image

Հայ թատրոնի ընկերակցութիւն. Ռուբէն Մամուլեանի «ԱԲԻԳԷՅԼ կատուի վկայութիւնը մսուրի մօտ»

Հայ թատրոնի ընկերակցութիւն.  Ռուբէն Մամուլեանի «ԱԲԻԳԷՅԼ կատուի վկայութիւնը մսուրի մօտ»

Մամուլեանի «ԱԲԻԳԷՅԼ կատուի վկայութիւնը մսուրի մօտ» հրաշապատումը գրուած է իբրեւ մենախօսութիւն։ Կատուի բերնով պատմուած վկայութիւն մը, որ կը միտի վերապատմելու Յիսուսի ծննդեան պահը, այնտեղ տիրապետող մթնոլորտը, դէպքերը, Բեթղեհէմի այն ախոռին մէջ ուր իջեւանած էին Յովսէփ եւ Մարիամ։ Կատուն, անունը՝ Աբիգէյլ, էգ, մայր հինգ ձագերու, շատ զգայուն ու մանրակրկիտ կերպով կը վերապատմէ անցուդարձերը կատուազգիի ակնոցով դիտուած, անոր անձնական փորձառութեան, ապրումներուն ու տպաւորութիւններուն հիման վրայ։ Դէպքերն ու անոնց մեկնաբանութիւնը արդիւնք են Ռուբէն Մամուլեանի հոգեւոր ապրումներուն, քրիստոնէութեան հաւատքի իր ըմբռնումին։


Վերապատումը չի հակասեր Աւետարանիչներու եւ եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ հաստատուած Քրիստոսի ծննդեան աւանդութեան։ Կը հիմնուի անոր վրայ։ Կ՚այժմէականացնէ զայն Աբիգէյլ կատուին վերապատումով։ Մեկնակէտը, Աբիգէյլի վկայութիւնն է, որ կ՚ուզէ դարմանել կատուներու վիրաւորուած արժանապատւութիւնը, կ՚ուզէ մէջբերել պզտիկ սրբագրում մը մինչ այժմ աւանդուած պատումին մէջ, ուր յիշուած են բոլոր այն կենդանիները որոնք ծննդեան ներկայ էին ախոռին մէջ, ինչպէս՝ աւանակը, եզը, … բայց մոռցուած էր կատուն (եւ ի միջի այլոց, նաեւ՝ մուկերը, թէեւ անոնց յիշատակումը կատուին արժանապատւութեան չի վնասեր, ինչպէս Աբիգէյլ կը նշէ իր վկայութեան մէջ՝ մուկերը, յիշուելու արժանի չեն, անոնք միայն ուտուելու արժանի կենդանիներ են)։


Բեմադիր Արբի Յովհաննիսեան, ներկայացման ներածական իր խօսքին մէջ նշեց որ Մամուլեան յատուկ զգայնութիւն ունեցած է կատուներու հանդէպ, ուսումնասիրելով, մեկնաբանելով անոնց ապրելակերպը, շարժուձեւը, իրենց շրջապատին հետ փոխյարաբերութիւններուն իմաստը։ Եւ այս երկով աւելի եւս կը հաստատուի կատուներու հանդէպ անոր ունեցած հետաքրքրութիւնը։ Մինչեւ այն աստիճան, որ կատուն դարձուցած է իր գեղարուեստական գործերու ստորագրութիւնը, զոր կարելի է գտնել իր բոլոր շարժանկարներուն մէջ։


Արբի Յովհաննիսեան Մամուլեանէն ստանձնած է «Աբիգէյլ»-ի բնօրինակը եւ զայն թարգմանելու ցանկութիւն յայտնած հեղինակին։ Ծիսական բծախնդրութեամբ կատարած է իր առաքելութիւնը։ Մտաբերելով Մամուլեանի հետ իր հանդիպումը, ըսաւ. «Մամուլեան Աբիգէյլը գրած է 60-ական թուականներու սկիզբը, այսինքն այն ժամանակ երբ հրաժարեցաւ “Քլէոփաթրա”-ն նկարահանելէ։ Մեր տեսակցութեան ընթացքին, ան դրուագ մը պատմեց, ըսելով թէ Մարք Անթոնին Արտաւազդ արքան շղթայակապ տարած է Եգիպտոս, ուր ոսկէ շղթաներով Հայոց արքան չէ համաձայնած խոնարհիլ Քլէոփաթրային առջեւ եւ որուն պատճառով գլխատուած է, այսինքն իր գլուխը նուիրած է թագուհիին։ … Մամուլեան յիշեց նաեւ այդ ֆիլմէն այլ դրուագ մը, երբ Թիպերիւս կը մտնէ Աղեքսանդրիա, քաղաքը ամբողջովին լքուած կը գտնէ եւ երբ մեհեաններէն մէկուն դուռը կը բանայ, կ՚անդրադառնայ որ այդ մեհեանը նուիրուած է կատուներուն եւ հոն հաւաքուած կը տեսնէ ամբողջ քաղաքին կատուները։


«Կատուները միշտ ներկայ եղած են Մամուլեանի ժապաւէններուն մէջ, երբեմն նոյնիսկ կարճ տեսարաններով։ Մեր տեսակցութեան ընթացքին բեմադիրը նաեւ կարդաց իր գրական ստեղծագործութիւններէն հատուածներ։ Արդարեւ, Մամուլեան ունի գրական երկեր, բանաստեղծութիւններ եւ յուշագրութիւններ։ Ունի նաեւ բաւականաչափ անտիպ գործեր։


«Այսօր, տօնական օրերու նախօրեակին, նկատի ունենալով որ ընթացիկ տարին կը զուգադիպի իր մահուան 30-ամեակին ու ծննդեան 120-ամեակին, խորհեցանք թէ յարմար առիթ է անոր այս երկը հայերէնով ներկայացնել հանրութեան։


«ԱԲԻԳԷՅԼ-ը խորախորհուրդ երկ մըն է, որ օրին մեծապէս գնահատուած է արուեստի քննադատներուն կողմէ»:


Աբիգէյլի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Դեկտեմբեր 17-ին, Հայ ուսանողական ոստանին մէջ։ Կը զուգադիպէր 2018-ի Ս. Ծննդեան ժամանաշրջանին։ Խրախուսիչ երեւոյթ էր երիտասարդ ուսանողներու շօշափելի ներկայութիւնը։ Տան տնօրէնուհին տիկին Աննա Լէյլոյեան սիրայօժար կերպով կը հիւրընկալէ Հայ Թատրոնի ընկերակցութեան փորձերը եւ ներկայացումները։ Թատերական ներկայացումներուն իր անձնական հետաքրքրութենէն անդին, ան կարեւոր շաղկապ մը կը հանդիսանայ ուսանողները մշակութային ու գեղարուեստական հանդիսութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու մղող, որ իսկապէս շնորհաւորելի երեւոյթ է եւ շնորհաւորանքի արժանի։


Թ.Շ. 

«Նոր Յառաջ»