image

Հայերէնի անդիմադրելի կանչը. Ռոզիկ Թաշճեան-Ադամեան

Հայերէնի անդիմադրելի կանչը. Ռոզիկ Թաշճեան-Ադամեան

Երբ մանկավարժութիւնը երգարուեստին զուգահեռ դարձաւ մտահոգութեանս գլխաւոր առարկան՝ լսած էի, թէ Իսի-լէ-Մուլինոյի ֆրանսական դպրոցներէն մէկուն մէջ քաղաքապետարանին հովանաւորութեամբ՝ Համազգային-Թարգմանչաց դպրոցի հիմնումէն շատ առաջ հայերէնի միօրեայ դասընթացքներ տեղի կ՛ունենային: Այդ դասընթացքները յետագային փոխադրուեցան Համազգային-Թարգմանչաց դպրոց:


Ինքս Մէօտոն-լա-Ֆոռէ ապրելով գիտէի, որ բաւական մեծ թիւով Հայեր կը բնակէին հոն: Այդ ընտանիքներու զաւակներէն շատեր կը խօսէին հայերէն իրենց ծնողներուն շնորհիւ, սակայն հայկական դպրոց չյաճախելով՝ գրել-կարդալ չէին գիտեր:


Իսի-լէ-Մուլինոյի բարի օրինակին հետեւելով՝ մտածեցի դիմել Մէօտոնի քաղաքապետին՝ նման դասընթացքներ հաստատելու եւ օգտակար դառնալու այն բոլորին, որոնք կը փափաքէին հայերէն գրել-կարդալ սորվիլ եւ որոնք ի վիճակի չէին հայկական դպրոց յաճախելու:


Պաշտօնական նամակով մը դիմեցի քաղաքապետին եւ երկա՜ր սպասեցի, սակայն ապարդիւն: Չէի ուզեր հրաժարիլ ծրագրէն, ուստի յուսահատութեան տագնապիս մէջ «երբ չի մնում ելք ու ճար» ՝ յանկարծ գաղափարը յղացայ դիմելու Իսիի քաղաքապետ՝ Պարոն Սանթինիին եւ խորհուրդ առնելու իրմէ:
Մեծ եղաւ զարմանքս երբ շուտով պատասխան մը ստացայ քաղաքապետէն, որուն մէջ Պարոն Սանթինի կը յայտնէր թէ այդ ուղղութեամբ դիմած է Մէօտոնի այն ատենուան քաղաքապետ Հերվէ Մարսէյլին:


Ուստի, շատ արագ դռները բացուեցան իմ առջեւ եւ առաջին դիմումէս ճիշդ 3 տարի ետք՝ 2006-ին, որ կը համապատասխանէր Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան՝ այլ օտար լեզուներուն համահաւասար սկիզբ առին հայերէնի մեր դասընթացքները:


Ինչպէս շատեր՝ Տիկին Լօռանս Կրապլի (ինքը՝ Հայ, ամուսինը՝ Ֆրանսացի) նկատելով դասընթացքներուն ծանուցումը հայ նպարավաճառի ցուցափեղկին վրայ՝ առաջին օրերէն իսկ լրջօրէն եւ հաճոյքով կու գար ու կը հետեւէր դասերուն, նոյնիսկ եթէ աշխատանքային գերյոգնած օր մը անցուցած ըլլար. «յոգնած կու գամ բայց յոգնութիւնս մոռցած տուն կը վերադառնամ», կ՚ըսէր: Դժբախտաբար, մի քանի տարի վերջ վաղահաս մահը խլեց ու տարաւ զինք...:


Տիկին Լօռանս, իր ֆրանսացի դրացուհիին՝ Տիկին Արզումանեանին, որ ամուսնացած էր Հայու մը հետ՝ նիւթը ըրած էր սոյն դասընթացքներուն եւ այս վերջինը նա՛եւ ցանկութիւն յայտնած մաս կազմելու մեր խմբակին:


Հետզհետէ կը ծաւալէր աշակերտութեան թիւը: Տիկին Արզումանեանին հետեւեցաւ իր ամուսինը՝ Մխիթարեան վարժարանի նախկին սան, որ կ՚ուզէր բարելաւել իր հայերէնը եւ շուտով անոնց երկու որդիները՝ Մատթէոսը (Matthieu) եւ Երեմիան (Jérémie), աւելի վերջ Փաթրիքը՝ Պր. Արզումանեանի եղբայրը:


Հետաքրքրական էր ամբողջ ընտանիքը լծուած տեսնել հայերէն սորվելու դժուարին աշխատանքին:


Պատահեցաւ, որ յաջորդ տարին Մատթէոսը Ֆրանսա ծնած Իտալուհի իր ընկերուհիին՝ Սեսիլիային հետ ժամանէ Վենետիկ, —ուր նուաստս կը դասաւանդէ ամէն ամառ,— մասնակցելու նաեւ Պո-Արաքս միութեան կազմակերպած ամառնային խտացեալ դասընթացքներուն: Մատթէոսը նստաւ 2-րդ մակարդակ իսկ Սեսիլիան՝ սկսնակներուն հետ՝ առաջին մակարդակ:


Յաջորդ Սեպտեմբերի դպրոցական վերամուտին անոնք շարունակեցին հետեւիլ Մէօտոնի դասընթացքներուն, նոյն լրջութեամբ: Տօնական օրերու առիթով երբ կարգը կու գար երգերու՝ հաճոյքով կը փորձէին վերծանել եւ անգիր ընել զանոնք: Դասի վերջաւորութեան կը մեկնէին երգելով եւ յաջորդ դասին կը վերադառնային երգելով:


Երկու տարի հազիւ բոլորած՝ օր մը Սեսիլիան ուրախութեամբ խոստովանեցաւ, թէ յաճախ Գլամարի լողաւազանը կ՚երթար լողալու, ուր կր յաճախէին նաեւ շատ մը Հայեր: Սկիզբը անոնց հայերէն խօսակցութենէն ոչինչ կը հասկնար, իսկ հիմա՝ ամէ՛ն, ամէ՛ն բան: Որքա՜ն մխիթարական էր լսել նման խոստովանութիւն՝ տարիներու փոխադարձ աշխատանքի արդիւնք...:


Երբեմն անձկութեամբ կը մտածէի, թէ հաւանաբար օր մը մեր գործակցութիւնը պիտի հասնէր իր աւարտին: Չէ՞ որ ամէն բան վերջ մը ունի... եւ այդպէս ալ եղաւ:


Մատթէոս իր համալսարանական ուսումը վերջացնելով դարձաւ դեղագործ եւ ծնողներուն օգնութեամբ յաջողեցաւ դեղատան մը տէրը դառնալ: Ինչպէս ամէն գործատէր՝ ամբողջ շաբաթը օրն ի բուն պիտի աշխատէր: Սեսիլիան ալ բեռնաւորուած էր իր գործով: Առաւօտուն կ՚արթննար շատ կանուխ եւ կ՚աշխատէր օրը 12 ժամ: Հայերէնի դասերը այսպէս զոհ պիտի երթային:


Անկախ մեր կամքէն՝ պէտք էր հաշտուիլ իրականութեան հետ եւ մենք փորձեցինք հաշտուիլ այդ իրականութեան հետ:


Բայց ահաւասիկ մեծ եղաւ զարմանքս երբ անցեալ Սեպտեմբերի վերամուտին Մատթէոսը եւ Սեսիլիան կրկին կապի մէջ մտան հետս: «Անկարելի կարելին»: Ցանկութիւն կը յայտնէին վերսկսելու դասերուն, ամէ՛ն գնով: Պատճա՞ռը: Դեկտեմբերին պիտի ծնէր անոնց առջինեկը: Ո՛չ միայն կը փափաքէին հետը խօսիլ հայերէն այլ որոշած էին նաեւ անոր տալ հայկական անուն:


Նոյեմբերի վերջը անոնք բախտաւորուեցան մանչ զաւակով մը եւ իրենց զաւակը անուանեցին Արմէն: Որոշած են զինք յանձնել հայախօս ստնտուի մը: Այժմ կը փնտռեն յարմար անձը: Մինչ այդ՝ քնանալու համար նորածին Արմէնը կը լսէ հայկական օրօրներ եւ հայրը արդէն իսկ անոր կը կարդայ Անահիտ Սարգիսեանի «Օրիորդ Շուշանիկ»-ի արկածախնդրութիւնները:


Ռոզիկ Թաշճեան-Ադամեան

«Նոր Յառաջ»