image

Ծնունդի հեքիաթներ. Արմենակ Եղիայեան

Ծնունդի հեքիաթներ. Արմենակ Եղիայեան

 

        Ամէն ինչ որ հեքիաթանման է, անպայման հեքիաթ չէ,

            Իսկ ամէն ինչ որ հեքիաթ է, անպայման հեքիաթանման չէ:

*      *

    *   

Աշխարհի վրայ կայ հեքիաթային երկիր մը, որ կը կոչուի Լիբանան, եւ այստեղ կը գտնուի եզակի քաղաք մը (թերեւս՝ քաղաքիկ) որ  կը կոչուի Պուրճ-Համուտ:

Պուրճ-Համուտը խորքին մէջ եզակի էր մէկէ աւելի յատկանիշերով, որոնց կարգին՝ իր ազգագրական պատկերը. անոր հիմնադրութեան առաջին տարիներուն (մօտաւորապէս 1933-34) բնակչութեան 99,99 տոկոսը հայ էր. 30-40.000 հազարի վրայ կային  ընդամէնը քանի մը արաբ ընտանիքներ՝ եկեղեցւոյ քահանայինը, ժամկոչինը,  մուխթարինը եւ մէկ-երկու ուրիշներ ու այսչափ միայն:

1946-էն սկսեալ, որ կը զուգադիպի հայրենադարձութեան, մեկնողներուն տուները գնուեցան արաբ հայրենակիցներու կողմէ, տեղացի թէ պաղեստինցի գաղթականներ: Եւ ազգագրական  եզակիութիւնը այսպէսով խախտեցաւ...ի հաշիւ ուրիշ հայաւանի մը, որ Այնճարն է եւ որը ծնունդ առած էր  Պուրճ-Համուտէն 4-5 տարի ետք:

Անյճար կը շարունակէ պահել իր այդ անաղարտ դիմագիծը, մինչ Պուրճ-Համմուտ օր ըստ օրէ  կը կորսնցնէ իրը: Սակայն այս չէ իմ բնաբանս, ես ուրիշ բան պատմելու համար ճամբայ ելայ:

Ուրեմն հակառակ վերոնշեալին՝ Պուրճ -Համուտը կը շարունակէ պահել իր եզակիութիւնը այլ կէտերու մէջ, որոնցմէ մէկն ալ այստեղ հաստատուած արաբ խանութպաններու եւ երբեմն ալ սովորական հայրենակիցներու հայերէնաիմացութիւնն է: Այո, սա այնպիսի իւրայատկութիւն մըն է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ,– ի բաց առեալ անշուշտ Հայաստանը,– միակ պարագան է, ուր  օտարներ հայերէն կը սորվին իրերու բոլորովին  բնական ու անբռնազբօս բերումով:

Պատկերացուցէք Լիբանանի ընդհանրապէս հարաւէն եկած արաբ երիտասարդներ, բայց նաեւ օտարահպատակներ՝ սուրիացի, եգիպտացի, յորդանանցի, սուտանցի եւ այլն, որոնք իրենց կեանքին մէջ հայ չեն տեսած եւ որոնք այստեղ հայահոծ թաղի մը մէջ պտուղի ու բանջարեղէնի խանութ կը բանան եւ կը սկսին առեւտուրի...հայերու հետ կամ նա՛եւ հայերու հետ: Եւ որովհետեւ հայը դժուարութիւն ունի արաբերէն սորվելու, այս մարդիկ կը ստիպուին իրե՛նք հայերէն սորվիլ, որպէսզի դրամ կարենան շահիլ ու ապրիլ:

Առաջին ամիսը կը սորվին թիւերը ու չափերը՝ մէկ քիլո,  մէկուկէս քիլո, երկու ոսկի, չորս, հինգ , եօթը ոսկի կամ տոլար եւ այլն: Ապա կը սկսին սորվիլ ապրանքին անունը՝ նարինջ, վարունգ, հազար, բողկ:

Երկրորդ-երրորդ  ամիսներուն կը սկսին կազմել իրենց առաջին կցկտուր նախադասութիւնները՝ շատ լաւ է, համով է, թարմ է, աժան է: Կամ՝ հիմա չկայ, մէկ ժամէն կը հասնի...: Նաեւ՝ անուշ ըլլայ, նորէն եկուր եւ այլն: Իսկ վեցերորդ ամիսը կամ ամենաուշը տարին չլրացած՝ արդէն հայերէն կը խօսին քիչ մը... ամէն նիւթի մասին:

Եւ...կամաց-կամաց կը հայանան:

Երբեմն շատ զաւեշտական պարագաներ ալ կը պատահին:

Կը ճանչնամ անոնցմէ մէկը. իսկական աժդահայ մը, գոնէ երկու մեթր հասակով եւ երկու հարիւր քիլո քաշով, արաբական կամ արեւելեան բուրդէ գլխարկը մինչեւ աչքերը իջած, պեխերը ականջներուն հասած, մօրուքը ընդհանրապէս անխնամ, «մի զըռ չոբան»,– ինչպէս պիտի ըսէր Թումանեան,– որ սակայն...մաքուր ու ծեքծեքուն հայերէն մը կը խօսի, ծայրայեղօրէն կիրթ է եւ իսկոյն կը հրապուրէ քեզ:  Չես կրնար առանց գնումի դուրս ելլել խանութէն, ընդհակառակը, քիչ մըն ալ կը տնտնաս, որ աւելի լսես զինք: 

Կը ճանչնամ Ղասսան մըն ալ, որ ինքնամփոփ ու լռակեաց  երիտասարդ մըն է, որուն հետ կարելի է երկար զրուցել,– եւ  հաճոյքով  կը զրուցեմ,– քիչ մը ամէն բանի մասին: Այնքան լաւ կը տիրապետէ հայերէնին: Կարծեմ հայ աղջկայ մը պարեգօտն ալ անցած է կեանքէն, չեմ գիտեր՝ իբրեւ նշանածի՞, թէ՞ իբրեւ ընկերուհիի,– եւ յուզումով կ’ակնարկէ թէ՛ հայերէնին, թէ՛ զայն խօսող  աղջկան:

Առիթով մը, երբ տակաւին  լաւ չէի ճանչնար զինք, միամտաբար  հարցուցած եմ  իրեն,  թէ ինչո՛ւ «օտար» անուն կը կրէ:

Եւ այսպիսիները բացառութիւն չեն:

Ստորեւ պատկեր մըն ալ:

 Տասը օր առաջ, արեւմտեան Ծնունդի առթիւ, հրաւիրուած էի կաթողիկէ բարեկամի մը տունը, ուր, իմինէն զատ, կը գտնուէին չորս ուրիշ ընտանիքներ կամ անոնց ներկայացուցիչները, չորսն ալ իրենց եթովպացի աղախիններով: Երբ երեկոյթը իր աւարտին կը մօտենար, ուզեցի զայն փակել գարեջուրով մը: Եւ որովհետեւ միջավայրին ծանօթ էի եւ չէի ալ ուզեր ուրիշը խանգարել, խոհանոց ուղղուեցայ  ինքնասպասարկութեան համար: Ի՜նչ տեսնեմ. չորս աղախինները հաւաքուած էին իրե՛նց սեղանին շուրջ եւ ուրախ կը ճռուողէին...մաքուր հայերէնով:

Կայ սակայն աւելի ուշագրաւն ալ, որ հետեւեալն է. այս օտարներուն սորված հայերէնը զերծ է այն բոլոր լեզուական արատներէն, որոնց դէմ ի զուր կը պայքարինք մեր՝ հայ խմբագիրներու, հայ մտաւորականներու, հայ ուսուցիչներու   աշխարհիկ թէ  հոգեւոր բոլոր ծիրերէն ներս...առանց յաջողելու սրբագրել զանոնք: Օրինակ՝ ոչ մէկուն բերնէն լսած եմ փոխանցել, իբրեւ հետեւանք, իբրեւ արդիւնք, արդիւնքով, գծով, այն մասին, յետայսու եւ այս կարգի ճիւաղութիւններ, որոնք մերոնց հանապազօրեայ հացն ու սնունդն են: 

–Աղէկ,– պիտի ըսէք,– վերջին հաշուով՝ ովքե՞ր են ասոնց ուսուցիչները,

որպէսզի քիչ մըն ալ մեր խմբագրատուները (առանց մոռնալու Երեւանի «Արմէնպրեսը»), դպրոցները,  գրասենեակները, տուները,  հեռաւոր թեմերն ու առաջմնորդարաններն ալ  այցելեն ու հայերէն սորվեցնեն:

Մի՛ հարցնէք, որովհետեւ չեմ գիտեր:

                                                       *      *

                                                           *

Տարիներ առաջ կը խնամէի հիւանդ մը, որուն հետ  ա՛լ մտերմացած էի, ինչպէս սովորաբար կը պատահի  հաւատարիմ յաճախորդներուն հետ:

Մօտաւորապէս 20-25 տարուան ծանօթութիւն մը ունէինք արդէն, երբ  օր մը ժամադրութիւն խնդրեց կնոջը համար: Եւ քանի մը օր ետք դարմանատունս մտաւ անոր հետ: Գլուխէս սառ ջուր թափեցաւ. կինը վերէն վար սեւ հագած, լաչակաւոր իսլամուհի մըն էր: Այլայլեցայ, շփոթեցայ, բառերս կորսնցուցի, բայց եւ այնպէս, միւս կողմէ, ցոյց տուի աթոռը, ինքս ալ տեղաւորուեցայ ու անցայ գործի, մինչ ամուսինը, քիչ անդին նստած, կը հետեւէր այս բոլորին: 

Կը զգայի, որ  մտերմութեան վտիտ կապը փրթած էր մեր միջեւ. լռութիւն կը տիրէր, ճնշիչ լռութիւն մը...գոնէ ինծի համար: Կը փորձէի առ ի քաղաքավարութիւն խզել զայն, նիւթ մը գտնել ու վերահաստատել կապը, սակայն չէի յաջողեր: Երբ վերջապէս շատ անճարակ, բայց հաւանաբար նաեւ անիրաւօրէն ըսի, կարծես անոր դատաւորը ըլլայի.

–Իսլամի հետ ամուսնացեր ես:

– Ի՞նչ,– հարցուց՝ չըմբռնելով ակնարկութիւնս: 

–Ինչո՞ւ իսլամի հետ ամուսնացեր ես,– վրայ բերի,  այս անգամ՝ անիրաւուածի  պահանջատիրական զգալի շեշտով մը:

–Ի՞նչ կը խօսիս,– հակադարձեց  ան շլմորած՝ անհանդարտ շարժելով աթոռին, կարծես փուշի վրայ նստած ըլլար:

– Եղբա՛յր, ի՞նչն է անհասկնալին. ինչո՞ւ իսլամի հետ ամուսնացած  ես:

– Բայց, հաքի՛մ, ե՛ս ալ իսլամ եմ,–  ըսաւ՝ աչքերը լայն բացած,   ու հիմա...ի՛մ կարգս էր շլմորելու եւ աթոռիս զիս նեղող փուշերէն անհանգստանալու: 

– Բարեկա՛մ, այսքան ատեն է  մաքուր հայ էիր ալ, հիմա իսլամութի՞նդ  բռնեց:

 Եւ ահա ան լայն ժպտելով ու հանդարտած պատմեց, որ պատանի հասակէն աշկերտը դարձած է հայ դերձակի մը, որմէ արհեստին հետ սորված է նաեւ անոր լեզուն,   եւ հիմա, տասնամեակներէ ի վեր,  հաշտ ու համերաշխ կը շարունակէ ծառայել նոյնին հաստատութեան մէջ, որուն վերակացուն ալ դարձած է,  շրջապատուած հայ  արհեստաւորներով,  եւ  այնուհետեւ  հայերէնը դարձած է իր երկրորդ լեզուն, որուն համար շատ ուրախ է եւ շատ կը սիրէ զայն: 

Այս ալ...այսպէ՛ս:   

 

 Արմենակ Եղիայեան

  armenag@gmail.com