image

10 Հայ կանայք, որոնք փոխեցին համաշխարհային պատմութեան ընթացքը

10 Հայ կանայք, որոնք փոխեցին համաշխարհային պատմութեան ընթացքը

Համաշխարհային պատմութիւնը կերտուած է ոչ միայն կարեւոր նշանակութիւն ունեցող դէպքերով, այլեւ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներու հանրայայտ դէմքերով, որոնց դերակատարութիւնն, ուղղակի, անհնար է անտեսել կամ չգնահատել:

Ի պատիւ հայ ժողովուրդի, համաշխարհային ճանաչում ունեցող գիտնականներու, հերոսներու, արուեստագէտներու ու քաղաքական գործիչներու պակաս երբեք չէ եղած: Աւելին` այս հարցով կանայք ամենեւին ալ չեն զիջեր տղամարդոց: Իսկ որպէս ապացոյց` Հարաւային Կովկասի երիտասարդ լրագրողներու նախաձեռնութեամբ ստեղծուած Dalma News-ն առանձնացուցած է անոնցմէ 10-ին, որոնք ունին հայկական արմատներ, թէպէտ ապրած ու գործած են երկրագունդի տարբեր հատուածներու մէջ:


  1. Սրբուհի Շուշան-Վարդենի (409-475 թթ.):

 

Շուշան-Վարդենին` Հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի դուստրը, որուն աճիւնն ամփոփուած է Վրաստանի մէջ, հայ եւ վրաց եկեղեցիներուն կողմէ ճանչցուած է որպէս ընդհանրական սուրբ:

451 թուականի Աւարայրի ճակատամարտէն յետոյ` յաջորդ տասնամեակին, Շուշանն ամուսնացած էր վրացի Աշուշայի որդի` Վազգէնի հետ, որ փոխարինած էր հօրը եւ «Բդեշխի» կոչում ստացած : Սակայն, քաղաքական նկատառումներով Վազգէն կ’ուրանայ քրիստոնէութիւնը ու կ’ամուսնանայ պարսկուհիի հետ: Քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստացած Շուշանիկը ատկէ յետոյ կը մերժէ հաւատուրաց ամուսնուն եւ կը զրկէ նոյնիսկ իր երեխաներուն տեսնելու հնարաւորութենէն: Իսկ ինք կը փակուի Ցուրտաւի եկեղեցւոյ մէջ կից մութ ու խոնաւ  խուցի մը մէջ: Ի հարկէ, ամուսինն ամէն ինչ կ’ընէ, որպէսզի Շուշանը եւս ուրանայ քրիստոնէութիւնը` ընդհուպ դիմելով ծեծի ու չարչարանքներու ենթարկելով անոր, բայց փորձերն ապարդիւն կ’անցնին, Շուշանը կը մնայ անդրդուելի: Անոր չարչարանքները կը տեւեն վեց տարի, եօթերորդի տարուան սկիզբը` Շուշանը կը մահանայ: Ան պատմութեան մէջ կը յիշատակուի ոչ միայն որպէս սրբադասուած հայուհի, այլեւ` գաղափարական կնոջ միջնադարեան իտէալ:


  1. Մումթազ Մահալ (Արճումանատ Պանու Պէկամ) (1593-1631 թթ.)

 

 

Վրաստանէն ուղեւորուինք դէպի Հնդկաստան եւ դարերու խորքէն նոր փաստեր ի յայտ բերենք: Եւ այսպէս` շատերու համար երազանք է այցելել հնդկական Ակրա քաղաք եւ տեսնել Հնդկաստանի մարգարիտը` Թաճ Մահալը: Բայց հազուագիւտ մարդիկ հետաքրքրուած են, թէ ինչու  այն կը կոչուի Թաճ Մահալ: Կը պարզուի` այն կը կոչուի շահ Ճահանի սիրելի կնոջ` Մումթազ Մահալի անունով: Յատկանշական է այն, որ Մումթազ Մահալին եւս արմատներով հայուհի է` եղած է հնդկական արքունիքի հայազգի պաշտօնեայ Ասաֆ խանի դուստրը: Սակայն, հաշուի առնելով, որ ընտանիքը կը դաւանէր շիա իսլամական կրօնը, օրիորդական անունը եղած է արջումանատ Պանու Պէգամ: Այնուհետեւ շահ Ճահանի հայրը` ջահանգիրը, հարսին վերանուանած է Մահալ, որ կը նշանակէ «Պալատի զարդ: 1612 թուականին 19 տարեկանին կայսեր հետ ամուսնացած Մումթազ Մահալը Շահ Ճահանէն կ’ունենայ 13 երեխայ: Բայց, 14-րդ զաւկի ծննդաբերութեան ժամանակ` կը մահանայ ամուսնուն ռազմական ճամբարին մէջ: Մահամերձ վիճակի մէջ ան ամուսինէն կը խնդրէ իր գերեզմանին կառուցել տաճար, որ արժանի ըլլայ իրենց սիրոյն:

Սիրասուն կնոջ մահէն յետոյ` շահ Ճահան երկու տարիով երկրին մէջ սուգ կը յայտարարէ, որուն ընթացքին արգիլուած էին հնդկական տօները նշել, պարել ու երաժշտութիւն լսել: Ապա կը հրամայէ Ակրա տեղափոխուած կնոջ գերեզմանին վրայ կառուցել մարմարէ մեծ դամբարան, որուն շինարարութիւնը կը տեւէ 22 տարի, եւ Մումթազ Մահալիի պատուին ալ այն կը կոչուի Թաճ Մահալ` «Թագի պալատ»:


  1. Ալենուշ Տէրեան (1920-2011 թթ.)

 

 

Ալենուշ Տէրեան ծնած է Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ: Հայրը Նոր Ջուղայի հայերէն էր եւ թէպէտ գրող էր, բայց կեանքի վերջին 20 տարիներուն ծառայած է որպէս Իրանի «Սեփահ դրամատան» տնօրէն: Իսկ երիտասարդ Ալենուշը կը խորանայ աստղագիտութեան մէջ եւ կը դառնայ Թեհրանի համալսարանի Երկրա-բնագիտական հիմնարկի արեգակնային աստղադիտարանի հիմնադիրներէն մէկը: Անոր Թեհրանի մէջ իրաւացիօրէն կը կոչէին «Իրանական աստղագիտութեան մայրը»: Չէ՞ որ Ա. Տէրեան Իրանի առաջին կին փրոֆէսորն էր` Իրանի առաջին կին աստղագէտն ու աստղաբնագէտը:

Ի դէպ, Ա. Տէրեան երբեք ամուսնացած չըլլալով` իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է գերազանցապէս հետազօտութիւններու եւ դասաւանդման վրայ: Անոր ուսանողներն ու ժամանակակիցներն այսօր ալ կը յիշեն Ալենուշ Տէրեանը` որպէս հոգատար ուսուցիչ, որ կը վայելէր բոլոր ուսանողներու սէրն ու յարգանքը: Ուշագրաւ է այն, որ Ալենուշ Տէրեան իր տունը կտակած է Նոր Ջուղայի հայ համայնքին, որպէսզի այնտեղ կարենան բնակիլ կացարան չունեցող ուսանողները: Իսկ ինք վախճանած է ծերանոցի մէջ:

  1. Տիանա Աբգար (Անահիտ Աղաբեկեան) (1859-1937 թթ.):

 

 

Գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ, ազգութեամբ հայ Տիանա Աբգարը, որուն նախնիները եղած են Նոր Ջուղայէն, ծնած է Արեւելեան Հնդկաստանի բրիտանական գաղութ Պիրմայի մայրաքաղաք Ռանկունի մէջ (այժմ` Եանկոն): Ան համաշխարհային պատմութեան մէջ իր տեղը գտաւ` ըլլալով աշխարհի մէջ առաջին կին հիւպատոսը: Տ. Աբգարը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դեսպան  նշանակուած է Ճափոնի եւ Հեռաւոր Արեւելքի մէջ` 1919-1920 թթ.-ին:  Տիկին դեսպանի ժամանակակիցները կը պնդեն, որ ան այնքան տպաւորիչ արտաքին ու հմայք  ունեցած է, որ երբ մտած է պաշտօնական վայրեր եւ դահլիճներ, բոլորը միանգամէն ոտքի  կանգնած են: Տիանա Աբգարի օրիորդական անուն-ազգանունը Անահիտ Աղաբեկեան  եղած է, սակայն 1890-ին Հոնկքոնկի մէջ ամուսնանալով ծնունդով նորջուղայեցի Միքայէլ Աբգարեանի (Մայքլ Աբգար) հետ` ան այլեւս ներկայացած է որպէս Տիանա Աբգար:

Աւելցնենք, որ Տ. Աբգարը ձգած է գրական մեծ ժառանգութիւն, ներառեալ` գիրքեր, բանաստեղծութիւններ եւ նամակներ: Ան իր գրիչը ծառայեցուցած է իր ազգակիցներուն բաժին ինկած անարդարութիւնն ու դժբախտութիւնը ներկայացնելուն: Ուշագրաւ է այն, որ Տիանա Աբգար իր ստեղծագործութիւններուն մէջ խօսած է մարդու իրաւունքներու մասին եւ պետական պաշտօն զբաղեցուցած  է շրջանին մէջ, երբ անգամ աւելի զարգացած երկիրներու մեծ մասին մէջ կանայք նոյնիսկ քուէարկելու իրաւունք դեռեւս չունէին:


  1. Զապէլ Եսայեան (1878-1943 թթ.):

 

 

 

Մարդկութեան պատմութեան ամենախիզախ կանանց հնգեակին մէջ իր պատուաւոր տեղը ունի հայ գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս Զապէլ Եսայեան` կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան իսկական առաջամարտիկը: Ասիկա անհերքելի փաստ է ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ անոր սահմաններէն դուրս: Ամերիկեան յայտնի պարբերականներէն մէկը անոր մասին գրած է հետեւեալը. «Զապէլ Եսայեան փայլուն կնոջ օրինակ է, որն ապրած է այնպիսի ժամանակներու մէջ, երբ խելացի ու հաստատակամ ըլլալը ամենավտանգաւոր յատկանիշներէն էր»:

Զապէլ Եսայեան  ըլլալով ծնունդով Կոստանդնուպոլսէն`  Սկիւտարի Սուրբ Խաչ վարժարանը աւարտելէ յետոյ` մեկնած է  Փարիզ եւ հետեւած Սորպոնի ու Կոլեջ տը Ֆրանսի գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան դասընթացներուն: Այնուհետեւ վերադարձած է Կ. Պոլիս, գացած է Կիլիկիա եւ գրի  առած  այդ տարիներուն տեղի ունեցող իրավիճակի ողջ ճշմարտութիւնը:Սակայն, երբեք անարդարութեան մասին չլռելն ու ճշմարտութեան մասին բարձրաձայնելը բաւական թանկ կը նստի անոր  վրայ: Թէպէտ 1915-ին ան կը  կարենայ խուսափիլ ձերբակալութենէն ու ապաստանիլ Պուլկարիոյ, ապա Թիֆլիսի մէջ,  բայց յետոյ` 1936 թուականին արդէն Խորհրդային Հայաստանի մէջ կը դառնայ ստալինեան ճնշումներու զոհը: Այդուհանդերձ, ան անգամ ստալինեան բանտէն նամակներ կը գրէր` նոյնպիսի խիզախութեամբ: Առ այսօր անոր մահուան  հանգամանքներն անյայտ են:

 


  1. Անիթա Գոնտի (Անիթա Գարակոշեան) (1899-1997 թթ.):

 

 

Չնայած, որ Հայաստան ելք չունի դէպի ովկիանոս, բայց ովկիանոսագիտութեան մէջ առաջինն է: Այո՛, դուք կռահեցիք, աշխարհի մէջ առաջին կին ովկիանոսագէտը ազգութեամբ հայ է` ֆրանսացի բնախոյզ, լուսանկարիչ Անիթա Կոնտին, նոյն ինքը` Անիթա Գարակոշեան: 1939 թուականին ան 3 ամիս ժամանակով` ձողաձուկ որսալու համար «Վիքինկ ձկնորսանաւով կ’ուղեւորուի Արկտիկա: Եւ այդ ուղեւորութեան ընթացքին ալ կու գայ այն եզրահանգման, որ ովկիանոսին մէջ ձկնորսութեան չարաշահումը կրնայ չափազանց ծանր հետեւանքներու յանգեցնել:

1941-1943 թուականներուն ձկնորսանաւով կ’երթեւեկէ Ափրիկէի մէջ` ֆրանսական ծովակալութեան յանձնարարութեամբ կատարելագործելով ձկնորսութեան մեթոտները, կը կազմէ քարտէզներ, կը նկարագրէ ձկներու նոր տեսակները: Ա. Կոնտիի ուսումնասիրութիւններու հիմնական նպատակը  եղած է գտնել ձկներու վտառներու պաշարներ եւ ուտելիքի սղութեան պայմաններուն մէջ ապահովել զօրքն ու խաղաղ բնակչութիւնը: Անիթա Կոնտին մահացած է կեանքի 99-րդ տարին` Քրիստոսի ծննդեան օրը, Ֆրանսայի Տուարնէ քաղաքին մէջ: Անոր աճիւնը, կտակին համաձայն, սփռած են Միջերկրական ծովին մէջ:


  1. Զարուհի Քաւալջեան (1877-1969 թթ.):

 

 

 

Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը եղած է ծագումով հայ Զարուհի Քաւալջեան: Ան ծնած է Թուրքիոյ Ատափազար քաղաքին մէջ: Անոր հայրը` Սերոբ Քաւալջեանը, 1875թ. աւարտած էր Պոսթընի բժշկական համալսարանը եւ Ատափազարի ու Իզմիթի մէջ կ’աշխատէր որպէս բժիշկ: Զարուհին 1898թ. կ’աւարտէ Ատափազարի Ամերիկեան իգական քոլեջը եւ նոյն թուականին կը մեկնի ԱՄՆ, քանի որ Օսմանեան պետութեան մէջ կանաց արգիլուած էր բժշկութիւն ուսումնասիրել: Շիքակոյի մէջ Քաւալջեան կ’ընդունուի եւ 1903թ. կ’աւարտէ Իլինոյսի համալսարանի բժշկական բաժանմունքը: Այնուհետեւ կը վերադառնայ Ատափազար եւ որոշ ժամանակ հօրը հետ կ’աշխատի որպէս բժիշկ: Միաժամանակ ան նաեւ Ամերիկեան քոլեջին մէջ կենսաբանութիւն կը դասաւանդէր:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Քաւալջեան աշխուժօրէն կը մասնակցի վիրաւորներուն եւ տուժածներուն օգնութիւն ցոյց տուող հաստատութիւններու աշխատանքներուն, իսկ աւելի ուշ կը տեղափոխուի Սթամպուլ: Բացի բժշկութենէն, Զարուհին զուգահեռաբար շարունակած է դասաւանդել Ուսկիւտարի Ամերիկեան իգական քոլեջին մէջ, ուր յայտնի  կը դառնայ դոկտոր Քաւալ անուամբ:


  1. Աննա Տէր-Վարդանեան (1920-2011 թթ.):

 

 

Համաշխարհային պատմութիւնը կ’ապացուցէ, որ ինչ-ինչ, բայց ռազմական գործի մէջ կանայք տղամարդոց մրցակից չեն կրնար ըլլալ: Բայց, եկուր ու տես, որ այստեղ եւս կան բացառութիւններ: Աննա Տէր-Վարդանեան ԱՄՆ ռազմածովային ուժերու առաջին կին գերագոյն գլխաւոր աւագը  եղած է: Ան  այս կոչումը ստացած է 1959 թուականին Նիւփորթի (Ռոտ Այլենտ)ռազմածովային քոլեջին մէջ եւ դարձած է զինուած ուժերու մէջ ծառայող առաջին կինը, որ արժանացած է E-9 կոչման:

Ի դէպ, Տէր-Վարդանեաններն ընտանիքով  ներգրաւուած էին ռազմական գործին մէջ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը սկսելէ կարճ ժամանակ անց Աննան կամաւոր կը զինուորագրուի, քոյրը` Չին Օլիւերը, կը ծառայէ ԱՄՆ նաւատորմին մէջ, եղբայրը` Էնտրիւն, ԱՄՆ զինուած ուժերու խաղաղ ովկիանոսեան հատուածին մէջ: Աւելին` մայրը նոյնպէս կը ցանկար միանալ նաւատորմին, սակայն տունը մնալով` կը ծառայէ կարմիր խաչին:

  1. Գոհար Վարդանեան (1926 թ.):

 

 

 

Պատմութեան մէջ արդէն իսկ իր անունը  կերտած է նաեւ ականաւոր խորհրդային ընդյատակեայ հետախոյզ, Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան վետերան Գոհար Վարդանեան: Դեռեւս 16 տարեկան հասակին ան  մտած Է իր ապագայ ամուսին եւ զինակից Գէորգ Վարդանեանի հակաֆաշիստական խումբը, որուն հետ մէկտեղ աշխոյժ հետախուզական աշխատանք  կատարած է: Ի դէպ, 1943 թուականին այդ խումբի կազմին մէջ մասնակցած Է Թեհրանի համագումարի ընթացքին «Մեծ եռեակի» ղեկավարներու անվտանգութեան ապահովմը գործողութեան: Այդ ժամանակ կանխուած Է «Մեծ եռեակի» ղեկավարներու` Ստալինի, Ռուզուելտի եւ Չըրչիլի դեմ հիթլերեան յատուկ ծառայութիւններու մահափորձը:

Գոհար եւ Գէորգ Վարդանեաններն «Անիթա» եւ «Անրի»  կեղծանուններով ընդյատակեայ վիճակի մէջ յաջողութեամբ աշխատած են աշխարհի շատ երկիրներու մէջ: Մասնագէտներու կարծիքով` անոնց աշխատանքի արդիւնքներն այնքան նշանակալից են, որ երբեք չեն գաղտնազերծուի: Գոհար Վարդանեան արժանացած է  կարմիր դրօշի, Երկորդ աստիճանի Հայրենական պատերազմի շքանշաններով եւ բազմաթիւ մետալներով:

  1. Տէյմ Սայեան Սրբուհի Իլայաս (1949 թ.):

 

 

 

Առաջինը ըլլալ, իսկապէս, հայուհիներուն խիստ բնորոշ է եւ այդպիսի օրինակներ կան նաեւ մեր օրերուն: Այսպիսով` գերագոյն դատարանի առաջին կին նախագահը նոյնպէս հայուհի է: Նոր Զելանտիան որոշեց, որ արքայական փաստաբանի պաշտօնին ընտրուած առաջին երկու կիներէն մէկը` Տէյմ Սայեան Սրբուհի Իլայասը, որ տեղաբնիկ մաորի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ջերմեռանդ կողմնակից էր, պէտք է դառնայ գերագոյն դատաւոր: Ընդ որում` Նոր Զելանտայի Գերագոյն դատաւորի պաշտօնի իւրայատկութիւնն այն է, որ անոր պարտականութիւններուն մէջ կը մտնէ երկրի զօրավար-նահանգապետին փոխարինելը (ան կը նշանակուի Մեծ Բրիտանիոյ թագուհի Էլիզապէթ 2-րդի կողմէ)` անոր հիւանդութեան կամ անհրաժեշտ պահին բացակայելու պարագային:

Տէյմ Սայեան Սրբուհի Իլայաս մասին New Zealand Herald-ը կը գրէ. «Եթէ կայ բնաւորութեան  գիծ մը, որ անոր ճանչցողներէն ոչ մէկը կը վիճարկէ, այն է, որ ան բարեհամբոյր է բոլոր պարագաներուն մէջ, անգամ երբ խիստ կը քննադատուի»:


Պատրաստեց Հայկ Սամսոնեան