image

Միկոյեանի՝ 1959-ի զարմանալի դիտողութիւնը Նիքսընին, թրքահայերու իրաւունքներու մասին

Միկոյեանի՝ 1959-ի զարմանալի դիտողութիւնը Նիքսընին, թրքահայերու իրաւունքներու մասին

Յարութ Սասունեան       

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Վերջերս, Միացեալ Նահանգներու արխիւներէն յայտնաբերեցի փաստաթուղթ մը, որ կը նկարագրէ ԽՍՀՄ նախարարներու խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալ Անասթաս Միկոյեանի եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ռիչըրտ Նիքսընի միջեւ 1959 Յուլիս 25-ին կայացած հետաքրքրաշարժ զրոյցը՝ վերջինիս Մոսկուա կատարած այցելութեան ընթացքին: Անոնք աւելի առաջ հանդիպած էին՝ դէպի Միացեալ Նահանգներ Միկոյեանի պատմական այցելութեան ժամանակ:

 

Պաղ պատերազմի գագաթնակէտին մրցակից երկու առաջնորդներու միջեւ տեղի ունեցած քննարկումը թէեւ քաղաքավարական բնոյթ կը կրէր, սակայն նաեւ աշխոյժ էր: Նիքսըն գովասանքի խօսքեր ըսաւ Միկոյեանի մասին, որ «Միացեալ Նահանգներու մէջ ձեռք բերած է բազմաթիւ ընկերներ, որոնք հիացած էին անոր եռանդով եւ իր տեսակէտները ճկունութեամբ արտայայտելու կարողութեամբ»: Նիքսըն նաեւ յայտարարեց, որ «Միկոյեանի այցը Միացեալ Նահանգներ կոտրած էր սառոյցը ոչ միայն պաշտօնապէս, այլ նաեւ անձնապէս՝ երկու երկիրներու համապատասխան տեսակէտներու վերաբերեալ»: Արխիւային փաստաթուղթին մէջ նշուած էր, որ Միկոյեան «սիրալիր պատասխանեց ողջոյնի խօսքին եւ աւելցուց, որ փոխնախագահը մեծ վիճաբանող մըն է եւ ոչ մէկուն պարտքին տակ կը մնայ»:

 

Զրոյցը շատ արագ վերածուեցաւ քաղաքականութեան, երբ Միկոյեան դժգոհութիւն յայտնեց Քոնկրեսի վերջին բանաձեւի անպատեհութեան մասին՝ կոմունիստական իշխանութեան կողմէ բռնագրաւուած պետութիւններու վերաբերեալ, այդ շարքին՝ Հայաստանի:  Միկոյեանի կը թուէր, որ բանաձեւը նպատակ ունէր խանգարելու Նիքսընի այցը Խորհրդային Միութիւն: Նիքսըն արդարացաւ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը անկախ մարմին է, եւ նոյնիսկ նախագահը չի կրնար վերահսկել անոր որոշումները...: Փոխնախագահ Նիքսըն շարունակեց բացատրել. «Մեր բնակչութեան մէջ կան տարրեր, անկախ անկէ, թէ Միկոյեան զանոնք կը համարէ ճիշդ կամ սխալ, որոնք կը կարծեն, թէ իրենց նախկին հայրենիքներուն մէջ կառավարութիւնները պէտք է փոխուին: Մեր Քոնկրեսը յաճախ կ՛ընդունի բանաձեւեր, որոնք կը ներկայացնեն այդ տարրերուն տեսակէտները, որոնք կը ներառեն այնպիսի ազգութիւններ, ինչպիսիք են լեհերը, հունգարացիները եւ այլն: Բանաձեւի եւ մասնաւորապէս նախագահի հռչակագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ այդ միայն ամերիկեան ժողովուրդի եւ ամերիկեան կառավարութեան կարծիքի արտայայտումն է, եւ որ իրենք չեն փորձեր մասնակցիլ, այսպէս կոչուած, քայքայիչ գործողութիւններուն»:

 

Զարմանալի է, որ Միկոյեան, որ խորհրդային բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկն էր, այնուհետեւ նշեց իր հայկական ինքնութեան մասին՝ Նիքսընի ըսելով, որ «ինք հայ է եւ թէեւ Հայաստանի կառավարութեան կազմին մէջ չի գործեր, սակայն կը ճանչնայ այդ հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի 30 երեսփոխանները, որոնց կը հետաքրքրէ գիտնալ, թէ ո՞վ իրաւունք տուած է ամերիկեան կառավարութեան՝ գործելու իրենց անունով, եւ թէ ինչո՞ւ ամերիկեան կառավարութիւնը ոչինչ կ՛ընէ իսկապէս ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրման համար, ինչպէս է պարագան Թուրքիոյ մէջ ապրող հայկական փոքրամասնութեան»:

 

Միկոյեանի յայտարարութիւնը զարմանալի էր, քանի որ ան փոխնախագահ Նիքսընի հետ կը խօսէր որպէս խորհրդային ղեկավար, այլ ոչ թէ որպէս հայ: Ասկէ բացի, Միկոյեան ծանօթ չէր որպէս հայ ազգայնական: Իրականութեան մէջ, ան կը մեղադրուէր բազմաթիւ հայերու մահուան համար՝ կոմունիստական իշխանութեան օրերուն տեղի ունեցած չարաբաստիկ մաքրագործումներու ժամանակ: Միկոյեան չէր զօրակցած նաեւ Խորհրդային Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) վերամիաւորման հարցով: Ահա ասոնք էին պատճառներէն քանի մը հատը, որոնց առիթով հայերը դժգոհած էին՝ Երեւանի մէջ Միկոյեանի յուշարձանը տեղադրելու գծով վերջերս Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ կայացուած որոշումէն:

 

Միկոյեանի հակազգային հայեացքներու հերթական դրսեւորումը անոր յայտարարութիւնն էր 1919 Դեկտեմբերին, Հայաստանի առաջին անկախ Հանրապետութեան կարճատեւ գոյութեան (1918-1920) ընթացքին. «Հայ շովինիստները, ապաւինելով կայսերապաշտական դաշնակիցներուն, առաջ կը մղեն յանցաւոր գաղափար մը՝ «Մեծ Հայաստան»ի ստեղծումը պատմական Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Այդ հողերու վրայ հայերու բացակայութիւնն ու մահմետական բնակչութեան բացարձակ ներկայութիւնը չի մտահոգեր զիրենք...: Մեր [կոմունիստական] կուսակցութիւնը չի կրնար աջակցիլ «Մեծ» կամ «Փոքր» Թրքահայաստանի գաղափարին»: Իրականութիւնը այն է, որ Խորհրդային Միութիւնը երբեք չէ պաշտպանած հայերու իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ:

 

Սակայն Միկոյեան ճիշդ մատնանշած է, որ Միացեալ Նահանգներ դէմ է «ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրման», երբ «ժողովուրդները ճնշուած են իր իսկ կողմնակիցներուն եւ դաշնակիցներուն կողմէ», ինչպէս է պարագան Թուրքիոյ եւ ուրիշ երկիրներու:

 

Միկոյեան նաեւ հարցականի տակ դրաւ այն, թէ խորհրդային ղեկավարները արդեօք պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն Սպիտակ Տան դրական ժեսթերո՞ւն, թէ Պետական բաժանմունքի աւելի թշնամական արձագանգներուն: Միկոյեան «հետաքքրուեցաւ, թէ արդեօ՞ք Խորհրդային Միութիւնը պետք է հաւատայ նախագահի կամ փոխնախագահի յայտարարություններուն, թէ պէտք է հաշուի առնէ Պետական բաժանմունքի այս յայտարարութիւնը՝ իբրեւ ամերիկեան քաղաքականութեան ուղղակի արտայայտութիւն»: Միկոյեան բացատրեց, որ՝ «Նախագահը յանձնարարած է Պետական բաժանմունքին՝ մշակել արտաքին առեւտուրի զարգացման ծրագիրներ [Խորհրդային Միութեան հետ]: Պետական բաժանմունքի ձեռնարկած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք կը պարզուի, որ նախագահին ուզածը բան մըն է, Պետական քարտուղարութեան ուզածը՝ ուրիշ բան»:

 

Միկոյեանի հետ հանդիպումը աւարտեցաւ համախոհութեամբ, փոխնախագահ Նիքսընի խոստումով, որ՝ «Միացեալ Նահանգներ վերադառնալէ ետք ինք պիտի աշխատի առեւտուրի խնդիրներու ուղղութեամբ, բայց պէտք է գիտակցիլ, որ այդ դժուարութիւնները չեն կրնար լուծուիլ գրչի մէկ հարուածով»:

 

Վերոնշեալ զրոյցը ցոյց  կու տայ, որ Միկոյեան իրականութեան մէջ «խորամանկ» էր, այնպէս ինչպէս զայն կը նկարագրէին արեւմուտքի պաշտօնեաները: Ան տասնամեակներ շարունակ գոյատեւած է Խորհրդային Միութեան վերնախաւին մէջ, ապա մինչեւ պարտադրուած կենսաթոշակի անցնիլը՝ 1964-էն 1965, պաշտօնը աւարտած է իբրեւ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ: 

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան