image

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ (Ա. մաս). Արմենակ Եղիայեան

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ (Ա. մաս). Արմենակ Եղիայեան

Ա.

  Դարձուածք կը կոչենք սովորաբար երկու,-- երբրեմն՝ երեք, հազուագիւտ՝ աւելի,-- բառերէ կազմուած այն կապակցութիւնը,  ուր  զայն կազմող բառերէն իւրաքանչիւրը  կը կորսնցնէ իր բառային բուն նշանակութիւնը, որով ամբողջ բառակապակցութիւնը  կը վերիմաստաւորուի՝ ստանալով բոլորովին նոր`«դարձուածքային» բովանդակութիւն  մը[1]: Օրինակ՝ դարձուածք մըն է «երես տալ»  բառակապակցութիւնը, որ կը նշանակէ  «շփացնել», որուն մէջ չկայ ո՛չ երեսի , ո՛չ ալ  տալու նշանակութիւնը: Ըստ այսմ՝ դարձուածքներ են՝  աչքը մտնել, գլուխը տանիլ,  կրակի հետ խաղալ, քունը կորսնցնել եւ այլն[2]:

         «Դարձուածքները ըստ էութեան ժողովրդական լեզուամտածողութեան արդիւնք են, ձեւաւորւում են հիմնականում խօսակցական տարբերակում, ապա աստիճանաբար թափանցում են  գրական լեզու» (Հ. Պետրոսեան, «Հայերէնագիտական բառարան», էջ 175): Այս ծագումն ալ դարձուածքին կը պարգեւէ էապէս ազգային յատուկ նկարագիր մը: Ուստի ամէն ժողովուրդ ունի իրեն յատուկ դարձուածքներ, որոնք ընդհանրապէս կամ միշտ փոխադրելի չեն այլ լեզուներ, ուր անոնք կը կորսնցնեն իրենց իմաստը: Սակայն ներթափանցումները, թէեւ հազուագիւտ, բոլորովին  բացառուած  եւս  չեն մանաւանդ  խառն կենակցութեան պայմաններու մէջ, ինչպէս եղած է հայ-թրքականը՝ օսմանեան տիրապետութեան  երկար դարերուն: Բերենք օրինակ մը. երես առնել՝ իբրեւ շփանալ,  եւ երես տալ՝ իբրեւ շփացնել,  դարձուածքները, թարգմանուելով ֆրանսերէնի, անգլերէնի, իտալերէնի, արաբերէնի, պիտի դառնային բոլորովին անիմաստ բարախումբեր, որոնք հաւանաբար ծիծաղի առարկայ ալ դառնային համապատասխան ժողովուրդներու կողմէ: Սակայն ասոնք դարձուածքային բոլորովին նոյն իմաստը ունին թրքերէնի մէջ: Անշուշտ ճշգրիտ չենք ալ գիտեր, թէ ո՞վ որմէ՛  փոխ առած է,--հա՞յը թուրքէն, թէ՞ թուրքը հայէն:

         Դարձուածքները ընդհանրապէս կը մնան ժողովրդախօսակցական ծիրին  մէջ՝ սակաւ թափանցելով գրական լեզուէն ներս:  Օրինակ՝ դժուար պիտի պատկերացնէիէնք, որ Զոհրապ տեղ մը գրած ըլլար «երես տալ», կամ Թէքէեան գրած ըլլար «գլուխը  տանիլ», կամ Շահնուր   գրէր «քունը կորսնցնել» եւ այլն, քանի որ անոնք պիտի նախընտրէին ասոնց գրական համարժէքները՝ շփացնել, ձանձրացնել, մտահոգուիլ: Այսուհանդերձ բացառուած ալ չէ անոնց կիրարկութիւնը, մասնաւորաբար   յատկաբանութեան  նպատակով:

         Հայերէնին կը վերագրուին  աւելի քան 20.000 դարձուածքներ,-- որոնց պիտի չանդրադառնանք այստեղ,-- ինչ որ շատ հարուստ  ժառանգ մըն է, որուն հմուտ կիրարկումը կը գեղեցկացնէ  խօսքը, աւելի ազդու ու տպաւորիչ կը դարձնէ զայն:

         Հետաքքրուողներուն տրամադրութեան տակ կը գտնուին քանի մը յաջող  աշխատութիւններ, որոնց կարելի է ծանօթանալ «Նայիրի» կայքի  բառարաններու ցանկերուն մէջ[3]:

                                                                  *     *

                                                                     *   

          Կարգ մը դարձուածքներ, շնորհիւ իրենց դիցաաբանական,  պատմական, բանահիւսական, գրական առանձնայատուկ հէնքին, յաջողած են դուրս գալ իրենց նեղ-ազգային սահմաններէն եւ ստանալ համամարդկային հնչեղութիւն եւ իբրեւ «թեւաւոր խօսքեր»՝ կը զարդարեն բոլոր լեզուները:  Այս գլուխով պիտի տեսնենք այդպիսիներէն փոքրիկ փունջ մը:  

         *** Աննիբալ մեր դռներուն է

         Քրիստոսէ առաջ՝  218 թուին, կը սկսէր պատմութեան մեծագոյն արշաւանքներէն մէկը, որ տեւեց 17 տարի. ան ծայր առաւ հզօր Կարթագէնէն,-- մօտաւորապէս արդի Թունուզէն,-- հասնելու համար Հռոմ. այս արշաւանքին ձեռնարկողը քսանամեայ  Աննիբալն էր:  Հրաշալի զինուած ու կազմակերպուած, ինքն ալ հրաշալի ու առաքինի հրամանատար մը, ահարկու բանակի մը գլուխը՝ ան  կտրեց ամբողջ  Հիւսիսային Ափրիկէն, մտաւ Սպանիա, ուր ոչնչացուց  հռոմէական  լեգէոնները՛, շրջանցեց հարաւային Ֆրանսան՝ իր ճամբուն վրայ սրբելով  ամէն դիմադրութիւն, անցաւ Ալպեանները եւս եւ անարգել  կը մօտենար Հռոմին՝ իր ոխերիմ թշնամիին, որ կ’ուզէր իր որջին մէջ իսկ  անակնկալի բերել ու ճզմել: Ոչ մէկ ուժ կը յաջողէր  կասեցնել Անոր բանակներուն յառաջխաղացքը. իսկ այդ բանակներուն  մաս կազմող փիղերու երամակները ահ ու սարսափի կը մատնէին  դիմադրող հռոմէացիները:

         Գոռոզ Հռոմը իր պատմութեան մէջ  առաջին անգամ ըլլալով սարսռաց մինչեւ ողն ու ծուծը:

         Սարսափի ու յուսալքումի այս մթնոլորտին մէջ  էր, որ ծնունդ առաւ «Անիիբալը մեր դռներուն է» խօսքը, որ հետագային վերածուեցաւ դարձուածքի, որով կը բնորոշուի  բիրտ սպառնալիք մը, գերագոյն վտանգ մը, անդիմադրելի թշնամի մը եւ ակներեւ պարտութիւն մը: Դարեր անց այդ դարձուածքը մնաց  հռոմէացիներու  բերնին մէջ  ու իտալական հողի վրայ. իտալացի մայրեր  մինչեւ այսօր ալ իրենց չար փոքրիկները  սաստելու համար  չեն վարանիր ըսելու. «Աննիբալ մեր դռներուն է» (Hannibal ad portas): Իսկ դարձուածքը  ինք արդէն համաշխարհային  ճանաչում ունի եւ կ’ապրի ժողովուրդներու ու սերունդներու բերնին մէջ[4]:

                                                        *      *

                                                            *

         Այս արշաւանքի ծիրէն ներս  ծնունդ առած է ուրիշ դարձուածք մըն ալ, որ նուազ ծանօթ է:  Ուրեմն այդ տարիներուն Հռոմի մէջ կ’ապրէր պետական  ազդեցիկ դէմք մը, որ պատմութեան ծանօթ է  Մարկոս Կատոն Երէց անունով. ան իր ժամանակի մեծագոյն հռետորներէն էր, որ կը տագնապէր Հռոմի բոլոր հարցերով, յատկապէս Աննիբալի արշաւանքով, որ դամոկլէսեան սուրի մը պէս կախուած  էր ամեն հռոմայեցիի գլխուն վերեւ եւ որը Կատոնի մղձաւանջն էր դարձած:  Ուստի զարմանալի չէր, որ ծերակոյտի բոլոր նիստերուն եւ քիչ մը ամեն առիթով ան արծարծէր  ընթացքի մէջ եղող աւերիչ  արշաւանքը եւ ամեն անգամ ալ իր ճառը կ’աւարտէր նոյն պատգամով՝ «Պէտք է կործանել Կարթագէնը» (Delenda Carthago): Այս ալ իր կարգին դարձաւ պատմական դարձուածք մը, որ կը խորհրդանշէ ընդհանրական չարիք մը, որ պէտք է ամէն գնով ոչնչացնել ու վերացնել:

                                                                      *      *

                                                                          *

         Դարձուածքային արժէք ունի նաեւ «աննիբալեան երդում»-ը:

         Աննիաբալ մանուկ էր տակաւին՝ 8-9 տարեկան, երբ անոր հայրը՝ Ամիլկար Բարկան,  Կարթագէնի մեծ տաճարին մէջ երդմնեցուց զայն՝ ամբողջ կեանքին մէջ ոխերիմ թշնամին   ըլլալու  Հռոմի եւ պայքարելու անոր դէմ:    Աննիբալ երդուեցաւ եւ հաւատարմօրէն յարգեց   իր խոստումը:

         Դարձուածքը կը խորհրդանշէ  անզիջում պայքարի որոշում:   

                                                 *      *

                                                     * 

         Հակառակ իր շռնդալից յաղթանակներուն՝ Աննիբալ  չյաջողեցաւ զգետնել  Հռոմը: Ան իր վերջին ճակատամարտը մղեց Ափրիկէի մէջ, Նումիդիոյ Զամա  դաշտին վրայ 202-ին (Քա.), ուր պարտուեցաւ դաշնակից զօրքերու ուշացումին կամ  դաւաճանութեան հետեւանքով, եւ այնուհետեւ փախստական ապրեցաւ հայրենիքէն դուրս: Հալածական կեանքը անոր  քայլերը տարաւ մինչեւ Հայաստան, Արտաշէս աշխարհակալի արքունիքը, ուր ան սիրայօժար պատսպարուեցաւ: Այստեղ ալ ան, ըստ օտար պատմիչներու,  հայ արքային թելադրանքով յղացաւ ու կառուցեց  Արտաշատ   մայրաքաղաքը:

         Հայաստանը Աննիբալի վերջին կայքը չեղաւ սակայն. անկէ   անցաւ Պոնտոս, ապա Պիւթանիա,  ուր եւ 183-ին թոյն խմելով անձնասպան եղաւ՝ խուսափելու համար հռոմէական հալածանքներէն, որոնք երբեք չէին դադրած:

         *  Արշակաւան  

         Քաղաք, որ ըստ, Փաւստոս Բուզանդի, հիմնադրեց Արշակ Բ. թագաւորը հաւանաբար  350-ական  թուականներու վերջերուն,   Մեծ Հայքի  Այրարատ նահանգի  Կոգովիտ գաւառին մէջ: Արշակ այս ընդարձակ քաղաքը հիմնեց հայ նախարարներու  հետ իր գժտութեան օրերուն, հաւանաբար նաեւ այդ գժտութեան հետեւանքով՝ ի պահանջել հարկին այնտեղ ամրանալով՝ անոնց, բայց նաեւ պարսկական վտանգին դէմ  պաշտպանուելու  հեռանկարով: Զայն գրաւիչ ու մարդաշատ  դարձնելու դիտումով՝ անոր շինութեան եւ այնտեղ բնակութեան համար,  եւ զանազան արտօնութիւններով,  հրաւիրեց  բոլոր  յանցապարտներն ու ամէն կարգի փախստական ծառաներ ու պարտապաններ, ինչպէս նաեւ օրինախախտներ, գողեր, աւազակներ, մարդասպաններ՝ ներում շնորհելով բոլորին եւ զերծ կացուցանելով զանոնք ամէն հալածանքէ, ինչ որ իր դէմ աւելի գրգգռեց ու լարեց նախարարները, որոնք պատկառելի մարդուժ կը կորսնցնէին այսպէսով[5]:

         Խադ եպիսկոպոսի, աւելի ուշ Մեծն Ներսէսի խրատներն ու սաստերը որեւէ արդիւնք չտուին, մինչեւ որ  այս վերջինը անիծեց  Արշակն ու անոր քաղաքը, որով ժանտախտ ինկաւ այդ  ընդարձակ ու մարդաշատ քաղաքին մէջ եւ ամբողջութեամբ կոտորեց անոր բնակչութիւնը:  Ըստ նորագոյն պամաբաններու՝ Հայաստանի դժգոհ նախարարներու միացեալ ուժերու հարուածներուն տակ կործանեցաւ ան, եւ սպանուեցան ու տարտղնուեցան  անոր բնակիչները:    

         Փաւստոս Բուզանդ իր այս պատումին մէջ որոշ չափով ազդուած պէտք է ըլլայ  Հին կտակարանի՝ Բաբելոնի աշտարակաշինութեան (տեսնել ստորեւ) պատմութենէն, եւ Արշակաւանը կը թուի  ըլլալ այդ նոյն աշտարակաշինութեան   հայկական տարբերակը:  

         Ստեփան Զօրեան «Հայոց բերդը» վէպը հէնց Արշակաւանը ունի իբրեւ բնաբան. «բերդը»՝ նոյն ինքն Արշակաւանն է:

         Այս բոլորէն կը մնայ «Արշակաւան» դարձուածքը, որ կը խորհրդանշէ համատարած անիշխանութիւնը, խառնակութիւնն ու անօրէնութիւնը:

         ***Աւգեան ախոռներ

         Աւգեաս, որ ճանչցուած է իբրեւ «արեւու որդի», թագաւոր էր Հիւսիսային Յունաստանի մէջ: Ան ունէր 3 000 եզ, որոնք օժտուած էին բացառիկ առողջութ- եամբ եւ ծնելիութեամբ:  Ասոնք տնտեսելու համար Աւգիաս կառուցած էր բազմաթիւ ախոռներ,  որոնք, սակայն, ոչ մէկ մաքրութեան առարկայ դարձած էին:  Գարշահոտութիւնը տարածուած էր ամէն կողմ, իսկ  աղբը, աւելի քան 30 տարի կուտակուած էր  անոր բազմաթիւ ախոռներուն մէջ, ինչպէս նաեւ շրջակայ հանդերուն վրայ, ուր այլեւս  մշակելի հողի ոչ մէկ կտոր մնացած էր: 

         Հերակլէս առաջարկեց Աւգիասի՝ մաքրել անոր  ախոռները՝ իբրեւ վարձատրութիւն  պահանջելով եզներուն տասը տոկոսը. համաձայնութիւնը գոյացաւ, եւ Հերակլէս անցաւ գործի: Ան երկու ծակ փացաւ ախոռներուկ պատերուն վրայ, ապա մօտակայ երկու գետակներու հունը շեղեց  դէպի այդ ծակերը: Յորդահոս ջուրը քանի մը ժամէն մաքրեց ու քշեց-տարաւ լեռնակուտակ ու գարշահոտ աղբերը թէ՛ ախոռներուն մէջէն, թէ՛ շրջակայ տարածքներէն: Յետմիջօրէի կիզիչ արեւը չորցուց ամէն կողմ, եւ իրիկուան դէմ արդէն համատարած մաքրութիւն կը տիրէր:

         Բայց ահա Աւգիաս դրժեց իր խոստումը, եւ Հերակլէս սպաննեց զինք, ինչպէս նաեւ անոր զաւակները՝ խնայելով միայն մէկ հատին, որ չուրացաւ  տրուած խոստումը:

         Այս անհաճոյ անձնաւորութենէն,-- որ կը խորհրդանշէ իր թերութիւնները անտեսող եւ իր պարտաւորութիւնները զանց ընող կերպարը,--  ու անոր պատմութենէն մարդկութեան մնացած է «աւգեան ախոռներ» դարձուածքը, որ իր կարգին  կը խորհրդանշէ «իրերու եւ երեւոյթներու լքեալ ու անտեսուած կացութիւնը»:

         ***Աքիլլէսի կրունկ

         Աքիլլէսը յունական դիցաբանութեան մեծագոյն հերոսներէն էր, որ դաշնակից  այլ թագաւորներու հետ  արշաւեց Տրովադա՝ ետ դարձնելու  գեղեցիկ Հելենը, որ առեւանգուած էր  տրովադացի իշխան Բարիսի կողմէ: Աքիլլէս ճանչցուած էր իբրեւ անխոցելի մարտիկ մը, որովհետեւ  անոր մայրը զինք վաղ մանկութեանը թաթխած էր  Ստիքս գետի ջուրին մէջ, որ ունէր մարդկային մարմինը անխոցելի դարձնելու յատկութիւնը:

         Այս թաթախումէն զուրկ մնացած էր, սակայն, մանուկ Աքիլլէսի կրունկը, ուրկէ մայրը բռնած էր զինք եւ որ չթրջուեցաւ, ուրեմն շարունակեց մնալ խոցելի: Արդ, Բարիս ծանօթ էր այս գաղտնիքին, եւ Տրովադայի մէկ հրապարակին վրայ, մենամարտի մը ընթացքին,  ան այդ կէտէն ալ վիրաւորեց  Աքիլլէսը, որ մահացաւ ստացած վէրքէն: Ասկէ ալ յառաջացած է «Աքիլլէսի կրունկ»  կամ «Աքիլլէսի գարշապար» (Talon d’Achille) դարձուածքը, որ կը նշանակէ տկար, խոցելի կէտ մը կամ կողմ մը:

         *** Բաբելոնեան խառնակութիւն

         Ջրհեղեղէն ետք,-- երբ Աստուած հաշտուած էր մարդկութեան հետ՝ անոր շնորհելով նաեւ ծիածանը՝ իբրեւ ներումի երաշխաիք,-- մարդիկ վերստին բազմացան, բայց նաեւ չարացան ու գոռոզացան՝ հեռանալով իրենց տրուած  պատուիրաններէն: Անոնք որոշեցին  կառուցել քաղաք մը՝ հանդերձ աշտարակով, որուն գագաթը պիտի երկինք հասնէր. «եւ արասցուք մեզ անուն  յառաջ քան զսփռել ի վերայ երեսաց  ամենայն երկրի» (Ծնունդք, Ժա/4):

         Աստուած նման  ծրագիր մը խանգարելու լաւագոյն միջոց նկատեց՝ խառնակել լեզուն մարդոց, որոնք մինչ այդ նոյն բարբառով կը խօսէին,  կը հաղորդակցէին ու համերաշխ կ’աշխատակցէին իրարու հետ: Ու այդպէս ալ ըրաւ: Իսկոյն սկսաւ յառաջանալ ահաւոր շփոթ մը, ուր մարդիկ այլեւս չէին կրնար հասկնալ զիրար ու չէին կրնար հաղորդակցիլ: Խանգարուեցաւ նաեւ անոնց աշխատանքին ներդաշնակութիւնը, եւ անոնք սկսան կամաց-կամաց հրաժարիլ աշտարակաշինութենէն ու ցրուեցան աշխարհով մէկ:  Անաւարտ քաղաքը կոչուեցաւ Բաբելոն, որ կը յառաջանայ հին եբրայերէն բառէ մը եւ  կը նշանակէ խառնել, խառնաշփոթել:

         Այդ փորձէն մնացին  աւերակոյտ մը եւ դարձուածք մը, որ կը խորհրդանշէ համատարած խառնակութիւնն ու անհասկացողութիւնը:  Անաւարտ քաղաքը կոչուեցաւ Բաբելոն:        

         Կ’ըսուի նաեւ  «բաբելոնեան աշտարակաշինութիւն»՝ նոյն իմաստով եւ կը բնորոշէ անկարգութիւն, խառնաշփոթ, քաոս: 

         ***Բարթուղիմէոսեան գիշեր

         Այսպէս կը կչուի պատմական այն կոտորածը, որ Ֆրանսայի կաթողիկէները ի գործ դրին բողոքականներու դէմ 1572-ի օգոստոսի 24-ի գիշերը՝ ս. Բարթուղիմէոսի տօնի նախօրէին. ան տեւեց քանի մը օր: Կոտորածի հրահանգը տուած էր Շառլ 9-րդ թագաւորը իր մօր՝ Կատարինէ Մետիչիի (Catherine de Médicis) եւ Գիզ դուքսի (duc de Guise) դրդումով: Զոհուեցան աւելի քան 3.000 բողոքականներ, որոնց մէջ  գտնուեան դաւանափոխ դարձողներ՝ փրկելու համար իրենց կեանքը:

         Այս կոտորածը պատճառ դարձաւ կրօնական պատերազմներու, որոնք արդէն սկսած էին 1562-ին, սակայն աւելի հրահրուեցան այնուհետեւ՝ պատճառելով քաղաքական  այլազան ոճիրներ, որոնց շարքին դուքս Գիզիի եւ Հանրի  Գ. թագաւորի սպանութիւնը: Անոնք տեւեցին մինչեւ 1598 եւ վերջ գտան Հանրի Դ. թագաւորի շնորհիւ:Մեզի անծանօթ պատճառներով՝

         «Բարթուղիմէոսեան գիշեր» դարձուածքը կը խորհրդանշէ անպաշտպան մարդոց դաժան ջարդ ու կոտորած:

         Ուշադրութի՛ւն. իբրեւ պատմական դրուագի անուն՝ ան կը գլխագրուի՝ Բարթուղիմէոսեան[6] գիշեր, իսկ իբրեւ դարձուածք՝ կը գրուի փոքրատառով:

         ***Գորդեան հանգոյց

         Ըստ յունական աւանդութեան՝ փռիւգիացի Գորդիոսը,-- որ համեստ գիւղացի մըն էր եւ պատահաբար թագաւոր դարձաւ,--   Զեւսի տաճարին կը նուիրէ իր եզին կառքը, որուն լուծը քեղիին, այսինքն՝  յառաջամասի ձողին,  կապուած էր այնպիսի հնարամտութեամբ մը, որ կարելի չէր հանգոյցի ծայրերը գտնել ու անջատել լուծը կառքէն: Իսկ ան, որ յաջողէր քակել այդ հանգոյցը, պիտի տիրէր  ամբողջ Ասիոյ:

         Դարեր անցան այսպէս , եւ այդ հանգոյցը մնաց անլուծելի:

         333-ին, Աղեքսանդր Մակեդոնացին, իր աշխարհակալական արշաւանքին  սկիզբը, ազատագրեց   Փռիւգիան պարսիկներէն,  մտաւ յիշեալ տաճարը եւ փոխանակ փորձելու քակել ոհանգոյցը  ՝ սուրի հարուածով մը խորտակեց զայն, ինչ որ կը խորհրդանշէր Աղեքսանդրի՝ ուժին վերագրած գերակայութիւնը միտքի վրայ:

         Այս դրուագը ծնունդ տուած է երկու դարձուածքի.

         ա) «Գորդեան հանգոյց», որ կը նշանակէ անլուծելի, կնճռոտ խնդիր:

         բ) «Աղեքսանդրեան լուծում», որ կը նշանակէ որեւէ անելի առկայութեան՝ տրուած արագ ու խիզախ լուծում:

         ***Դամոկլէսեան սուր

         Կ’ըսուի նաեւ «դամոկլեան սուր»:

         Սիրակուսա նահանգի Դենիս բռնապետը անգամ մը  ընթրիքի հրաւիրեց իր մէկ մտերիմ ընկերը՝ Դամոկլէսը (Դ. դարուն Քա.), որ կը նախանձէր իրեն,  եւ զայն կը նստեցնէ իր գահին վրայ՝ անոր գլխուն վերեւ ձիու բաշի մէկ հատիկ թելէ  կախելով ծանր սուր մը: Կարելի է երեւակայել այն ահաւոր տագնապը, որ պատեց խեղճ  Դամոկլէսը ընթրիքի տեւողութեան, մինչեւ որ սարսափած վար կ’իջնէ ան վերջապէս գահէն:  Իր այս արարքով Դենիս կ’ուզէր իր հիւրին ու բարեկամին տալ պատկերացում մը ի մասին այն ծանր  վտանգին ու մտմտուքին, որոնց ենթակայ  են իշխանաւորները իրենց իշխանութեան ամբողջ տեւողութեան:

         Եւ այնուհետեւ «դամոկլէսեան սուր» բառակապակցութիւնը դարձաւ ընթացիկ դարձուածք մը, որ կը խորհրդանշէ  գերագոյն վտանգ մը, սպառնալիք մը:

         Ուշադրութի՛ւն. պէտք չէ գլխագրել դարձուածքին առաջին եզրը:

 

(Շարունակելի)

       

 

 Արմենակ Եղիայեան




[1] Ուրեմն պէտք չէ շփոթել դարձուածք-ը, որ կը սերտուի այս գլուխով, եւ դերբայական դարձուած-ը, որուն ակնարկուած է նախապէս՝ ¢¢339--346գ. ասոնք երկու բոլորովին տարբեր բաներ են:

[2] Կարգ մը կապակցութիւններ լեզուի մէջ հանդէս կու գան միայն իբրեւ դարձուածք, օրինակ՝ երես տալ, սակայն կան կապակցութիւններ ալ,  որոնք միաժամանակ շարահիւսական ազատ միաւոր են, այսինքն՝ կը պահեն իրենց բուն իմաստը. օրինակ՝ կրակի հետ խաղալ. ա) Այս տղան  կրակին  հետ կը խաղայ, ունելին ա՛ռ ձեռքէն. բ) Մեր այս հերոսները  կրակին  հետ կը խաղան, տուժողը նորէն ժողովուրդը պիտի ըլլայ:

[3] Նկատի ունենալ մասնաւորաբար Պ. Բեդիրեանի «           Ժամանակակից  հայերէնի դարձուածաբանութիւն»-ը եւ նոյնին  Հայերէնի դարձուածներու ընդարձակ բառարանը:

[4] 1918-ին, ռուսական բանակներու  տունդարձի օրերուն, երբ Արեւմտեան Հայաստանի ճակատները կը քայքայուէին, Աւ. Ահարոնեան  Թիֆլիսի մէջ  խօսեցաւ  ճառ մը՝ բնաբան ընտրելով  «Hannibal ad portas» դարձուածքը. որքա՜ն տեղին, որքա՜ն  արտայայտիչ:  Շատ դիպուկ ու տեղին  կիրարկութիւն մըն ալ կը գտնենք Վազգէն Շուշանեանի գրիչին տակ. «Այս ճգնաժամային տարիներուն, երբ ողջ ժողովուրդներու, ազգերու եւ պետութիւններու ...խաղաղութիւնն ու կեանքը վտանգի տակ են, ...երբ Աննիբալը մեր դռան առջեւ է...(կ’ակնարկէ մօտալուտ Բ. համաշխարհային պատերազմին.  «Բագին», 1-2-3, 1995, էջ 127):

[5] «Իբրեւ ել հրաման յարքայէն, ժողովեցան այնուհետեւ յայն տեղի ամենայն գողք եւ աւազակք, արիւնահանք, սպանողք, սուտք եւ մարդելոյզք վնասակարք, գանձահատք, զրկողք, ստադատք,  զրախօսք, գերփողք, յափշտակողք, ժլատք» (Փ. Բուզանդ, Պատմութիւն հայոց, Գ. դպրութիւն). ասոնց վրայ կ’աւելնան տակաւին իրենց ամուսնական օրինաւոր կապերը խզող եւ ապօրէն կապեր հաստատած այրեր ու կիներ եւ ուրիշներ:

[6] Մեզի անծանօթ պատճառներով՝ արեւելահայերը Բարդուղիմէոսդ-ով կը տառադարձեն: Աստուծաշունչը՝ գրաբար թէ աշխարհաբար,  ունին միայն Բարթուղիմէոս.  Աճառեան նմանապէս գրած է թ-ով (Անձնանունների բառարան): Յունարէնը զայն կը գրէ θ-ով, որ խուլ-շնչեղ է ու կը համապատասխանէ մեր թ-ին: