image

2018՝ Պատմական փայլուն օղակներու յիշատակումներու տարի. Գէորգ Պետիկեան

2018՝  Պատմական փայլուն օղակներու յիշատակումներու տարի. Գէորգ Պետիկեան

2017 տարին հազիւ պատմութեան թանգարանին յանձնած, արդէն իր տեղը գրաւած է 2018 նոր տարին, որուն՝ ամիսներ առաջ աշխարհի մարդկութիւնը իր հին ու նոր բոլոր յոյսերը կապած էր յուսատու հեւքով, պայծառ ու մաքուր երազներով, եւ կամաց-կա-մաց արթնցող բաբախումներով։

Պէտք է նշել, որ իւրաքանչիւր նոր տարի նման ցանկութիւններէն անկախ, ընդհանրա-պէս իր հետ կը բերէ նաեւ նոր մտածումներ, նոր ծրագիրներ,  եւ մանաւանդ՝ հարցե-րուն նայելու նոր առիթ։

Սակայն միւս կողմէ, պէտք չէ մոռնալ, որ նոյն այս նոր տարին կու գար տեղաւորուիլ այնպիսի դարու մէջ, որ արդէն շատոնց կորսնցուցած է իր հոգին եւ պահած միայն ձեւը։ Ու եթէ աւելի մօտէն հետեւինք, կը տեսնենք որ ան իր մէջ ունի վտանգաւոր ու նաեւ ջղային տրոփում մըն ալ, հակասական, անակնկալ, յաճախ մահազդու, սարսա-փելի եւ անհաւասար։

Ու հակառակ անոր, որ երբեմն հոսկէ-հոնկէ յուսատու ոտնաձայներ կը լսուին, բայց մինչեւ այսօր, տակաւին տխուր է աշխարհը, որովհետեւ գրեթէ ամէն երկիր եւ երկինք խառնարկ եւ անհասկնալի է։ Նոյնիսկ դժուար է երէկը հաշտեցնել ներկային հետ։ Մարդոց երազները խառնուած են ու բոլորն ալ ունին անհանգիստ ու անհամբեր որոնում մը լաւին, բարիին, խաղաղութեան, անդորրութեան, համերաշխութեան եւ հաշտութեան։ Այս բոլորը՝ որովհետեւ խառնուած են նաեւ աշխարհի մեծերու շահերն ու դերերը, միաժամանակ իրենց հետ խառնելով ներկայի պատմութեան էջերն ալ։

Ու ինչպէս միշտ, լաւ է, որ ժողովուրդներու մօտ տակաւին յոյսն ու հաւատքը պահած են իրենց պայծառութիւնը ու մարդոց մօտ մթնոլորտը միշտ լեցուն է նոր կեանքի տեսիլքներով։

Բայց որքա~ն բաներ փոխուած են երէկի եւ այսօրուան  գալիքին մէջ, չենք գիտեր։

Ահա հոսկէ է, որ ծնունդ կ՚առնեն եւ կը սկսին մեր աղօթքներն ու երազանքները, ու մեր աչքերը միշտ ամպերէն վեր կը բռնենք աղերսանքով եւ մաղթանքներով ու բազմազան վերլուծումներ կատարելով։

Բայց ո՞վ կրնայ նախատեսել կեանքի ընթացքը։ Չէ՞ որ կեանքը առաջին օրէն իսկ ձայնագրուած չէ։

Արդ, անկախ այս բոլորէն, յիշենք, որ այս տարի պատմական եւ շատ յարգելի թուականներու յոբելենական նշումներու տարի ալ է։ Այս մասին մամուլը մեզի կանուխէն յիշեցուցած եւ շեփորած է։ Արդէն զանազան կլոր սեղաններու պատրաս-տութիւններ, համաժողովներ եւ գիտաժողովներ սկսած են ծրագրուիլ, ամէն կողմ։ Այս ձեւով մեր պատմական դէպքերու շարք մը գոյնզգոյն օղակներու իրարայաջորդ յիշա-տակումներու ականատես պիտի դառնայ հայը, ուր որ ալ ան գտնուի։ Այսինքն՝ ազգա- յին մեր էութեան ճանաչումի լաւագոյն առիթներու տօնակատարութիւն-հանդի-սութիւններ, որոնց նշումներով անկասկած պիտի ջերմանան նաեւ մեր հոգիներն ալ։

Յոբելենական թուականներ ըսի ու պէտք էր, որ նաեւ աւելցնէի մեր կողմէ գնահատան քի տուրք հասկացողութիւնն ալ։ Որովհետեւ թուականներու յիշատակումէն աւելին էական են մե՛ր ընկալումն ու մե՛ր գնահատանքի չափը։ Որովհետեւ այս թուականնե-րուն հետ հայը կապուած է իր խորհրդաւոր յարաբերութեամբ, եւ իր գիտակցումը վերանորոգելու նոր պատգամներով եւ անոնց ընծայումով։

 

Միտքս պարզեմ. այսպէս՝

 

1.-Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան՝ 28 Մայիս, 1918-ի 100-ամեակ

 

Ազատ եւ անկախ հայրենիքին տէրը դառնալը մեր դարաւոր երազանքն էր եղած։ Հայկ նահապետը իր ազատութիւնը գտած էր նետով ու աղեղով, ու մեզի ժառանգած բռնակալներուն դէմ կռուելու, մեր իրաւունքներու տէրը դառնալու եւ հայրենի հողը պաշտպանելու ու անոր վրայ ազատօրէն շնչելու ժառանգը։

1918 Մայիս 28-ին հռչակուած ազատ ու անկախ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նշումը, հաստատապէս մեր ինքնութեան երաշխիքն է։ Ու թէեւ միշտ հողի եւ ազատութեան համար արիւն թափած ենք, սակայն ապրած ենք եւ կ՚ապրինք հայ ըլլալու եւ մնալու ծանր ու միեւնոյն ատեն հաճելի փորձառութիւնը։ Այս թուականին էր, որ մեր պապերը ապրեցան ազատութեան գինովութիւնը ու մեզի ժառանգ ձգեցին ներկայ հայրենիքը։

 

2.- Արցախի անկախւթեան 30-ամեակ

 

Չմոռնանաք, որ արցախցին իր անկախութեան տիրանալու համար, 20-րդ դարու վերջերուն, զինուորի շապիկ հագաւ։ Եւ որովհետեւ ականջ տուած էր հայրենի հողէն լսելի դարձող եւ ճաթող սերմերու արձագանգին ու դիմագրաւած՝ անկէ հասնող փոթորիկներուն, ուստի շարժման մէջ դրած էր իր բոլոր հնարքները, ու այս ձեւով տիրացած իր հողին եւ անոր անկախութեան։

1988-ը, այս նաեւ այն թուականն է, որ Հայը, պատիւ իրեն, արդարօրէն թափեց իր երիտասարդ ու ազատատենչ զաւակներու արիւնը, յանուն իր պապենական հողի ազատութեան, լուսաւոր, ազատ հայրենիքի մը կերտման ու իր ինքնութեան որոնման։

 

3.- Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան 90-ամեակ

 

Լաւ յիշեցէ՛ք.- հայը ամէն անգամ վերապրելու համար անյապաղ դիմած է իր մշակոյթին եւ անկէ ճառագայթող լոյսին։ Ահա Համազգայինը, որ մեր ժողովուրդի մտաւոր ապագայով մտահոգ եւ տագնապող հայորդիներու տեսիլքի ծնունդն է։ Միութիւն մը որ մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն կողմէ ընկալում ունեցած է։

Ան, մեր մշակոյթը զանազան ձեւերով պահելու եւ բարգաւաճ դարձնելու մեծ առաքելութիւն մը ունի։ Ահա թէ ինչո՞ւ 90 տարեկան Համազգայինը արժեւորել կը նշանակէ, արդար վարձքը տալ հայ մշակոյթի սպասաւորին եւ պահակին միատեղ։

 

4.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակ

 

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն՝ կամ Հ.Մ.Ը.Մ. եւ իր մէկ դարու կեանքը։

Իր գոյութիւնը վկայութիւնն է իր տարած աշխատանքին։ Իր մէջ միշտ ներկայ է հայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն իրենց ազգին հանդէպ ունեցած բոլոր ձգտումներով միատեղ։

Հոն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը երկսեռ հայ մատղաշներու մտքին եւ հոգիին մէջ ազգին եւ հայրենիքին, լեզուին եւ կրօնքին հանդէպ սէր եւ նոյնքան ալ զանազան գիտելիքներ ու հաւատարմութիւն կ՚ամբարէ։

Վերջին հաշուով Հ.Մ.Ը.Մ.ը անցնող հարիւր տարիներէ ի վեր մեր ժողովուրդի երիտա-սարդ սերունդի ներկայացուցիչներու համախմբում մը ըլլալով հանդերձ արդարօրէն եւ պատշաճ բարձրացուցած է ու տակաւին կը շարունակէ՝առողջ միտք, առողջ մարմին վարկածի գեղեցիկ դրօշակը , նշանակալից՝ նոյնքան ալ կարեւոր իր «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանի կողքին։

 

5.- Ասպարէզ օրաթերթ`  110 –ամեակ

 

Ասպարէզ` աղուոր ու լայն պատուհան մը աշխարհին նայելու ու նաեւ մենք զմեզ տեսնելու։ Այլ խօսքով մեր գաղութէն ներս ամէնօրեայ էականութիւն մը, մեր գալիքի մնայուն ներկայութեան համար։

Այսպէս՝ Ասպարէզը, իր մէկ դարէ աւելի կեանքով լուծումներ ապահուող եւ ցուցաբե-րող զարկերակ մը դարձաւ։ Թէեւ ներկայիս ժամանակները նիւթականացած մտայնու-թիւնները փոխուած, ակնկակլութիւնները տարբերած են, ու կեանքին տուած առաւել հեւք եւ վազք, սակայն ան նշելի ու հաստատ իրականութիւն ու ներկայութիւն դարձած է։ Ինքն է, որ իր մէջ ունի մեր ազգը, հայրենիքն ու մեր այս գաղութը ապրեցնելու ոգի։ Իր շնորհիւ է, որ աշխարհը կը հետեւի մեր հերթին եւ իր միջոցով ալ՝ մենք աշխարհին։ Հաւատարիմ է իր հիմնադիրներու երազին, միաժամանակ գիտակից՝ ազգային մեր իրավիճակը մատնանշելու եւ գնահատելու իր կոչումին ան ճակատաբաց կը շարունակէ իր աւանդը։

 

6.- Երեւան՝ 2800 տարեկան

 

Ներկայ ազատ ու անկախ մեր հայրենիքի պատմական եւ գեղեցիկ մայրաքաղաքն է Երեւանը, որ երկար դարերու խորք ունի։ Հոն կան հայու հոգիի եւ Աստուծոյ շունչը։ Հաւատացէ՛ք, 2800 տարիներէ ի վեր Արարատը իր աչքերով զինք կը հսկէ։

Հայրենիք ըսի, պէտք է աւելցնէի նուիրում, եւ սեփականութեան հրճուանք, որ քառորդ դարէ ի վեր աշխարհի քարտէսին վրայ ունի իր հաստատ տարածքը, իր այս վարդա-գոյն քաղաքով։, որ Երեւան կը կոչուի։

Վերջապէս Հայաստան եւ Երեւան միաձուլուած են իրենց պատմութեամբ, հաւատքով, դրախտավայր իրավիճակով ու ոգիով, իբրեւ մեծ հպարտանք՝ համայն հայութեան։ Երեւանն է, որ միշտ նոր յոյսեր եւ մաքուր երազներ հագած, հայութեան համար կը մնայ իբրեւ լուսաւոր եւ պանծալի ամենայն հայոց քաղաք։

 

Արդ, այս բոլոր թուականները հաստատապէս մեր ազգի արիւնէն, քրտինքէն, մտքէն եւ հոգիիէն բխած են, եւ որոնք հարազատ մեր ազգի պատմութեան կը պատկանին եւ միաժամանակ անոր կը ծառայեն։

Ու իւրաքանչիւր տարեդարձի նշում խորքին մէջ մեր կեանքը վերարժեւորելու ձգտում մը ալ ունի իր ետին թագնուած։ Եւ երբ ամէն անգամ զանոնք հրապարակային կերպով կը յիշենք, կը նշենք, կը նշանակէ, որ մենք զմեզ կ՚արժեւորենք։ Այս բոլորը դրական պատեհութիւններ են, որ սփիւռքեան մեր ճակատագրի պահպանման եւ կազմութեան մէջ մեծ դերեր ունեցած են։

Ու ինքնաբերար այս թուարկումներով արդէն մտած կ՚ըլլանք Հայոց պատմութեան մէջ տեսնելու համար հոն խարսխուած հայրենասիրութիւնը, հայապահպանումը, հայու ոգիի սաւառնումն ու  հայակերտումը, մշակոյթի եւ ազատութեան սէրը, հայու կամքն մարտնչումը, ընդվզումն ու յեղափոխութիւնը։

Նաեւ կը շեշտենք, որ մենք իբրեւ ազգ հպարտօրէն ստեղծած, ապրած եւ ապա անցած ենք այս թուականներու մէջէն, մենք զմեզ գտնելու, տեսնելու եւ հանդիպելու։

Բայց չմոռնանք, որ Սփիւռքի մէջ կ՚ապրինք եւ տակաւին մեր մէջ առկայ է, սփիւռքեան մեր ինքնախաբէութիւնը։

Եւ եթէ կը հաւատանք, որ կեանքը վերջին հաշուով ռազմադաշտ մըն ալ է անարդար ճակատամարտ, ուստի ժամանակն է, որ այլեւս վերջ տանք ահազանգ հնչեցնելու ճիգին։ Գործնականի անցնինք։ Գիտենք, որ աղէտը հասած է մինչեւ մեր դուռը։ Իրատես ըլլանք, մենք՝ իբրեւ ծնողք կամ միութենական, հոգեւոր հովիւ կամ ղեկավար, ուսուցիչ կամ պարզ անհատ։ Միասնաբար մտածենք, թէ մեր նոր սերունդը վաղը, երբ մեծնայ ինչպէ՞ս զինք աշխարհացումի յաղթանակող մարտահրաւէրին մասնակից պիտի դարձնենք։ Ինչպէ՞ս հաւատք եւ հայութիւն պիտի ստեղծենք, որպէսզի Սփիւռքի մեր ջահը չմարի։ Վառ մնայ։ Ինչպէ՞ս պիտի պահենք մեր լեզուն եւ աւանդը։

Իրականութիւն է, որ որքան մխրճուինք եւ խորանանք մեր ազգային հասարակական կեանքին մէջ, այնքան շօշափելի կը տեսնենք մեր իրականութիւնն ու մեր գիտակցու-թեան չափն ու աստիճանը։ Ուստի էական է, որ մեր շուրջ եւ յատակապէս երիտա-սարդ սերունդի մօտ դրական պատեհութիւն ստեղծենք, յանուն սփիւռքահայու գոյատեւման։

Միաւորուինք։ Համախմբուինք։ Մեր շարքերը իրիտասարդացնենք։ Մօտենանք անոնց։ Վստահութիւն ներշնչենք։ Առիթ ընծայենք , որ իրենք ալ մասնակից դառանան մեր ներկայ պատմութեան։ Օգտուինք իրենց ձեռք ձգած ուսումէն եւ գիտութենէն ու  միասին մտածենք, ծրագրենք եւ իրագործենք։ Հայրենիքի կողքին միշտ մնանք, որպէսզի ճակատաբաց գոյատեւենք։ Ժամանակները թէեւ նիւթականացած են, բայց իրականութիւնը իբրեւ յանձնառութիւն վերցնենք։ Պատրաստ ըլլանք յանձն առնելու գերագոյնը։ Մեր պատմութեան մէջ մնանք։ Զայն մերը ընենք, որպէսզի չկորսուինք։ Մտածենք մեր կորսուած սերունդներու մասին։ Օրինակուինք եւ պատմութենէն դասեր վերցնենք։

Դուրս գանք մեր բոլոր ոչ միայն նշմարելի, այլ տեսանելի թերութիւններէն, անիմաստ

ախորժակներէն, հին ու նոր վէճերէն, ձեւական գնահատականներէն, հինցած եւ ար-դուկը անցած մտայնութիւններէն, անձնասիրութիւններէն, սնապարածութիւններէն, աժան ծափահարութիւններէն, պահելու համար մեր տոհմայինը եւ ազգայինը։

Այս բոլորը՝ յանուն գալիք տեսլիքներու կամքը զօրակոչելու։

Կարեւոր է եւ էական ըլլալ այն՝ ինչ որ իսկապէս ենք։

Ահա նոր տարուայ մաղթանքս, բոլորին։

Շնորհաւոր նոր տարի։

 

 

Գէորգ Պետիկեան   

bedig43@aol.com