image
Հրատապ լուրեր:

Ռէյ Թրէվիս եւ հայկական իր ժառանգութիւնը Հեղինակ. Վահէ Թաշճեան

Ռէյ Թրէվիս եւ հայկական իր ժառանգութիւնը Հեղինակ. Վահէ Թաշճեան

Թրէվիս։ Շատ հաւանաբար լուսանկարուած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն երբ կը գտնուէր Ֆրանսա։

Նախաբան

Աշխարհի տարածքին տարտղնուած թաքնուած կը շարունակեն մնալ բազմաթիւ նիւթեղէն, տպագիր կամ ձեռագիր գանձեր Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կեանքին առնչուող։ Անոնցմէ շատեր կը գտնուին ընտանեկան հաւաքածոներու մէջ, ուրիշներ՝ ծանօթ կամ անծանօթ արխիւներու եւ գրադարաններու մէջ։ Ամէն անգամ որ կարելի կ՚ըլլայ այս գանձերէն մէկն ու մէկը «գտնել» եւ զայն հասարակութեան մատչելի դարձնել, կարծէք նոր լուսարձակ մը բացած կ՚ըլլանք օսմանեան հայերու անցեալի կեանքին մութ մնացած մէկ կէտին վրայ։ Գոհունակութիւնը անսահման կ՚ըլլայ, քանի որ բռնութեամբ ու աւերով վերջ գտած այս կեանքէն միայն պատառիկներ մեզի ծանօթ են։

Այս զգացումները անպայման առկայ էին երբ վերջերս Յուշամատեանի ձեռքը անցան Այնթապէն 50-է աւելի հին լուսանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն քաղաքին մէջ կեանքը հայկական հաւաքական ներկայութեան ամէնէն վերջին ժամանակաշրջանին։

Լուսանկարներու այս հաւաքածոն կը պատկանի ամերիկացի միսիոնարի մը՝ Ռէյ Փ. Թրէվիսի (Ray P. Travis), որ Այնթապ գտնուած է 1919-1920 տարիներուն։ Սոյն անձին անձնական բոլոր թուղթերը յետագային տեղ կը գտնեն Նիւ Եորք նահանգի մէջ գտնուող Yates County History Center-ի մէջ։ 

Ինչպէս կը տեսնենք, հարուստ այս հաւաքածոն կը վերաբերի Այնթապի հայկական կեանքին միայն կարճատեւ մէկ դրուագին. այն տարիները, երբ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք Այնթապն ու շրջակայ քաղաքներն ու գիւղերը գրաւուած էին Դաշնակից ֆրանսական եւ բրիտանական բանակներուն կողմէ, Օսմանեան կայսրութիւնը պարտուած հռչակուած էր, իսկ Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ տեղահանուած այնթապցի հայեր սկսած էին վերադառնալ իրենց հայրենի քաղաքը, նոր կեանք մը սկսելու հոս Դաշնակից բանակներու հովանիին տակ։

Այս ժամանակ է նաեւ որ հայ որբ երեխաներ հաւաքելու եւ զանոնք հայկական որբանոցներու մէջ տեղադրելու լայնածիր աշխատանք մը ծայր կ՚առնէ յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան այն տարածքներուն մէջ, որոնք գրաւուած էին Դաշնակից ուժերուն կողմէ։ Ասոնք այն որբերն էին, որոնք Ցեղասպանութեան ամբողջ տարիներուն առեւանգուած էին կամ ամէն պաշտպանութենէ զուրկ թափառական կեանք մը կ՚ապրէին։

Այնթապ քաղաքը այդ ժամանակներուն շրջակայ այլ քաղաքներու օրինակով կը դառնայ հայ որբերու ապաստան տուող կարեւոր կեդրոն մը։ 1919-էն սկսեալ այստեղ կը սկսի գործել Որբախնամ միութեան (կեդրոնը Եգիպտոս) որբանոցը։ Նոյն տարին այստեղ կը հիմնուի նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէի (Near East Relief - NER) որբանոցը։ Ահաւասիկ այս վերջին հաստատութեան մէջ կը գործէր Ռէյ Թրէվիս՝ սոյն հաւաքածոյին սեփականատէրը։

Հայ որբեր լուսանկրուած շատ հաւանաբար Այնթապի մէջ 1919-ի վերջը կամ 1920-ի սկիզբը։

1
2

1) Այնթապ, 1919-ի վերջը կամ 1920-ի սկիզբը. NER-ի որբուհիներն ու անձնակազմի անդամներ լուսանկարուած երբ որբանոցը հաստատուած էր Միլլէթ խանի մէջ։

2) Այնթապ, 1919-ի վերջը կամ 1920-ի սկիզբը. NER-ի որբանոցին անձնակազմը լուսանկարուած Միլլէթ խանին մէջ։ Ոտքի, կեդրոնը, փողկապով մարդը՝ Ռէյ Թրէվիս։

Այնթապ, 1919-ի վերջը կամ 1920-ի սկիզբը. NER-ի որբանոցին տղայ որբերը եւ անձնակազմի անդամներ։ Լուսանկարուած Միլլէթ խանին մէջ։ Ռէյ Թրէվիս կ՚երեւի ձախին, ետեւի շարքը, գլխուն գլխարկ մը։

Թրէվիսի անձնական արխիւէն վաւերաթուղթեր Այնթապի տարիներէն։

Թրէվիսի անձնական արխիւէն վաւերաթուղթ մը Այնթապի տարիներէն։

Յայտնի չէ ուր լուսանկրուած է, կրնայ ըլլալ Այնթապ կամ ալ Լիբանան։ Կը տեսնենք մետաքսի պատրաստութեան համար գործածուող շերամի խոզակներ։

Թրէվիսի անձնական արխիւէն վաւերաթուղթեր Այնթապի տարիներէն։

1
2

1) Ռէյ Փ. Թրէվիս։

2) Թրէվիս երիտասարդ հասակին։

Թրէվիս Այնթապի մէջ

Ան ծնած է Նիւ Եորք նահանգին մէջ կ՚ենթադրուի 1889-ին։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին կամաւոր կ՚արձանագրուի եւ կ՚ուղարկուի Ֆրանսայի ճակատը, ուր կը ստանայ յիսնապետի աստիճան եւ կը գործէ իբրեւ պարենաւորումի տեսուչ։ Պատերազմի աւարտին փոխանակ Միացեալ Նահագներ վերադառնալու, Թրէվիս այս անգամ ամերիկեան բանակէն դուրս գալու արտօնութիւն կը ստանայ եւ կը միանայ ամերիկեան միսիոնարական կազմակերպութիւններուն, որոնք մարդասիրական աննախընթաց գործունէութեան մը ձեռնարկած էին պատերազմին հետեւանքով գաղթականացած ժողովուրդներուն եւ որբացած երեխաներուն ի նպաստ։ Այս աշխատանքներուն կարեւորագոյն բեմադրավայրն էր Միջին Արեւելքը, ուր տասնեակ հազարաւոր հայ վերապրողներ օգնութեան անմիջական կարիք ունէին։

Շատ հաւանաբար 1919-ի աշնան է որ Թրէվիս կը ժամանէ Միջին Արեւելք։ Գիտենք որ Յուլիս 1919-ին ան տակաւին Փարիզ է, բայց յետագայ ամիսներու իր թղթակցութենէն կ՚իմանանք որ ան արդէն իսկ անցած է Միջին Արեւելք, պահ մը գտնուած է Պէյրութ, ապա՝ Հալէպ։ Նոյն տարուայ Նոյեմբերին զինք արդէն կը գտնենք Այնթապի մէջ, ուր կը ստանձնէ տեղւոյն NER-ի որբանոցին տնօրէնութիւնը։ 

Ծանր աշխատանք մըն էր այս մէկը, նկատի ունենալով որ հարիւրաւոր որբերու համար պէտք էր ապահովել ապաստանարան, զանոնք կերակրել եւ հագցնել։ Այս բոլորը հսկայական ճիգերու կը կարօտէին յետ-պատերազմեան Այնթապի մէջ։ Սկզբնական շրջանին որբերը կը հաստատուին քաղաքին թրքական թաղամասին մէջ գտնուող Միլլէթ խանին մէջ։ Այդպէս ալ ցոյց կու տան Թրէվիսի հաւաքածոյին մաս կազմող քանի մը պատկերներ, ուր կը տեսնենք որբերու եւ որբուհիներու խմբանկարներ, որոնք լուսանկարուած են սոյն խանին բակին մէջ։ Որբերը բոլորն ալ այնթապցի երեխաներ չէին, այլ անոնցմէ շատեր կը հաւաքուէին շրջակայ զանազան քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, եւ կ՚առաքուէին այն կեդրոնները (ասոնց շարքին Այնթապը), ուր որբանոցներ հաստատուած էին։ Օրինակ, գիտենք որ Դեկտերմբեր 1919-ին 15 որբեր Քիլիսէն կը ղրկուին Այնթապի NER-ի որբանոցը [1]։

Այնթապի մէջ NER-ի որբերուն ներկայութիւնը երկար չի տեւեր։ 1920 թուականի առաջին ամիսներուն թրքական ազգայնական զօրքերը յարձակումներու կը ձեռնարկեն Կիլիկիոյ եւ անոր արեւելքը գտնուող ֆրանսական գրաւեալ բանակներուն դէմ։ Այն ժամանակ երբ ճակատումները ծայր կ՚առնեն, սոյն տարածքներու մէջ ապրող թուրքեր նոյնպէս կ՚ապստամբին եւ այս ձեւով ճնշումը աւելի կը բարձրանայ ֆրանսական բանակներուն վրայ։ Թուրք ազգայնական ուժերը Յունուարէն մինչեւ Մայիս երկարող ամիսներուն կը յաջողին պաշարել շարք մը քաղաքներ, ինչպէս Մարաշ, Պոզանթի, Հաճըն, Սիս, Էքպէս, Ուրֆա եւ Այնթապ։ Կարգ մը վայրերու մէջ, մանաւանդ Մարաշի մէջ, թրքական ապստամբութեան առաջին իսկ օրէն սկսեալ տեղի կ՚ունենան հակահայ ջարդեր։ Մարաշի մէջ Յունուարի վերջը բռնկած ապստամբութենէն ետք կը զոհուին քանի մը հազար հայեր։

Այնթապի մէջ ծանրակշիռ բախումները ծայր կ՚առնեն 1 Ապրիլ 1920-ին։ Ֆրանսական բանակները մեծ մասով արդէն հեռացած էին քաղաքէն։ Թրքական զինուած ուժերու յարձակումներուն դիմաց հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը կը հակադարձեն եւ այս ձեւով ծայր կ՚առնէ քաղաքին հայերու դիմադրութեան կռիւը, որ կը տեւէ մինչեւ 17 Ապրիլ 1920, երբ ֆրանսական երկու գունդեր մուտք կը գործեն քաղաք։ Այնուհետեւ տեղի կ՚ունենայ կարճ զինադադար մը, որմէ ետք, 1920 Յունիսի վերջը, ֆրանսեւթրքական բախումները դարձեալ ծայր կ՚առնեն։ Ֆրանսացիներուն մասնակցութիւնը կռիւներուն միշտ անկանոն պիտի մնար, նկատի ունենալով որ Այնթապի մէջ անոնց զինուորական ներկայութիւնը տեւաբար փոփոխութեան պիտի ենթարկուէր։ Բախումները կը շարունակուին մինչեւ 9 Փետրուար 1921, երբ Այնթապի թրքական ուժերը կը յանձնուին ֆրանսացիներուն, եւ կեանքը կրկին իր ընթացքը կ՚առնէ քաղաքին մէջ։ 1921-ի կէսերուն ֆրանսական զօրքերը վերջնականապէս կը հեռանան Այնթապէն, միաժամանակ ալ տեղի կ՚ունենայ տեղւոյն հայերուն զանգուածային գաղթը։

Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։ Կիներ ցորենը հոսելով մաքրելու պահուն։

1
2

1) Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։ Պուլղուրի պատրաստութեան գործողութիւնը։ Կիներ կը լուան ցորենը եւ զայն կը մաքրեն թեփերէն։

2) Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։ Կիներ ցորենը հոսելով մաքրելու պահուն։

Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։ Խորքին կ՚երեւի քաղաքին պատմական բերդը։

Թրէվիսի անձնական արխիւէն վաւերաթուղթ մը Այնթապի տարիներէն։

Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։ Կիներ ցորենը լուալու աշխատանքին լծուած։

1
2
3

1) Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։

2), 3) Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ. տէրվիշ մը իր սուրերով կը հմայէ շուրջինները։

Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։

Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։

1
2

1) Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։

2) Այնթապի մէջ պարտէզներու ոռոգման անիւաւոր համակարգ մը, զոր տեղաշարժելու համար գործի կը լծեն եզեր։

Որբերուն Այնթապէն հեռացումը

Թրէվիսի այնթապեան թուղթերուն մէջ ստացուած նամակներ կան տեղւոյն Հայ ազգային միութենէն, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Գահիրէի կեդրոնէն, Այնթապի մէջ ֆրանսական զինուորական իշխանութենէն, Այնթապի կառավարիչ Սապրիէն։ Անոնք կը վերաբերին որբանոցին եւ ընդհանրապէս քաղաքի հայերու մատակարարումի (մանաւանդ պաշարումին ընթացքին), ինչպէս նաեւ որբահաւաքի, յետագային ալ որբերու Այնթապէն հեռացումի հարցերու։

Թրէվիսի թուղթերուն կարեւորագոյն նիւթերէն է Այնթապի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն եւ քաղաքին պաշարումին ժամանակ իր պահած օրագիրը։ Անիկա ծայր կ՚առնէ 1 Ապրիլ 1920-ին եւ կ՚երկարի մինչեւ Մայիս 30։ Ապրիլ 1-էն 19-ը օրագրային գրառումները կը կազմեն 7 մեքենագրուած էջ։ Թրէվիսի օրագիրին յետագայ էջերը ձեռագիր են եւ կը կազմեն 26 էջ։ Այս գրառումներուն մէջ մանրամասնութիւններ կան զինուորական գործողութիւններուն, թրքական զօրքերուն կողմէ հայաբնակ թաղամասերուն ռմբակոծումին, մահերու, որբանոցին ընդհանուր իրավիճակին եւ որբերը ուտեստով եւ հագուելիքով մատակարարելու հարցերու մասին։ Թրէվիս գովասանական արտայայտութիւններ ունի Այնթապի հայկական ինքնապաշտպանութեան ռազմական հրամանատար Ատուր Լեւոնեանի հասցէին։

Արդեօք Թրէվիս անձամբ մասնակցա՞ծ է այս կռիւներուն։ Անոր թուղթերուն մէջ այս մասին ոչինչ կայ։ Բայց յետագային իր տնօրինած որբանոցէն շրջանաւարտ որբեր կը նշեն թէ ան որբանոցի շէնքէն իր արագահարուածով շարունակ կը կրակէր թրքական դիրքերուն վրայ։ [2]

Գիտենք նաեւ որ ռազմական գործողութիւններու նախասկիզբին, Թրէվիս Միլլէթ խանէն դուրս կը հանէ NER-ի որբերը եւ զանոնք ժամանակաւոր կը տեղափոխէ «Ալի պէյ» կոչուող շէնքը, անկէ ետք ալ երեխաները կը հաստատուին ամերիկեան միսիոնին պատկանող հիւանդանոցի շրջափակին մէջ։ Ասիկա փրկութիւն մըն էր որբանոցին համար, նկատի ունենալով որ Միլլէթ խանը կը գտնուէր թրքական թաղամասին մէջ, մինչ ամերիկեան հիւանդանոցը հայկական թաղամասին մէջ էր։ Սակայն հիւանդանոցն ալ ունէր իր անպատեհութիւնը, քանի որ կը գտնուէր բարձր դիրքի մը վրայ եւ այս իսկ պատճառով թրքական զօրքերուն յաճախակի թիրախն էր։ Այս պայմաններուն մէջ որբերը կրկին կը տեղափոխուին եւ ապաստան կը գտնեն հիւանդանոցին մօտակայ «Հալաճեան» որբանոցի բակին մէկ անկիւնը գտնուող ընդարձակ գետնափոր քարայրին մէջ։ Հոս պիտի մնային աւելի քան երկու ամիս, մինչեւ ֆրանսական եւ թրքական զօրքերուն միջեւ կարճատեւ զինադադարի մը կնքումը (29 Մայիս 1920)։ [3]

Ֆրանսական բանակները կարեւոր մասով Այնթապէն դուրս կու գան Յունիս 2-ին, 20 օր տեւած զինադադարին ժամանակ։ Ֆրանսական նահանջող զօրասիւնին մաս կը կազմէին նաեւ մօտ 800 որբեր, որոնց շարքին NER-ի որբանոցի երեխաները։ Թրէվիս իր կարգին կ՚ընկերակցի որբերուն, որոնք զօրասիւնին հետ կ՚ուղղուին Քիլիս, այնուհետեւ Հալէպ, իսկ այնտեղէն ալ կը հասնին Պէյրութ։

1
2
3

1) Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։ Կիներ ցորենը հոսելով մաքրելու պահուն։

2) Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։ Պուլղուրի պատրաստութեան կարեւոր փուլերէն մէկը. զտուած ցորենը կ՚աւելցնեն ջուրով լեցուն մեծ տաշտերու մէջ։ Երբ ջուրը սկսի եռալ, պատկերին մէջ երեւցող խոշոր շերեփով տաշտին պարունակութիւնը պիտի խառնեն, որմէ ետք ցորենը կ՚ուռի ու մակերես կը բարձրանայ։ Ասիկա արդէն խաշուելու նշանն է։ Ապա, խաշուած ցորենը պիտի փռեն գետին խոնաւութիւնը չքացնելու համար։ Ասկէ ետք ծայր պիտի առնէ կալին մէջ ցորենը ծեծելու փուլը։

3) Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։ Պուլղուրի պատրաստութեան զանազան փուլերէն մէկը։ Այստեղ հաւանաբար խաշուած ցորենը արդէն երկնաքարով ծեծուած է կալին մէջ (ձիթիհանք), որ կ՚երեւի պատկերին ձախին։ Երեք կիներ ծեծուած ցորենը կը փռեն սաւանի մը վրայ, ուր արեւին տակ երկար մնալով հատիկներուն մէջէն կը չքանայ խոնաւութիւնը։

Այնթապ, 1919-1920. քաղաքի շուկան, ուր գետնի վրայ դիզուած է վաճառքի ցորենը։

Այնթապ, 1919-1920. քաղաքի շուկան, ուր գետնի վրայ դիզուած է վաճառքի ցորենը։

Մարաշի մօտակայ հայկական գիւղական տուն մը, շատ հաւանաբար 1920-ի կէսերուն։ Զինեալ բախումներուն հետեւանքով տունը կիսաւեր է։ Բայց տան հայ բնակիչները վերադարձած են, լուացք փռած են, իսկ տանիքին վրայ ալ պտուղներ կը չորցնեն։

1
2
3

1) Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։ Պուլղուրի պատրաստութեան գործողութիւնը։ Կիներ կը լուան ցորենը եւ զայն կը մաքրեն թեփերէն։

2) Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։ Պուլղուրի պատրաստութեան կարեւոր փուլերէն մէկը. զտուած ցորենը կ՚աւելցնեն ջուրով լեցուն մեծ տաշտերու մէջ։ Երբ ջուրը սկսի եռալ, պատկերին մէջ երեւցող խոշոր շերեփով տաշտին պարունակութիւնը պիտի խառնեն, որմէ ետք ցորենը կ՚ուռի ու մակերես կը բարձրանայ։ Ասիկա արդէն խաշուելու նշանն է։ Ապա, խաշուած ցորենը պիտի փռեն գետին խոնաւութիւնը չքացնելու համար։ Ասկէ ետք ծայր պիտի առնէ կալին մէջ ցորենը ծեծելու փուլը։

3) Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։ Կալը (կը կոչուի նաեւ ձիթիհանք) իր վրայի երկնաքարով։ Հոս ծայր պիտի առնէ ցորենը ծեծելու գործողութիւնը։ Մաս-մաս կը լեցնեն զայն կալին վրայ, վրան կը թափեն քիչ մը ջուր, ապա եզի մը կամ գոմէշի մը միջոցաւ կը սկսին երկնաքարը անոր վրայ շրջանակաձեւ դարձնել։ Այս ծանր քարին ճնշումին տակ ցորենը կը զատուի իր թեփէն։

Այնթապ, 1919-1920-ի շուրջ։

Ժպէյլի որբանոցը եւ Թրէվիսի ժառանգութիւնը

Յունիսի վերջերուն է որ Այնթապի NER-ի որբերը Հալէպէն կը հասնին Պէյրութ։ Առաջին հերթին կը հաստատուին Պէյրութի նաւահանգիստին մօտակայ Քարանթինա կոչուող վայրը։ Որբերուն համար այստեղ կը կառուցուի վրաններով մեծ բանակավայր մը, իսկ Թրէվիս կը դառնայ այս տարածքին տնօրէնը [4]։

NER-ը նպատակ ունէր Լիբանան հասնող բոլոր որբերը հաստատել քարաշէն որբանոցներու մէջ։ Այնպէս որ Թրէվիս փնտռտուքներ կատարելէ ետք ի վերջոյ Ժպէյլ/Պիպլոսի մէջ կը գտնէ յարմար վայր մը, որ կիսաւեր վիճակի մէջ գտնուող շերամապահութեան նախկին գործարան մըն էր։ Որբերը այստեղ կը տեղափոխուին Սեպտեմբեր 1920-ին։ Թրէվիսի թուղթերը կը վերաբերին առաւելաբար այս ժամանակներուն, երբ 1920-էն 1925 ան կը ստանձնէ Ժպէյլի NER-ի որբանոցին տնօրէնութիւնը։

Յետ-պատերազմեան եւ յետ-Ցեղասպանութեան այս տարիները կը զուգադիպին նաեւ յատկապէս Միջին Արեւելքի հայկական նորահաստատ գաղթօճախներուն մէջ վերակառուցուած ինքնութեան մը կերտումի գործընթացին։ Այս շարժումին գլուխ կանգնած հայ պատասխանատուները համոզուած էին, որ օսմանեան-թրքական աշխարհին հետ խզումը այլեւս անդարձ էր։ Իսկ «նոր հայ»ը պէտք էր տիրապետէր հայ լեզուին, իւրացնէր հայ մշակոյթը, կազմէր հայ ընտանիք՝ այս ձեւով իր մասնակցութիւնը բերէր Մեծ եղեռնէն ետք հայութեան վերընձիւղումին։ Ազգայնական գաղափարներով առաջնորդուող այս հոսանքը կը փորձէր Մեծ եղեռնին յիշողութիւնն ու ցաւը, ինչպէս նաեւ թուրքերուն նկատմամբ ատելութեան զգացումը դարձնել գլխաւոր շաղախը ծայր առած ազգային վերակառուցման գործընթացին։ Յատկապէս Սուրիա ու Կիլիկիա, ապա Լիբանան, Եգիպտոս ու Յունաստան հաստատուած հայկական որբանոցներուն մէջ այս երկու տարրերը կը վեարծուին գաղափարական միատարրացումի գլխաւոր միջոցներու։

Հայկական որբանոցներէն շատեր կը կառավարուէին ամերիկեան միսիոնարական NER կազմակերպութեան կողմէ։ Անոնց մօտ տիրապետողը կրօնական-բողոքական դաստիարակութիւնն էր, այնպէս որ յաճախ հակադրութիւններ կային մէկ կողմէ այդ օրերուն տիրապետող հայկական ազգայնական եւ միւս կողմէ միսիոնարական դաստիարակութիւններուն միջեւ։ Ռէյ Թրէվիս Ժպէյլի մէջ իր տնօրէնութեան տարիներուն հակամէտ եղաւ այս հակադրութիւններէն հեռու պահել իր հաստատութիւնը։ Ան Ժպէյլի որբանոցին մէջ գործի կանչեց այնպիսի հայ ուսուցիչներ, որոնք ջատագովներն էին վերականգնումի եւ վերակառուցումի հայկական գաղափարախօսութեան։ Ժպէյլ հրաւիրուեցան հայ յայտնի անձնաւորութիւններ, ինչպէս Սահակ Բ կաթողիկոս, Երուանդ Օտեան, Վահան Թէքէեան, Նիկոլ Աղբալեան, Երուանդ Խաթանասեան, Խոսրով Թիւթիւնճեան եւ ուրիշներ, որոնք դասախօսութիւններ տուին որբերուն։ Հաստատութիւնը օժտուած էր հայերէն գիրքերու հարուստ գրադարանով մը, ունէր իր մարզական ու գրական ակումբները, թատերախումբը, փողերախումբը, ինչպէս նաեւ հոս կը հրատարակուէր որբերու պաշտօնաթերթը։

1
2

1) Այնթապ, Նոյեմբեր 1919. Հայկական լէգէոնին մուտքը քաղաք։

2) Այնթապ, 3 Նոյեմբեր 1919. տեղի կ՚ունենայ զինուորական շքերթ մը, որուն ընթացքին բրիտանական բանակները պաշտօնապէս քաղաքին ղեկը կը յանձնեն ֆրանսական բանակներուն։

Այնթապ, Նոյեմբեր 1919. Հայկական լէգէոնին մուտքը քաղաք։

Այնթապ, 3 Նոյեմբեր 1919. տեղի կ՚ունենայ զինուորական շքերթ մը, որուն ընթացքին բրիտանական բանակները պաշտօնապէս քաղաքին ղեկը կը յանձնեն ֆրանսական բանակներուն։

1
2

1) Այնթապ, 3 Նոյեմբեր 1919. առջեւի կարգ, Այնթապի մէջ բրիտանական զօրքերու հրամանատար Աւագ գնդապետ Ուէր (Brigadier Weir) կը ձեռնուի Այնթապի մէջ ֆրանսական զօրքերու հրամանատար Գնդ. Ֆլի Սէնթ-Մարիիի (Lieutenant Colonel Flye Sainte-Marie) հետ։

2) Այնթապ, հաւանաբար լուսանկարուած է 3 Նոյեմբեր 1919-ին, զինուորական շքերթի օրը։ Կ՚երեւին բրիտանացի եւ ֆրանսացի բարձրաստիճան զինուորականներ, ինչպէս նաեւ Օսմանեան պետութեան ներկայացուցիչներ։ Նստած, ձախէն աջ՝ բրիտանացի զինուորական մը (անունը անծանօթ), Գնդ. Ֆլի Սէնթ-Մարի՝ Այնթապի մէջ ֆրանսական զօրքերու հրամանատար, Աւագ գնդապետ՝ Այնթապի մէջ բրիտանական զօրքերու հրամանատար, Ճելալ պէյ՝ Այնթապի կառավարիչ (մութասարրըֆ), ֆրանսացի զինուորական մը (անունը անծանօթ)։

Այնթապ, 3 Նոյեմբեր 1919. տեղի կ՚ունենայ զինուորական շքերթ մը, որուն ընթացքին բրիտանական բանակները պաշտօնապէս քաղաքին ղեկը կը յանձնեն ֆրանսական բանակներուն։

Այնթապ, 3 Նոյեմբեր 1919. բրիտանական զօրքերու Այնթապէն հեռացումին եւ ֆրանսական բանակով անոնց փոխարինումին առիթով տեղի կ՚ունենայ զինուորական շքերթ մը, որուն կը մասնկացին նաեւ բարձրաստիճան զինուորականներ, քաղաքի պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեւելիներ։ Ձախէն աջ՝ NER-ի պաշտօնեայ մը (անունը անծանօթ), Շէյխ Մուսթաֆա՝ Այնթապի տէրվիշներու ուխտի անդամ, ֆրանսացի սպայ մը (անունը անծանօթ), Ճելալ պէյ՝ Այնթապի կառավարիչ (մութասարրըֆ), Սապրի պէյ՝ Այնթապի փոխ-կառավարիչ, Տոքթ. Մապէլ Էլլիօթ (Mabel Elliott), Օրիորդ Մորկըն (Morgan)՝ Մարաշի NER-ի ներկայացուցիչ, Գնդ. Ֆլի Սէնթ-Մարի՝ Այնթապի մէջ ֆրանսական զօրքերու հրամանատար, Աւագ գնդապետ Ուէր՝ Այնթապի մէջ բրիտանական զօրքերու հրամանատար, Լուիզ Քլարք (Louise Clark)՝ NER-ի ներկայացուցիչ։

Այնթապ, 3 Նոյեմբեր 1919. տեղի կ՚ունենայ զինուորական շքերթ մը, որուն ընթացքին բրիտանական բանակները պաշտօնապէս քաղաքին ղեկը կը յանձնեն ֆրանսական բանակներուն։

Այս բոլորը կը բացատրեն թէ ինչու Լիբանանի տարածքին գտնուող բազմաթիւ հայկական որբանոցներու շարքին ամէնէն աւելի Թրէվիսի ղեկավարած որբանոցն է որ զօրաւոր հետքեր ձգած է Լիբանանի եւ կարելի է ըսել ընդհանրապէս Սփիւռքի հայկական ընկերութեան վրայ։ Այս որբանոցէն շրջանաւարտ ելած են հարիւրաւոր հայեր, որոնցմէ շատեր յետագային իբրեւ մտաւորական կամ հասարակական գործիչ նոյնպէս մասնակից դարձած են հայկական դաստիրակութեամբ նոր սերունդներ պատրաստելու իրենցմով ծայր առած գործին։

Այդ տարիներու NER-ի Լիբանանի մասնաճիւղի տնօրէնութիւնը չկրցաւ ընդունիլ Թրէվիսի ցուցաբերած հանդուրժողութիւնը այդ ժամանակներու հայկական տիրող գաղափարախօսութեան նկատմամբ, այն աստիճան որ ուսուցիչներ վտարուեցան Ժպէյլի որբանոցէն։ Այս քայլը առիթ տուաւ որբերու ըմբոստութեան եւ հայկական մամուլին մէջ NER-ի դէմ բողոքի յօդուածներու, որոնց յաջորդեց NER-ի 1925-ին առած որոշումը Ժպէյլի հաստատութիւնը վերջնականապէս փակելու։ Այս ամբողջ ընթացքին Թրէվիս պաշտպան կանգնեցաւ վտարուած ուսուցիչներուն եւ ըմբոստացած որբերուն։ Ասոր ալ հետեւանքը այն եղաւ որ այսուհետեւ Թրէվիս չկրցաւ պաշտօն ստանձնել NER-ի ցանցէն ներս Լիբանան կամ այլուր։

1925-ին Թրէվիս կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ։ Շրջան մը կը մնայ Պոսթոն, ապա պաշտօն կը ստանձնէ Միացեալ Նահանգներու գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան մէջ (U.S. Immigration and Naturalization Service) Թեքսասի, Արիզոնայի, Սիրաքուսի եւ ամէնէն վերջն ալ Պաֆֆըլոյի մէջ։ Կը մահանայ 1965-ին եւ թաղուած է Փէն Եէնի (Penn Yan) մէջ (Եէյթց քաունթի -Yates County-, Նիւ Եորքի նահանգ)։ Թրէվիս չէր ամուսնացած եւ չունէր զաւակ։
    
Ռէյ Թրէվիս սիրելի եւ փայփայելի անուն մը մնաց Ժպէյլէն շրջանաւարտ որբերուն յիշողութեան մէջ։ Յետագային այս որբերէն ոմանց կողմէ գրուած յուշերը եւ իրենց նախկին տնօրէնին մասին դրական տպաւորութիւնները ապացոյցն են ասոր։ Եթէ ընդունինք այն իրողութիւնը որ հայ որբանոցներէն (ասոնց շարքին յատկապէս Ժպէյլէն) դուրս եկած որբերը նշանակելի դերակատարութիւն մը ունեցած են Լիբանանի եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի հայկական ինքնութեան վերակառուցումի ճիգերուն մէջ, ապա հաստատ կրնանք ըսել որ Թրէվիս առաջատար դեր խաղացած անձնաւորութիւն մըն է այս ընդհանուր գործընթացին մէջ։

Ժպէյլ/Պիպլոս, 1920-ական թուականներ. NER-ի հայկական որբանոցը։

Լուսանկարը 1920-ական թուականներէն է, բայց անյայտ է վայրը, որ կրնայ ըլլալ Այնթապ կամ ալ Լիբանան եւ Սուրիա։

Պէյրութի նաւահանգիստ, հաւանաբար Դեկտեմբեր 1924. նախապէս Կեսարիա գտնուող 200 հայ որբերուն ժամանումը Լիբանան։ Կեսարիայէն գնացքով կը հասնին Մերսին, Ռէյ Թրէվիս անձամբ կը ժամանէ նաւահանգիստ այս քաղաքը, ապա նաւով անոնց կ՚ընկերակցի մինչեւ Պէյրութ։ Տղայ որբերը կը տեղաւորուին Ժպէյլի որբանոցը։

Հալէպ, 1920-ական թուականներուն։ Հալէպի ամերիկեան գոլէճը (Aleppo college)։ Սոյն կրթական հաստատութիւնը շարունակութիւնն է Այնթապի մէջ գործող ամերիկեան միսիոնարական գոլէճին։ Հալէպի մէջ Այնթապի հայերուն մեծաթիւ հաստատուելէն ետք ամերիկեան միսիոնարական հաստատութիւնը սուրիական այս քաղաքին մէջ կը հիմնէ սոյն գոլէճը։

  • [1] Թրէվիսի թուղթեր, Yates County History Center, ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչէն նամակ Թրէվիսի (Այնթապ), թիւ 224, 5 Դեկտեմբեր 1919 Հալէպ։
  • [2] Յուշամատեան Ճիպէյլի ամերիկեան որբանոցի 1920-1925, հրատարակութիւն նախկին սաներու, տպ. Համազգային, Պէյրութ, 1969, էջ 130, 139։ Տեսնել նաեւ՝ Karnig Panian, Goodbye, Antoura: A Memoir of the Armenian Genocide, translated by Simon Beugekian, Stanford University Press, Stanford, California, 2015։
  • [3] Նոյն, էջ 130, 138։
  • [4] Թրէվիսի թուղթեր, Yates County History Center, Հայր Պօղոս Արիսէն (Պէյրութի Հայ ազգային միութեան անդամ) նամակ Թրէվիսի, 25 Յունիս 1920, Պէյրութ։

 

Վահէ Թաշճեան

http://www.houshamadyan.org