image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100 Ամեակին առիթով- Եկեղեցին (Խորհրդածութիւն մը)

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100 Ամեակին առիթով- Եկեղեցին (Խորհրդածութիւն մը)

Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան կերտման մէջ եզակի տեղ ունեցած է Հայ Եկեղեցին: Ան մեր ցեղին համար հաւատքի ու հոգեւոր ապրումներու զարգացման տուն ըլլալուն կողքին, եղած է մշակութային հարստութեանց անզուգական օճախ, արուեստի շքեղ ու պանծալի գանձարկղ, գրական ստեղծագործութեանց պերճագոյն շտեմարան եւ ազգիս ազնուագոյն ձգտումներուն ու ապրումներուն ե՛ւ յոյսերուն ե՛ւ յոյզերուն լսելիութեան անկորնչելի վկայարան:

Ահա առաքելահաստատ կառոյցը սուրբ ու հնոցը կրօնքին, որ իր գոյաւորման առաջին իսկ օրէն ինքզինք գտաւ իր ժողովուրդին մէջ, միշտ ծառայական պատմուճանով:

Հայ Եկեղեցին դարերու ընթացքին ինքզինք հաստատեց, կերտեց եւ հզօրացուց, իր պարտաւորութիւնները լիիրաւ կատարելով իրեններուն նկատմամբ: Ժողովուրդին հետ մեր Եկեղեցւոյ ունեցած անմիջականութիւնը՝ աստուածային այս ընկերութիւնը դարձուց նաեւ ազգային հաստատութիւն, հաւաքավայր ժողովրդեան եւ մէկտեղման ամենաճառագայթող երդիքը մեր զաւակաց. այս իրականութեան հաստատումը կը տեսնենք Կիլիկիոյ Բաբգէն կաթողիկոսի հետեւեալ բանաձեւումին մէջ. «Հայոց Եկեղեցին Աստուածային Շնորհք մըն է: Հայոց Եկեղեցին ազգային հաստատութիւն մը եղաւ, եւ եղաւ բացառիկ եւ բա՛րձր արժէքով ազգային հաստատութիւն մը, պատճառը այն է որ այդ եկեղեցին իր ժողովրդական դրութեամբ նոյնացաւ Հայ ժողովուրդի կեանքին հետ»: Իսկ անոր յաջորդներէն Արամ Ա. վեհափառը լրացուցիչ խորհուրդով մը կը հաստատէ այս ոսկի մտածումը՝ Հայ Եկեղեցին կոչելով «Սեփականութիւնն ու ժառանգութիւնը ժողովուրդին», ու կը շարունակէ. «Կառոյց չէ Եկեղեցին, քար ու պատ չէ Եկեղեցին, Ժողովո՛ւրդն է Եկեղեցին, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու շողին տակ մեկտեղուած ա՛զգն է Եկեղեցին»:

Իր ծննդեան օրէն սկսեալ, Եկեղեցւոյ բերած ծառայութիւնները Հայրենիքին ե՛ւս կը մնան գերգնահատելի: Տէրունական խօսքին համաձայն, «Տուք զկայսերն կայսեր եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ», Աստուծոյ բաժինը նախախնամութեան տալու զուգահեռ, Եկեղեցին իր առաւելագոյնը տուած է Հայաստան աշխարհին եւ հայրենի պետութեանց, միշտ ջատագովը հանդիսանալով Հայրենիքի առաւե՛լ ծաղկման ու բարգաւաճման՝ անդուլ աշխատելով անոր ամբողջական անկախութեան ի խնդիր:

Լուսաւորչէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը, Եկեղեցին իր գործով ու խօսքով անբաժանելի մասը մնացած է Հայրենիք սրբութեան, դարձած է հայրական ուղեցոյցը հայրենի իշխանութեանց ու պետութեանց, պատմութեան անորոշութեան ու քաոսին մէջ իր կողմասլաքը միշտ լոյսի աղբիւրին՝ արեւելք պահելով:

torkom 

 

Կար ժամանակ, երբ ժողովուրդի ապահովութենէն ու հայրենիքի գերագոյն շահերէն մեկնած, Եկեղեցին աստուածաբանական ու եկեղեցաբանական զիջումներ արձանագրելու պարտաւորութեան դէմ յանդիման գտնուեցաւ, արեւմտեան պետութիւններէ օժանդակութիւն ստանալու խոստումին դիմաց, -որոնք տրուած էին մեր քաղաքական ուժերուն- պաշտպանելու համար Հայրենի իշխանութեանց հեղինակութիւնը եւ ապահովելու իւր զաւակաց գոյութիւնն ու կենաց խաղաղութիւնը: Այլ խօսքով, ան եղաւ երկրի գերագոյն շահերու կողքին, անոր հզօրացման եւ ինքնահաստատման իմաստով ընելով այն ամէնը, որ պարտ էր կատարել ազգային գերագոյն արժէքներու եւ նուիրական իտէալներու անվեհեր պաշտպանը:

Անկախ պետականութեան բացակայութեան զանազան փուլերուն, Եկեղեցին եղած է ժողովուրդին նա՛եւ քաղաքական ներկայացուցիչը, տակաւին պարսկական, բիւզանդական եւ արաբական օրերէն սկսեալ մինչեւ օսմանական եւ ցարական իշխանութիւններու օրերը:

Երբ 387 թուականին Հայաստանը մասնատուեցաւ Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ, որուն արդիւնքը եղաւ բիւզանդական բաժինին մէջ հայոց թագաւորութեան վերացումը իսկ պարսկական մասին մէջ անկախութեան դէմ լուրջ մարտահրաւէրներ ուղղուեցան, Եկեղեցին դարձաւ ողնասիւնը երկրին, եւ քիչ ետք‘ քաղաքական ուժերու եւ նախարարութեանց մէկտեղման կեդրոնն ու հանդիպան շաղկապը: 451ին, Վարդանանց  պատերազմին, Եկեղեցին եղաւ առաջնորդակից Հայոց Սպարապետին, քաղաքական ուժին հետ միաւորուած պայքարեցաւ Հայրենիքի անկախութեան եւ կրօնքի պահպանութեան համար:

church

 

Յաջորդ դարերուն, Եկեղեցւոյ առաջնորդները գացին արեւելք ու արեւմուտք, հարաւ եւ հիւսիս, մինչեւ Խրիմեան Հայրիկին մասնակցութիւնը Պերլինի Վեհաժողովին, Սահակ Խապայեան կաթողիկոսին տեսակցութիւնը Ֆրանսական իշխանութիւններուն հետ, Արամ Ա. վեհափառին մուտքը Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարան, որոնց նպատակը միշտ նոյնն էր. ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԸ:

Այլ չէր պարագան 28 Մայիս 1918ին: Անկախութեան նախօրեակին, Սարդարապատի կենաց-մահու ճակատումներուն, Եկեղեցին դա՛րձեալ իր առաքելութեան յաղթական ճամբուն վրան էր:  Գէորգ Ե. Սուրենեանց կաթողիկոս ու Գարեգին եպս. Յովսէփեանց (յետագային կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), իրենց արի կեցուածքով, ոգին ու կամքը, մղիչ ուժը հանդիսացան նոր Հայաստանի կերտման, Հայաստանի Հանրապետութեան իրականացման: Ֆետայական եւ ազատագրական շարժումներուն հաւատք ու ներուժ հայթայթող Եկեղեցին, ինչպէս նախորդ եւ ապագայ շրջաններուն, 1918ին ե՛ւս իր ծառայութիւնը բերաւ մեր ժողովուրդին, աշխատելով որ ան իր վրայէն թօթափէ ստրկութեան փոշին, փշրէ օտարին շղթաներուն լուծը, բարձրացնէ իր խոնարհած գլուխը:

Հայաստանի Ա. Անկախութեան 100ամեակի սեմին, կը նայիմ Եկեղեցւոյս ու կը շշնչամ.

Դուն՝

Պարծա՛նքը ազգիս,

Ցնծութիւնը ցեղիս,

Օրհնութի՛ւնը հայրենիքիս,

Երաշխի՛քը սփիւռքահայուս:

 

ԹՈՐԳՈՄ Ծ. ՎՐԴ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ

«Ասպարէզ»