալին՝ ի Հայաստան թէ ի սփիւռս,  աւելի քան 150 տարիէ ի վեր  միահամուռ կ’իշխէր  խօսակցական կամ անջատման գիծը: Ասոր կիրարկութեան մէջ կը մտնէին՝

  1. Երկխօսութիւնը. օրինակ՝

Բարե՛ւ,  ընկե՛ր, ուշացած ըլլալ կը թուիս:

                   Ներողամի՛տ եղէք, չքմեղացաւ նորեկը, հիւանդտեսի  գացեր էի:

          Ներկայիս  սովորութիւն դարձած է գրել՝

                   - Բարե՛ւ, ընկե՛ր, ուշացած ըլլալ կը թուիս:

                 - Ներողամի՛տ եղէք,- չքմեղացաւ նորեկը,- հիւանդտեսի գացեր էի:

          2.  ժամանակի ու տարածութեան զանազան չափերը. օրինակ՝

            ա) «Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ  "յունիսի 10 15 ներառեալ"»:

            Այս կոկիկ յայտարարութիւնը՝ իր անջատման գիծով, ծանօթ իմաստ մը ունէր մօտիկ անցեալին  հայ մտաւորականին, խմբագիրին, ուսուցիչին, նոյնիսկ  աշակերտին համար եւ կը նշանակէր՝ «Ցուցահանդէսը “պիտի սկսի  յունիսի 10-ին եւ պիտի տեւէ  մինչեւ յունիսի 15 -ը՝ ներառեալ”. այսինքն՝  յունիսի 15-ին  եւս ցուցասրահը բաց է»:       

            Կը բաւէ բաղդատել թաւագրեալ հատուածները՝ անդրադառնալու համար    այն ահարկու շատախօսութեան ու աւելորդաբանութեան, որ արժած է մեզի անջատման գիծի բացակայութիւնը երկրորդին մէջ:       

            բ) «Պէտք է կարդալ այս գիրքին 1723 էջերը»:

            Որ կը նշանակէր՝ «17-րդ էջէն սկսեալ մինչեւ 23-րդ էջը՝ ներառեալ»:

            Դա՛րձեալ բաղդատեցէք երկուքը՝ անդրադառնալու համար, թէ ի՛նչ կորսնցուցած ենք:

            գ) Տարածութեան չափեր. օրինակ՝

            «ԱնճարՊաալպեք  արշաւը տեւեց 45 վայրկեան»:

           3.Միջանկեալ խօսքը. օրինակ՝

             «Դիլան դային փակեց այգիին դուռը, մէյ մըն ալ պիտի բանա՞ր զայն, եւ ուղղուեցաւ  դէպի խիտ անտառը՝ միրհաւ որսալու»:

            Արդի  կէտադրութեամբ՝

            «Դիլան դային փակեց այգիին դուռը,-մէյ մըն ալ պիտի բանա՞ր զայն,- եւ ուղղուեցաւ դէպի խիտ անտառը՝ միրհաւ որսալու»:

            Բ.  Երկրորդը՝ հայեցի թուականի կորուստն է:

            Արդարեւ, դարեր շարունակ մենք թուագրած ենք օր-ամիս-տարի կայուն հերթականութեամբ, որ է, օրինակ,  «5 յունուար 1852»  կամ «4 մայիս 2016»[1]:

            Այս կարգը, որ նաեւ հաշտ է մեր շրջապատին հետ, քանի այսպէս կը թուագրէ ամբողջ Կովկասը, Թուրքիան, Եւրոպան, Արաբական աշխարհը, մինչեւ անգամ Անգլիան,― որ այլապէս միշտ շեղած է յիշեալ միջավայրի բարքերէն,― առաջին անգամ շեղումներ արձանագրեց  Ամերիկա լոյս տեսնող թերթերեուն մէջ՝ առաջին մէկ օրէն  որդեգրելով  թուագրումի ամերիկեան ոճը, որ կը հետեւի  ամիս-օր-ստորակէտ-տարի  կարգին, ինչպէս՝

            *** «Արծիւ», որուն առաջին թիւն է՝ յուլիս  1, 1905:

            *** «Ազգ», որուն առաջին թիւն է՝  ապրիլ 20, 1907:

            *** «Ասպարէզ», որուն առաջին թիւն է՝ օգոստոս 14, 1908:

            *** «Լուսաւորիչ», որուն առաջին թիւն է՝ փետրուար 17, 1917:

          Եւ այսպէս շարունակ. կարծես այս մարդիկ երբեք հայերէն  գրած չըլլային նախապէս եւ ոչ մէկ ատեն կիրարկած  ըլլային հայեցի թուագրումի ոճը:

          Երբ անդին, նոյն տարիներուն,  Պոլսոյ մէջ  «Արեւելք»-ը,  «Մասիս»-ը, «Ազատամարտ»-ը, «Ազդակ»-ը, «Բիւզանդիոն»-ը, «Մեղու»-ն,  «Մեհեան»-ը, իսկ Կարինի մէջ «Ալիք»-ը եւ ուրիշներ կը հետեւէին  հայկական աւանդական՝ վերը նշուած  թուագրումին: Հայկական ոճին կը հետեւէր մինչեւ անգամ «Շտեմարան պիտանի գտիտելեաց»-ը, որ ամերիկացի միսիոնարներու Պոլսոյ մէջ հաստատած մանկա-պատանեկան պատկերազարդ առաջին երկշաբաթաթերթն էր, որ կարճ ընդմիջումներով, երբեմն ալ  անուն փոխելով գործեց 1839―1914:

