image

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (Ե. Մաս)

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի  (Ե. Մաս)

Երկուշաբթի, 1 Յունուար, 2018

Տարուան առաջին օրը, որքան ալ որ մարդոց կողմէ նշանակուած ըլլայ ունի իր խորհրդաւորութիւնը։ Նոր սկիզբի, ակնկալիքներու եւ թարմութեան խորհուրդ կը պարունակէ իր մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ան յետադարձ ակնարկի եւ անցած տարին արժեւորելու կը մղէ քեզ ակամայ...

Օրը կը սկսինք ամէն գնով զայն եկող տարուան նախակարապետը դարձնելու մտադրութեամբ։ Երէկուան հիւրասիրութենէն ետք, տունը կարգի կը դնեմ, սպասքը կը վերդառնան իրենց դարակները, քիչ մը ռուսերէն կը սորվիմ համակարգիչիս վրայ, քիչ մը հիւսկ կը հիւսեմ, Վիեննայէն հեռարձակուող տօնական համերգ մը կը լսեմ,  նուիրուած Եոհան Սթրաուսի եւ իր ժամանակակիցներու երաժշտութեան, մեր զաւակներուն եւ թոռներուն հետ կը հաղոդակցիմ facetime-ի (դիմապա՞հ, դիմաժա՞մ) միջոցաւ, Թորոնթոյէն ուղարկուած թոռներուս Նոր Տարուան նկարները կը դիտեմ, երեկոյեան լուրերուն կը հետեւիմ եւ գոհունակ անկողին կը մտնեմ հիանալի օր մը անցուցած ըլլալու ուրախութեամբ։ Տարիքի բերումով արդէն շատոնց ընկալած եմ, որ երջանկութիւնը փոքր, աննշան թուող բայց միեւնոյն ժամանակ հոգեպարար ակնթարթներու շարան մըն է եւ ոչ թէ զգայացունց մեծ դէպքերու ակնկալիք...

Կը լսենք, որ Հայաստանի տարածքին, ամէն տեղ, մայրաքաղաքէն մինչեւ գիւղերը, հրավառութիւնը եղած է աննախադէպ։ Չեմ գիտեր ինչի՞ կարելի է վերագրել այս երեւոյթը...

Անցեալ տարի մեր գիւղին մէջ ծնան 20 երախաներ, 7 տղայ եւ 13 աղջիկ։ Անոնցմէ 17֊ը ստացան հայկական եւ աստուծաշնչական անուններ, 3֊ը օտար անուններ։ Չեմ գիտեր եթէ մեր յատկացուցած խրախուսիչ գումարը հայկական անուններու համար որեւէ դեր խաղաց դէպի հայկական անուններ միտումին տեսակէտէն։ Խանգարիչ ազդակը երախաները մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու անունով կոչելու սովորութիւնն է։ Այսպիսով տակաւին կը յամենան Մելս (Մարքս, էնկլս, Լենին, Սդալին), Լենդրուշ (Լենինեան Դրօշ), Կարլէն (Քարլ Մարքս, Լենին), Վլատիլեն (Վլատիմիր Լենին) եւայլն։ Մեր գիւղին մէջ անցեալ տարի այս անուններէն ոչ մէկը չյայտնուեցաւ...

Երեքշաբթի, 2 Յունուար, 2018

Օդերեւութաբանները անձրեւ նախատեսած էին, սակայն առաւօտուն մեր համայնապատկերը ճերմկած կը գտնենք։ Ձիւնի քանակութիւնը քիչ է, բայց բաւարար գունաւորելու մեր շրջակայքը։

Այսօր մինչեւ հիմա տիրող գարնանային եղանակը կարծես թէ վերջ գտնելու վրայ է։ Քիչ մը ցրտեց։ Գիւղին մէջ կը տիրէ բացառիկ անդորր։ Բուխերիկներէն ելլող մուխը միայն կը մատնէ անոր բնակուած ըլլալը։ Մարդիկ զբաղած են սեղաններու շուրջ բոլորուած «ուտուշ֊խմուշ»ով։ Կը ստանանք Ամանորը շնորհաւորելու համար մեզի եկած այցելուներ։ Անոնք արդէն վարժ են, որ մեր տունը Հայաստանի այլ տուներուն նման բացուած սեղան չկայ։ Կը հիւրասիրուին անուշեղէնով եւ սուրճով միայն։

Ձիւնը արագ հալեցաւ։

Այս տարի նկատելի է մեծ փոփոխութիւն Յունուարի սկիզբը հեռարձակուած ծրագիրներուն մէջ։ Անցեալ տարիներուն անոնք ալ արձակուրդ կ’առնէին... Օրերով, ոչ մէկ լրատուութիւն։ Արխիւնեէն ձանձրալի համերգներու տեսագրութիւնները կը հանուէին եւ օրն ի բուն անոնք կը հեռարձակուէին... Այս տարի Հանրային Կայանը յայտարարեց որ առաջին անգամ ըլլալով լրատուութիւնը պիտի կատարեն առանց ընդմիջումի։ Այլ ծրագիրներ ալ կը հեռարձակուին բնական կերպով... Երեւի անդրադարձան որ կարելի չէ մեկուսանալ աշխարհէն, երկար ժամանակով... Կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այս տարի վերջինն է, որ Ամանօրեայ արձակուրդը պիտի տեւէ 13 օր... Գալ տարուանէն սկսեալ, ամսուան երեքը արդէն աշխատանքային պիտի ըլլայ... Հաւատաք կամ ոչ, կան փորձագէտներ որոնք աղիտալի որակեցին այս որոշումը։ Մարդիկ հարբած աշխատանքի պիտի երթան,֊ յայտարարեցին անոնք։ Վթարներու աճ եւ ամէն տեսակ անհամութիւններ նախատեսեցին...

Կան մարդիկ որոնք Ամանորեայ գինարբուքը իրենց անքակտելի իրաւունքը կը նկատեն։


Չորեքշաբթի, 3 Յունուար, 2018

Այսօր առաջին անգամ ըլլալով տունէն դուրս կ’ելլենք, այցելելու Վալդերենց տունը, Վերգուշ տատի Նոր Տարին շնորհաւորելու։ Նոր արդիական եւ մեծ պաստառով հեռատեսիլ մը փոխարինած է իրենց հին հեռատեսիլը։ Կ’ուրախանանք, որ մեր համագիւղացիները կարող են նման գնումներ ընել...

Տուն չվերադարձած հեռաձայն կը ստանանք վարորդ Հրայրի ընտանիքէն, իրենց տունը այցելելու հրաւէրով։ Կը համաձայնինք երեկոյեան հանդիպիլ։

Աշտարկի խանութները տակաւին փակ են։ Եռուզեռ չկայ։ Հրայրենց սեղանը ըստ սովորութեան բաց է ։ Հրայրի մայրը` Անահիտը եւ քոյրը` Անին կը թարմացնեն սեղանի ճաշերը։ Խոզի զիստի կողքին կայ պարտադիր «պլինչիկ»ը եւ խաղողի տերեւով փաթթուած «թփի տոլմա»ն։ Անսովոր է տեսնել նաեւ Էջմիածնի քիւֆթէն եւ միջուկով քիւֆթէն, այս վերջինը, որովհետեւ Անահիտի ծնողները Սուրիայէն գաղթած են վաթսունական թուականներուն։ Անին արհեստով խոհարար է, ուստի կան նաեւ զանազան թխուածքներ։ Այս ճոխ սեղանին շուրջ, տաքուկ մթնոլորտի մէջ, քանի մը ժամ կ’անցընենք։ Զանազան հարեւաններ, ընկերներ եւ ազգակններ այս միջոցին կու գան կարճ այցելութիւններու։ Անոնցմէ ամէն մէկուն համար կը թարմացուին սեղանին ուտեստները... Անահիտն ու Անին անդադար խոհանոցէն հիւրասենեակ անցուդարձի մէջ են։ Կ’ըսեն, որ տակաւին շատ մը հարազատներ չեն այցելած, ուստի կը նախատեսեն դեռ քանի մը օր այս վիճակը պահպանել...

Հետաքրքրական է, որ այցելուներէն կին մը կը պատմէ, որ իրենք ընտանիքով աղջկան տունը գացած են եւ միասին դիմաւորած Նոր Տարին։ Ուրեմն հոս ալ ընդարձակ ընտանիքով դիմաւորելու սովորութիւնը կ’արմատաւորուի...

Երբ տուն կը վերադառնանք, արդէն մթնած է։ Աշտարակը անճանաչելի է։ Փողոցները տօնական լուսաւորութեամբ են։ Ծառուղիներու երկայնքին ծառերու կոճղերը լամբերով պատուած են։ Այլեւս միայն Երեւանը չէ որ տօնական տեսք կը ստանայ... Հրապարակի Կաղանդի ծառին տակ Կաղանդ Պաային շուրջ հաւաքուած են երախաներ իրենց ծնողներուն հետ։  Հաւանաբար սխալ է յառաջդիմութիւնը նման բաներով չափելը սակայն, այս փոփոխութիւնները մայրաքաղաքէն դուրս, կը յուսադրեն մեզ, մարզերու ապագային ուղղութեամբ...

 

Հինգշաբթի, 4 Յունուար, 2018

Յովիկին եւ Դալարին ամուսնութիւնէն քանի մը ամիս ետք, մեր կեանքին մաս կազմեց Քայզըրը` miniature shnouzer զտարիւն շունը։ Ան դեռ մէկ ամսական էր երբ միացաւ մեր ընտանիքին եւ դարձաւ բոլորիս սիրելին։ Թոռնիկներու բացակայութեան, զայն մեր առաջին եւ միակ թոռնիկը կը կոչէինք կատակով, մինչեւ որ հասան մեր չորս թոռները։ Ան բարեհամբոյր եւ ջերմ շնիկ մըն է, որ բազմաթիւ հաճելի պահեր ընծայած է մեր ընտանիքին։  Այսօր Յովիկը կը հեռաձայնէ, որ ան լուրջ հիւանդ է։ Սրտին շուրջ հեղուկ հաւաքուած է եւ հիմա հիւանդանոցն է։ Շուն չսիրողներուն համար, կրնայ տարօրինակ երեւիլ սակայն այս լուրը կը տխրեցնէ մեզ։ Ամէն ժամ կը կապուինք Յովիկին հետ նոր զարգացումները իմանալու համար։ Հեղուկը կը հեռացնեն եւ կը յուսան, որ ան նորէն չի հաւաքուիր։ Այս գիշեր հիւանդանոցին մէջ պիտի գիշերէ։ Յոյսով ենք, որ վաղը տուն պիտի վերադառնայ մաս կազմելու խթման հաւաքին...


Ուրբաթ, 5 Յունուար, 2018

Խթման հաւաքը մեր ընտանեկան աւանդոյթներէն մէկն է։ Հոս այդ սովորութիւնը չկայ։ Տօնախմբութիւնները Նոր Տարիին հետ կապ ունին եւ ոչ թէ Սուրբ Ծնունդին, թէեւ դատելով ձկնավաճառին մօտ իրարանցումէն, այդ օրը ձուկ ուտելու աւանդոյթը պահուած կը թուի ըլլալ...

Բոլորս ալ ունինք մեր մեծամտութիւնները։ Ամէն տարի, Սուրբ Ծննդեան եւ Յարութեան տօներէն առաջ, մեր Ուշիի տան մէջ կը հաւաքուինք ճաշակելու աւանդական խթման ճաշատեսակները։ Ինծի համար այս նշումը կրօնականէն աւելի ազգային է։ Փափաքս է, որ զայն նշելը մեր հայրենիքին մէջ դառնայ սովորական։ Այս հաւաքները կազմակերպելով, կը ջանամ մեր անմիջական շրջանակին մէջ արմատաւորել այս աւանդոյթը։

Այս տարի, հրաւիրեալներու շրջանակէս ոմանք ամանորեայ արձակուրդի գացած են երկրէն դուրս, իսկ ուրիշներ զբաղ են։ Կ’որոշենք աւանդական ճաշերը փոքր քանակութեամբ պատրաստել եւ խթումը նշել երեքով` Մարգարը, ես եւ ընկերուհիս Հիլտան, մինչեւ որ Վալդերը կու գայ մեզի իրենց տունը հրաւիրելու խթման ճաշի։ Պէտք է ըսել, որ կ’ուրախանամ, առնուազն Վալդերենք, խթման նշումը որդեգրած են...

Սեղանին իշխանաձուկն է եւ բրինձով բիլաւ։ Ես ալ հետս տարած եմ, ազատգեղով ձուազեղ (իւճճէ), որ մեր տանը միշտ կը պատրաստուէր այս առիթով։ «Գիտէի որ անպայման աւանդական ճաշերէն մի բան բերելու ես»,֊ կ’ըսէ տանտիրուհի Լաուրան։

Ջերմ եւ անսեթեւեթ մթնոլորտի մէջ կը նշենք խթումը եւ բաժակ կը բարձրացնենք շնորհաւորելով զիրար։

Հոս Աւետիսի սովորութիւն չկայ։ Եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի ճրագալոյցի պատարագը, ապա ժողովուրդը լապտերներով եկեղեցիէն լոյս կը տանի տուն։ Կ’որոշեմ հարեւան Հիլտան զարմացնել եւ երեկոյեան իր դրան առջեւ իմ ագռաւային ձայնովս կը սկսիմ երգել «Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան, Աւետիս», ժպիտ բերելով իր դէմքին։ Իր շունը` Ճերմակը, զարմացած կը նայի ինծի չկարենալով հասկնալ տեղի ունեցածը, բայց անդրադառնալով որ ան անսովոր է...


