image

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (Դ. Մաս)

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի  (Դ. Մաս)

Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբեր, 2017

 

Հոս պաշտօնապէս ձմրան առաջին օրն է։ Վալդերէն խնդրած էի որ Դեկտեմբերի մէկին լուսաւորէ մեր տան առջեւ գտնուող եղեւնիները Կաղանդի եւ Սուրբ Ծննդեան լոյսերով։ Այսօր շուկայէն վերադարձին, կը նկատենք, որ արդէն զանոնք զետեղած է։ Անհամբեր կը սպասենք մթննալուն, որպէսի տեսնենք արդիւքը։ Հիմա Կաղանդի լուսաւորումը բաւական հեշտացաւ լազերային լոյսերու միջոցաւ։ Փոխանակ մագլցելով տան քիւերուն լարեր ամրացնելու մէկ լազերային լուսարձակը կը լուսաւորէ տան ամբողջ ճակատը...

Երեկոյեան մեր հարեւանները կու գան դիտելու մեր լուսաւորուած բակը։ Երախները եղեւնիներուն առջեւ կը նկարուին...

 

Քանի մը շաբաթ առաջ, մեր բարեկամներէն Լոս Անճելսցի Վարուժը երկու արկղ ապրանք ուղարկած էր մեր համագիւղացիներուն բաժնելու համար։ Դժբախտաբար անոնցմով զբաղուելու առիթը չէր ներկայացած։ Այսօր կը բանամ արկղները։ Գրենական պիտոյքներով եւ նոր բաճկոններով լեցուած են։ Կը սկսիմ բաժնելու գործընթացին։ Գրենական պիտոյքներէն բաժին կը հանեմ նաեւ մեր գիւղի դպրոցի աշակերտներուն եւ Ջիլ մանկապարտէզի երախաներուն։ Վարուժը բաւական մարդ ուրախացուց իր այս արարքով...

 

Շաբաթ, 2 Դեկտեմբեր, 2017

 

Ցուրտ է բայց արեւոտ։

Հեղինակէն նուէր ստացած էինք «Այլաստանցի Մուչիկ Հայաստանցի» վիպակը, որուն մասին գրախօսական մը կարդացած էի Գրական Թերթին մէջ։ Կէս ձգելով մինչ այդ կարդացած գիրքս, հետաքրքրութեամբ կը կարդամ զայն։ Շուրջ 200 էջնոց այս վիպակը կ’անդրադառնայ արտագաղթող հայու տիպարին եւ հոգեբանութեան։ Առանց հայրենասիրական դասխօսութիւններու , կշտամբանքի կամ գնահատականի, հեղինակը կը ներկայացնէ Մուչիկի կերպարը, որուն համար իտէալ ապրելու երկիրը տակաւին չէ ստեղծուած։ Թեթեւ շունչով, խօսակցական ժարգոնային լեզուով Մուչիկի պրիսմակէն կը նեկայացուի իր թափառումներուն որդիսականը։ Թէեւ հեղինակը ուղղակիօրէն չի միջամտեր կարծիքներ յայտնելով, սակայն անոր արեւելումը միշտ նկատելի է։ Այս խիտ վիպակին մէջ, երկար բարակ նկարագրութիւններու փոխարէն կարճ վրձինի հարուածներով մեզի կը փոխանցուին վիճակներ, կացութիւններ, մտածելակերպեր եւ կենսակերպեր։ Վիպակը կ’ընդգրկէ Խորհրդային Հայատանէն անկախացման տարիները եւ այդ օրերու տիրող մտածելակերպը եւ հակասութիւնները։ Կան ախտանշումներ, որոնք անձնապէս զգացած եմ։ Յաճախ հարցադրուած եմ, որ ինչո՞ւ ռուսերէն չեմ գիտեր, թէեւ զարգացման որոշ մակարդակ մը կը դրսեւորեմ։ Ռուսերէնի անգիտութիւնը որպէս տգիտութիւն ընկալուած է հոս որոշ խաւի մը կողմէ... Այս եւ նման կարծրատիպեր կը ներկայացուին մեզի Մուչիկի եւ իր շրջանակին կողմէ... Մուչիկի դեգերումներուն ընթացքին զանազան հայկական գաղութներու հետ իր շփումներն ալ շատ բան կը պարզեն, հայաստանցի արտագաղթողի եւ դասական սփիւռքահայի մօտեցումներուն եւ ընկալումներուն մասին։

 

Օտար բառերը, ներառեալ ռուսերէնը, ծանօթագրուած են հեղինակին կողմէ, սակայն գործածուած ժարգոնը յաճախ անմատչելի կը մնայ արեւմտահայ ընթերցողին։

 

Այժմէական նիւթով եւ հետաքրքրական մատուցոմով այս գիրքը արժանի է ընթերցման։ Գրական հայերէնի փոխարինումը խօսակցական հայերէնով մթնոլորտ եւ հարազատութիւն ստեղծելու համար, կրնայ վիճելի ըլլալ, բայց այս մէկը կը ձգեմ գրաքննադատներուն եւ լեզուաբաններուն... 

 

Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր, 2017

 

Ձմեռը եկաւ։ Արդէն ցուրտ է։ Կ’որոշենք ձմեռնային ժամանակացոյց մը ստեղծել, ամրան թոհ ու բոհէն ետք հանդարտ շաբաթներու միօրինակութենէն խուսափելու համար։ Կիրակի օրերը տունէն դուրս ելլելով ճաշարան մը, մշակութային օճախ մը կամ զբօսավայր մը այցելել կ’որոշենք։ Մեր շրջապատի եեղեցիները ջեռուցուած չեն, ուստի զանոնք այցելել կարելի չէ...

Այսօր «Հին Աշտարակ» ճաշարանը կ’երթանք։ Հոս ճաշելու կողքին կը վայելենք սեփականատէրերու ջերմ հիւրասիրութիւնը։

 

Ամէն տարի, Ջիլ գիւղի մանկապարտէզի 40 աշակերտներուն համար փոքրիկ նուէրներ կը պատրաստենք։ Ատրպէյճանէն փախստականներու այս գիւղի երախաները բախտաւոր են, որ գոնէ մանկապատէզ ունին։ Այսօր Աշտարակի մէջ կ’ապսպրենք Ջիլի մանկապարտէզի նուէրները։ Վաճառողուհին համբերութեամբ կը հեռաձայնէ իրենց բոլոր մասնաճիւղերը ապահովելու համար հարկ եղած խմբաքանակը։ Կը վստահեցնէ, որ քանի մը օրէն պատրաստ կ’ըլլան բոլորը։

 

Երկուշաբթի, 4 Դեկտեմբեր, 2017

 

Երէկ «տուն դարձ»ի եկաւ հարեւան Արփինէն։ Անոր երախայի` Արեւիկի ծնունդէն 40 օր ետք ըստ ընդունուած սսովորութեան, հայրական տուն շաբաթով մը այցելութեան գալը կը կոչուի «տուն դարձ»։ 

Այսօր այցելութեան կ’երթանք իրենց, կը տանինք երախային ծննդեան առթիւ մեր նախատեսած նուէրները, Արեւիկը կը տեսնեք առաջին անգամ եւ փայտի վառարանին շուրջ բոլորուած լաւ ժամանակ կ’անցընենք։ Անսպասելիօրէն Սուսանը` Արեւիկի մեծ մայրը սեղան կը դնէ, Արտաշը` մեծ հայրը օղիի շիշը սեղան կը բերէ եւ սուրճի այցելութիւնը կը դառնայ ճաշկերոյթ...  Արեւիկը սիրուն եւ ժպտերես երախայ մըն է։ Հիւրասենեակը վերածած են ննջասենեակի, քանի որ երկրորդ յարկի ննջասենաեկները նուազ ջեռուցուած են։ Պահեստէն դուրս եկած է Արեւիկի մօր օրօրոցը եւ ընդհանրապէս ամէն ինչ ըրած են, որ Արեւիկի առաջին այցը իրենց տունը հարմարաւէտ ըլլայ...Արտաշը եւ Սուսանը իսկական պապիկի եւ տատիկի դերին մէջ են եւ շատ հպարտ իրենց թոռնուհիով։

 

Երեքշաբթի, 5 Դեկտեմբեր, 2017

 

Այսօր նոր օրէնսդրական նախաձեռնութիւն մը, բազմազաւակ ընտանիքը կը սահմանէ որպէս չորս եւ աւելի զաւակ ունեցող ընտանիք։ Վստահ չեմ, որ ասկէ առաջ սահմանում կա՞ր կամ թէ քանի զաւակը բազմազաւակ կը նկատուէր... 

Այս նախաձեռնութեամբ բացմազաւակ ընտանիքները կը ստանան որոշ առանձնաշնորհումներ եւ  յատկացումներ։ Նպատակը ծնելիութիւնը խթանելն է։

Կը յայտարարեն, որ գոյութիւն ունին 7400 բազմազաւակ ընտանիքներ, որոնցմէ 6400֊ը նպաստառու են։ Ինծի համար միշտ անհասկնալի եղած է, որ ինչու անապահով խաւը աւելի զաւակներ կ’ունենայ քան նիւթապէս ապահով խաւը։ Այս մէկը յատուկ չէ միայն մեզի...

Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի նաեւ նպաստառու խաւին փոխարինել զբաղուածութեամբ։ Գովելի նախաձեռնութիւն եթէ իրականանայ։

 

Չորեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր, 2017

 

Այսօր,ութ օր ուշացումով տարեդարձս պիտի նշենք։ Կան բաներ որոնք կարելի չէ զանց առնել։ Ամէն օր կը յիշեցնէին, որ տակաւին չենք նշած զայն։

Ուշացումով, այսօր տարեդարձս պիտի տօնենք։ Փոքր խումբով կ’երթանք Կովկաս Համալիրի ճաշարանը...

 

Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր, 2017

 

Այսօր երբ լոյսը կը բացուի, կը նկատենք, որ մեր համայնապատկերը սպիտակած է։ Գիշերը նախատեսուած ձիւնը տեղացած է...

 

Մեր գիւղին մէջ առանձնացուցած ենք շուրջ 20 ընտանիք, որոնք ամէն Ամանորին պարենային փաթեթներ կը ստանան։ Վալտերը ամէն տարի կը կազմէ ցանկը եւ մեզի կը ներկայացնէ զայն։ Այս նախաձեռնութեան կը մասնակցինք` մենք, ընկերուհիս Հիլտան եւ ամերիկահայ անճարցի Ժոզէֆը։ Մեր գիւղապետարանի պիւտճէին մէջ նման յատկացում չկայ։

Երեւանի մէջ, սակայն  քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ, 23000 ընտանիք կը ստանան նման պարենային փաթեթներ։ Ըստ լուրերուն, այս փաթեթները պիտի տրամադրուին քաղաքապետարանի ցուցակին մէջ ընդգրկուած սուրիահայերու, հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու, ազատամարտիկներու, զինծառայողներու եւ նիւթապէս անապահով խումբերու մէջ ընդգրկուած ընտանիքներու։

 

Մեր գիւղին մէջ, մեր նախաձեռնութեամբ, 150 երախայ կը ստանայ Կաղանդ Պապուկի բերած քաղցրաւենիքի տոպրակ։ Երեւանի մէջ, դարձեալ քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ, 40000 երախայ պիտի ստանայ նման փաթեթ, 4000 փոքրիկ ալ հնարաւորութիւն պիտի  ստանայ թատրոններու մէջ մասնակցելու տօնական  ներկայացումներուն։

 

Ինչո՞ւ քաղաքի անապահով խաւը պէտք է ունենայ առաւելութիւններ գիւղերու կամ այլ քաղաքներու անապահով խաւին վրայ։ Ինչո՞ւ նման միջոցառումները չտարածել ամբողջ երկրին վրայ... Երեւանի պիւտճէն ունի այս կարելիութիւնը, բայց այլ քաղաքներու եւ հարիւրաւոր գիւղերունը ոչ...

 

Հեռաձայն կը ստանաք որ հասած են Ջիլի մանկապարտէզի երախաներուն համար նախատեսուած նուէրները։ Աշտարակ կ’իջնենք զանոնք ստանձնելու։ Անմիջապէս որ հասնին քաղցրաւէնիքի եւ խաղալիքի փաթեթները, պիտի կազմենք նուէրներու տոպրակները։

 

Այսօր Սպիտակի երկրաշարժի 28-֊երորդ տարելիցն է։ Բաւ է լրահոսէն մէջբերել հետեւեալ քանի մը տողը,-

«Զոհուեց 25 հազարից աւելի մարդ, 500 հազարը մնաց անօթեւան։ Շարքից դուրս եկաւ բնակֆոնդի 17 տոկոսը` շուրջ 8 ﬕլիոն քառակուսի ﬔտր բնակելի տարածութիւն։ Երկրաշարժի հետեւանքով լրիւ կամ մասամբ աւերուեցին աւելի քան 230 արդիւնաբերական օբյեկտներ՝ 82 հազար աշխատատեղով։ Հայաստանի տնտեսութեանը հասցուած վնասը կազﬔց 13 ﬕլիարդ ռուբլի։»

Կ’որոշեմ այս երեկոյ չհետեւիլ երեկոյեան լուրերուն։ 29 տարի ետք, տակաւին կարելի չէ լսել ու տեսնել այս ահաւոր աղէտի պատճառած կորուստը, առանց խոր ցաւի։

 

 

 

Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր, 2017

 

Թէեւ եղանակը արեւոտ չէ, բայց առաւօտուն գեղեցիկ Արարատ կը տեսնուի։

Այսօր Երեւանի մէջ Կարապի լիճը կրկին վերածուեցաւ սահադաշտի, 13-֊րդ անգամ ըլլալով։ Չմշկասահքի սիրահարներու եւ երախաներու համար հիանալի միջոց է զուարճանալու։ Ան պիտի գործէ մինչեւ Գարուն։

 

Պատրաստ է Մարգարի 80֊ամեակի տեսերիզը։ Այս երեկոյ կը վերապրինք անոր արթած հաճոյքը։

 

Շաբաթ, 9 Դեկտեմբեր, 2017

 

Կը կարդամ նոր գրքի մը հրատարակութեան մասին։ «Հայոց Ազգին Պարտէզի Գանձերը, Պալեաններ» խորագրով այս գիրքը  Պոլսոյ ճարտարապետութեան մէջ մեծ հետք ձգած Պալեան գերդաստանի մասին է։ Իտալիայէն ձեռք բերուած արխիւային փաստաթուղթերը ուսումնասիրած եւ ամփոփած է  Աշոտ Գրիգորեանը։ Այժմ գիրքը կը թարգմանուի թրքերէնի թրքական համալսարանական շրջանակներուն մէջ տարածելու համար։

 

Այսօր կը կազմեմ Ջիլի մանկապարտէզի 40 սաներու նուէրները։ Երկուշաջթի օր, մանկապարտիզպանուհի Վարդին պիտի գայ տանելու զանոնք։

 

Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբեր, 2017

 

Երեւան կ’իջնենք գլխաւորաբար ատամնաբոյժի այցելութեան համար, սակայն 17 կէտերէ բաղկացած այլազան գործերու ցուցակ մըն ալ ունիմ, որուն մեծ մասը պիտի ջանանք իրականացնել։

 

Հազիւ Երեւան հասած ենք, երբ մանկապարտէզպանուհի Վարդին կու գայ ստանձնելու մանկապարտէզի սաներուն համար նախատեսուած նուէրները։ Ատամնաբոյժին այցելութենէն ետք կը նորոգենք մեր ինքնաշարժի ապահովագրութիւնը, մեր թոռնուի Դուինին համար կօշիկ կը գնենք ըստ հարսիս պատուէրին եւ Թորոնթօ այցելութեան գացողի մը կը հասցնենք, Աթէնքէն մեզի ղրկուած «Ազատ Օր» օրաթերթի թիւերը կը ստանանք, փոխ առնուած գիրք մը կը վերադարձնենք, եւայլն, եւայլն...

Բարեբախտաբար եղանակը գարնանային է եւ Երեւանի փողոցներով քալելը հաճելի... Այսօր Երեւան պիտի գիշերենք։

 

Կը կարդամ հետեւեալ մտահոգիչ եւ անհանգստացնող լուրը,,-

«2017 թուականի 11 ամիսների ընթացքում մահացել է 52 զինծառայող, որից 22-ը զոհուել է հակառակորդի կողմից ձեռնարկուած գործողութիւնների հետեւանքով, իսկ 30-ը ըստ նախնական տուեալների՝ զէնքի հետ անզգոյշ վարուելու, ինքնասպանութեան հասցնելու, առողջական խնդիրների, դժբախտ պատահարների, զինծառայակցի կողմից պատճառված վնասի եւ այլ պատճառներով»:

 

Երեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր, 2017

 

Բաւական ատենէ ի վեր, Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին մէջ բացուած է Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան 20-ամեակին նուիրուած «Արարում» ցուցահանդէսը։ Աշնանը Երեւան այցելող մեր բոլոր ծանօթներն ու ազգականները գովասանքով խօսեցան անոր մասին։ Այս առթիւ հրատարակուած նկարներու ալպոմն ալ նուէր ստացանք։ Լսեցինք Սուրբ Ղազար կղզիէն յատուկ այս ցուցահանդէսին համար փոխ առնուած «Քաոս» կտաւին եւ անոր պատմութեան մասին։ Այսօր վերջապէս առիթը կը ստեղծենք այցելելու զայն։

 

Ուշիէն մեզի կը միանայ ընկերուհիս Հիլտան։ Պէտք է ըսել որ հաւաքածոն իսկապէս ճոխ է։ Բացի «Քաոս»էն, որ առաջին անգամ կը ցուցադրուի Հայաստանի մէջ, կտաւները Ազգային պատկերասրահին եւ մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հաւաքածոներէն են։ Նկարներէն ոմանց մօտ նշուած են նուիրատուներու անունները։ Հպարտութեամբ կը լեցուիս երբ կ’անդրադառնաս, որ եղած են մարդիկ, որոնք մեր գանձերը վերադարձուցած են Հայրենիք։ Այս ցուցահանդէսի այցելութիւնը իսկական վայելք է։ Այվազովսկիի վրձինի լոյսի եւ մութի խաղերը կը հմայեն։ Զարմանալի չէ, որ այս ցոցահանդէսի այցելուներու թիւը գերազանցած է բոլոր այս հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսներու այցելուներու թիւը։

 

Ուշի վերադարձի ճամբուն վրայ կը հանդիպինք Տալմա շուկան։ Մեր ընելիքներու ցանկէն ինը իրականցուցած ենք, մնացեալը յաջորդ այցելութեան...

 

Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր, 2017

 

Կաղանդի սեղանին համար շարոց պատրաստելու եղանակն է։ Մեր հարեւանները երկար թելերու վրայ կը շարեն ընկոյզները ապա կը թաթխեն զանոնք խաղողի ռուպով յատուկ պատրաստուած շաղախին մէջ։ Այս շաղախէն աման մը կը ստանանք, բոլոր  շարոց պատրաստողներէն։ Աւելի ուշ երբ շարոցները չորնան, անպայման անկէ ալ բաժին կը հանեն մեզի։ Այս շաղախը կը կոչուի շփոթ։ Ըստ Մալխասեան բառարանի, «խաղողի նոր եփած մաթից եւ ալիւրից պատրաստուած խիւս, որի մէջ թաթախում են շուջուխի շարանը»։ Այսօր, հարս Սուսանը մեզ կը հրաւիրէ ներկայ ըլլալու, շարոց պատրաստելու արարողութեան։

Անցեալ տարիներուն ներկայ եղած ենք շարոցի պատրաստութեան, այնպէս որ նորութիւն չկայ։ Ընկոյզները նախապէս թելերու վրայ շարուած են։ Սուսանը այս տարի ծիրանի կուտեր ալ շարած է։ Խիւսը երկար ժամանակ կրակին վրայ անդադար խառնելով կ’եփի, ապա ընկոյզի շարանները կը թաթխուին անոր մէջ եւ կը կախուին չորնալու...

 

Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր, 2017

 

Արեւմուտքի մէջ, մեր դուռերուն ամրացուած նամակատուփերը միշտ լեցուն են։ Նամակաբաշխը (հոս ան կը կոչուի փոստատար), ամէն օր զանազան գովազդներ եւ նաեւ վճարման ենթակայ կտրօններ կը բաժնէ։ Համացանցի դարուն, նամակները այլեւս հազուագիւտ են։ Նոյնիսկ հարսանեկան հրաւէրները եւ կաղանդի բացիկները կամաց կամաց համացանց կը փոխադրուին։ Հոս գովազդները կու գան հեռաձայնային հաղորդագրութիւններու միջոցաւ, իսկ վճարումներու համար ամէն ամիս պէտք է այցելել դրամատուն կամ հայփոստ ուր կարելի է ճշդել վճարելի գումարները, սպառուած ջուրի, ելեկտրականութեան, բնական կազի, հեռախօսի եւայլն եւ վճարել։ Պէտք է ըսել, որ բնապահպանական տեսակէտէ այս մէկը աւելի ձեռնտու է քան հաշուետոմսեր տպելով առաքելը։  Այսօր աշտարակ կ’իջնենք այս վճարումները կատարելու։

 

Շաբաթ, 16 Դեկտեմբեր, 2017

 

Քանի մը շաբաթ է, Վալդերենց տունը շինարարութիւն կայ։ Իրենց պահեստի սենեակներէն մէկը խոհանոցի կը վերածեն, ընդարձակելով նստասենեակը։ Երկու օր առաջ մեզի ճաշի հրաւիրեց եւ ըսաւ որ Շաբաթ օր խոհանոցի բացումը պիտի նշենք։  Այսօր ընթրիքէն ժամ մը առաջ, իմացանք, որ Արմանի հարսին` Օֆելիայի ծնունդն ալ է։ Հոս միշտ պէտք է պատրաստ ըլլալ  անակնկալերու համար եւ լաւ պահեստաւորուած նուէրներու տեսակէտէն, վերջին րոպէին յայտարարուած առիթներուն համար...

Օֆելիայի առաջին տարեդարձն է իր ամուսնոյն տան մէջ, ուստի ան կը նշուի մեծ շուքով` ճոխ սեղան, տարեդարձի թխուածք, հրավառութիւն, երգ ու պար...

Օֆելիայի 20-երորդ տարեդարձն է։ Ապրիլին ան պիտի մայրանայ...

 

Երկուշաբթի, 18 Դեկտեմբեր, 2017

 

Կրկին  Երեւան ենք, դարձեալ ատամնաբոյժի։ Եղանակը կրկին գարնանային է, առիթը տալով մեզի այցելել Պաղտատեան եղբայրներու կազմակերպած  Սուրբ Ծննդեան տօնավաճառը  Հիւսիսային Պողոտային վրայ։ Հոն զետեղուած փայտեայ տաղաւարներուն մէջ կարելի է գտնել ամէն ինչ, սկսած տօնական զարդերէ, մսուրներէ, ձեռային աշխատանքներէ մինչեւ արագ սնունդ, սուրճ, թէյ եւ նոյնիսկ տաք գինի...

Տօնավաճառը մարդաշատ է։ Կարծես թէ Ծննդեան տօնավաճառի գաղափարը կ’արմատաւորուի...

Երեկոյեան կը վերադառնանք Ուշի։

 

Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր, 2017

 

Այսօր հանդիսաւորապէս միացուցին Երեւանի տօնական լոյսերը։ Ամէն տարի քիչ մը աւելի կանուխ կը սկսի տօնական լուսաւորումը։ Թէեւ մեր գիւղին մէջ տարօրինակ նկատեցին մեր բակի տօնական լուսաւորումը Դեկտեմբերի 1-էն սկսիլը, բայց Երեւանի շուկաները եւ խանութները նոյնքան կանուխ զարդարուեցան եւ արեւմտեան Ծնունդի երգերը սկսկան հնչել բարձրախօսներէն։ Նոր տարուան համար զարդարուած խանութներուն թիւը տարուէ տարի կ’աճի։ Նոյնիսկ ատամնաբոյժիս սպասման սրահը տօնական տեսք ունէր...

Մեր գիւղի հրապարակն ալ զարդարուեցաւ եւ լուսաւորուեցաւ։ Այս տարի այլեւս պէտք չունեցանք արհեստական կաղանդի ծառը կանգնեցնելու։ Քանի մը տարի առաջ տնկուած եղեւնիները բաւականաչափ մեծցան եւ գրաւեցին արհեստական ծառին տեղը։

 

Չորեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր, 2017

 

Այսօր «մեր» աղջիկներէն Ժասմինի ամուսմութեան օրն է։ Ամբողջ Դեկտեմբերը արեւոտ էր, սակայն այսօր կ’անձրեւէ։

Արդէն ծանօթ ենք ծիսակարգին։ Սկիզբը կ’երթանք Ժասմինենց տունը, ուր զարդարուած սեղան բացուած է (այս ձեւաւորուած սեղաները հոս կը կոչուին «ֆուրշէթ». այս անուան տրամաբանութիւնը անծանօթ է ինծի)։ Սպիտակի Ջրաշէն գիւղէն կը հասնին խնամիները։ Անձրեւը արգելք չ’ըլլար, որ անոնք պարելով տան բակին մէջ նուէրներ փոխանակեն Ժասմինի ընտանիքին հետ։ Տհոլ եւ զուրնան, հիմա փոխարինուած կը թուին ըլլալ տհոլ, քլարինէթ եւ աքորտիոնով...

Տան մէջ, երգերով, տեղի կ’ունենական հարսի քողը դնելու եւ կօշիկը հագցնելու արարողութիւնները։ հարսին մօրը թխած գաթան հիմա արհեստավարժօրէն զարդարուած տուփերու մէջ կը բաժնուի... Սեղանին շուրջ քանի մը կենացներ կը խմուին, ապա, ինքնաշարժներու շարասիւնով  ճամբայ կ’ելլենք դէպի Սպիտակ, ուր տեղի պիտի ունենայ Պսակադրութիւնը։

Կը հասնինք Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին, որ մոխրագոյն սրբատաշ պազալդէ պատկառելի կառոյց է։ Ան Սպիտակի միակ եկեղեցին է, կառուցուած «Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդ»ի միջոցներով։ Կառուցումը 1997֊ին նախատեսած է Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը եւ կատարած հիմնարկէքը, իսկ օծումը կատարած է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Երբ կը հասնինք, երկու կին արագ կը զարդարեն եկեղեցիին մուտքը եւ խորան տանող միջանցքը, արհեստական ծաղիկներով եւ պլպլացող մոմանման լոյսերով։ Հոս եկեղեցիները նման ծառայութիւն ունին։ Որոշ վճարումի փոխարէն, կը զարդարեն եկեղեցին հարսանիքներու համար։ Եկեղեցին ընդարձակ է եւ լաւ կահաւորուած։ Թէեւ կողմնակի պատերէն մէկուն վրայ կը տեսնեմ ջեռուցիչ սարք մը, վստահ չեմ, որ ան կ’աշխատի, որովհետեւ եկեղեցին ցուրտ է։ Ներկաները, ընդհանրապէս Ուշիէն եկածներն են։ Հոս տակաւին չէ արմատացած պսակադրութեան ներկայ ըլլալու սովորութիւնը։ Արարողութենէն վերջ, ճամբայ կ’ելլենք դէպի Ջրաշէն, որ շատ մօտ է Սպիտակին։ Այս գիւղը ըստ համացանցին եւ 2004֊-ի վիճակագրութեան 3500 բնակիչ ունի։ Երկրաշարժին աւերուած 720 տուներէն միայն կէսը վերակառուցուած են։ Քաջիկի` Ժասմինի ամուսինին տունը անոնցմէ մէկն է։ Կայ շարունակական աշխատանք վերականգնելու մնացածը... Գիւղի անգիր օրէնքներէն մէկն է, որ նորապսակները անպայման այցելեն գիւղի երկրաշարժի զոհերուն նուիրուած յուշարձանը, եւ ծաղիկներ խոնարհեն անոր առաջ։ Ապա կ’ուղուինք Քաջիկենց տունը, լաւաշի, մեղրի եւ պնակներ կոտրելու արարողութեան համար...

Հարսանեկան սրահը գիւղին մէջ է։ Սրահը ընդարձակ է եւ լաւ կահաւորուած։ Շուրջ 300 հարսնեւորներ կան, ընդհանրապէս փեսայի շրջանակէն։ Սեղանները իսկապէս առատ են։ Քաջիկը ամրանը խոպան գնաց Ռուսաստան, այս հարսանիքը կազմակերպել կարենալու համար...

Մթնոլորտը ջերմ է։ Ժասմինը այսօր հիանալի կ’երեւի։ Ուրախ ենք իրեն համար։

Ականատէս կ’ըլլանք մեզի համար նոր սովորութեան մը։ Երբ հարսն ու փեսան հայկական պար կը պարեն, հարսնեւորներէն ոմանք կը սկսին թղթադրամներ դնել հարսին ձեռքը։ Պարի վերջաւորութեան, Ժասմինը թղթադրամներու փունջը կը դնէ Քաջիկի գրպանը...

Յաջող հարսանիք է։

 

Զարմանալիօրէն, թէեւ գիւղերը ունին քաղաքին համազօր հարսանեկան սրահներ, ճոխ կահաւորումով, տակաւին զուգարաններու հարցը չեն լուծած։ Ըստ երեւոյթին նման պահանջարկ չկայ։ Բառին բուն իմաստով անոնք արտաքնոցներ են, առանց ջուրի եւ անմխիթար... 

 

Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր, 2017

 

Կրկին Երեւան ենք, դարձեալ ատամնաբոյժին այցելելու։ Կ’ըսէ, որ առնուազն 10 անգամ պէտք է այցելեմ իրեն... Կ’ուզէ հիմնական փոփոխութիւններ կատարել բերնիս մէջ...

 

Կը լսենք որ Չարենցի տուն թանգարանին մէջ այսօր պիտի նշուի Մովսէս Յախշունցի (կը հնչուի Եախշունց) ծննդեան հարիւրամեակը։ Անկեղծօրէն անծանօթ ենք այս արցախցի բանաստեղծին։ Առիթէն օգտուելով կ’երթանք ներկայ ըլլալու։

Ներկաները բոլորովին անծանօթ են մեզի, բացի Վահագնէն։ Շուրջ 50 հոգի եկած են ներկայ ըլլալու։ Յայտագիրը լաւ համադրուած է։ Շուրջ երկու ժամ տեւած այս ձեռնարկին, խօսք կ’առնեն ընդհանրապէս բանասէրներ եւ քանի մը բանաստեղծներ։ Հոս օգտագործուած հայերէնը այլ գրական ձեռնարկներու հայերէնէն շատ աւելի գրական է։ Երեւի բանասէրները աւելի լաւ ծանօթ են մեր լեզուին քան թէ գրողները... Կը ցուցադրուի բանաստեղծի կեանքին մասին տեսերիզ մը, կ’արտասնուին իր բանաստեղծութիւնները, առիթը տալով ծանօթանալու այս բանաստեղծի վաստակին։   

Նախաձեռնողը բանաստեղծի տղան է։ Ձեռնարկէն վերջ, յարակից սրահի մը մէջ կայ բացուած սեղան, ուր Արցախէն բերուած ջինգալի հացն ու թութի օղին կը կենակցին «ֆուրշէթ»ներու յատուկ այլ նախուտեստներու հետ...

 

 

Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր, 2017

 

Նկատելով, որ արդէն Երեւան ենք, կ’որոշենք ընդունիլ բանասէր Մարգարիտի խաշի հրաւէրը։ Վահագնը կը միանայ մեզի։ Ճամբան կը վերցնենք Յովհաննէս Յովնաթանը եւ Գարեգինը, որ երէկուան Յախշունցի ձեռնարկին հանդիսավարն  էր։ Պատմաբան` Գէորգ Եազըճեանն ալ ներկայ է։  Այս փոքր խմբով կը բոլորուինք Մարգարիտի սեղանին շուրջ, իր խնամքով պատրաստած խաշը ուտելու։ ներկաները բոլորն ալ տիտղոսաւոր են,֊ դոկտոր, պրոֆեսօր, թեկնածու եւայլն... Զրոյցը ջերմ է...

Մեր նոր ծանօթները կը հասցնենք իրենց տուները եւ կը վերադառնանք Ուշի։

 

Շաբաթ, 23 Դեկտեմբեր, 2017

 

Այսօր եղանակը անձրեւոտ է, թէեւ տակաւին ցուրտ չէ։ Այնքան վարժուեցանք արեւոտ եւ տաքուկ Դեկտեմբերին, որ պատրաստ ենք գանգատելու առանց նկատի առնելու որ եղանակը ձմեռն է...

 

Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր, 2017

 

«Հին Աշտարակ» ճաշարանը կ’երթանք երեքով` Մարգարը, ես եւ ընկերուհիս Հիլտան։ Սա մեր կիրակնօեայ զբօսանքն է...

Աշտարակը կը գտնենք բոլորովին տօնական։ Հրապարակին մէջ զետեղուած ծառը փառաւոր է։ Հրապարակը զարդարուած է եղնիկներով։ Սուրճի կրպակ մը կը սպասարկէ այցելուներուն։ Կաղանդ պապայի հետ նկարուողները բազմաթիւ են։ Այլակերպումը ապշեցուցիչ է։ Կը պատմեն, որ քաղաքապետը, անձամբ Չինաստան գացած է զարդարանքները ձեռք ձգելու համար... Ցերեկ է, ուրեմն կարելի չ’ըլլար տեսնել լուսաւորութիւնը, սակայն ակնյայտ է, որ այս ամէնը Աշտարակի համար աննախադէպ է...

 

Այսօր Արեւմուտքը կը տօնէ Սուրբ Ծննդեան նաւակատիքը։ Մեր երախաները եւ թոռները աւանդաբար այս օրը կ’անցընեն Մարգարի քրոջ տունը։ Եղանակի այս եւ յաջորող ընտանեկան հաւաքներուն կրկին պիտի բացակայինք։

 

Երկուշաբթի, 25 Դեկտեմբեր, 2017

 

Այսօր մեր գիւղի լուսաւորութեան լապտերները փոխելու եկած կռունկը փոխեց նաեւ մեր արհեստական արագիլը լուսաւորող լամբը, մեծ ուրախութիւն պատճառելով Մարգարին։ Հիմա ամէն երեկոյ պարտաճանաչ կերպով կը միացնէ թէ ամանորեայ լոյսերը եւ թէ արագիլը լուսաւորող սարքը։ Ինչ լաւ է, որ հասունանալով հանդերձ, կը պահենք մեր երախայական խանդավառութիւնները...

 

Երեքշաբթի, 26 Դեկտեմբեր,  2017

 

Այժմ երեւանցի, նախապէս ամերիկաբնակ այնճարցի Գաբրիէլը հեռաձայնած էր, որ անակնկալ հիւր մը պիտի բերէ մեզի։ Եւ իսկապէս ալ անակնկալ է։ Մեր այցելուն Արիս Սրբազան Շիրվանեանն է, որուն չենք տեսած քառասունէ աւելի տարիներ։ Ան ոչ միայն Թորոնթոյին մէջ մեզ պսակող կրօնաւորն է, այլ նաեւ հապճեպ կնքած է զիս, ամուսնացնելէ առաջ, աւետարանական ընտանիքի զաւակ ըլլալուս հանար։ Իրենց հետ է նաեւ թորոնթոցի Յարութը, որ բնակութիւն հաստատած է մօտակայ Մուղնի գիւղին մէջ։

Կ’իմանանք, որ սրբազանը Քանաքեռի մէջ կը բնակի, հաստատած է հիմնադրամ եւ կը զբաղի անկարներուն եւ աղքատներուն օգնելով։ Կը մտադրէ վերջնականապէս հաստատուիլ հոս։ Գաբրիէլին եւ կնոջը Աստղիկին տարած աշխատանքին մասամբ ծանօթ ենք արդէն։ Անոնք անդուլ կ’աշխատին օգնելով դպրոցներու, գիւղաբնակ անապահով ընտանիքներու եւ միշտ այս կամ այն ծրագիրը իրականցնելու անխոնջ աշխատանքին մէջ են։ Կը պատմէ, որ Ամանորի առթիւ Կաղանդ պապային օգնութեամբ հինգ գիւղերու դպրոցներ այցելած են եւ գրենական պիտոյքներ եւ հագուստեղէն բաժնած։ Յարութը կը պատմէ, որ Գուսան Հայկազունի երգարանները Թորոնթօ տարած եւ վաճառած է, կոկիկ գումար մը ապահովելով գուսանին։ Ահաւասիկ մարդիկ, որոնք Հայաստանը ընտրած են ոչ միայն որպէս բնակավայր այլ անոր հզօրացումը դարձուցած են կեանքի նպատակ...

Նման նախաձեռնութիւնները կը խանդավառեն, կը յուսադրեն եւ կ’երջանկացնեն մեզ։ Անտարբեր զանգուածներու կողքին կան բազում սրտցաւեր։

 

Չորեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր, 2017

 

Այսօր մեր գիւղի տօնական միջոցառման օրն էր, ան յետաձգուեցաւ, որովհետեւ գիւղին մէջ մահ մը պատահեցաւ։ Մշակոյթի տան սրահը պիտի օգտագործուի մահուան հետ կապուած ճաշկերոյթներուն։ Փոխարէնը` միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ ամսուն 30-ին։ Դպրոցը արդէն փակ է։ Թէ ինչպէս նոր թուականը պիտի գովազդուի չեմ գիտեր...

 

Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր, 2017

 

«Տալմա Կարտըն Մոլ» կ’երթանք Ամանօրեայ գնումներու։ Պէտք է ըսել, որ մթնոլորտը իրապէս տօնական է։ Բարձրախօսներէն ամսուան սկիզբէն ի վեր կը հնչեն արեւմտեան սուրբ Ծննդեան երգերը։ Հոս անոնք Ամանորի հետ կը կապեն, քան թէ Սուրբ Ծնունդի... Կայ բարձր աստիճանի աշխուժութիւն։ Արեւմուտքի մէջ այս եղանակին ընդհանրացած եւ Ծննդեան տօնին հետ կապուած poinsettia (բառարանիս մէջ կը գտնեմ որ հայերէնը թշխուհի է) ծաղիկները, որ ես մինչեւ հիմա յատուկ ծաղկավաճառէ մը ձեռք կը ձգէի, սկսած են վաճառել գերշուկաներու (supermarket) մէջ եւս, շատ աւելի յարմար գինով։ Հոս առաջին անգամ կը տեսնեմ, նուէրները փաթեթաւորող կրպակ, որուն առջեւ հերթի կանգնած են տղանարդիկ... Շուկային մէջ Ծննդեան զարդարանքներու յատկացուած մասը ընդարձակ է... Սուրբ Ծննդեան յատուկ նաշխով թուղթէ անձեռոցիկներ, թաշկինակներ եւ տոպրակներ  ալ կան...Քանի մը տարուան մէջ, արեւմտեան բարքերը սկսած են արագ որդեգրուիլ... Այս տարի հնդկահաւերը ֆրանսայէն ներմուծուած էին, քանի մը տարի առաջ Ամերիկայէն, թէեւ գիտեմ, որ հիմա տեղական հնդկահաւ բուծանողներ ալ կան... Ամանորի սեղանին խոզի զիստը (հոս թրքերէն պուտ բառը կը գործածեն) տակաւ կը փոխարինուի հնդկահաւով...

 

Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր, 2017

 

Կը սկսիմ նոր տարուան գիշերուան սեղանին համար նախատեսուած ճաշերուն պտրաստութիւնը։ Պէտք է առանձին յաջողցնեմ զանոնք, որովհետեւ կարելի չէ օգնութիւն ակնկալել հարեւաններէս։ Ամէն մարդ զբաղուած է իրենց սեղանի պատրաստութեամբ...

 

Շաբաթ, 30 Դեկտեմբեր, 2017

 

Այսօր կ’երթանք Ուշիի Մշակոյթի տունը, ներկայ ըլլալու մեր գիւղի տօնական միջոցառման։ Ներկայութիւնը աւելի նուազ է։ Կ’ենթադրեմ, որ թուականի փոփոխութեան հետ կապ ունի։ Բեմը յարդարուած է մսուրով եւ  կաղանդի ծառով։ Ծրագիրը բծախնդրութեամբ պատրաստուած է։ Մշակոյթի տան պարախումբի սաները կը ներկայացնեն, պար, երգ եւ արտասանութիւն։ Մեր միջամտութեամբ, կը ներկայացուի նաեւ Յիսուսի Ծնունդի պատմութիւնը, տօնի կրկնակի բնոյթը շեշտելու համար։ Թէեւ հիմա սովորական է «Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ» շնորհաւորանքը, տակաւին Ծննդեան տօնը նշելը չէ արմատաւորուած...

Խօսք կ’առնեն, գիւղապետարանի ներկայացուցիչը, դպրոցի տնօրէնը, Մշակոյթի տան տնօրէնը եւ Մարգարը, ապա կը բաժնուին կանուխէն պտրաստուած քաղցրաւէնիքի եւ խաղալիքի տոպրակները։ Միջոցառումը յաջող է։ Յաջորդ տարիներուն զայն գովազդելու աւելի լաւ ձեւ մը պէտք է մտածել։

 

Երեկոյեան զարմանքով կը նկատենք, որ մեր գիւղի բլուրին վրայ թառած Սուրբ Սարգիսի համալիրը զարդարուած է ամանորեայ լոյսերով։ Մեր համագիւղացիներէն մէկուն նախաձեռնութիւնն է։ Միայն քանի մը տարի առաջ երբ մեր բակը զարդարեցինք ամանորեայ լոյսերով, ան ընդունուեցաւ զարմանքով։ Հիմա ոչ միայն զանազան համագիւղացիներ կը զարդարեն իրենց տուները եւ մեր գիւղի հրապարակը տօնական է, այլեւ մէկը Սուրբ Սարգիսի համալիրը լուսաւորելու գաղափարը յղացած է...

 

Կիրակի, 31 Դեկտեմբեր, 2017

 

Ըստ մեր ընտանեկան սովորութեան, 31-ի գիշերը կը հաւաքուինք մեզմէ մէկուն տունը, եւ Նոր Տարին կը դիմաւորենք միասին նոյն սեղանին շուրջ։ Հոս տիրող սովորութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Մինչեւ կէս գիշեր ոչ մէկ բան կայ։ Կէս գիշերին ամէն ընտանիք իր տան մէջ սեղան կը նստի, ապա առաւօտեան փոքր ժամերուն կը սկսին այցելութիւնները իրարու տուն։ Տանտիկինները գրեթէ ամբողջ ամիսը Նոր տարուան սեղանին պատրաստութեամբ զբաղեցան, սակայն բացի տնեցիներէն այցելուները մի քանի պատառ միայն պիտի ճաշակեն անկէ, մանաւանդ, որ բոլոր սեղաններուն վրայ ճաշատեսակները նոյնն են։

 

«Հռոմի մէջ հռոմայեցիներու նման», կ’ըսէ առածը։ Անցեալ տասը տարիներուն բաւական բան փոխուած է մեր ապրելակերպին մէջ։ Այն բոլոր սովորութիւնները, որոնք կարելի է ընդօրինակել, առանց սկզբունքային տեղատուութեան, ընդունած ենք։ Սակայն կան բաներ որ խորթ են մեզի համար։ Կը մերժեմ 13 օր սեղանը բաց պահել եւ այցելուները հիւրասիրել անցեալ տարուան ընթացքին պատրաստուած ճաշերով։ Փոխարէնը` ամէն տարի կը հրաւիրեմ մեր անմիջական հարեւանները, որ տօնական հնդկահաւը միասին ուտենք եւ երեկոն միասին անցընենք։ Թէեւ կարելի չէ Նոր Տարին միասին դիմաւորել, որովհետեւ ամէն մարդ կէս գիշերէն առաջ տուն կը փութայ, սակայն առնուազն պատրաստած ճաշերս հանգիստ կ’ուտուին եւ յաջորդ օրերուն այցելողները միայն անուշեղէնով կը հիւրասիրուին...

Կարկանդակը, որ կը շերտուի հիւրերուն թիւով եւ որուն մէկ շերտին մէջ մետաղարամ կը պահուի, երէկ հեռատեսիլէն լսեցի, որ հայկական աւանդոյթ է... Ինծի համար կեսուրէս մնացած աւանդոյթ է։ Այս տարի բախտաւորը մեր բժիշկ Սաբրոն է... Իմացայ նաեւ, որ կենդանիի մարմնի խոռոչը լցոնելը հայկական աւանդոյթ է։ Այս ալ ինծի համար մօրս աւանդոյթն է։ Մեր հնդկահաւերուն խոռոչները լցոնուած են յատուկ բաղադրատոմսով, որ իր մէջ կը պարունակէ նուշ, շագանակ եւայլն...

 

Երբ «մեր» երախաները դեռ երախայ էին, Կաղանդ պապուկն ալ կ’այցելէր մեզի եւ նուէրներ կը բերէր ամէնուն։ Իրենք ալ արտասանութիւններով եւ երգերով կը ճոխացնէին երեկոն։ Հիմա անոր կարիքը չկայ։ Արդէն անոնցմէ ոմանք երախաներու տէր են։ Հարեւաններու քանի մը երախաներուն նուէրները ես անձամբ կը յանձնեմ...

Երեկոն կ’անցնի ուրախ։ Այսօր սովորականէն կանուխ կը մեկնին մեր հիւրերը, որովհետեւ, անցեալ տարուան ընթացքին իրենց ազգականները կորսնցուցած են եւ Ամանորի իրենց սեղանը չնստած պէտք այցելեն այդ տուները... Ահաւասիկ սովորութիւն մը եւս որ ընդունելի չէ մեզի համար։ Հինգ տաղաւար տօներու եւ Նոր տարուան նախօրէին մահերու յատկացուած սեղանները, անիմաստ կը գտնենք, փոխանակ անոնց յաջորդող մեռելոցին սպասելու...

Արդէն վարժ ենք։ Գիտենք, որ կէս գիշերին պիտի սկսի հրավառութիւնը։ Սակայն այս տարի սովորականէն շատ աւելի մեծ տարողութիւն ունի ան։ Բոլոր պատուհաններէն կարելի է տեսնել երկինքը լուսաւորող տարատեսակ հրթիռները... Դէմ չեմ Նոր Տարուան գիշերը զուարճանալուն, սակայն ակամայ կը մտածեմ, որ հրավառութեան վրայ ծախսուած դրամը, անապահով ընտանիքներուն կարելի էր յատկացնել եւ զուարճանքը փոխարինել կարիքաւորներուն օգտակար եղած ըլլալու մարդկային գոհունակութեամբ...

 

Էլիզ Շարապխանեան

Ուշի