image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան կը խոստովանի, որ Թուրքիան ... Օսմանեան կայսրութեան «շարունակութիւնն» է

Էրտողան կը խոստովանի, որ Թուրքիան ... Օսմանեան կայսրութեան «շարունակութիւնն» է

Յարութ Սասունեան       

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Տասնամեակներ շարունակ թուրք պաշտօնեաները հերքած են Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Սակայն, վերջին տարիներուն կարգ մը թուրքեր կ՛արդարանային, որ այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պատասխանատու չէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար, քանի որ այդ իրականացուած է ներկայիս գոյութիւն չունեցող Օսմանեան կայսրութեան կողմէ:

 

Հարցը այլեւս այս պատճառաբանութեամբ չի դրուիր, թէ ցեղասպանութիւն իրականացուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, այլ՝ թէ ո՞վ պատասխանատու է եղածին համար: Անոնք, որոնք կ՛օգտագործեն այս հիմնաւորումը, կը պնդեն, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Օսմանեան կայսրութեան ոչ իրաւայաջորդն է, ոչ ալ անոր շարունակութիւնը, այլ անիկա նոր եւ անջատ պետութիւն մըն է...

 

Այս փաստարկը աստիճանաբար թուլցաւ, երբ նախագահ Էրտողան սկսաւ խօսիլ եւ գործել իբրեւ օսմանեան սուլթան...: Երկու շաբաթ առաջ Թուրքիոյ ղեկավարը աւելի բարդացուց իրավիճակը իր երկրին համար, երբ, ըստ լոնտոնեան «Թայմզ» թերթի, պնդեց, որ «ժամանակակից Թուրքիան Օսմանեան կայսրութեան «շարունակութիւնն» է՝ ուղղակի հակասելով Աթաթուրքի գաղափարախօսութեան, որ մերժած էր կայսերական դարաշրջանը՝ իբրեւ յետամնաց, հինցած, եւ որ պէտք է անտեսուի եւ մոռցուի, այլ ոչ թէ փառաբանուի»:

 

Յայտարարելով, որ Թուրքիա Օսմանեան կայսրութեան «շարունակութիւնն» է, Էրտողան փաստօրէն կ՛ընդունի, որ Թուրքիա պատասխանատու է Օսմանեան կայսրութեան գործողութիւններուն համար: Այլ կերպ ըսած՝ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, որ ժառանգած է Օսմանեան կայսրութեան ունեցուածքը, միաժամանակ ժառանգած է նաեւ անոր պարտաւորութիւնները...

 

Օսմանեան կայսրութեան նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը հաստատելու համար, այս ամսուան սկիզբը Էրտողան մասնակցած է սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի (յայտնի՝ «Կարմիր սուլթան» մականունով) մահուան հարիւրամեակի արարողութեան, զոր ներկայիս կառավարութիւնը վերականգնած է: Էրտողան անտեսած է այն փաստը, որ Կարմիր սուլթանը 1894-1896 թուականներուն հրամայած էր 300 հազար հայերու սպանդը, որ յայտնի է իբրեւ «համիտեան ջարդեր»: Ինչպէս կը հաղորդէ «Թայմզ» թերթը՝ «Վերջին օսմանեան սուլթաններէն մէկուն ժառանգներուն պէտք է տրուի Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն, վերջ դնելով անոնց գրեթէ հարիւրամեայ պանդխտութեան եւ արտաքսման»:

 

Ըստ «Թայմզ» թերթի, Ապտիւլ Համիտ Բ. ղեկավարած է 1876-էն մինչեւ 1909, եւ շատ  պախարակուած է Քեմալ Աթաթուրքի ժամանակակից թրքական հանրապետութեան մէջ՝ իր բռնատիրութեան, հակաարեւմտեան մտայնութեան եւ մամուլի վրայ ճնշումներուն համար: Սակայն, նախագահ Էրտողանի իշխանութեան օրօք վերականգնած են զայն: Ապտիւլ Համիտի կեանքը նկարագրող Payitaht հեռատեսիլային շարքը, որ Ապտիւլ Համիտի կեանքը կը ներկայացնէ շատ վառ գոյներով, բարձր գնահատականի արժանացած է Էրտողանի կողմէ, զայն համարելով որպէս անհրաժեշտ դիտում երիտասարդութեան համար՝ իրենց երկրի պատմութիւնը ճանչնալու նպատակով...: «Մենք սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ը կը համարենք ամենակարեւոր, ամենահեռատես եւ ռազմավարական մտածողութիւն ունեցող մէկը այն անձնաւորութիւններէն, որոնք իրենց դրոշմը թողած են մեր պետութեան վերջին 150 տարիներու վրայ»: Էրտողան ըսած է. «Մենք պէտք է դադրինք Օսմանեան կայսրութիւնը եւ Հանրապետութիւնը իբրեւ զիրար հակասող երկու դարաշրջաններ դիտարկելէ»: Ապտիւլ Համիտ մահացած է 1918 թուականին, եւ այս շաբաթ անոր մահուան հարիւրամեակի արարողութեան ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեվլութ Չաւուշօղլու ըսաւ, որ ինք անձամբ պիտի զբաղի անոր ընտանիքի անդամներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու հարցով»:

 

Այնուհետեւ Էրտողան մեծամտօրէն նախազգուշացուցած է, որ ամերիկեան զինուորները Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ շուտով «օսմանեան ապտակ» պիտի ստանան, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը: Ան «կ՛ակնարկէր կիսաառասպելական թրքական մարտական շարժումին, որ կը ներկայանայ իբրեւ լայն բացուած ափով հզօր հարուած մը, որ կրնայ գետին տապալել կամ նոյնիսկ գանկ կոտրել ու սպաննել»։ Թրքական կառավարամէտ լրատուական միջոցներէն մէկուն հրապարակած ծաղրանկարին մէջ պատկերուած է Տանըլտ Թրամփ, որուն «օսմանեան ապտակ» կը հասցնէ Էրտողան։ Բացի ասկէ, «Ռոյթըրզ» մէջբերած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի այն յայտարարութիւնը, թէ Ուաշինկթըն կը զօրակցէր YPG-ին (քրտական ուժեր Սուրիոյ մէջ), քանի որ վերջինս կը դաւանի նոյն «մարքսիստական, համայնավարական, անաստուածութեան» գաղափարախօսութիւնը…

 

Վերադառնալով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ամբողջութեամբ  նոր եւ Օսմանեան կայսրութենէն անջատ պետութիւն է, միջազգային իրաւունքի փրոֆեսէօր Ալֆրէտ Տը Զայեաս կը բացատրէ` «Հայերու դէմ 1915-1923 թուականներուն ցեղասպանութիւնը եւ համապատասխանութիւնը 1948-ի Ցեղասպանութեան պայմանագիրը» խորագիրը կրող գրութեան մէջ, ըսելով որ «իրաւայաջորդ պետութիւնը» պատասխանատուութիւն կը կրէ նախորդ վարչակարգի կատարած յանցանքներուն համար։ Թերեւս, այն պետութիւնը, որ նախորդի «շարունակութիւն»ն է, նոյնիսկ աւելի՛ պատասխանատուութիւն կը կրէ, քանի որ անոնց միջեւ տարբերութիւն չկայ, ինչպէս խոստովանած է Էրտողան, երկու շաբաթ առաջ։

 

Ատկէ բացի, Ալֆրէտ Տը Զայեաս իր ուսումնասիրութեան մէջ մէջբերած է փրոֆեսէօր Մ. Շերիֆ Պասիունը՝ նշելով, որ «Միջազգային իրաւունքի մէջ, պետութեան պատասխանատուութեան իրաւական շարունակականութեան եւ սկզբունքներու ուսմունքը «իրաւայաջորդ կառավարութիւնը» պատասխանատու կը համարէ նախկին իշխանութիւններու խախտումներէն բխած պահանջներու առնչութեամբ»։ Փրոֆ. Զայեաս եզրակացուցած է, որ «հայերու պահանջները՝ կապուած անոնց ապօրինաբար բռնագրաւուած ունեցուածքին, չեն անհետանար սուլթանութենէ Մուսթաֆա Քեմալի վարչակարգ անցնելուն հետ»։

 

Ի վերջոյ, փրոֆ. Զայեաս հաստատեց, որ «իրաւայաջորդ պետութիւններու պատասխանատուութեան սկզբունքը պահպանուած է, նոյնիսկ այն պարագային, երբ այդ սխալները, զորս գործած են պետութիւնը եւ կառավարութիւնը, «իրաւայաջորդ պետութեան» չեն պատկանիր»: Այս սկզբունքը ձեւաւորուած է, մասնաւորապէս, Մնայուն իրաւարար դատարանի կողմէ՝ «Փարոս» միջնորդական գործով (Ֆրանսայի եւ Յունաստանի միջեւ, 1934)։

 

Կրնանք եզրակացնել, որ Էրտողան՝ հաստատելով, որ ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Օսմանեան կայսրութեան շարունակութիւնն է, անզգուշօրէն խոստովանած է, որ Թուրքիա պատասխանատու է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին հասցուած ցեղասպանական, տարածքային եւ տնտեսական վնասներու համար: Էրտողանի խոստովանութիւնը պէտք է ներկայացուի որպէս ապացոյց, երբ հայերու՝ Ցեղասպանութենէ յառաջացած պահանջները ներկայացուին Արդարադատութեան միջազգային դատարան:

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան