image

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ (Բ. մաս). Արմենակ Եղիայեան

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ (Բ. մաս). Արմենակ Եղիայեան

         ***Դանայեան նուէր

           կամ՝ Տրովադայի ձի

         Այսպէս կը կոչուի այն փայտէ ձին, որ յոյները, կամ դանայացիք,--ինչպէս կը կոչուէին անոնք,-- տասը տարուան ապարդիւն պաշարումէ մը ետք լքեցին Տրովադայի պարիսպներուն առջեւ ու հեռացան, իբրեւ թէ նահանջեցին: Այդ  հսկայ ձիուն մէջ պահ  մտած էր Ոդիսեւսը իր զինուորներով: Պատմութիւնը ծանօթ է. տրովադացիները մեծ հրճուանքով  դիմաւորեցին այդ «նուէրը»: Միակ հակառակողը եղաւ  քրմապետը, որ ի զուր թելադրեց  իր հայրենակիցներուն՝  ներս չառնել  այդ փայտէ ձին: Իսկ երբ հարցուցին անոր, թէ ինչո՞ւ կը հակառակի, փորձառու քրմապետը, որ լաւ ծանօթ էր հակառակորդներուն խորամանկութեան, պատասխանեց, ըստ լատին բանաստեղծ  Վիրգիլիոսին. «Ընծայ բերող յոյնէն անգամ կը վախնամ» (Timeo danaos et dona ferentes):

         Տրովադացիք մտիկ չըրին քուրմին եւ պարիսպներէն ներս կրեցին ձին, ապա անձնատուր եղան անկաշկանդ խնջոյքի մը՝ առատօրէն ուտելով, խմելով ու հարբելով: Այդ  կացութենէն օգտուելով՝ Ոդիսեւս եւ ընկերները դուրս եկան ձիուն որովայնէն եւ սրախողխող ըրին հարբած տրովադացիները, տիրեցին  քաղաքին ու այրեցին զայն:

         Այսպէս ալ «դանայեան նուէր  կամ ընծայ» դարձուածքը այնուհետեւ  խորհրդանշեց  խորամանկութեամբ, նենգութեամբ տրուած որեւէ առարկայ, որ կը կործանէ տտացողը:

        «Տրովադայի ձի» բառակապակցութիւնը  ունի նոյն նշանակութիւնը:

        *** Դանայեան տակառ

         Ըստ յունական դիցաբանութեան՝ Հին Յունաստանի  թագաւորներէն մէկը՝ Դանայոսը, ունէր  50 աղջիկ, որոնք կը կոչուէին «Դանայեան քոյրեր»: Ասոնցմէ 49-ն իրենց ամուսնութեան առաջին գիշերն իսկ  սպանեցին  իրենց ամուսինները: Իրենց այս արարքին համար անոնք գացին դժոխք, որուն  չաստուածուհին, իբրեւ գերագոյն պատիժ,  անոնց պարտադրեց շարունակ լեցնել տակառ մը, որ յատակ չունէր:  Ասկէ ալ կը յառաջանայ  «դանայեան տակառ»  դարձուածքը,  որ կը խորհրդանշէ  անօգուտ  ճիգը, անպտուղ աշխատանքը, անվախճան յոգնութիւնը:

         Նոյնին անմիջական հետեւողութեամբ յառաջացած է նաեւ «դանայեան աշխատանք» դարձուածքը, որ բացատրութեան չի կարօտիր:

         Տեսնել նաեւ «սիզիփոսեան աշխատանք» դարձուածքը:

         Գրիգոր Զոհրապ իր «Ճիտին պարտքը»  պատմուածքին մէջ  շատ յաջող կիրարկած է  այս դարձուածքը՝ «դանայեան տակառ» անուանելով  անոր հերոսին՝ Յուսէփ աղային  պայուսակը,  որ հէգ մարդը ամբողջ երեսուն տարի  լեցուցած էր ուտեստեղէնով եւ միշտ ալ ամէն առաւօտ  պարապ գտած էր զայն: Այդ պայուսակը լիացնելու  հոգէն ան «կը փրկուի» միայն այն օրը, երբ քարով կը լեցնէ զայն ու կը կախէ ճիտին, այսինքն՝ վիզին,  եւ այդպէս ալ ջուրը կը նետուի ու խեղդամահ կը դառնայ:

         Կայ այս անունին կապուած, սակայն նուազ ծանօթ դարձուածք մըն ալ, որ է «դանայեան նուէր»-ը. տեսնել  նախորդ հատուածը:

         ***Դափնիներու շուքին քնանալ

         Դափնին գեղեցիկ ու հոտաւէտ տերեւներով, միջակ բարձրութեամբ,  մշտադալար  ծառ մըն է, որ շատ տարածուած է Միջին Արեւելքի  եւ Հարաւային Եւրոպայի մէջ: Անոր պտուղով ներկայիս  օճառ կը պատրաստեն, իսկ տերեւներն ալ իբրեւ համեմ կը գործածեն ոմանք: Անցեալին, սակայն, անոր տերեւներով պսակ եւս կը կազմէին ու կը զարդարէին արժանաւոր մարդոց գլուխները, սովորութիւն մը, որ շատ տարածուած էր  Աթէնքի ու Հռոմի մէջ: Երբ կը թղթատենք հին պատմութեան պատկերազարդ գիրքեր, ապա սովորական է անոր էջերուն հանդիպիլ մարզիկներու, բանաստեղծներու,  արուեստագէտներու, այլեւ հերոսներու,  թագաւորներու ու կայսրերու, մինչեւ իսկ նահատակներու[1], որոնց գլուխները  եզերուած են դափնեպսակով:  Ան կը համապատասխանէ  մեր օրերու շքանշանին՝ իր այլազան  կարգերով:  Բայց ո՜ւր է  դափնեկիր գլուխի մը ներշնչած պատկառանքը եւ ո՛ւր՝ շքանաշանակիր լամբակի մը տափակութիւնը:

         Դափնի (laurier) կրող անձը կը կոչուի դափնեկիր (lauréat)[2]:

         Անխուսափելի էր, որ դափնին  իր այս գործածութեամբ հետզհետէ հոմանիշ դառնար պատիւի, արժանիքի, յաղթանակի ու փառքի՝ մարզական, գեղարուետական, ռազմական եւ այլն: Բայց պատահած է ու կը շարունակէ պատահիլ, որ մէկ դափնին բերէ ուրիշ դափնիներ, ինչպէս  նաեւ՝ հակառակը. այսինքն՝ զայն շահողը իր կեանքի մնացեալ տարիներուն ընդմիշտ կորսնցնէ  իր եռանդն ու փառասիրութիւնը եւ այնուհետեւ գոյատեւէ  իր  յաղթանակին միայն յիշատակովը,-- ահա այս վերջիններուն համար կ’ըսուի՝ «Իր դափնիներուն շուքին քնանալ»: Այլ խօսքով՝ դափնեկիրի երբեմնի արժանիքներուն, տաղանդին, յաղթանակին ու պայծառամտութեան համապատասխանող որեւէ նոր  գործ չկատարել, այլ պարզ ու մեկին՝ սպառել ինքզինք ու ամլանալ:

         Դափնիներուն շուքին քնացողը կը նմանի մօտաւորապէս հանգստեան կոչուած բանուորին,  որ այլեւս չ’արտադրեր, օգուտ մը չունի՝ ո՛չ ուրիշին, ո՛չ իրեն, այլ կ’ապրի  անցեալի հաշուոյն եւ միայն կենսաթոշակ կը գանձէ:  

         *** Դրակոնեան օրէնք.

                       Դրակոնեան պատիժ

         Դրակոնը անունն  է աթէնացի օրէնսդիրի մը, որ ապրած է 7-րդ դարուն վերջերը Քա.: Սա այնպիսի ժամանակ մըն էր, ուր ոչ մէկ օրէնք կը կանոնակարգէր մարդոց կեանքն ու նիստուկացը, ուր կը տիրէր բացարձակ անիշխանութիւնն ու կամայականութիւնը, իսկ արդարութիւնը կը գտնուէր ազնուականութեան ձեռքը, որ ուզածին պէս կը չարաշահէր զայն՝ անշուշտ  միշտ ի նպաստ իրեն:

            Ահա այսպիսի ժամանակի մը մէջ  է, որ Դրակոնը ստանձնեց իր իշխանութիւնը եւ ուզեց վերջ տալ տիրող  անիշխանութեան ու անարդարութեան: Ան մշակեց պարտադիր օրէնքներ, ըստ որոնց՝ ամէն յանցանք, անկախ իր տարողութենէն, նոյնիսկ ամենաաննշանը, պիտի պատժուէր մահուամբ, ով ալ ըլլար  զայն գործողը, ի՛նչ դասակարգի ալ պատկանէր ան: Այս խստութեան ի տես՝ ըսուած է, որ «Դրակոնի օրէնքները գրուած են արիւնով եւ ոչ թէ մելանով»:

         Դրակոն այսպէսով կը փորձէր  ջնջել մասնաւորաբար անհատական արդարութիւնն ու վրիժարութիւնը եւ զայն փոխարինել  պետական արդարութեամբ:

         Դրակոնի մշակած օրէնքները գործեցին մօտաւորապէս երկու դար, որմէ ետք անոնք փոխարինուեցան աւելի մեղմ օրէնքներով. աս վերջինները մշակողներէն գլխաւորը  Սողոնն էր (Solon):

         Օրէնքները վերցան, սակայն մնացին դարձուածքները՝ «դրակոնական օրէնք» եւ «դրակոնական պատիժ», որոնց հասարակաց գիծը ծայրայեղ խստութիւնն է, անհամապատասխանութիւնը վճիռին ու պատիժին՝ յարաբերաբար գործուած յանցանքի մը:

         *** Լակոնական ոճ

         Լակոնիան Յունաստնի հարաւային մէկ նահանգն էր, որ հետագային դարձաւ հանրածանօթ Սպարտան: Լակոնացիք անուանի էին իրենց փայլուն իմացականութեամբ, խոր ու ճշգրիտ  տրամաբանութեամբ ու մանաւանդ բառերու գործածութեան մէջ իրենց ցոյց տուած ճշգրտաբանութեամբ ու ժուժկալութեամբ:  Անոնց մանկավարժական սկզբունքն էր՝ ոչ մէկ աւելորդ բառ օգտագործել:

         Պատահեցաւ, որ Փիլիպոս Մակեդոնացին՝ Աղեքսանդր Մեծի հայրը, նուաճելէ ետք հիւսիսային  Յունաստանը, հասնէր Լակոնիոյ դռներուն:  Փոխանակ պատերազմով նուաճելու զայն՝ ան գրեց սպառնալից երկար նամակ մը, որ կը վերջանար սապէս. «Եթէ չյանձնուիք, կը կործանեմ ձեր քաղաքը»: Պատգամաւորները այս նամակը յանձնեցին  ու սպասեցին...պատասխանի: Իսկ լակոնացիք  պատասխանեցին ընդամէնը մէկ բառով՝ «եթէ...»,-- որ կը նշանակէր՝ «եթէ կարենաս գրաւել»: Անշուշտ հեգնանքն ու արհամարհանքը իրենց բաժինը ունին այստեղ, սակայն «լակոնական ոճ» դարձուածքը կը բնորոշուի իր ճշգրտութեամբ, հակիրճութեամբ ու յստակութեամբ: 

         Ծանօթ.-- Լակոնական ոճի օրինակ մըն է նաեւ Կեսարի «եկայ, տեսայ, յաղթեցի»-ն (veni, vidi, vici), որ մեծ ու մեծամիտ զօրավարը իբրեւ պատերազմական տեղեկագիր յղեց Հռոմի ծերակոյտին՝ Պոնտոսի Փառնակէ թագաւորին դէմ, 47 թուին,  Զելայի մէջ  տարած դիւրին ու արագ յաղթանակին առիթով:

         ***Լափալիսեան ճշմարտութիւն

         Ներկայիս այս դարձուածքը աշխարհի լեզուներուն մէջ  հոմանիշ է  «տափակ, ճապաղ, փաստի անկարօտ  ճշմարտութեան, որ հանրօրէն  ծանօթ է  ամենքին, այնպիսի  ճշմարտութեան, որ հեգնանք ու ծիծաղ կը պատճառէ: Մինչդեռ  պատմականօրէն՝ իր ծագումվ ան բոլորովին ուրիշ բան կը նշանակէ:

         Լափալիսը  ֆրանսացի փայլուն զօրական մըն էր (1470--1525), որ մարաջախտի տիտղոսով ծառայած էր Լուի ԺԲ. եւ Ֆրանսուա Ա. թագաւորներուն երկարատեւ պատերազմներուն՝ այս վերջիններուն յատկապէս Իտալիոյ դէմ մղած  մարտերու ընթացքին:  Իտալական ճակատին վրայ ալ ան զէն ի ձեռին  զոհուեցաւ  հերոսի մահով:  Այս առիթով  իր շնորհալի զինուորներէն  մէկը գրեց բանաստեղծութիւն մը, որ օրին մեծ ժողովրդականութիւն գտաւ ու կ’երգուէր ամբողջ Ֆրանսայի մէջ:  Այդ գրութեան տողերէն մէկը կ’ըսէր. «Մահէն քառորդ ժամ առաջ Լափալիս  տակաւին ողջ էր...»:

         «Ողջ» բառը այստեղ  կը նշանակէր՝ աշխուժ, եռանդուն,  մարտունակ:  Իսկ ամբողջ տողը կը նշանակէր՝ Լափալիս մահէն  մինչեւ քառորդ ժամ առաջ տակաւին կը կռուէր  հերոսաբար, ինչպէս  մենք պիտի ըսէինք՝ «մինչեւ վերջին շունչը»: 

         Այնքան ատեն որ Լափալիսի մահէն ետք անոր կերպարը տակաւին թարմ էր յետնորդներուն յիշողութեան մէջ, անոնք յարգանքով ու ակնածանքով կ’ընկալէին  այդ տողին բովանդակութիւնը, սակայն ժամանակին հետ ռամիկին ու զանգուածին յիշողութենէն սկսաւ վրիպիլ անոր նրբութիւնը, մինչեւ որ վերջնականապէս ջնջուեցաւ ան, եւ տողս  դարձաւ բոլորովին անհեթեթ. չէ՞ որ ամեն մահկանացու ալ  իր մահէն քառորդ ժամ առաջ ողջ կ’ըլլայ: Եւ ան տեղի տուաւ  հեգնանքի, արհամարհանքի ու ծաղրանքի:  Դարձուածն ալ հոմանիշ դարձաւ ճապաղութեան ու տափակութեան: Այսօր երբ «լափալիսեան ճշմարտութիւն» կը կոչենք արտայայտուած միտք մը, ապա պարզապէս կը հասկնանք այնպիսի ճշմարտութիւն մը,  որ ինքզինք կը բացայայտէ առանց որեւէ  ճիգի,  ուստի  ոչ մէկ փաստարկումի կը կարօտի ան:  Ինչ որ հիմնովին պիտի հերքուէր, եթէ յիշեալ քերթուածին բառերը ճիշդ մեկնաբանուէին:

                                                         *      *

                                                             *

         Իսկ մեր մէջ...

         Լեւոն Շանթ ըսած է. «Կ’ուզեմ ապրիլ մինչեւ մահ»,-- ինչ որ շատ բաներով կը յիշեցնէ...լափալիսեան ճշմարտութիւնը. անշուշտ թէ մարդ կ’ապրի  մինչեւ մահ,  եւ ապրելու ու մեռնելու ուրիշ ձեւ գոյութիւն չունի:

         Այսպէս կը մտածէ, սակայն,  ռամիկը միայն, բայց ո՛չ Շանթ,  որուն համար ապրիլը միայն շնչել չէր, միայն բնախօսական վիճակ մը կամ արարք մը չէր, այլ ստեղծագործութիւն էր, ինքնահաստատում էր,  առաքելութիւն էր, իսկ այս բոլորին համար անհրաժեշտ է ամէն բանէ առաջ մտքի՛ առողջութիւնը,  իմացակա՛ն  պայծառութիւնը, կամքի՛ տոկունութիւնը, որոնք միշտ բնախաօսականին հետ զուգահեռ  ու համատեղ չեն ընթանար. ահա այս յատկութիւններն էր որ Շանթ կը մաղթէր ունենալ իր այնքան պարզ,  բայց խորիմաստ  ու վսեմ խօսքով:

         *** Լինե՞լ, թէ՞ չլինել

         Շեքսպիրի  հերոսին՝ Համլետի մենախօսութեան (Արար Գ, տես. 1) առաջին տողն է այս, որով երիտասադ արքայազնին համար հարցադրումի գերագոյն առարկայ  է ապրելու եւ չապրելու միջեւ կատարելիք ընտրութիւնը: Հակառակ իր իշխանական կարգավիճակին եւ ունեցած արքունական բարեկեցութեան՝ ան յաջողած է այնքան դառն փորձառութիւն,-- յատկապէս մօրը դաւաճանութիւնը հօրը հանդէպ,-- կուտակել, որ այլես   զզուած է ամէն ինչէ,  եւ կը պատրաստուի խզելու այս աշխարհի մէջ ունեցած իր  վերջին անկեղծ կապն ալ, որ   Օֆելիան է՝  իր գեղեցիկ ու պարկեշտ նշանածը:

         --Կուսանո՛ց մը մտիր,-- կը թելադրէ անոր,-- ինչո՞ւ մեղաւորներ սնուցող մը պիտի ըլլաս:

         «Լինե՞լ, թէ՞ չլինել»-ը թարգմանուած պէտք է ըլլայ աշխարհի բոլոր լեզուներուն, որոնց բոլորին մէջ ալ ան կը խորհրդանշէ դժուար ու ճակատագրական  ընտրութիւն մը կատարելու  հարկադրանքէն յառաջացող մոլորեցուցիչ    տուայտանքները: 

 

 

(Շարունակելի)

       

 Արմենակ Եղիայեան



[1] Ներսէս Շնորհալի ունի հոգեպարար շարական մը՝ «Նորահրաշ պսակաւոր»,-ը. այդ պսակաւորը Վարդան Մամիկոնեանն է, որուն նահատակութեան ալ նուրուած է շարականը:

[2] Միջին դարերուն սովորութիւն դարձաւ դափնիով զարդարել գլուխը նաեւ բարձրագոյն ուսում ստացող ուսանողներու, մասնաւորաբար մարդկային գիտութեանց, յատկապէս աստուածաբանութեան: Այսպիսիները կը կոչուէին պսակաւոր: Այսօր դափնին այլես  արդի բարքերուն մաս չի կազմեր, սակայն  համապատասխան եզրը՝ պսակաւորը, կը շարունակէ բնորոշել բարձրագոյն ուսման տիրացած ուսանողը: