image
Հրատապ լուրեր:

Հին յիշատակներ. ոսկի խօսքեր. Ի՞նչ անենք, Հայ ժողովուրդը է՛ս ունի

Հին յիշատակներ. ոսկի խօսքեր.  Ի՞նչ անենք, Հայ ժողովուրդը է՛ս ունի

Ատենէ մը ի վեր, ֆրանսահայ կարգ մը հաստատութիւններ դարձած են հայատառ գիրքի ապաստաններ, չըսելու համար խորթանոցներ (débarras) ու գերեզմաններ։ Երբ երէց սերունդէն մէկը կը չուէ դէպի անդենական, ընդհանրապէս անոր այլեւս «ծագումով հայ» դարձած ժառանգորդները հանգուցեալին մեսրոպատառ գիրքերը վատագոյն պարագային ուղղակի աղբանոց կը թափեն, եւ լաւագոյն պարագային ալ կը նուիրեն այս կամ այն հայկական հաստատութեան։ Ուր անոնց դարակները լեցնելէ –կամ զարդարելէ– ետք մնացուկն ալ խաւաքարտէ սնտուկներու մէջ կը տարուի նկուղ, անորոշ ժամանակով… շատ անգամ առանց դասաւորումի։ Ահա վերջերս այդ հաստատութիւններէն մէկուն նկուղին մէջ «պրպտումներ» ըրած պահուս, հանդիպեցայ Կիլիկեան Աթոռի երբեմնի կարկառուն միաբաններէն Դերենիկ եպիսկոպոս Փոլատեանի փոքրածաւալ, թղթակազմ եւ բոլորովին խունացած մէկ գրքոյկին, որու կողքը եւ առաջին էջերը փրթած ըլլալուն, չկրցայ խորագիրը ճշդել։ Բայց շուտով յայտնի դարձաւ որ հոն՝ սրբազանը կը պատմէ իր ՎԵՐՋԻՆ ԿՈՒՌՔԻՆ –իմա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսին– հետ աւելի քան 15 տարի տեւած որդիական յարաբերութիւններուն մասին։ Ուսանելի ընթերցում բոլոր անոնց համար որոնք կը հետաքրքրուին հայաստանեայց եկեղեցւոյ ոչ այնքան վաղ անցեալի դէմքերով ու դէպքերով։
Ու տեղ մը Դերենիկ սրբազան կը պատմէ հետեւեալը. 1946-ին, Գարեգին կաթողիկոս հովուապետական այցելութեան կ՚երթայ Դամասկոս, եւ հոն կ՚իջեւանի Հայոց հնաշէն առաջնորդարանը։ Գիշերը փչող սաստիկ փոթորիկը կը խորտակէ վեհափառին իբրեւ ննջարան յատկացուած սենեակին պատուհանը, ջարդ ու փշուր ընելով ապակիները։ Իսկոյն փութացած առաջնորդ Եփրեմ եպիսկոպոս Տոհմունի եւ վարչականներ կ՚ուզեն վեհափառը փոխադրել «յարմարաւէտ» պանդոկ մը (չենք գիտեր այն ատեն, այն ալ Սուրիոյ մէջ կա՞ր 1,2,3,4, կամ 5 աստղանի պանդոկներու դասաւորում թէ՝ ո՛չ)։ Գրեթէ 80-ամեայ առաքելատիպ հայրապետը յամառօրէն կը դիմադրէ բոլորին առաջարկին, խնդրանքին կամ ճնշումներուն, շարունակ պատասխանելով – Ի՞ՆՉ ԱՆԵՆՔ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ Է՛Ս ՈՒՆԻ։ Ի՞նչ պիտի ըսէր այդ երանելի մարդը եթէ պահիկ մը իր գերեզմանէն գլուխը վերցնէր ու տեսնէր թէ՝ նորօրեայ կաթողիկոսները Sofitel, Plaza Athénée եւ այլ palace-ներու մէջ կը հեշտանան… այն ալ Հայ ժողովուրդին քսակին հաշուոյն անշուշտ։

***

Հազիւ 17-18 տարեկան պատանի էի երբ առիթը ունեցայ տեսնելու Գարեգին Յովսէփեանց վեհափառը եւ անոր աջը համբուրելու։ Ան սրտի տկարութենէ կը տառապէր, եւ 1950-ի ամառը Դերենիկ սրբազանի ընկերակցութեամբ Ֆրանսա եկած էր մասնագէտ սրտաբաններ տեսնելու համար։ Նաւէն իջնելուն պէս ուղղուեցաւ դէպի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցին, ուր «Հրաշափառով» մուտք գործեց սակաւաթիւ բազմութեան ներկայութեան։ Յաջորդող Կիրակին Վարդավառ էր. լեցուն էր եկեղեցին, բայց բակը՝ ո՛չ։ Պատարագիչ Արտաւազդ արքեպիսկոպոս Սիւրմէեանի հետ, ճերմակ շուրջառը հագած մտաւ եկեղեցի ու քարոզի պահուն բարձրացաւ բեմ, եւ բազմելով հոն դրուած բազմաթոռին վրայ, քարոզեց։ Համակ կրակ ու շարժում էր 83-ամեայ «հիւանդ» վեհափառը։ Անոր ձեռքերուն մէջ անդադար կը շարժէին խաչն ու ասսան։ Քարոզի բնաբան առնելով Աւետարանի կոյրին՝ Տիրոջ ուղղուած «Տէր զի բացցին աչք իմ» խօսքերը, խարանեց բոլոր անոնք «որոնք հոգեպէս կոյր են, չեն ուզում տեսնել հայրենիքի պայծառ արեւը, չեն լսում հայ գիւղացու կալի ու գութանի երգը եւ դեռ ինձ հայրենասիրութիւն են սովորեցնում, ես որ կռուել եմ Սարդարապատում»։ Երեւի ալեւոր վեհափառը շատ ազդուեր էր որոշ մամուլի մը յարձակումներէն։ Պատարագէն յետոյ անվերջանալի աջահամբոյր, ամէն մարդ կ՚ուզէր անոր օրհնութիւնը առնել։ Արժանի է յիշելու որ՝ հոս եւս Գարեգին կաթողիկոսը պանդոկ չէր իջեւանած, այլ ազգայինի մը վիլլան։

Գարեգին Յովսէփեանց որ պահած էր իր աւազանի անունը, ծնած էր 1867-ին Արցախի Մարաղա գիւղը։ Դերենիկ սրբազանի վկայութեամբ, վերյիշելով իր գիւղական մանկութեան օրերը, քանիցս կրկներ էր – «Ես մի ոտաբոպիկ գիւղացի տղայ էի»։ Գիւղացի բայց ուշիմ տղուն յետոյ բախտ վիճակեր էր երթալ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը փայլուն կերպով աւարտելու, դասընկերներ ունենալով յետագայ Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Մեծն Կոմիտաս վարդապետը, Ատրպատականի ապագայ բազմարդիւն առաջնորդ Ներսէս արք. Մելիքթանգեանը եւ ուրիշներ։ Ապա արդէն ռուսերէն, ֆրանսերէն ու գերմաներէն լեզուներու գիտակ Գարեգին սարկաւագը ուղարկուեր էր Գերմանիա, հոն հմտանալու համար փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան ճիւղերուն մէջ։ 1897-ին  Խրիմեան Հայրիկի օրով վարդապետ ձեռնադրուած Գարեգին Յովսէփեանցը, «որու ոտքերին տակ Հայոց աշխարհը փուլ էր եկել» որպէս բանասէր եւ ձեռագրագէտ, վանքէ վանք պտըտած ատեն, առաջնորդական պաշտօններէ յետոյ դարձեր էր Գէորգեան ճեմարանի վերատեսուչ, հոն ի մէջ այլոց աշակերտ ունենալով… Անաստաս Միկոյեանը։ 1918 Մայիսին, արդէն եպիսկոպոսացած Գարեգին Յովսէփեանց ձի հեծած, խաչ ի ձեռին հայ աշխարհազօրայինները, «մահապարտները» դէպի յաղթանակ կ՚առաջնորդէր Սարդարապատի մէջ։ Մերօրեայ Ղեւոնդ Երէց։ Ապա ստալինեան բռնապետութեան դժուար տարիներուն, երբ Մայր Աթոռի հետ ամէն երթեւեկութիւն ու հաղորդակցութիւն կտրուած էր, Ամենայն Հայոց Խորէն Ա. նահատակ կաթողիկոսը զինք արտասահմանի մէջ հայրապետական լիազօր պատուիրակ նշանակեր էր։ Այդ պաշտօնով գտնուեր էր հոս, ատեն մը Մարսիլիա։ 1943-ին ընտրուեր էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս։

Չորս դար ամբողջ, 1441-ին Մայր Աթոռի Սիսէն Էջմիածին փոխադրուելէն յետոյ, իբրեւ հակաթող ստեղծուած՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարաբերութիւնները միշտ լարուած եղած են Էջմիածնի հետ։ Եւ այդ լարումը իր գագաթնակէտին հասած էր ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, Կիլիկիոյ Մկրտիչ Ա. Քէֆսիզեան կաթողիկոսի օրով (1871-1894), որ յաւակներ էր նոյնիսկ մանիշակագոյն վեղար կրելու…։ Ինը տարի թափուր մնալէ յետոյ, Ի. դարուն Կիլիկեան աթոռի վրայ յաջորդաբար բազմեցան էջմիածնական միաբան երեք եպիսկոպոսներ։ ա - Սահակ Բ. Խապայեան (1903-1939), բ - Բաբգէն Կիւլէսէրեան (աթոռակից կաթողիկոս (1931-1936), եւ վերջապէս Գարեգին Յովսէփեանց (1943-1952)։ Իր անդրանիկ կոնդակով Սահակ Բ. Խապայեան հրահանգեր էր պատարագի ժամանակ նախ՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի անունը յիշատակել որպէս գերագոյն եւ ընդհանրական հայրապետ։ Երկու յաջորդներն ալ եղեր էին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ միասնականութեան ջատագովներ, եւ այդ սիրալիր ու բնականոն յարաբերութիւնները տեւեցին մինչեւ 1956, երբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը փոխեց իր ուղղութիւնը. (տե՛ս. «Նոր Յառաջ»-ի 1112 թիւին մէջ էջ 4/5 - Երուանդ Ազատեանի գնահատումները)։ Բայց, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսի յոգնատանջ ոսկորները հանգիստ ձգենք Անթիլիասի դամբարանին մէջ, եւ միշտ յիշենք իր ոսկի խօսքերը թէ «Ի՞ՆՉ ԱՆԵՆՔ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ Է՛Ս ՈՒՆԻ։

***

Հանգուցեալ Մխիթարեան միաբան Հ. Մանուէլ Քաջունիի դատողութեամբ (տե՛ս. «Նոր Յառաջ» թիւ 1138, էջ 5 - Հայոց ազգային պակասութիւնները) «Հայերը անմիաբան, նախանձ են, նաեւ անխորագէտ են, որով բանի մը ետեւ առջեւը չմտածած իրենք զիրենք կը կործանեն, եւ վնասէն ետքն ալ չեն զգաստանար»։ Սակայն այդ թերութիւններու գլուխը պէտք չէ՞ դասել դիմադրութեան պակասի, հայրենալքումի, դասալքումի անքաւելի մեղքը որ մինչեւ օրս ալ կը շարունակուի։ Սկսեալ Ը. դարէն, արաբական տիրապետութենէն, Հայերը լքեր են հայրենի հողը, գունդագունդ գաղթեր օտար աշխարհ եւ Հայուն պարապ ձգած հողին վրայ եկեր բնակեր է Թուրքը, Քիւրտը։ Այնքա՛ն որ երբ ԺԹ. դարուն Հայկական հարց հրապարակ հանուեր է, Հայը Հայաստան երկրին մէջ դարձած է եղեր… փոքրամասնութիւն։ Գաղթեր է ռամիկը, նաեւ իշխանը, ինչպէս Վասպուրականի Սենեքերիմ թագաւորը։ Յոյնը, Սերպն ու Պուլկարը հինգ դար ճաշակեր են թրքական եաթաղանին «բարիքները», բայց ամուր կեցեր են հողին վրայ ու դիմադրեր։ Մինչ Հայը շարունակ, ձգեր, լքեր, փախչեր է, ի վերջոյ օտար աշխարհներու մէջ անհետանալու համար։ Ո՞ւր են երբեմնի Ղրիմի, Լեհաստանի, Հունգարիոյ, Պեսարապիոյ, Եգիպտոսի եւ Հնդկաստանի, շէնշող ու բազմամարդ գաղութները, ո՞ւր…։ Անոնց անունը միայն մնացեր է։ Քանզի երբ ճիւղը իր բունէն կը կտրուի, եւ այլեւս աւիշ չստանար, կարճ ատեն մը միայն իր կանաչութիւնը կը պահէ. յետոյ շուտով կը դեղնի ու կը չորնայ։ Անտեսել այդ լափա-լիսեան ճշմարտութիւնը (vérité de La Palice) եւ բեմերէն հռետորական շեշտերով «Սփիւռքը կը մաշի» յայտարարել առնուազն հոգեպէս կոյր ըլլալ չէ՞ միթէ. կամ ալ փարիսեցիութիւն ու տոնքիշոթութիւն։ Գոնէ Տոն Քիշոթ իր Սանչօ Փանսա ծառան ունէր զինք զգաստութեան բերող։ Անցեալին որոշ գաղութներ երկար դիմացեր են շնորհիւ միջնադարէն մնացած կեթթոյական դրութեան որ այսօր ո՛չ գոյութիւն ունի, ո՛չ ալ կրնայ ունենալ, մա՛նաւանդ համաշխարհայնացման օրով։

Կեթթոյական դրութիւնէն աւելի՛ գալ տարի Երուսաղէմ կարգախօսն է որ Հրեան 2000 տարի պանդխտութեան մէջ Հրեայ պահեր է։ Նաեւ այդ կարգախօսէն բխած կազմակերպութիւններ եւ Թէոտոր Հերցըլի նման տեսլապաշտ մարդիկ, որ ցաւօք երբեք չենք ունեցած, չունինք եւ պիտի չունենանք ալ։ Համաժողովներու բեմերէն շռայլուած խօսքերը ինքնախաբէութենէն անդին ի՞նչ կրնան բերել, երբ Սփիւռքը զօդելու դոյզն կամքն իսկ չկայ։ Անհրաժեշտ է ատեն-ատեն յիշել որ՝ ոչ-վաղ անցեալին, Ռուսաստանի Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան նախաձեռնեց համասփիւռքեան կամ համահայկական մարմինի մը ստեղծման. մարդիկ փողով-թմբուկով ժողովի գացին, բայց ձեռնարկը վաղորդայն չունեցաւ, որովհետեւ ո՛չ ոք տրամադրութիւն ունէր իր ոտքին տակի հողէն, աւելի ճիշդ փխրուն աւազէն թիզ մը իսկ զիջելու։ ՍԱ Է ՄԵՐԿԱՊԱՐԱՆՈՑ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ։

Երեքհազարամեայ Հայոց պատմութեան ողջ ընթացքին, միակ ու կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ հայ ժողովուրդը կրցաւ աճիլ ու բազմանալ իր սեփական հայրենի հողին վրայ. խորհրդային վարչակարգի 70 տարիներուն։ Նպատակս չէ բնա՛ւ հոս այդ վարչակարգի գովքը հիւսել, որու շատ բաները չբաժնեցի։ Սակայն անտեսել, հերքել իրականութիւն մը անկարելի է։ 1921-ին խորհրդային Հայաստանի 29.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքին վրայ կար ընդամէնը 760.000 բնակիչ. 1985-ին 3.600.000, այսինքն աւելի քան հինգ անգամ։ Եւ այդ ի հեճուկս երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ահաւոր արիւնահեղութեան։ Ներքին եւ արտաքին սփիւռքներէ ներգաղթողներէ անդին, բնական աճով, բազմածինութեամբ։ Իսկ այդ ամէնը պայմանաւորուած էր բնակչութեան կենսամակարդակի յարատեւ բարձրացումով, եւ… ազգային գիտակցութեամբ ու պետական կարգապահութեամբ, միով բանիւ քաղաքացիական հասունութեամբ։ Արդեօք այդ ամէնը մակերեսայի՞ն էր որ անցեալ դարու իննսունական թուականներուն Հայաստանցին կրկին վարակուեցաւ հայր Մանուէլ Քաջունիի նշած՝ անխորագիտութեան, անհեռատեսութեան ախտով։ Հայաստան Խորհրդային միութեան 15 հանրապետութիւններէն ամենէն փոքրն էր, աշխարհագրական ամենէն աննպաստ դիրք ունեցողը, բնական հարստութիւններով (ressources) ամենէն աղքատը, եւ վրադիր ալ իր չորս դրացիներէն երեքին (Թուրքիա, Վրաստան, Ազէրպայճան) հետ ալ հողային հարցեր, խնդիրներ ունեցողը, առանց մոռնալու ահաւոր երկրաշարժը եւ իր հետեւանքները։ Խոհեմութիւնը պիտի չպահանջէ՞ր որ ան սպասէր Խ. Միութեան փլուզումին, եւ վերջինը միայն հռչակէր իր անկախութիւնը, ինչպէս ըրեր էր 1918 Մայիսին։ Ճիշդ է Արցախեան պահանջատիրութիւնը բորբոքած է միտքերը եւ մարդիկ ականջ դրեր էին անկախութեան անպատասխանատու «առաքեալներուն». (Պարոյր Հայրիկեան անոնցմէ միակը չէր) եւ ժողովուրդին գրեթէ 99 տոկոսը քուէարկեց ի նպաստ անկախութեան, առանց այդ քայլին ետեւ-առջեւին մտածելու։ Այն ատեն, Համայնավար կուսակցութեան եւ իր յարակից կազմակերպութիւններու անդամները բնակչութեան 10 տոկոսը կը կազմէին։ Տրամաբանութիւնը պիտի ուզէր, որ անոնք դէմ քուէարկած ըլլային…։ Տրամաբանութիւնը պիտի ուզէր որ այդ 99 տոկոսով ի նպաստ անկախութեան քուէարկողները ստանձնէին իրենց քայլին հետեւանքները, եւ ՄՆԱՅԻ՛Ն։

Ֆրանսացին կ՚ըսէ l’on n’a que le gouvernement que l’on mérite։ Երբ 3 միլիոննոց երկրին մէջ կայ 58 «գրանցուած» կուսակցութիւն (ի՞նչ պերճանք), եւ եթէ անոնցմէ գոնէ 55-ը չունի ո՛չ քաղաքական ծրագիր եւ ո՛չ ալ արժանահաւատ ղեկավար, ինչո՞ւ օրն ի բուն խարանել «ապիկար, ձախաւեր» իշխանութիւնը եւ անոր ուսերուն բարդել երկրին իւրաքանչիւր ժխտականը, ինչպէս կը կարդանք ամէն օր։ Արտագաղթը կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Անոր բազում պատճառներուն մասին կարծիք յայտնել նախ էջերու պիտի կարօտէր, յետոյ ալ անվերջ վէճ-վիճաբանութիւններու դուռ բանար։ Սակայն զայն վերագրել միմիայն «երկիրը կառավարող ապիկար, ձախաւեր իշխանութեան» առնուազն պարզամտութիւն է։ Գիտենք բոլորս, որ Հայաստան կոչուած բաժակը հեռու է լեցուն ըլլալէ. ըստ տեսութեանց ան կէս պարապ է, կամ կէս լեցուն։ Բայց կա՞յ այսօր Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոսի նման իմաստուն մը որ Ի՞ՆՉ ԱՆԵՆՔ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ Է՛Ս ՈՒՆԻ-ն դրական կերպով ընկալէ եւ ցոյց տայ ճամբան, միջոցը որ ամէն Հայ իր կաթիլը բերէ այդ բաժակը լեցնելու համար։ Եթէ չկայ, ուրեմն ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ՈՍԿԻ Է։
 

 



Գրեց՝ ՍՏԵՓԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

«Նոր Յառաջ»

Մարսիլիա