            Թերեւս մտածողներ ըլլան, թէ շրջապատին պատշաճելու  մղումն է, որ  ամերիկահայ խմբագիրներուն թելադրած է հետեւիլ ամերիկեան ոճին: Աղէկ,  սակայն այդ նոյն Ամերիկային մէջ հաստատուած այլ գաղթականներ, ինչպէս՝  սպանացիները, գերմանացիները եւ ուրիշներ ոչ մէկ ատեն հետեւած են ամերիկեան ոճին եւ մինչեւ այսօր ալ կան աւելի քան 150 տարեկան թերթեր, որոնք չեն հետեւիր ամերիկեանին ու կը պահեն թուագրումի ազգային ոճը:

            Բարացուցական չէ՞, որ միայն հա՛յը ըլլար ազգայինը  զոհողը:

            Ամերիկայի մէջ  ներկայիս ազգային ոճին կը հետեւին՝ «Լուսաբաց»-ը եւ «Հորիզոն»-ը ՝ ի Քանատա, «Նոր օր»-ը՝ Միացեալ Նահանգներ: Ամերիկեան ոճով կը թուագրեն «Մասիս»-ը, «Պայքար»-ը, «Ասպարաէզ»-ը եւ «Հայրենիք»-ը:

       Ազգային ոճին առհասարակ կը հետեւին Միջին Արեւելքի եւ Պոլսոյ թերթերը՝ «Ազդակ»-ը, «Արարատ»-ը, «Զարթօնք»-ը, «Գանձասար»-ը, «Ազատ օր»-ը, «Ալիք»-ը, «Նոր Մարմարա»-ն, «Ժամանակ»-ը, «Ակօս»-ը «Կամար»-ը, «Հասկ»-ը, «Հայկազեան հայագիտական տարեգիրք»-ը, «Ալիք»-ը,  եւ  այլն, սա՛ վերապահութեամբ, որ ասոնցմէ ոմանք  անփոփոխ տեղ կու տան յօդուածագիրներու  ոչ-ազգային թուագրումին. այսպէս, օրինակ,  բացառուած չէ, որ «Ազդակ»-ի մէջ նոյն օրը երեք տարբեր  թուագրումի հանդիպինք:  «Հասկ»-ի նոյն թիւին մէջ կարելի է գտնել նո՛յն ստորագրութիւնը կրող երեք տարբե՛ր յօդուածներ՝ երեք տարբե՛ր թուագրումով:  «Ժամանակ»-ը ունի ամէնօրեայ  էջ մը՝ երկրորդը, որ կանոնաւորապէս ամերիկեան ոճով կը թուագրուի:

            Կը պատահի ասոր հակառակն ալ. այսինքն՝ ըստ ինքեան ազգային ոճը չորդեգրած թերթի մը մէջ լոյս տեսնեն յօդուածներ, որոնք թուագրուած ըլլան ազգային ոճով. օրինակ՝ «Պայքար»-ի 22-1-2017-ի  մէկ յօդուածը, էջ 5, որ կը կրէ «10 նոյեմբեր 2016» թուականը: Ընդհակառակը, կան եւ այնպիսիները, որոնք ուրուրի մը փութկոտութեամբ կ’ամերիկանացնեն ձեռքերնին անցած հայկական թուագրումը:

          Ասոնք ցոյց կու տան համատարած անտարբերութիւն մը  ազգային ոճին հանդէպ եւ շեղումներ են, որոնք պէտք է սրբագրուին, չթոյլատրուին, չձգուի՛ն գրողի կամքին. մամլոյ ու կարծիքի ազատութիւնը  կապ չունի  այս շեղումին հետ, որ ազգային վիրաւորանք է պարզապէս: Փորձեցէ՛ք    Le Monde-ին ղրկել յօդուած մը, որ ֆրանսական ազգային ոճով չէ թուագրուած, եւ պիտի նկատէք, որ  ան իսկոյն պիտի սրբագրէ ձեզ: Նոյն ձեւով պիտի վարուի որեւէ կայացած  ժողովուրդի ոեւէ արժանապատիւ զաւակը, մինչեւ իսկ Ափրկէի մարդակերները,– ա՛յս է ներկայիս  մեր ժամանակներու ոգին, որուն դէմ կը դաւաճանէ մի՛այն հայը, աննշան բացառութիւններով:

        Գալով Հայաստանին, ապա դառնութեամբ պիտի ըսենք, որ մինչեւ Խորհրդային կարգերու անկումը, լայնօրէն տիրապետող էր ազգային ոճը, որ, սակայն, անկախութեան տարիներուն բոլորովին խախտեցաւ, եւ հիմա կատարեալ խառնարան մը  կը տիրէ այնտեղ՝ խայտաբղէտ ու ինքնակամ  թուագրումներու պարզած բոլոր տարբերակներով, որոնք ահաւասիկ՝

            25 մայիսի,  2010                   25 մայիս, 2010                      25 մայիս. 2010

            մայիսի  25, 2010                  մայիսի 25. 2010                     մայիս 25. 2010

            Եւ ոչ մէկ առարկութիւն կ’ընդունին:

            Կը գտնենք ամերիկանացումի խելայեղ ու անբացատրելի վազք մը[2]:

            Աւելցնեմ, որ այստեղ ալ կարելի եղաւ ազգային ոճին վերադարձնել «Արեւելք»-ը, որ ամերիկեան ոճով կը թուագրէր,  հաւանաբար Սագօ Արեանի ցուցաբերած գործակցութեան շնորհիւ: Միւս թերթերու  խմբագրութիւններէն ոչ մէկ պատասխան ու ընթացք տրուեցաւ  բազմակի կոչերուն:

*      *

*

            Երբ թուականին առջեւ հարկ կ’ըլլայ աւելցնել օրանունը, ապա հայկական ոճը կը պահանջէ, որ այս երկուքին միջեւ դրուի ստորակէտ մը, այսպէս՝ «Չորեքշաբթի, 25 յունուար 2017»: Ոմանք, օրինակ՝ «Նոր Յառաջ»-ը եւ «Ժամանակ»-ը կը ջնջեն ստորակէտը հաւանաբար  ֆրանսականին հետեւողութեամբ:  «Զարթօնք» ստորակէտին փոխարէն կը դնէ շեղագիծ մը՝ «Չորեքշաբթի/25 յունուար 2017», ինչ որ մերժելի է. ուղղագրական կանոններու հետ կամայական վերաբերումը ընդունելի չէ:  Ստորակէտին փոխարէն երբեմն բութ կը գտնենք. այսպէս՝ «Չորեքշաբթի՝ 25 յունուար 2017», ինչ որ «որոշ» տրամաբանութեան մը կը հետեւի, սակայն լաւ է  հրաժարիլ այդ «տրամաբանութենէն» ու չխախտել աւանդութիւնը:

            Ստորեւ  թուագրումի քանի մը ազգային ոճեր, որոնք օրինակելի հետեւողականութեամբ կը յարգուին համանուն ժողովուրդներու կողմէ.                                                                             

            - Ամերիկեան.                                      Monday,  May 26, 201

            - Անգլիական.                                      Monday 26 May  2014

            - Գերմանական                                   Sonntag, 1. Juni    2014

            - Ֆրանսական.                                    Lundi     26  mai   201

             Ինչպէս կը նկատենք, մենք տակաւին շատ հեռու ենք այն երանելի օրէն, ուր մարդկութիւնը որդեգրէ մէկ ու միասնական թուագրումի ոճ մը, ընդհակառակը, ամէն ոք  մոլեգին կառչած է իր սեփական ոճին:  Կը մնայ, որ հայն ալ սորվի արժանապատուօրէն  յարգել ու պահպանել իր ազգային ոճը: Չ’ակնկալուիր, որ մեր պետական-վարչական-դրամատնային գործառնութեանց մէջ hայեցի ոճ կիրարկենք, այլ մեր ծիրէն ներս՝ մեր թերթերուն, մեր դասագիրքերուն, մեր գրագրութեան, մեր ատենագրութեանց  եւ նման մարզերու մէջ, ուր հայեցի իւրաքանչիւր կիրարկում քիչ մը աւելի պիտի յիշեցնէ մեզի մեր հայութիւնը, քիչ մը աւելի պիտի հայացնէ մեզ:  Ուրեմն հետեւինք  այն կարգախօսին, որ կ’ըսէ. «Երբ օտար լեզուով կը գրենք՝ օտարի պէս գրենք, իսկ երբ հայերէն կը գրենք՝  հայու պէս գրենք»:

             Գ.  Երրորդը՝   թիւերը հայեցի ոճով գրելու  կորուստն է:

             Արդի արեւմտահայը ընդհանրապէս ստոյգ գաղափար չունի, թէ հայերէնի մէջ  ինչպէ՞ս կը գրուէին թիւերը՝ թուանշաններով, մասնաւորաբար տասնորդական կոտորակը, ինչպէս նաեւ հազարէն մեծ թիւերը, քանի որ սփիւռքի մէջ այլեւս գոյութիւն չունի որեւէ դպրոց, ուր թուաբանութիւնը հայերէն դասաւանդուի[3],  որպէսզի  մեր հասնող սերունդները եւ անոնց ուսուցիչները ճանչնան թիւերը գրելու հայեցի ոճը, որ հիմա ենթակայ է մեր շուրջը տիրող լեզուներու սկզբունքներուն, մերթ ամերիկեանին ու  անգլիականին, մերթ քանատականին, մերթ եւրոպականին: Դպրոցներու բացը լրացնողը պէտք է ըլլային լեզուական օժանդակ ձեռնարկները, մամուլն ու հրատարակչատուները, սակայն այստեղ ծառայողները իրենց կարգին հայեցին չեն սորված եւ ենթակայ են նոյն ազդեցութիւններուն՝ պատճառ դառնալով խայտաբղէտ բազմաձեւութիւններու, որով ներկայիս  մեր բարքերուն մէջ կը տիրէ թուային իսկական խառնարան մը, որուն չի յաջողիր բարի օրինակ դառնալ հայրենի մամուլը եւս, քանի ամերիկեան բարքերու ազատ մուտքին բերումով՝ շատ աւելի պղտոր խառնարան մըն ալ  այնտեղ կը տիրէ դժբախտաբար[4]:  

        

             Ուրեմն՝ ի հնուց անտի գոյութիւն ունեցած են տասնորդական կոտորակը եւ ամբողջական  թիւերը գրելու երկու աւանդոյթներ՝ ֆրանսականը, որ կը կոչուի  մեթրական դրութիւն ու  կը կրէ նաեւ «միջազգային» մակդիրը (Système international կամ SI), եւ  անգլիականը, որ կը կոչուի կայսերական դրութիւն (Imperial system կամ IS):

             ա. Մեթրական դրութիւնը կը յատկանշուի մասնաւորաբար տասնորդական կոտորակի գրութեամբ, ուր կը կիրարկուի ստորակէտը. օրինակ՝  0, 3  որ կ’արտասանուի զերօ ամբողջ երեք տասներորդ, կամ 0,17 որ կ’արտասանուի զերո ամբողջ տասնեօթը հարիւրերորդ:  Ասոնք կրնան գրուիլ նաեւ իբրեւ հասարակ կոտորակ՝ 3/10     եւ  17/100: Գիտնանք, որ տասնորդական  կոտորակին աջէն աւելցող զերոները արժէք չունին. օրինակ՝ 0,3=0,30=0,300 եւ  այպէս շարունակ:

             Իսկ  ամբողջական թիւերը, որոնք կը գրուին չորսէ աւելի թուանշաններով, աջէն սկսեալ կը բաժնուին երեքական դասերու, որոնց միջեւ կը  ձգուի մէկական բացատ. օրինակ՝ 26 097  կամ  1 240 734  կամ  12 465 124 301 եւ այլն: Այս դասդասումը կը ծառայէ, անշուշտ, հեշտացնելու թիւին ընկալումն ու ընթերցումը: Չորս թուանշանով թիւերը  չեն դասդասուիր, քանի հեշտ է անոնց ընկալումը, ինչպէս, օրինակ, տարեթիւերը՝ 1954 կամ 2013 եւ այլն:  Իսկ խառն թիւերը, աւելորդ է ըսել, կը գրուին երկուքին համադրումով, ինչպէս՝ 26 097,3 կամ 1 240 734, 57 կամ 12 465 124 301, 001 եւ  այլն: Ասոնցմէ առաջինը կը կարդացուի «քսանվեց հազար իննսունեօթը ամբողջ երեք տասներորդ»:

             Եւրոպայի տարածքին մեթրական դրութեան չի հետեւիր,– պէտք չկայ ըսելու,– միայն Անգլիան: Միւս պետութիւններէն ոմանք կը հետեւին ազգային  որոշ առանձնայատկութեամբ. այսպէս,  գերմանացիք կը գրեն  1.240.734,57, այլ խօսքով՝ կը պահեն տասնորդական կոտորակին ստորակէտը, իսկ բացատի փոխարէն կը դնեն միջակէտ: Գերմանացիներուն կը հետեւին աւստրիացիները, ռումանացիները, խրուաթները, Սլովենիան, յոյները, Սերպիան, թուրքերը եւ այլն :   Այս վերջիններուն պէս կը գրենք նաեւ...հայերս: Եւրոպական հողի վրայ յաջորդ շեղումը կը գտնենք Զուիցերիոյ գերմանախօս նահանգներու մէջ, ուր գերմանական միջակէտերու փոխարէն կը գտնենք ապաթարցեր՝ 1’240’734,57 կամ 12’465’124’301,001: Ասոր կը հետեւի Լիխթենշթայնի իշխանապետութիւնը: Իսկ Զուիցերիոյ  ոչ-գերմանախօս նահանգները՝ ֆրանսացիները, իտալացիները եւ ռոմանները կը հետեւին մեթրական աւանդական  դրութեան:

             բ.  Կայսերական դրութիւնը կ’ընէ հակառակը. տասնորդական կոտորակները կը գրէ միջակէտով, օրինակ՝ 0.3 կամ 0.57 կամ 0.001: Իսկ ամբողջական թիւերու դասդասումը կը կատարէ ստորակէտով. օրինակ՝ 26,097 կամ  1,240,734 կամ 12,465,124,301:  Խառն թիւերը կու տան՝ 26,097.3 կամ 1,240,734.057 կամ 12,465,124,301.001:

             Կայսերական  դրութեան կը հետեւին, անշուշտ, հիմնադիր պետութիւնը՝ Անգլիան եւ Անգլիական Հասարակապետութեան  գրեթէ բոլոր բաղկացուցիչ պետութիւնները, Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը, Հրէաստան, Մակեդոնիա, Ազրպեյճան եւ այլն: 

            Քանատայի անգլիախօս նահանգներն ու  համայնքները  կը հետեւին կայսերական դրութեան, իսկ ֆրանսախօս նահանգներն ու համայնքները կը հետեւին մայր երկրի ոճին՝ մեթրական դրութեան: Այստեղ ուրեմն թիւերու արձանագրութիւնը վերածուած է ազգային ինքնուրոյնութեան իսկական գործօնի մը:

             Այս տուեալներով՝  1,500-ը մեթրական դրութեամբ կը նշանակէ մէկ ու կէս, իսկ կայսերական դրութեամբ՝ հազար հինգ հարիւր: Եւ  1.500-ը  մեթրական դրութեամբ կը նշանակէ հազար հինգ հարիւր, իսկ կայսերական դրութեամբ՝ մէկ ու կէս:

