image

Մեծ Եղեռնը Քիլիսի եւ Հասան Պէյլիի հայոց համար. Յարութիւն Իսկահատեան

Մեծ Եղեռնը Քիլիսի եւ Հասան Պէյլիի հայոց համար. Յարութիւն Իսկահատեան

Ներսէս Սարեան ծնած է Քիլիս, աստուածավախ ընտանիքի մը մէջ: 1914-ի Յունիսին կ’աւարտէ Մարաշի Աստուածաբանական Դպրոցը եւ Հասան Պէյլի կը մեկնի իբրեւ հոգեւոր հովիւ: Իբր կրօնաւոր, բանակէն զերծ մնալու համար, Ներսէս վեսիքա ստանալու դիմումնագիր կը ներկայացնէ Հասան Պէյլիի մէջ: Ամիսներ կ'անցնին եւ արտօնագիր-վեսիքան չի տրուիր իրեն: Քրիստոսի բուռն հաւատացեալ, այդ դժնդակ օրերուն երբ հայ ազգի զաւակները բազում վտանգներէ կ’անցնէին, կը բռնագաղթուէին ու կը սպաննուէին, ան կը մտաբերէ սուրբգրային հետեւեալ խօսքը. ՙՄի՛ վախնար, որդեա՛կ, թէեւ կրակի եւ ջուրերու մէջէն անցնիս, Ես քեզի հետ եմ, Դուն պիտի չմեռնիս: Դուն պիտի ապրիս Իմ գործերս վկայելու համար՚: Ներսէս Սարեան աստուածային այս ճշմարիտ խոստումով կը գօտեպնդուի: Ան իր ականատեսի վկայութիւնները գրի կ’առնէ անգլերէնով եւ բոլորին սեփականութիւնը կը դարձնէ հետեւեալ յուշագիրքով. Nerses S. Sarian, ՙI Shall Not Die՚, Editor Eric W. Gosden, Oliphants Publishing, Marshall Morgans & Scott Ltd. - London, 1967, middle size 176 pages. /Ներսէս Ս. Սարեան, ՙՊիտի Չմեռնիմ՚, խմբագիր` Էրիք Ու. Կոստըն, Օլիֆընթց հրատարակչութիւն, Մարշըլ Մորկընզ եւ Սքոթ Լիմիթըտ, 1967, Լոնտոն, միջակ չափի 176 էջ:

ՙԱրդարեւ, 1915 տարին եւ անոր յաջորդող երկու տարիները հայոց տարեգիրքին մէջ եզակի տարիներ եղած են: Այս ժամանակաշրջանին հայերը զրկուեցան իրենց բոլոր ունեցածներէն ու տարագրուեցան՚: Այսպէս կ’ամփոփէ պատուելի Ներսէս Սարեան Մեծ Եղեռնի սկզբնական շրջանը:

Ամանոսի լեռներուն վրայ զուտ հայաբնակ Հասան Պէյլի գիւղը կառուցուած է հաւկթաձեւ բլուրի մը լանջերուն վրայ, երկու ձորերու միջեւ: Գիւղին արեւելեան կողմը կը գտնուի Ամանոսի լեռներուն գագաթը` Կէօքճէ Տաղ կոչուած լեռը: Գիւղին տուները տարածուած են խաղողի այգիներու եւ պարտէզներու մէջ:

Հասան Պէյլիի հայերը կը ծրագրեն գիւղի բլուրի գագաթին վրայ եկեղեցի մը կառուցել ու կը սկսին աշխատանքներուն: Սակայն գործը անաւարտ կը մնայ. իշխանութիւնները կը կասեցնեն կառուցումը պատրուակելով, թէ ապագային հայ յեղափոխականները զայն կրնան իբրեւ ամրոց գործածել: Եկեղեցիի տեղանքին` Չեւելիքի առջեւը, Կիլիկիոյ 1909-ի աղէտին Հասան Պէյլիի նահատակներուն աճիւնները ամփոփուած են:

Մինչեւ 1915 թուականը հասանպէյլիցիները ուրախ կ’ապրէին եւ երգելով կ’աշխատէին արտերուն մէջ: Անոնց երջանկութիւնը երկար չի տեւեր. բռնագաղթի եւ սպանդի սեւ ուրուականը կու գայ ծածկելու անոնց պայծառ երկինքը: Գիւղին այրերը բանակ կը տարուին: Ներսէս, իբրեւ հոգեւոր հովիւ, գիւղը կը մնայ: Իշխանութիւնը յետագային կ’աշխատի հոգեւորականներն ալ կա՛մ բանակ տանիլ, կա՛մ աքսորել, կա՛մ ալ սպաննել: Թուրք զինուոր-ոստիկանները գիւղի հայոց նկատմամբ շատ բիրտ վերաբերմունք կը դրսեւորեն, անմեղ հայ երիտասարդ մը վայրագօրէն կը ծեծեն: Ներսէս ասոր դէմ կը բողոքէ: Հրամանատարը Ներսէսը իր քով կը կանչէ, կը յանդիմանէ, կը հարցաքննէ զայն եւ կը սպառնայ խստօրէն պատժել պատուելին: Սակայն շուտով վերէն եկած հրամանով մը հրամանատարը ուրիշ պաշտօնի կը տեղափոխուի:

Հասան Պէյլիի անտառներուն մէջ թուրք զինուոր մը կը սպաննուի խորհրդաւոր պայմաններու մէջ (հաւանաբար շրջանին մէջ գտնուող Կեաւուր Տաղի հայ ֆետայիներուն ձեռքով - Յ. Ի.): Թուրքերը Հասան Պէյլիի հայ այրերը կը ձերբակալեն ու կը հարցաքննեն: Ոստիկանութիւնը անոնցմէ չորս հոգի Ատանա կը տանի ու կախաղան կը հանէ: Կախուածներէն էր Ներսէս Սարեանի եկեղեցիին անդամ, բարի հաւատացեալ Սամուէլ Հարմանտարեանը: Թուրք ասքեարները Հասան Պէյլիի տուները կը խուզարկեն զէնք գտնելու պատրուակով ու խոհանոցի դանակներն անգամ պատճառ կը բռնեն հայերը ձերբակալելու համար: Ներսէս Սարեանի տունն ալ կը խուզարկեն եւ կը հարցաքննեն զայն: Անոնց ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Սարեանի գիրքերուն վրայ, զորս կը կարծեն, թէ յեղափոխական բովանդակութիւն ունին: Ներսէս կտրականապէս կը մերժէ անոնց կարծիքը: Անոնք Ներսէսի հարց կու տան, թէ ո՞ր կուսակցութեան կը պատկանի: Սարեան կը պատասխանէ. ՙԵս աշխարհի մէջ խաղաղութիւն կը քարոզեմ, ինչպէս նաեւ բարի կամեցողութիւն մարդոց հանդէպ: Ես Աստուծոյ սէրը կը քարոզեմ մարդոց հանդէպ՚: Ասոր վրայ` ան զերծ կը մնայ ձերբակալութենէ:

Հասան Պէյլիի մէջ կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ: Բռնագաղթը կը սկսի: Ներսէս Սարեան իր տիկինը` Նուրիձան կը տանի անոր ծնողքին քով` Քիլիս: Հասան Պէյլի վերադառնալով` Սամուէլ Գունտագճեանի տունը հիւր կը մնայ: Պատուելի Սարեան 1915-ի Յուլիսի սկիզբը կրկին Քիլիս կը մեկնի: Ճամբան ան քիլիսցիէ մը կ’իմանայ, թէ կառավարութիւնը Քիլիսի հայոց երեք օր ժամանակ տուած էր բռնագաղթին պատրաստուելու համար:

Քիլիսի աւետարանական համայնքը գայմագամին կը դիմէ. հայ աւետարանականներուն բռնագաղթը կը յետաձգուի: Այդուհանդերձ, հայոց ձերբակալութիւնները չեն դադրիր: Ներսէս Նուրիձայի եւ անոր ընտանիքին հետ կ’ապրի Քիլիսի մէջ: Նուրիձա կը ծննդաբերէ մանչ մը, զոր Ժիրայր կը կոչեն:

Ներսէս Սարեան քաղաքին մէջ կ’ապրի կէս թաքուն` թուրքերու աչքերէն միշտ հեռու մնալով:

1915-ի Նոյեմբերին Բաղէշէն եւ Խարբերդէն հայ գաղթականներ, գրեթէ բոլորն ալ կիներ, աղջիկներ եւ մանուկներ, կը հասնին Քիլիս. թուրքերը հայ այրերը բռնի կերպով բաժնած էին իրենց ընտանիքներէն ու տարած...: Տարագիրները ժամանակաւոր կերպով հայ աւետարանական դպրոցն ու եկեղեցին կ’ապաստանին: Անոնք աղտոտ էին եւ ոջլոտած, եւ գաղթակայան-եկեղեցի-դպրոցին մէջ ժանտատենդ կը տարածուի: Շատեր կը մահանան, ինչ որ թուրքերուն համար հաճելի էր, ինչպէս կը վկայէ Ներսէս Սարեան: Խլեակները ո՛չ հագուստ, ո՛չ ալ բաւարար ուտելիք ունէին բացի մգլոտած հացի կտորներէ: Ներսէս հետեւեալը կը հաստատէ. ՙԹուրքերը դարերով կը ծրագրէին հայոց բնաջնջումը, սակայն Աստուածաշունչ Մատեանին հաւատարիմ մնացած ազգ մը չի կրնար կորսուիլ՚:

Ներսէս եւ Նուրիձա գաղթականներուն հոգ կը տանին իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Անոնք քանի մը ծանր հիւանդներ առանձին սենեակներու մէջ կը տեղաւորեն եւ դեղ կու տան անոնց:

Հայաստանի բոլոր շրջաններէն բռնագաղթուածները կը հասնէին Հալէպ, ուր մեծ գաղթակայանի մը մէջ հազարաւոր մարդիկ խռնուած էին: Յուշագիրքին հեղինակը` պատուելի Ներսէս Սարեան, կ’ըսէ, թէ ան որ կարենար գաղթակայանէն փախուստ տալ եւ գաղտնի ապրիլ քաղաքին մէջ, ստոյգ մահէն ազատած կ’ըլլար: Գաղթակայանին բնակիչները ետեւ-ետեւի սուրիական անապատները եւ մանաւանդ Տէր Զօր կը ղրկուէին` կոտորուելու համար կամ ալ այդ ճամբուն վրայ կը մահանային տարագրութեան անտանելի պայմաններէն:

Պատուելի Ա. Սոլաքեան Հալէպի գաղթակայանէն յաջողած էր փախուստ տալ եւ Քիլիս ապաստանիլ: Ան աւետարանական եկեղեցիին հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի: Ներսէս Սարեան անոր օգնականը կը դառնայ:

1916-ի Աւագ շաբթուան մէջ Ռիզա պէյ Քիլիսի նոր գայմագամ կը նշանակուի: Անոր գալուստով խիստ միջոցառումներ ձեռք կ’առնուին, եկեղեցիները, դպրոցները, ինչպէս նաեւ հայոց շատ տուներ կը խուզարկուին: Հայերը ահ ու սարսափի կը մատնուին: Խթման առաւօտը Արշալոյս անունով 12 տարեկան հայ աղջնակ մը պատուելի Սարեանի տան դուռը ուժգին կը թակէ: Ան Նուրիձային կ’իմացնէ, թէ թուրք ասքեարները պատուելին կը փնտռեն ու կ’առաջարկէ, որ ան իրենց տունը գայ եւ թաքնուի: Զայս լսելով, Սարեան անմիջապէս տունը կը ձգէ եւ եկեղեցի երթալով` կը պահուըտի: Ոստիկանները քիչ ետք Սարեանի տունը կը խուժեն եւ կը խուզարկեն:

Պատուելի Ներսէս Սարեանի դէմ հալածանքը կը սրի եւ ան կը գիտակցի, թէ անկարելի է այլեւս Քիլիսի մէջ մնալ: Ան կը մտադրէ Ինթիլլի մեկնիլ, նկատի ունենալով, որ քիլիսցիներէն ոմանք հոն ճանապարհաշինութեան վրայ կ’աշխատէին: Այդ օրերուն Ինթիլլի ապահով վայր մը ըլլալ կը կարծուէր: 1916-ի Ս. Յարութեան տօնին օրը Սարեան Գէորգ Սիւմպիւլեան անունով մէկու մը հետ Ինթիլլի կը մեկնի ջորեպաններու ընկերակցութեամբ: Տեղ հասնելուն յաջորդ օրը կ’իմանան, թէ թուրքերը ճանապարհաշինութեան վրայ աշխատող հայերէն շատերը սպաննած էին:

Շնորհիւ իրեն բարեկամ Տոքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի, Ներսէս Սարեան Ինթիլլիի մէջ գործ մը կը ճարէ ճանապարհաշինութեան մէջ, ուր ուրիշ հայեր, հրեաներ, յոյներ, ալպանացիներ, չերքէզներ, թուրքեր եւ քիւրտեր ալ կ’աշխատէին: Ապահովութեան նկատառումներով` Յովնանեան Սարեանի կը թելադրէ ազատ ժամերուն սենեակը մնալ եւ չշրջագայիլ. արդարեւ, իշխանութիւնները դոյզն պատճառ եւ առիթ կը փնտռէին հայեր ձերբակալելու, սպաննելու կամ տարագրելու համար:

Ներսէս Սարեան ժանտատենդէ կը բռնուի ու հիւանդանոց կը փոխադրուի: Ասիկա փրկարար կ’ըլլայ անոր համար, որովհետեւ նոյն օրը թուրքերը բազմաթիւ հայեր կը ջարդեն: Ներսէսի խնդրանքին վրայ, Տոքթ. Յովնանեան կը յաջողի Նուրիձան եւ Ժիրայրը Ինթիլլի բերել եւ պահել հիւանդանոցին մէջ` Ներսէսին քով: Այս միջոցին Քիլիսի բնակչութենէն մաս մը հայեր կը բռնագաղթեցուին: Ներսէս շուտով կ’ապաքինի եւ կը մտադրէ Քիլիս վերադառնալ, սակայն ան 18 օրուան աշխատավարձը չէր գանձած: Պէտք էր երթալ գրասենեակ, որ Քելլէրի մէջ էր: Այդ օրերուն հայոց բուռն հալածանք սկսած էր. թուրք ոստիկան-զինուորները իրենց հանդիպած հայը կը ձերբակալէին:

Օր մը Ներսէս հիւանդանոցէն դուրս կու գայ` առանձին Քելլէր երթալու համար: Մեծ դժուարութեամբ ան կը հասնի գրասենեակին դրան առջեւ, բայց համարձակութիւն չ’ունենար ներս մտնելու, որովհետեւ դրան առջեւ հսկող ոստիկանները հայոց դէմ տրամադրուած էին եւ անմիջապէս կը ձերբակալէին զանոնք: Ներսէս առանց իր աշխատավարձը ստանալու հիւանդանոց կը վերադառնայ` ոստիկաններու տեսողութենէն հրաշքով ազատելով:

Սարեան ընտանիքին հիւանդանոցին մէջ մնալը կրնար վտանգի տակ դնել անոնց պաշտպան հայոց, մանաւանդ Տոքթ. Ֆիլիփ Յովնանեանի կեանքը: Ուստի Ներսէս կ’որոշէ Քիլիս վերադառնալ ընտանեօք: Անոնք ճամբայ կ’ելլեն Տաղլը Ալի անունով ջորեպանին եւ անոր օգնականին հետ: Անոնց հետ էին նաեւ քանի մը հայ կիներ ու երեխաներ: Ճամբորդութեան ընթացքին, Տաղլը Ալիի ու ընկերոջ խօսակցութենէն հայ կիներէն մէկը կը տեղեկանայ, որ Տաղլը Ալի կը մտադրէ սպաննել Ներսէսը եւ կիներն ու մանուկները առնելով փախուստ տալ: Ճիշդ այդ պահուն սաստիկ ցաւ մը կը բռնէ Տաղլը Ալիին ստամոքսը եւ ան կը հարկադրուի իր ստոր մտադրութիւնը գործադրելէ հրաժարիլ: Այսպիսով Ներսէսի ու անոր ընտանիքի անդամներուն կեանքը կը փրկուի եւ անոնք յաջորդ օրը Քիլիս կը հասնին ողջ-առողջ: Ներսէս կը ջանայ ոստիկաններու աչքերէն միշտ հեռու մնալ:

Զաքար Տէտէեան անունով գործարար մը Ներսէս Սարեանը իբրեւ վերակացու կ’առնէ իր գործին մէջ: Զաքար գայմագամին հետ համաձայնութիւն մը կնքած էր, որով ան կառավարութեան շոգեկառքերուն իբր վառելանիւթ փայտ պիտի հայթայթէր հինգ ամիս շարունակ: Զաքար Տէտէեան Ներսէսը Մէյտան Էքպէզի կայարանը կը տանի որպէսզի վերջինս հոն աշխատի:

Ամիս մը ետք Ներսէս իր ներսիդին անհանգստութիւն կը զգայ եւ չ’ուզեր գործին մէջ մնալ: Ներսէս այն նախազգացումը կ’ունենայ, թէ պէտք է Քիլիս վերադառնայ: Զաքար դժկամութեամբ կը կատարէ Ներսէսի Քիլիս վերադարձին կարգադրութիւնը: Ներսէս քանի մը հայերու հետ շոգեկառք նստելով ճամբայ կ’ելլէ: Այդ օրերուն հայ ազատամարտիկներ թուրքերու դէմ գործողութիւններ կը կատարէին շրջանին մէջ: Հայ ֆետայիները այրած էին Քիլիսի մօտ գտնուող Էօրթիլի թրքական գիւղը: Ամէն կողմ ահ ու սարսափ կը տիրէր եւ հայոց դէմ հալածանքը սաստկացած էր: Գաթմայի կայարանին մէջ Ներսէս կը ձերբակալուի քանի մը հայեու հետ: Հարցաքննութենէ ետք անոնք ազատ կ’արձակուին եւ ապահով Քիլիս կը մեկնին: Յաջորդ օրը Ներսէս կ’իմանայ, թէ Մէյտան Էքպէզի մէջ բոլոր հայ գործարարներն ու բանուորները ձերբակալուած ու աքսորուած էին: Ներսէս Սարեան կ’ըսէ. «Պատերազմին երկարիլը մեծ թշուառութիւն բերաւ ժողովուրդին: Պատերազմը ագահ բռնատէրի կը նմանի, որ ազգին ամէնէն երիտասարդ եւ ընտիր ոյժերը կը հնձէ: Ան ազգը տնտեսապէս կ’անդամալուծէ եւ իր ետին սով ու հիւանդութիւններ կը թողու՚:

Ներսէս Սարեան բուրդ ներկելու արհեստը կը սորվի կարճ ժամանակի մէջ եւ կ’աշխատի իր ընտանիքին ապրուստը այդ ձեւով ապահովել: Նուրիձա կը ծնի երկրորդ զաւակ մը, զոր Նորայր կը կոչեն:

1918-ի ամառը թուրքերը կրկին կը սաստկացնեն իրենց հալածանքը: Ոստիկանները Ներսէսն ալ կը ձերբակալեն: Բանտին մէջ ան հայ ֆետայիներու կը հանդիպի: Արգելափակման երկրորդ օրը թուրք ասքեարներ հայ ֆետայիները կը տանին` հաւանաբար սպաննելու: Քիլիսցի ազդեցիկ Նեժիպէ հանըմ Սիւլահեանը գայմագամ Զիա պէյին կը բարեխօսէ Ներսէսի համար եւ անոր ազատ արձակումը կ’ապահովէ:

Պատերազմը վերջ կը գտնէ: Հայերը կը հրճուին: Մարաշի Աստուածաբանական դպրոցի դասախօսներէն պատուելի Ուուտլի Քիլիս կու գայ եւ Ներսէսին հետ կը տեսակցի: Այդ խառնակ օրերուն, թուրքերը այդ հանդիպումը կասկածի տակ կ’առնեն եւ կը փորձեն Ներսէս Սարեանը ձերբակալել: Ներսէս փախուստ կու տայ դէպի Հալէպ: Հոն չհասած, ճամբուն վրայ կը տեսնէ քաղաք ուղղուող բրիտանական զօրամասեր եւ Քիլիս կը վերադառնայ անգլիացիներուն ուղեկցութեամբ:

Գիրքին երկրորդ մասը կը վերաբերի պատուելի Ներսէս Սարեանի իբրեւ հոգեւորականի գործունէութեան, որ զանց կ’առնեմ` մեր նիւթին հետ կապ չունենալուն համար:

 

Յարութիւն Իսկահատեան