Շաբաթ, 6 Յունուար, 2018

Առաւօտեան ժամը վեցին կը կապուինք մեր զաւակներուն եւ թոռներուն հետ։ Թորոնթոյի մէջ, հաւաքուած են Յովիկի եւ Դալարի տունը։ Արդէն Աւետիս երգողները այցելած են իրենց։ Հարսերս Դալարը եւ Գայանէն սիրով ստանձնած են փոխն ի փոխ խթում տօնելու, մեր ընտանեկան աւանդոյթը։ Ճաշասեղանին մեր ընտանեկան խթումի բաղադրատոմսերով ճաշերն են, որոնք ղրկած եմ իրենց տարիներ առաջ։

Մեր չորս թոռները կը ճրուողեն, իրար կը հրմշտկեն պաստառին երեւելու համար եւ պաչիկներ կը ղրկեն։ Նայիրան եւ Դուինը ամէն անգամ, որ մեծ հայրիկ կամ մեծ մամա կ’ըսեն մեր սրտերը կը լեցնեն յուզմունքով... Քայզըրը տուն եկած է հիւանդանոցէն եւ անկիւն մը ծուարած կը հետեւի թոռներուս ստեղծած իրարանցումին։ Իրեն բարի ապաքինում կը մաղթենք։ Կը յուսանք, որ տակաւին մեր հետ պիտի ըլլայ երկար տարիներ... Յունուարի 2-ին եօթը տարեկան դարձաւ...

Ժամը ճիղտ 10։30-ին կը սկսի Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Ծննդեան Սուրբ Պատարագի հեռարձակումը։ Անոր հետեւիլը իսկական վայելք է քանի մը պատճառներով։ Նախ այն, որ բոլոր ծէսերը կը լուսաբանուին եւ մեզի կը բացատրուի ամէն շարականի, ընթերցումի կամ արարողութեան իմաստը, որը միշտ չէ որ յայտնի է բոլորիս։ Օրինակ, այսօր առաջին անգամ կ’իմանամ, որ պատարագիչ քահանայի պտոյտը ժողովուրդին մէջ կը կոչուի աշխարհագնաց եւ կը խորհրդանշէ Յիսուսի կեանքը երկրի վրայ եւ ապա երբ կրկին խորան կը բարձրանայ, այդ կը խորհրդանշէ Յիսուսի բարձրացումը երկինք... Երկրորդ, հոս մատուցուող հայերէնը հիասքանչ է։ Արարողութիւնը մեծաւ մասամբ գրաբարով է անշուշտ, բայց մեկնաբանութիւնները, որոնք կ’ընկերանան արարողութեան, մաքուր արեւելահայերէնով են... Երրորդ, մեր հիանալի եկեղեցական երաժշտութիւնը հոս կը կատարուի ոչ թէ սիրողական, այլ արհեստավարժ մակարդակով, անոր ունկնդրութիւնը դարձնելով իսկական վայելք։

Այս տարի շեշտը դրուած կը թուի ըլլալ հայկական բանակին վրայ։ Կաթողիկոսի ամպհովանին բռնող չորս սարկաւագները հայկական բանակին մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցողներ են։ Ջրօրհնէքի կնքահայրը պաշտպանութեան նախարար` Վիգէն Սարգսեանն է։ Խորանին վրայ է բանակին մէջ հոգեւոր ծառայութեան պատասխանատու հոգեւորականը։

Արարողութենէն ետք, երբ կաթողիկոսը դուրս կ’ելլէ եկեղեցիէն, ամպհովանիին տակ իրեն կը միանայ պաշտպանութեան նախարարը, ձեռքին այն հսկայ խաչը որ գործածուեցաւ ջրօրհնէքի ժամանակ։ Ժողովուրդը կը ջանայ շօշափել թէ Կաթողիկոսի ձեռքի խաչը, թէ ալ նախարարի ձեռքի խաչը։ Մինչ կաթողիկոսը ազատօրէն կը շարժէ իր փոքրիկ խաչը ընդառաջելով ժողովուրդին անոր դպչելու փափաքին, նախարարը երկու ձեռքով կը ջանայ բարձր պահել մետաղեայ հսկայ եւ ակնյայտօրէն ծանր խաչը, նոյն նպատակաւ...

Բանասէր Մարգարիտը Մուղնիի եկեղեցին եկած է Սուրբ Ծննդեան պատարագի։ Անկէ վերջ կը հանդիպի մեզի։ Կէսօրէն ետք, խոհանոցի սեղանին շուրջ կը շօշափենք մեր բոլոր լեզուական խնդիրները, արեւելահայերէնը օտարաբանութիւններէն մաքրելէն մինչեւ ուղղագրութեան հարցը։ Մարգարիտը կը գտնէ, որ արեւելահայերէնի մաքրագործումը պիտի նպաստէ մեր լեզուի երկու ճիւղերուն մերձեցման։ Ուղղագրութեան դասականի վերադարձի հարցով կը գտնէ որ տակաւին կանուխ է եւ հիմա, զայն որդեգրելը առիթ պիտի դառնայ շահարկումներու... Կան բաներ, որոնք ըմբռնելու կարողութիւնը չունինք։ Մեր մտքէն իսկ պիտի չանցնէր, որ նոյնիսկ ուղղագրական հարցը կարելի է շահարկել փող վաստկելու անօրինական միջոցներու տեղի տալու...

Ունինք երկու այցելութիւններ։ Նախ Էջմիածնէն կու գան «մեր» աղջիկներէն Ֆենիան եւ ամուսինը` Թորգոմը, իրենց մէկ տարեկան Արեւիկին հետ։ Ապա կու գայ դարձեալ «մեր» աղջիկներէն` Արփինէն, իր երեք ամսական Արեւիկին հետ, Արգինա գիւղէն։ Երկու Արեւիկներն ալ շատ սիրուն եւ խնամուած երախաներ են, եմ մեր սրտերը կը լեցնեն արեւով... Ուրախ ենք, որ «մեր» աղջիկները երբ գիւղ կու գան, տակաւին կը պահպանեն կապը մեզի հետ։  

Երեկոյեան կանուխ կը մտնեմ անկողին։ Մեր լեզուական կնճռոտ հարցերը քննարկելը նոյիսկ ֆիզիքապէս յոգնեցուցած է զիս...


Կիրակի, 7 Յունուար, 2018

Կիրակնօրեայ զբօսանքի մեր կարելիութիւնները սահմանափակ են, մանաւանդ ձմեռը, եթէ չենք ուզեր շատ հեռանալ Ուշիէն։ Կ’որոշենք այցելել փորձուած «Հին Աշտարակ» ճաշարանը, սակայն զայն կը գտնենք փակ։ Մեծ թիւով հաստատութիւններ մինչեւ վաղը փակ են...

Կ’երթանք, «Նաւոյի» ճաշարանը։ Իրենց մօտ այս տարուան առաջին հիւրերն ենք։ Իրենք ալ պաշտօնապէս վաղը պիտի բանան իրենց դռները, սակայն այսօր բաց են, տարեդարձի մը տօնակատարութեան պատճառաւ... Տօներու առթիւ, մարզերը կ’առկախեն սովորական կեանքը։ Այս օրերուն միայն իրարու տուն կարելի է այցելել...  


Երկուշաբթի, 8 Յունուար, 2018

Երեւան պէտք է իջնել, կրկին ատամնաբոյժին այցելելու։ Հրաժեշտ կու տամ երկու ակռայի եւս... Այսօր նոր տարուան առաջին աշխատանքային օրն է, ուստի եռուզեռը նկատելի է։ Արագ Ուշի կը վերադառնանք, կրկին մեր գիւղի անդորրը գտնելու։ Տակաւին փողոցի դուռը չբացած կը սկսին այցելութիւնները։ Նախ կու գայ Գեղեցիկը, ապա «մեր» տղոցմէ Դաւիթն ու մայրը` Թեհմինէն։ Շուտով պէտք է երթալ Վալդերենց։ Այսօր իր տարեդարձն է... Երբեմն անդորրը կարելի չէ գտնել նոյնիսկ մեր գիւղին մէջ։

«Պայքար» շաբաթաթերթի Յունուար 7֊ի համարին մէջ կը կարդամ,֊

«Ամերիկահայ վարդասայլի ընկերակցութեան կողմէ Փասատինայի 129֊րդ տարեկան վարդատօնին առթիւ պատրաստուած հայկական ծաղկասայլը արժանացաւ «Դատաւորներու մրցանակ»ին` գերազանց ձեւաւորման եւ ազդեցիկ ներկայացման համար: «Հայկական Արմատներ» խորագրուած այս ծաղկասայլը յարգանքի տուրք մըն էր հայ կիներուն` մեծ մայրերուն, մայրերուն, քոյրերուն եւ դուստրերուն նկատմամբ, որոնց կեանքը ամբողջ նուիրում է եղած եւ որոնք ազնուութեան եւ բարութեան խորհրդանիշ, յոյսի եւ լաւատեսութեան ներշնչման աղբիւր կը մնան: Ընկերակցութեան կողմէ համայնքէն ընտրուած ինը կիները յատուկ պատիւի արժանացան... Ըստ աւանդութեան վարդատօնը տեղի կ՚ունենայ ամէն տարուան Յունուարին»:

Հայաստանեան մամուլին մէջ չհանդիպեցայ այս լուրի լուսաբանման։


Երեքշաբթի, 9 Յունուար, 2018

Անցեալ Երեքշաբթի աղբահաւաքը չերեւաց։ Ենթադրեցինք, որ տօնական

արձակուրդի պատճառաւ է։ Այսօր կրկին չերեւաց։ Պատճառը արդէն անծանօթ է մեզի։

Այսօր ընկերուհիս Հիլտային հետ Աշտարակ իջանք, թելերու խանութը այցելելու։ Ձմեռը հիանալի եղանակ է թոռներուս համար բաճկոններ հիւսելու։ Մարգարէն խնդրելու պէտք չունինք, որ մեզ տանի։ Թէեւ կը մերժեմ Երեւանի մէջ ինքնաշարժ վարել, սակայն, Աշտարակի մէջ եւ մեր գիւղի շրջակայքը կը համարձակիմ...

Առաւօտները, շատ կանուխ, երբ մեր գիւղը այս եղանակին խոր քունի մէջ է, կը նստիմ համակարգիչիս առջեւ ռուսերէն լեզուին հետ ընտելանալու համար։ Ամէնէն դժուարը ինծի համար կարդալն է։ Տառերը, հայերէնի նման մէկ ձեւով չէ որ կը հնչուին։ Նոյնիսկ բաղաձայնները բառի համեմատ տարբեր հնչիւններ ունին... Թէեւ հայերէնի մէջ բայական խոնարհումը եւ գոյականներու հոլովումը կ’ենթադրեմ, որ դժուար կրնայ ըլլալ զայն սորվիլ ուզողին համար, սակայն կարդալու դիւրութիւնը (ամէն տառ իր յատուկ հնչումը ունի), յոգնակիի կազմութեան պարզ օրէնքները, նոյնիսկ ուղղագրական կանոնները կարելի չէ բախտատել ռուսերէնի հետ։ Զիս կը զայրացնէ, այն պարագան, որ խորհրդային օրերուն, փոխանակ կանոնակարգելու ռուսերէնը, որոշեր են փոխել մեր ուղղագրութիւնը։ Շատ դժուար է հասկնալ տրամաբանութիւնը... Մեր տառերը կորսնցուցած են իրենց անունները, եւ այբ, բեն, գիմը, դարձած է ա, բը, գը, դը, կ’ենթադրեմ, որովհետեւ ռուսերէն տառերը չունին անուններ... Ուղղագրական «բարեփոխումը» կատարուած է հասարակութիւնը «գրագէտ» դարձնելու պատրուակով։ Միթէ ռուսերը այն ժամանակ արդէն «գրագէտ» էին եւ նման բարեփոխում իրենց պէտք չէ՞ր...

Բանասիրական հմտութիւն չունիմ, եւ ուրեմն մտորումներս գիտական հիմք չունին։ Սակայն, անոնք մեծ հարցականներու կը վերածուին ուղեղիս մէջ եւ կը մնան անպատասխան... 


Չորեքշաբթի, 10 Յունուար, 2018

Տարիներէ ի վեր կը մտածենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարորդական իրաւունք ձեռք ձգել, սակայն անոր կարգը անծանօթ է մեզի։ Ոմանք կը մտածեն, որ հեշտութեամբ այլ երկրի վարորդական իրաւունքը կարելի է փոխանակել, հարկ եղած մուծումները ընելով, իսկ ոմանք կը պնդեն, որ պէտք է քննութիւններ անցընել եւ բեռնատար վարել գիտնալ... Մենք տակաւին միջազգային վարորդական իրաւունքով կը վարենք։ Այսօր կ’որոշենք ստոյգ տեղեկութիւններ ձեռք ձգել։

Համացանցէն կը գտնեմ Ճանապարհորդային Ոստիկանութեան հեռաձայնի թիւը (հոս պիտի ըսէին համարը)։ Կը հեռաձայնեմ։ Կ’ըսեմ, որ կ’ուզեմ իմանալ արտասահմանեան վարորդական իրաւունքը հայկականի վերածելու կարգը։ Կը պատասխանեն, որ երթանք Երեբունիի ճանապարհորդային ոստիկանական բաժանմունքը, ընել հարկ եղած մուծումները եւ փոխանակել վարորդական իրաւունքը։ Խանդավառուած կ’իջնենք քաղաք այս գործարքը իրականացնելու։ Մեզի հետ է նաեւ Վալդերը։ Ափսոս կ’իմանանք, որ Գանատան, Ամերիկան եւ Աւստրալիան չեն ստորագրած 1968-ի Վիեննայի համաձայնութիւնը եւ մեր վարորդական իրաւունքները կարելի չէ փոխանակել։ Պէտք է սկսինք զերոյէն։ Նախ գրաւոր քննութիւն ապա գործնական փորձ։ Պէտք է ըսել, որ այս տեղեկութիւնը մեզի կը փոխանցուի չափազանց քաղաքավարի եւ հեզահամբոյր կերպով։ Մօտ 50 տարի ինքնաշարժ վարելէ ետք, կրկին փորձառկութիւն անցընելը տարօրինակ է մեզի համար, բայց օրէնքը օրէնք է...

 


Կ’ուղղուինք Աշտարակի բաժանմունք։ Ես կը հրաժարիմ այս անգամ փորձելէ։ Մարգարը կը յարատեւէ։ Ես կը սպասեմ ինքնաշարժին մէջ։ Ժամ մը վերջ Վալդերը եւ ինք դուրս կու գան յաղթական։ Մարգարը համակարգիչի միջոցաւ անցուցած է գրաւոր քննութիւնը, բաժանմունքի աշխատողները ծանօթ են մեզի։ Գիտնալով որ երկար տարիներու վարորդ է զանց կ’առնեն գործնական քննութիւնը։ Մարգարը կ’ըսէ, որ անոնք չափազանց քաղաքավարի եւ յարգանքով վարուած են իրեն հետ։ Կէս ժամ ետք կը ստանայ վարորդական իրաւունքը։

Պէտք է ըսել, որ որոշ հարցերու մէջ չափազանց զգացական ենք։ Մարգարը մանուկի նման ուրախացած է։ Վարորդական իրաւունքի ֆոնին Հայատանի քարտէսն է, աջին եռագոյնը։ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած օրուան նման եօթներորդ երկինքի բանակիչ է...

Կ’ուզէ անպայման նշել այս իրողութիւնը, սակայն հերթի պէտք է սապասել։ Այսօր հարեւան Հիլտան գրանցուեցաւ որպէս Ուշիի բնակիչ։ Անոր նշումը արդէն որոշուած էր։ Քանի մը օրէն ալ իր հայկական վարորդական իրաւունք ստանալը կը նշենք... 

 

Հինգշաբթի, 11 Յունուար, 2018

Այսօր յատկանշական ոչինչ կարելի է արձանագրել...


Ուրբաթ, 12 Յունուար, 2018

Գիշերը թեթեւ ձիւն տեղացած է։ Բարակ սպիտակ ծածկոյթը երկար չի յարատեւեր...

Տալմայի շուկան եռուզեռ չկայ։ Նոյնիսկ մթերային գնումներ ընողները բեռնաւորուած սայյլակներով դուրս չեն գար։ Յետ տօնական անդորրը ակնյայտ է։ Յունուարը, մեր ապրած երկիրներուն մէջ միշտ այս կերպ կը ձեւաւորուի... Դեկտեմբերի դոհ ու բոհին կը յաջորդէ անգոյն եւ աննպատակ Յունուարը...


Շաբաթ, 13 Յունուար, 2018

Այս երեկոյ հարեւաններով կը հաւաքուինք մեր տան մէջ նշելու Մարգարի Հայկական վարորդական իրաւունք ստանալու առիթը։ Յատկանշական է, որ սեղանին շուրջ, խօսակցութեան նիւթ կը դառնայ թէ ուրիշ ի՞նչ կարելի է նշել Յունուարին...

Մեր մօտ կը շարունակուի մեղմ եւ արեւոտ ձմեռը։ Լուրերէն կ’իմանանք աշխարհի զանազան կողմերը սաստիկ ցուրտի եւ անոր պատճառած մահերու մասին...


Կիրակի, 14 Յունուար, 2018

Սփիւռքահայ մամուլը ողողուած է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի մասին յօդուածներով եւ զանազան նախաձեռնութիւններու յայտարարութիւններով։ Նոյնը կարելի չէ ըսել հայաստանեան մամուլին մասին, չնչին բացառութիւններով։ Անցեալ Ապրիլին Նախագահի հրամանով կազմուեցաւ պետական յանձնաժողով, նախագահութեամբ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի,  կազմակերպելու այս մեր պատմութեան կարեւոր դրուագի նշումը, սակայն այդ մասին անգամ մըն ալ չլսեցի....

Ինծի համար չափազանց զարմանալի է նաեւ որ աւելի շատ կը խօսուի «Մայիսեան հերոսամարտեր»ու մասին, քան թէ մեր պետականութեան վերականգման մասին... Հերոսամարտերը անքակտելի մասն են մեր պետականութեան վերականգման, սակայն պէտք է յստակացնել, որ ի՞նչ կը տօնենք։ Արդե՞օք պիտի չկարենանք ձերբազատուիլ խորհրդային բառամթերքէն այս տօնին անդրադառնալու տեսակէտէն...   


Երկուշաբթի, 15 Յունուար, 2018

Այսօր այցելութեան կու գայ Երեւանցի Անին։ Նոր վերադարձած է Լիբանան այցելութենէ մը։ Խանդավառութեամբ չի խօսիր Լիբանանի մասին, թէեւ ան երկար տարիներ իր տունը եղած է...


Երեքշաբթի, 16 Յունուար, 2018

Կէսօրին ժամադրուած ենք, մեր մարզի` Արագծոտնի մարզպետ` Աշոտ Սիմոնեանի հետ, Հին Աշտարակ ճաշարանին մէջ։ Մեր մարզպետը երիտասարդ, ներկայանալի, կրթուած եւ աշխոյժ տղայ կ’երեւի։ Իր աջակցութիւնը կը խնդրենք մանկապարտէզներու կառուցային եւ այլ օրէնքները ձեռք ձգելու համար։ Շատ լաւ կը տպաւորէ մեզ։

Այսօր նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային Հերոս բարձրագոյն կոչման արժանացած Հայաստանի Ազգային Ակադեմիական երգչխումբի ղեկավար` Յովհաննէս Չէքիճեանի շքանշանի յանձման հանդիսութիւնը։ Ըստ համացանցին, ան այս տարուան Դեկտեմբերին կը դառնայ 90 տարեկան։ Ծերունիի տպաւորութիւն չի ձգեր   իր շարժուձեւերով, ոչ ալ խօսակցութեամբ։ Տակաւին կը վարէ իր պաշտօնը։ Ան Հայաստան ներգաղթած է Պոլսէն վաթսունական թուականներուն։ Նախագահը իր խօսքին մէջ կը նշէ ներգաղթող մեր մեծերու անունները` ինչպէս Սարեանը, Փափազեանը եւ այլոք եւ անոնց ներդրումը մեր երկրի մշակութային կեանքին մէջ։

Չէքիճեանը նման կոչում ստացողներուն 17-երորդն է։ Աչքէ կ’անցընեմ ցարդ ազգային հերոսի կոչման արժանացած մարդոց ցանկը։ Անոնք բացառապէս արական սեռին կը պատկանին։ Առաջինը Վազգէն Ա. կաթողիկոսն է, հոգեւոր արժէքներու պահպանման եւ բազմապատկման համար, երկրորդը` Վկտոր համբարձումեանն է։ Չորսը բարերարներ են, երեքը քաղաքական գործիչներ, որոնցմէ մէկը ազգութեամբ ռուս է։ Եօթը հայրենիքի պաշտպանութեան զոհուածներու տամադրուած է, յետ մահու։ Յովհաննէս Չէքիճեանը առաջին մշակոյթի գործիչն է, որ կ’արժանանայ այս կոչումին։ Ճիշտ է, որ Շարլ Ազնաւուրը, որ մշակոյթի գործիչ է, ունի այս կոչումը, սակայն ան ազգային հերոս դարձած է ոչ թէ իր մշակութային ժառանգութեան համար, այլ հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար։


Չորեքշաբթի, 17 Յունուար, 2018

Կը ձիւնէ։ Մարգարը փայտի կրակարանը (հոս զայն բուխարի կը կոչեն) կը վառէ, ոչ թէ ջեռուցման օգնելու այլ մթնոլորտ ստեղծելու համար։ Կը նստինք կրակին մօտ հանդիպակած բազկաթոռներու վրայ։ Մարգարը գիրք կը կարդայ, իսկ ես հելունով երախայի ծածկոց կը գործեմ։ Ապրիլին «մեր  տասը երախաներ»էն  երկուքը զաւակներ պիտի ունենան... Արդէն երեք ուշեցի «թոռներ» ունինք։ Ասոնք պիտի ըլլան չորորդը եւ հինգերորդը։ Նման օրերու չենք մոռնար շնորհակալ ըլլալու մեզի վիճակուած ճակատագրէն...


Հինգշաբթի, 18 Յունուար, 2018

Այսօր տեղացող ձիւնը լրջացաւ եւ սկսաւ կուտակուիլ։ Գիւղը ամայացած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգէ։ Անցնող ինքնաշարժներուն թիւը կտրուկ նուազեցաւ։ Հատ ու կենտ այցելուներ ունեցանք, բայց անոնք շտապեցին տուն իրենց վառարաներուն մօտ...

Մարգարը այցելութեան գնաց մեր անմիջական հարեւանին` Կորիւնին մօտ։ Քանի մը օր առաջ անոր 82֊րդ տարեդարձն էր։ Ժամ մը վերջ վերադարձաւ եւ յայտարարեց, որ տունէն դուրս ելլելու օր չէ...

 


Բախտատուած գանատական ձմեռներուն, որոնց վարժ ենք, այս քանի մը սանթիմ ձիւնը պէտք չէ տպաւորէ մեզ։ Թորոնթոյէն հարսս կ’ըսէ, որ իրենք երէկ գիշեր 30 սանթիմ ձիւն ունեցած են... Բայց մենք վարժուեցանք արեւոտ եւ տաքուկ ձմրան...

Ձիւնը ճերմակ կը մնայ հոս։ Քաղաքներու կեղտոտած ձիւնը հոս կարելի չէ գտնել։ Տեսարանը հեքիաթային է։ Շարք շարք ծառերը երբ ձիւնով ծածկուին եթերային տեսք կը ստանան...


 Ուրբաթ, 19 Յունուար, 2018

Այսօրուան գլխաւոր լուրը, Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահի թեկնածուի անուան հրապարակումն է։ Իշխող կուսակցութիւնը (Հանրապետական), առաջադրեց Արմէն Սարգսեանի անունը։ Ցարդ միայն գովասանքով կ’արտայայտուին իր մասին։ Ածականները բազմաթիւ են,֊ գիտնական (բնագիտութիւն, Ուսողութիւն, համակարգչային մոտելաւորում), համալսարանի դասախօս (Երեւանի Պետական Համալսարան, Օքսֆորտի համալսարան, Քէմպրիճի համալսարան), Բազմաթիւ գիտական յօդուածներու հեղինակ (տեսական բնագիտութիւնն, աստղա֊բնագիտութեան, համակարգչային մոտելաւորում, քաղաքականութիւն), աւագ խորհրդատու միջազգային ընկերութիւններու (British Petroleum, Alcatel, Telefonica, Meryl Linch, Bank of America, եւայլն), գործարար (Tetris-Wordtris, Knightsbridge Group,  Highbury Group, Knightsbridge Cybersystems  եւայլն), դիւանագէտ (դեսպան  Միացեալ Թագաւորութեան, Իրլանտայի, Լուքսէնպուրկի, Հոլանտայի,Վատիկանի, Պէլճիքայի), քաղաքական գործիչ (Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար), բարերար (Երեւանի մանկական վերականգնողական կեդրոն), նախկին վարչապետ (1996֊97), բազմիցս պարգեւատրուած (Հռոմի Պապ, Ամէնայն Հայոց Կաթողիկոս, Հայաստանի հանրապետութիւն)։ 64 տարեկան է։

Նաեւ «Eurasia House International կազմակերպության հիմնադիր նախագահն է: 2001-2011 Քեմբրիջի համալսարանի Ջաջ բիզնես դպրոցում Եւրասիական կենտրոնի հիմնադիրն ու տնօրէնը: Ամէնամեայ Եւրասիական մեդիա ֆորումի (Astana), Քեմբրիջի համալսարանում Տարեկան ազդեցիկ կոնֆերանսի հիմնադրիրն է... Էներգետիկ անվտանգութեան գլոբալ խորհրդի նախագահն է (WEFForum), Արեւելք-Արեւմուտք ինստիտուտի (EWI) փոխնախագահը, Եւրոատլանտեան անվտանգութեան նախաձեռնութեան յանձնաժողովի համանախագահը (Էներգետիկ անվտանգութեան նախագահ), Բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խմբի հիմնադիր նախագահը, Համաշխարհային առաջնորդության հիմնադրամի (GLF) խորհրդի անդամը, Հարվարդի համալսարանի Քենեդու կառավարման դպրոցի խորհրդի անդամը, Շիկագոյի համալսարանի հանրային քաղաքականութեան ուսումնասիրությունների Հարրիսի դպրոցի խորհրդի անդամը, Ջոն Սմիթ Հիմնադրամի հոգաբարձու է,  Միջազգային տնտեսական ալիանսի համաշխարհային առաջնորդության խորհրդի անդամ, պատուաւոր աւագ հետազօտող մաթեմատիկական գիտութիւնների դպրոցում, Հայաստանի գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի պատուաւոր դոկտոր է...»

Նաեւ Կիւմրիի զարգացման հիմնադրամի նախագահ, «Երեւան Իմ Սէր» հիմնադրամի հոգաբարձուների նախագահ, եւայլն։ Այս վերջինիս գործունէութիւնը ուղղուած է Երեւանի ճարտարապետական մշակութային ժառանգութեան վերականգման եւ պահպանմանը։

Վստահ եմ, որ հաւաքած տեղեկութիւններս ամբոջական չեն։ Մեր ապագայ նախագահի թեկնածուն չափազանց բեղուն գործունէութիւն ծաւալած ըլլալ կը թուի...

Լուրերուն վրայ երկրորդ տեղը գրաւած էր Հրանտ Տինքի սպանութեան 11֊երորդ տարելիցը, իսկ երրորդը, խորհրդարանական «Ելք» խմբակցութեան կազմակերպած քայլարշաւը, ընդէմ սղաճի (տեղական ըսելաձեւով գնաճ)։

 

Շաբաթ, 20 Յունուար, 2018

Ըստ օդերեւութաբանական կանխատեսումներու այսօր գարնանյին եղանակ կը սպասուի։ Իրապէս, ջերմաստիճանը կը բարձրանայ։ Կը կարդամ, որ Զուարթնոց օդակայանի մօտ 15 աստիճան գրանցուած է, որը աննախադէպ ցուցանիշ է...

Կէսօրէն ետք, անակնկալ կերպով մեզի այցելութեան կու գան երկու սուրիահայ տղամարդիկ` Մեսրոպն ու Վարդգէսը։ Երկուքն ալ կ’ըսեն, որ երեք տարիէ ի վեր Երեւան կը բնակին։ Վարդգէսը մեր հարեւան Կարբի գիւղին մէջ տուն մը առած եւ նորոգած է։ Շուտով կնոջ եւ աղջկան հետ հոն պիտի փոխադրուի։ Քամիշլիէն է։ Զաւակները ցիրուցան դարձած են։ Մէկը` Շուէտ, միւսը` Թորոնթօ, ուրիշ մը Մոնթրէալ... Կը մտադրէ վերադառնալ Քամիշլի ամէն ինչ ծախելով հոս հաստատուելու համար։ Մեսրոպն ալ նոյնը կ’ըսէ Հալէպի մասին։։ Աղջիկը հոս գործ գտած է արդէն... Մեր մասին լսած են մեզի ծանօթ այլ սուրիահայերէ... Հաճելի մարդիկ են։ Յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց, իրենց հոս կայանալու ճիգերուն մէջ։

Բանակի խնճոյքներու եղանակն է։ Ամէն զինակոչիկի բանակ երթալու պարագան կը նշուի խնճոյքով։ Խնճոյքով կը նշուի նաեւ անոնց վերադարձը։ Ձմեռնային զօրակոչի եւ զօրացրման  ժամանակն է։ Այսօր երեք տարբեր հաւաքներ կան մեր գիւղին մէջ, մէկը`  Մշակոյթի տան մէջ, իսկ երկուքը իրենց տուներուն մէջ...   Յաճախ այս խնճոյքները կը դառնան նաեւ զինուորի մկրտութեան առիթ, ընդհանրապէս բանակ երթալէն առաջ, սակայն կը լսեմ, որ գալ շաբաթ զօրացրուող զինուորի մը խնճոյքը պիտի զուգորդուի մկրտութեամբ։


Կիրակի, 21 Յունուար, 2018

Կիրակնօրեայ զբօսանքի համար այսօր կ’որոշենք Կովկաս համալիրի ճաշարանը երթալ... Ճաշարանի միւս անկիւնը զբաղած են լուսանկարչութեամբ։ Գետնայարկ խոհանոցէն սպասեակները կը բերեն զանազան ճաշեր եւ լուսանկարիչը տարբեր անկիւններէ կը նկարէ զանոնք։ Նոր ճաշացանկի հրատարակութեան համար է, կ’ըսէ մեր սպասեակը։ Եւ որովհետեւ ամէնքը զբաղած են այս գործընթացով, մեր սպասարկութիւնը կը դանդաղի...

Այսօր առաջին անգամ ըլլալով (իմ դիտած կայաններէս), հեռատեսիլի կայաններէն մէկը անդրադարձաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին։ Արդե՞օք սայլը սկսաւ տեղէն շարժիլ...


Երկուշաբթի, 22 Յունուար, 2018

Այսօր կրկին Երեւան կ’իջնենք, ատամնաբոյժիս այցելելու համար։ Խցանումները անհաւատալի են։ Ի զուր չէ, որ կը մերժեմ Երեւանի մէջ ինքնաշարժ վարել... Մարգարը սառնասրտութեամբ եւ կեդրոնացումով կը յաջողի մեզ հասցնել մեր նպատակակէտերուն...

Երկար չտեւեց։ Առաջին գովասանական եւ հիացական արտայայտութիւններէ ետք, սկսան քննադատութիւնները մեր յաջորդ նախագահի թեկնածուի ուղղութեամբ։ Զարմանալի պէտք չէ ըլլայ, հոս երբ քննադատութիւնները սկսկին, եւ անոնք անխուսափելի են, բոլորովին սեւ ու ճերմակ են, բայցեր չկան...

Երեկոյեան լուր կը ստանանք, որ մեր գիւղի մուտքի կամարը վերականգնուած է։ Մեր առաջին փորձը երկար չտեւեց։ Քամին քանդեց Ուշին յայտարարող ցուցանակը։ Այսօր աւելի հաստատուն տարբերակով մը կը փոխարինենք զայն։ Մարգարը, ես եւ Արտակը կ’երթանք տեսնելու զայն։ Արդէն մթնշաղ ըլլալուն լուսաւորուած է։ Հոս հիւն տառի գլխագրին հետ հարցեր կան, որովհետեւ Աբեղեան ուղղագրութեամբ ան գոյութիւն չունի։ Ցուցանակը շինողին կը զգուշացնենք, որ Ուշին «ՈւՇԻ» ձեւով չգրէ այլ ,ՈՒՇԻ» սակայն այն տարբերակը որ իրականացուցած է գրուած է «ՈôՇԻ»...  


Երեքշաբթի, 23 Յունուար, 2018

Կրկին Երեւան ենք։ Նոր տարուան համար այնքան ծաւալուն կերպով զարդարած էին Երեւանը, որ տակաւին, փողոցներուն վրայ կախուած լոյսերը վար առնելու համար կռունկները կ’աշխատին... Որոշ խանութներու առջեւ կարելի է արդէն տեսնել խոշոր կարմիր սրտերը Վալէնթայնի տօնին համար...  Եղանակը բարենպաստ է։ Մարդիկ ծուլօրէն կը ճեմեն փողոցներն ի վար։ Կարծես ամբողջ Երեւանը զբօսնելու ելած է։ Դիտելով իրենց դէմքերն ու քալուածքը, կարելի չէ գուշակել, որ անոնք առօրեայ խնդիրներ ունին։ Սրճարանի մէջ նստած կը դիտենք անոնց տողանցը եւ իտիալական երկրի մը մէջ ապրելու խաբկանքը կը վայելենք... Մեր տարիքին արդէն գիտենք, որ նման երկիր գոյութիւն չունի։


Չորեքշաբթի,24 Յունուար, 2018

Կը կարդամ, որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող ամենատարեց անձը Ֆարանգ Պաղտասարեան անունով կին մըն է, 117 տարեկան։ Նոյն յօդուածը յատկաշական կը գտնէ որ Հայաստաի 20 ամենատարեց քաղաքացիները ծերանոցի մէջ չեն ապրիր։

Լուրերը կեդրոնացած են ՀՀ նախագահի ֆրանսա այցելութեան եւ ՀՀ Վարչապետի Զուիցերիա այցելութեան վրայ։ Առաջինը Փարիզ այցելելէ ետք կ’երթայ Սդրազպուրկ Եւրոպայի Խորհուրդի նիստին մասնակցելու, իսկ երկրորդը` Տաւոսի Տնտեսական ժողովին։ Հանդիպումներ, ելոյթներ, հարցազրոյցներ... Յատկանշական կը գտնեմ մեր նախագահի ելոյթը, որը հպարտութեամբ կը լեցնէ մեզ։ Մեր շրջակայքի ամէնէն բուռն քննադատներն իսկ կ’ընդունին, որ ան մեր երկիրը ներկայացուց ըստ պատշաճի։ 

 

Հինգշաբթի, 25 Յունուար, 2018

Սդրազպուրկի եւ Տաւոսի լուրերուն վրայ կ’աւելնան սահմանին լարուածութեան եւ բախումի լուրերը։ Անոնք միշտ անհանգստացնող են։ Մեկնաբանութիւնները չեն հետաքրքրեր զիս։ Զանոնք վերացնելու անկարելիութեան փաստն է, որ մտահոգիչ է... 

Շաբաթ, 27 Յունուար, 2018

Այսօր, Սուրբ Սարգիսը կարմիր շուրջարով եւ ոսկէ թագով, Ճերմակ ձիու վրայ նստած, առաջնորդեց ամենամեայ քայլերթը Երեւանի Սուրբ Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցիէն դէպի Բաղրամեան մողոտայի վրայ գտնուող Սիրահարների այգի։ Քայլերթին կը մասնակցէին հոգեւորականներ եւ ամէն տարիքի աշխարհականներ։ Սիրահարներու այգիին մէջ տեղի ունեցաւ արդէն աւանդական դարձած համերգը։

Սուրբ Սարգիսի տօնն էր։ Եկեղեցին զայն Valentine’s Day-ին հակադրելու եւ   զայն ազգային տօնի վերածելու իր աշխատանքները կը շարունակէ։ Սուրբ Սարգիսը կը կոչուի Սիրոյ բարեխօս եւ իր տօնը երիտասարդութեան օրհնութեան տօն։ Գովելի է այս տօնը ժողովրդականացնելու համար տարուած աշխատանքը։ Ինծի համար անհասկնալին, հակադրելու մասն է։ Սիրոյ նուիրուած ամէն տօն ծափահարելի է։ Ինչո՞ւ անպայման Վէլէնթայնը մերժելու եւ օտար բարք համարելու համար աշխատանք տանիլ։ Սուրբ Սարգիսն ալ օտար է...

Վաղը հայկական Բանակի Օրն է։ Այսօր Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ պատարագի, որուն ներկայ էր հայաստանի նախագահը, պարգեւատրուեցան 20 զինուորներ։

Մեր գիւղի եկեղեցւոյ համալիրն ալ կը կոչուի Սուրբ Սարգիս։ Այսօր հոս ալ պատարագ մտուցուեցաւ, բայց բլուր չբարձրացանք։ Երէկ գիշեր ձիւն տեղացած էր եւ առաւօտեան ձիւնհալը բլուրի ճամբան դարձուց ձեխոտ եւ դժուարանցնելի։ Կային քաջարի մարդիկ որոնք անտեսեցին այդ խոչընդոտը եւ ներկայ եղան պատարագին։


Կիրակի, 28 Յունուար, 2018

Բանակի Օրն է։ ԱՆ կը նշուի յաւուր պատշաճի,֊ այցելութիւններ Եռաբլուր, պարգեւատրումներ, համերգներ...

Սովորաբար, մեր առօրեան, խաղաղ եւ հանգիստ երկրի մը մէջ ապրելու խաբկանքը կը պարգեւէ մեզի։ Սահմանէն եկած լուրերը երբեմն կ’ընդմիջեն այս խաբկանքը, երբ կը լսենք օճախի մը եւս ճրագին հանգումին մասին։ Սահմանին զոհուած երիտասարդներու լուրերը անտարբեր չեն թողուր ոչ մէկ հայու։  Ինքնաբերաբար կը խորհրդածենք այս երիտասարդներուն չիրականացած երազներուն (հոս պիտի ըսէին երազանքներուն)  եւ ծրագիրներուն մասին, անոնց գուրգուրանքով եւ նուիրումով մեցծուցած ծնողներուն մասին... Բայց երբ սահմանը հանդարտ է, կը վերադառնանք մեր առօրեայ հարցերուն տնտեսութեան, պետականաշինութեան, արդարադատութեան, ընկերային հարցերուն...

Այսօր, սակայն, դժուար է չանդրադառնալ, որ մեր երկիրը պատերազմի մէջ է...

Երեկոյեան «Երգ Երգոց» երաժշտական ծրագիրը նուիրուած է բանակի օրուան։ Արդեօք գոյութիւն ունի՞ն այլ ազգեր, որոնց մշակոյթին մէջ այսքան խոր կերպով կ’արտայայտուին գոյատեւելու, ազատ ապրելու եւ ինքնուրոյն սեփական ճակատագիրը տնօրինելու վճռակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը...


Երկուշաբթի, 29 Յունուար, 2018

Այսօր կը հեռարձակեն երէկ Արամ Խաչատուրեանի անուան համերգասրահի մէջ տեղի ունեցած Բանակի Օրուան նուիրուած համերգը։ Կարելի չէ անտարբեր մնալ լսելով  զայն։


Չորեքշաբթի, 31 Յունուար, 2018

Այսօր ծրագիրներս գլխիվար կը շրջուին։ Կ’արթննամ բոլորովին վատառողջ։ Մեր գիւղերու բժիշկ Սաբրոն կու գայ այցելութեան եւ առաջին բուժօգնութիւն ցոյց տալէ ետք, կը կարգադրէ, որ շտապօգնութեան մեքենայով զիս փոխադրեն հիւանդանոց։

Առաջին կանգառը Երեւանի Աստղիկ բժշկական կեդրոնն է, ուր կարճ ժամանակ անյետաձգելի բուժօգնութեան բաժնին մէջ (Emergency Ward) հետազօտուելէ եւ խնամուելէ ետք, կ’որոշեն զիս փոխադրել Նորքի Վարակային Հիւանդանոց (պաշտօնական անունով Նորքի Ինֆեկցիոն Կլինիկական Հիւանդանոց)։

Ուշիի մէջ եւ ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ հարազատներ չունինք։ Մեր հարեւանները սակայն կը ստանձնեն հարազատներու դերը։ Շտապօգնութեան մեքենային կ’ընկերակցին Մարգարի կողքին, Վալդերը, Լաուրան եւ Արտաշը...


Էլիզ Շարապխանեան

Ուշի