             Համադրենք՝

             –26 097,3 ...(Ֆրանսա եւ ցամաքամասային միւս պետութիւնները՝ Հունգարիա, Նորվեկիա, Շուէտ, Չեխիա,  Պուլկարիա, Ռուսիա, Սլովաքիա, Սպանիա, Փորթուկալ, Ֆինլանտա, այլեւ ֆրանսախօս քանատացիներ եւ Հարաւային Ամերիկայի բոլոր երկիրները):

             –26.097,3 ... (Գերմանիա, Դանիա, Թուրքիա, Ազրպեյճան, Իտալիա, Խրուաթիաա,  Հայաստան[5], Հոլանտա, Յունաստան, Ռումանիա, Սերպիա, Սլովենիա եւ այլն):

             –26’097,3 ... ( Զուիցերիոյ գերմանախօս նահանգներ եւ Լիխթենշթայն):

             –16,097.3 ... (Անգլիա, Անգլիական Հասարակապետութիւն,        Հնդկաստան,   Ճափոն, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան,  արաբական երկիրներ[6] եւ այլն):

             Եթէ բաղդատենք երկու համակարգերու այլազանութիւնները, ապա յստակ կ’երեւի, որ վճռական սահմանագիծը այս երկուքին միջեւ տասնորդական կոտորակի նշանն է. ստորակէտը՝ մեթրական դրութեան համար, միջակէտը՝ կայսերական դրութեան համար:

             Ծանօթ.–1.Ներկայ տուեաներով՝ սփիւռքի մէջ ճիշդ գրողներէն թուենք՝ «Հորիզոն»-ը, «Լուսաբաց»-ը[7], «Նոր Յառաջ»-ը, «Ալիք»-ը, «Ակօս»-ը, «Հայ կեանք»-ը եւ «Ազդակ»-ը: 2. Կան խառնակ գրողներ եւս, ինչպէս՝ «Արարատ»-ը, «Մարմարան[8]» եւ այլն: 3. Կան վերջապէս մի՛այն ամերիկեան ոճով գրողները, ինչպէս՝ «Ասպարէզ», «Պայքար», «Մասիս», «Հայրենիք», «Զարթօնք» եւ այլն:

             Դ. Չորրորդը՝ տողադարձի կորուստն է

             Եւ հաւանաբար մեծագոյնը, քանի այստեղ այլեւս բացառութիւն չենք ճանչնար. արեւմտահայ մամուլի եւ ընդհանրապէս գրաւոր խօսքին մէջ կիրարկուող արդի «տողադարձ»-ը հասած է աղէտալի վիճակի մը, ուր զիրար կը գերազանցեն մեր բոլոր գրաշարները անխտիր: Եւ չենք զարմանար. ո՞ւր եւ որմէ՞ արդի գրաշարը կրնար քաղել իր գիտութիւնը, ո՞ր հեղինակէն, ո՞ր  ուղեցոյցէն: Եւ յետոյ, մնա՞ց, գոյութիւն ունի՞ տակաւին հայկական դպրոց մը, որ յաջողի իր բոլոր հարցերը լուծել  ու կարգ տալ...տողադարձին:

             Տողադարձի բոլոր կէտերուն պիտի չանդրադառնամ,– խոստանալով այդ ընել այլ ճամբով,– այլ պիտի գոհանամ ամենահրատապ մէկ երկու կանոններով միայն:

             1. Միջձայնաւորային բաղաձայններ

             ա. Միջձայնաւորային միակի բաղաձայն

             Այս կանոնը գրեթէ անշեղ կը կիրարկուի, երբ երկու ձայնաւորի միջեւ ինկող միակի բաղաձայնը աջակողմեան ձայնաւորին հետ վար կ’երթայ. օրինակ՝ հա-յա-ւան, քա-ղա-քա-կան, դա-սա-րան, պա-տաս-խա-նա-տու, Սա-յաթ Նո-վա,  սա-տա-նա-յա-կան, պա-տա-նե-կան, Սո-րա-յա, Ֆա-րա-յա եւ այլն:  Անշուշտ նոյն բառը ըստ ծաւալի կրնայ մէկէ աւելի տողադարձի  պարագայ ներկայացնել, ինչպէս  գծիկները ցոյց կու տան:

             Երբ աջակողմեան ձայնաւորը Ուա, Ուե, Ուէ, Ուը, Ուի., Ուո, Ուօ է, ասոնք նմանապէս նոյնութեամբ վար կ’երթան միակի բաղաձայնին հետ. օրինակ՝ պա-տուական, հա-շուել, հանրա-քուէ, պա-հուըտիլ,  պա-տուիրան,    զի-նուոր, արժանապա-տուօրէն եւ այլն:

             Միջձայնաւորային բաղաձայնը կրնայ ըլլալ յ կիսաձայնը եւս, ինչ որ ոչինչ կը փոխէ կացութենէն. օրինակ՝ նա-յուածք, հմա-յուած, շո-յուիլ  եւ այլն:

             Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէ, որ այս բառերը եւս  այլ մակարդակի վրայ ալ տողադարձուին՝ նայած իրենց ծաւալին. օրինակ՝ պատուի-րան, հան-րաքուէ, ար-ժանապատուօրէն,  արժա-նապատուօրէն, արժանա-պատուօրէն եւ այլն:

               բ. Միջձայնաւորային բազմակի բաղաձայն

               Ինչ որ նախորդին շատ կը մօտենայ.  օրինակ՝ դառ-նալ, բար-տի, վաս-տակ,  վս-տահ, կրկ-նել, փնտ-ռել, վռն-տել, քրթմն-ջել, ուր երկու ձայնաւորներու միջեւ կը գտնենք երկու կամ  աւելի բաղաձայններ, որոնց միայն վերջինը վար կ’երթայ իրեն յաջորդող ձայնաւորին հետ: Անշուշտ վերը մնացող սուղ ը-ն պէտք է վերականգնել՝վըս-տահ,  կըրկ-նել,  փընտ-ռել, վռըն-տել, քրթմըն-ջել  եւ այլն:

             Այս պարագային եւս Ուա, Ուե, Ուէ, Ուը, Ուի, Ուո, Ուօ  վար կ’երթան վերջին բաղաձայնին հետ. օրինակ՝ Աս-տուած, պար-տուեցաւ,  զար-նուէր (ուղ-ղուէր, փաթ-թուէր), կան-չուըռտել, պար-տուիլ, վար-ձուոր, ազ-նուօրէն եւ այլն:                                                       

             Այս կանոնը, իր զոյգ պարագաներով, աւանդուած է վաղ գրաբարէն, անցած է աշխարհաբարին, ուր ան կիրարկուած է ամբողջ 19-րդ դարը եւ 20-րդ դարու մինչեւ կէսերը՝ արժանանալով մեր լաւագոյն տեսաբաններու՝  Արսէն Այտընեանի, Յովհաննէս Գազանճեանի, Զապէլ Ասատուրի, Արսէն Ղազիկեանի եւ ուրիշներու  հաւանութեան ու նախընտրութեան: «Բաղաձայնի նման հնչմամբ  սկսող ուա, ուի...երկբարբառներուն  նախընթաց  բաղաձայնն  իրենցմէ անբաժին է. օրինակ՝ դը-րուի, գը-րուան, ա-նուամբ, վա-ղուան, պր-տուեայ, Յե-սուայ, ա-ղուոր, ըս-տուեր, պա-տուէր...(Այտ., Քնն. քեր., էջ 349):

             Ահա այսպիսի ոսկեայ կանոն մըն էր, որ հետագային համբակ ու անպատասխանատու քերականներ խանգարեցին՝ վերոբերեալները գրելով՝ պատ-ւական կամ պատ-ուական, առտ-ւան կամ առտ-ուան հակականոնական  ու խորթ ձեւերով: Ասոնցմէ առաջինը՝ պատ-ւական, կ’այլանդակէ բառը, իսկ երկրորդը՝ պատ-ուական, անարտասանելի է, քանի ուա-ով սկսող վանկ չունի հայերէնը:

             Անշուշտ ուրիշ է պարագան այն բառերուն, որոնք ւ-ով սկսող վանկ ունին եւ ասոնք ազատօրէն կը տողադարձուին. օրինակ՝ տեղ-ւոյն, բար-ւոք, եկեղեց-ւոյ, գրա-ւուած, հով-ւուական եւ այլն:

             2. Բարդ բառեր

             Բարդ եւ կարգ մը ածանցաւոր բառերու տողադարձը ունի իր ուրոյն սկզբունքները:

             ա. Եթէ բարդ բառին երկրորդ բաչադրիչը բառասկիզբի գաղտնավանկ չունի, անոր տողադարձը տեղի կ’ունենայ սովորական վանկատումով. օրինակ՝ այցա-գիր, դռնա-պան, թափառա-կան,  մանկա-պատանեկան, քաղաքա-պետարան եւ այլն: Կացութենէն ոչինչ կը փոխուի, երբ ա յօդակապին փոխարէն գտնենք ե. օրինակ՝ հոգե-բան,  բարե-պաշտ, հաշուե-փակ եւ այլն:  Անշուշտ այս բառերը կրնան տողադարձուիլ նաեւ այլ մակարդակի վրայ. օրինակ՝ ման-կապատանեկան, մանկապա-տանեկան, մանկապատանե-կան եւ այլն:

             բ. Եթէ երկրոդ բաղադրիչը իր սկիզբը ունի գաղտնավանկ մը, ապա այդ բաղադրիչը նոյնութեամբ վար կ’երթայ, եւ գաղտնավանկի ը ձայնաւորը չի գրուիր. օրինակ՝ ակնա-խտիղ, ամենա-փրկիչ, ապա-շնորհ, արագա-սլաց, բազմա-շնորհ,  բարձրա-գլուխ, բարձրա-շռինդ, բացա-տրական,  բռնա-կցում, դասա-լքում, գրա-գրութիւն, դարա-շրջան, եռա-բլուր, երես-սրբիչ, թանձրա-շպար, թերա-կղզի, լեռնա-բնակ, խորհրդա-նշական, համա-դրում, համա-լսարան, համա-կրանք, համա-կրիլ, հանրա-գնաց,  հաշուե-տւութիւն, հիմնա-դրամ,  հատա-պտուղ, հարցա-զրոյց, հողմա-ցրիւ, մակա-գրել, մարդա-բնակ, մենա-շնորհ, միա-բջիջ, յետա-մնաց, նախա-վկայ,  նորա-հնար, շահա-գրգիռ, շարա-դրութիւն, ուշա-գնաց, ուշա-գրաւ, պարտա-դրել, սրա-թռիչ, փառա-պսակ եւ այլն:  Մերժելի ռամկաբանութիւն եւ բառային խոշտանգում են հետեւեալները՝  արագաս-լաց, համալ-սարան, ուշագ-րաւ, բռնակ-ցում, համադ-րում, շնչաս-պառ, որոնց   երկրորդ բաղադրիչը կը զրկուի իր առաջին տառէն ու այնպէս կը տողադարձուի:

             Այս ոճը կը կոչուի «ստուգաբանական տողադարձ»:

             Այս պարագային եւս երկար  բառերը կրնան տողադարձուիլ այլ մակարդակի վրայ՝ ըստ վանկատումի կանոնին. օրինակ՝ ամե-նափրկիչ, ամենափըր-կիչ, արա-գասլաց, հա-մալսարան, համալսա-րան եւ այլն:

             գ. Ունինք մեծաթիւ անյօդակապ բարդութիւններ, որոնց երկրորդ բաղադրիչը կը սկսի ձայնաւորով մը, ուստի ան վանկ կը կազմէ նախորդ  բաղաձայնով. օրինակ՝ ամէն-օրեայ. արդ, շատ տարածուած է այսպիսիները տողադարձել ըստ արտասանութեան, որ կու տայ՝ ամէ-նօրեայ, այսինքն առաջին արմատին վերջին բաղաձայնը կը կապուի երկրորդ բաղադրիչի առաջին ձայնաւորին. ահա այսպիսները, հակառակ իրենց  արտասանութեան, պէտք   է նմանապէս ենթարկել ստուգաբանական տողադարձի, այսինքն՝ ամէն-օրեայ (ո՛չ ամէ-նօրեայ), ամէն-օրհնեալ, առաջ-ընթաց, բազմ-ամեայ,  բազկ-աթոռ, բաց-արձակ, դեր-ասան, զէն-ընկէց, արագ-ընթաց (ո՛չ արա-գընթաց),  բաց-օթեայ, յամր-ընթաց, մարդ-ատեաց (ո՛չ մար-դատեաց), մեն-երգ, շարժ-առիթ, ողբ-երգակ, սուտ-ասան,  վայր-էջք,  տաք-արիւն (ո՛չ տա-քարիւն),  քայլ-արշաւ (ո՛չ քայ-լարշաւ), քայլ-երգ,  յաղթ-արշաւ (ո՛չ  յաղ-թարշաւ), սեղմ-իրան (ո՛չ սեղ-միրան)  եւ այլն:

             Այսպիսիները իրենց կարգին կրնան ազատօրէն տողադարձուիլ այլ մակարդակներու վրայ՝ ըստ վանկատման կանոնի. օրինակ՝ ամէնօր-եայ, ամէնօրհ-նեալ, բազմամ-եայ, բացար-ձակ, զէնըն-կէց, մարդատ-եաց, ողբեր-գակ, քայլար-շաւ  եւ այլն: Անշուշտ իտէալը պիտի ըլլար այն, որ որոշ յարմարեցումով ասոնք տողադարձուէին ըստ բաղադրիչներու, որոնց ակնարկեցինք վերի պարբերութեան մէջ. օրինակ՝ ամէն-օրեայ, սակայն պարտադիր չէ այս մէկը, ընդունելի է նաեւ՝ ամէնօր--եայ:

             դ. Պարագան նոյնն է այն բարդ բառերուն, որոնց երկրորդ բաղադրիչը կը սկսի (ը)զ, (ը)շ, (ը)ս հնչիւններով. օրինակ՝ ան-զգայ, համա-զգեստ,  հապ-շտապ, դարա-սկիզբ, շնչա-սպառ, նախա-ստեղծ, հիա-սքանչ: Չի գրուիր ան-ըզգայ  կամ անըզ-գայ, համա-ըզգեստ  կամ համազ-գեստ...:

             ե. Երբ բարդ բառին  վերը մնացող բաղադրիչը  ունի գաղտնավանկ մը, անոր ը ձայնաւորը չենք գրեր, եթէ ան օժտուած է գրուող ուրիշ ձայնաւորով մը. օրինակ՝ ակն-կալել, գառն-սիրուկ, ակն-դէտ, ձեռն-տու, յոտն-կայս եւ այլն. օրինակ՝ չենք գրեր յոտըն-կայս, քանի ան ունի ո ձայնաւորը: Բայց եթէ այդ վերը մնացող բաղադրիչը  գրուող ձայնաւոր չունի, ապա ստիպուած ենք գրելու գաղտնավանկի ը ձայնաւորը. օրինակ՝ դռըն-բացէք, կըրծ-կալ, հըր-շէջ, ձկըն-կուլ, մթըն-շաղ, մկըն-դեղ,  գըռ-գիռ, կըռ-կռալ, ճըռ-ճռոց, թըր-թուր, մըռ-մուռ եւ այլն,  եւ ոչ թէ՝ դռն-բացէք, ձկն-կուլ, մթն-շաղ, մռ-մուռ եւ այլն:

             զ. Կրկնարմատ բարդութիւնները կը տողադարձուին ըստ արմատներու.  օրինակ՝ թափ-թփուք, կար-կտան, վազ-վռտել, թըռ-վռուն, վառ-վռուն, սար-սռալի, քըրթ-մնջիւն եւ այլն, որոնց վերը մնացող բաղադրիչին գաղտնավանկի ը ձայնաւորը գրուած է, սակայն  տողադարձուող  բաղադրիչի  ը ձայնաւորը ըստ կանոնի չէ գրուած, քանի ամբողջական բաղադրիչ մըն է տողադարձուած մասը:

             է. Երբ կցական բարդութեան բաղադրիչներուն միջեւ կը մտնեն զ, ի, ընդ, ըստ  նախադիրներէն մէկը,  ապա ասոնք վար կ’երթան երկրորդ բաղադրիչին հետ. օրինակ՝  գոյն-զգոյն, մէկ-զմէկ,  հետ-զհետէ, ան-ընդհատ, մէկ-ընդմիշտ, խոչ-ընդոտ, մէջ-ընդմէջ, խառն-իխուռն, օր-ըստօրէ  եւ այլն: Ուրեմն ոչ՝   գոյնզ-գոյն, մէկզ-մէկ, հետզ-հետէ, խառնի-խուռն, մէկընդ-միշտ, մէջընդ-մէջ, օրըստ-օրէ եւ այլն. այսպէս է, քանի որ նախդիրը կը պատկանի երկրորդ բաղադրիչին: Իսկ երբ այդ բաղադրիչները շաղկապուած են եւ կամ ու շաղկապով, կարելի է ազատօրէն վերը ձգել շաղկապը կամ վար տանիլ զայն. օրինակ՝ առեւ-տուր կամ առ-եւտուր, այլեւ-այլ կամ այլ-եւայլ, առու-ծախ կամ առ-ուծախ, հալու-մաշ կամ հալ-ումաշ, ցիրու-ցան կամ ցիր-ուցան,-- այսպէս է, քանի որ այս շաղկապները հաւասարապէս կը վերաբերին երկու բաղադրիչներուն:

              Եւ շաղկապը անտրոհելի է. մերժելի  է՝ այլե-ւայլ տողադարձը: Միւս կողմէ՝ պատշաճ է, որ տողադարձենք որ-եւէ,-- մերժելի է որե-ւէ, այլեւ որեւ-է:

 

 

 

Արմենակ Եղիայեան

 armenag@gmail.com     

 

                                                                 

 



[1] Ասոր շրջուած կարգը՝ «1852 յունուար 5» բոլորովին հաշտ է մեր ազգային ոճին հետ:

[2] Աթէնք լոյս կը տեսնէ «Հայաստան անուն» թերթ մը՝ արեւելահայերէն եւ աբեղեանական ուղղագրութեամբ, ուր ամէն  թիւ ու թուական  լրիւ ամերիհանացած է: Ճակատին կը գտնենք թուականը՝ յունարէն՝ յունական ոճով, որ է նաեւ հայկական ոճը, իսկ անոր կից հայերէն թուականը՝ ամերիկեան ոճով:

[3] Կան  հատուկենտ դպրոցներ, ուր տարրականի առաջին երեք դասարններուն մէջ հայերէն կը դասաւանդուի  թուաբանութիւնը, սակայն կոտորակներու ուսուցումը կը սկսի աւելի ուշ եւ օտար լեզուով, հետեւաբար հայ աշակերտը դպրոցը կ’աւարտէ՝ առանց ճանչնալու  թիւերու հայեցի գրութիւնը: Գոնէ Ճեմարանի մէջ ճիշդ կը կիրարկուի ան, միւս դպրոցներուն մասին վկայութիւն չունիմ, լաւատես ալ չեմ:

[4] Թիւերը սխալ կը գրեն  կաթողիկոսարանը, «Հասկ»-ն  ու ազգ. առաջնորդարանը եւս:

[5] Հ. Ս. Հանրագիտարանը եւ «Սովետական Հայասան» պաշտօնաթերթը հետեւողականօրէն կիրարկած են այս ոճը,– իսկ  ներկայիս ալ կը կիրարկէ «Հայասատանի Հանրապետութիւն»-ը,– որ ի զօրու  էր խորհրդային կարգերու եւ մեր պատմութեան ողջ տեւողութեան: Գիտնանք, որ ամբողջական թիւերու համար  միջակէտի փոխարէն կը թոյլատրուի   նաեւ բացատը՝ ֆրանսական ոճին պէս:

[6] Արաբերէնը ձեւով մը դատապարտուած է զարտուղի մնալու՝ միայն ստորակէտը կիրարկելու, քանի որ միջակէտը կամ կէտը համազօր է արաբերէն զերոյին եւ կիրարկուելու պարագային՝ կը խախտէ թիւին արժէքը: Այս անպատեհութիւնը բառնալու համար՝ հիմա հետզհետէ արաբերէնը սկսած է որդեգրել  եւրոպական թուանշանները ու հետեւիլ մեթրական դրութեան:

 

[7] Մերթ ընդ մերթ տեղ կու տայ կայսերական դրութեան. օրինակ՝ Յունուար Գ. 2016-ի մէջ՝ 105,686, նայած թէ յօդուածագիրը ինչպէս գրած է: Ինչպէս կայսերական դրութիւնը որդեգրող ալ կայ, որ կը թոյլատրէ մեթրականը, օրինակ՝ «Նոր օր»-ը 5-1-17-ի թիւին մէջ հաւասարապէս ունի՝ ա) մեր  1,5 միլիոն նահատակները (էջ 11) եւ բ) 242,000  աշխատատեղեր (էջ 3): Ասոնք ընդունելի երեւոյթներ չեն: 

[8] «Մարմարա»-ն հրեայի եւ հեթանոսի խտրութիւն չի դնեդ, բոլոր թիւերը միջակէտով կը գրէ: