image

Հակիրճ անդրադարձ. «Ռուսական յեղափոխութիւնը եւ հայերը 1917» նիւթին

Հակիրճ անդրադարձ. «Ռուսական յեղափոխութիւնը եւ հայերը 1917» նիւթին

ԽՄԲ.- Ցեղասպանութեան 100-ամեակը մեծ շուքով, ազգովին ոգեկոչուեցաւ։ Սակայն, 1917-ի Բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը, որ Հայութեան պատմութեան մէջ չափազանց մեծ նշանակութիւն ունեցած է եւ անոր ապագային եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ալ նոյնքան ցնցիչ փոփոխութիւններ յառաջացուցած է, ամբողջովին լուռ անցաւ։ Ինչո՞ւ։ Պէտք է հարց տալ պատմաբաններուն։ Մասնաւորապէս Հայաստանի Գիտութիւններու եւ Պատմութեան պետական հաստատութիւններուն, որոնց պարտականութիւնն է Հայաստանի պատմութեան համար՝ Սովետական Հայաստանի հիմնադրութեան մէջ այսքան նշանակալից դեր ունեցած այս կարեւոր իրադարձութիւններուն ժամանակակից քննարկումներ յատկացնելը։
1918-ի Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութեան նախօրեակին տեղի ունեցաւ 1917-ի Ռուսական յեղափոխութիւնը, երբ Օսմանեան պետութեան կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը տարագրուած՝ իր հայրենիքէն, բռնած էր գաղթի ճամբան։ Գաղթականներէն շատեր հասած էին Անդրկովկաս՝ ուր սկսած էր բոլշեւիկեան շարժումը։
Բարեբախտաբար ժամանակաշրջանի անցուդարձերուն կ՚անդրադառնայ պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեան։

***
1917-ը Ա. աշխարհամարտի պատերազմական շրջանն է, երբ Ռուսաստան զօրակոչի ենթարկած էր վեց միլիոն զինուորներ, որոնք կը կռուէին արեւելեան եւ արեւմտեան ճակատներուն վրայ՝ ընդդէմ տիրող քաղաքական ուժերուն: Այս պայմաններուն մէջ է, որ ծնունդ կ՚առնէր առաջին յեղափոխութիւնը Ս.Փեթերսպուրկի մէջ եւ քանի մը օրուան ընթացքին (23-էն 27 Փետրուար) ռուսական հսկայ կայսրութիւնը կը տապալէր։ Արդէն Մարտ 1-ին Նիքոլայ Բ. կայսրը կը հրաժարէր եւ մէկ օրէն միւսը կը ստեղծուէր ռուսական առժամեայ կառավարութիւն մը, որուն անդամները կու գային ռուսական խորհրդարանէն (Տումայէն), Ռամկավար սահմանադրական ժողովրդավար կուսակցութենէն։ Անոնք մտաւորականներ, փաստաբաններ եւ պետական հարցերով նշանաւոր մասնագէտներ էին, որոնք կ՚որոշեն համաժողով մը կազմակերպել՝ ստեղծելու համար նոր Սահմանադրութիւն մը, որ պիտի լուծէր Կայսրութեան մէջ առկայ քաղաքական եւ ընկերային բոլոր հարցերը։ Նոր կառավարութեան մաս կը կազմէր հայամէտ պատմագէտ Միւլիւքովը։ Այս չափաւորական կառավարութեան առընթեր կը ստեղծուէր ընկերվարական շարժումի ազդեցութեան տակ գտնուող աշխատաւորական «Սովետ» ընկերակցութիւնը, ուր գործաւոր դասը ինքզինք կը ներկայացնէր։ Այս աննախընթաց կացութեան մէջ «Սովետ»-ը կը յայտարարէ, թէ իր հսկողութեան տակ կ՚առնէ կառավարութեան գործունէութիւնը։ Այսպէսով պետութեան մէջ գոյութիւն ունեցող երկու ուժերու միջեւ ծայր կ՚առնէ մեծ պայքարի մը շրջանը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Դեկտեմբեր 1917, երբ յեղաշրջում մը տեղի կ՚ունենայ եւ բոլշեւիկեան կուսակցութիւնը կը ստանձնէ կառավարութեան ղեկավարութիւնը։
Ժողովրդական յեղափոխութեան շրջան մը կը ստեղծուի Կովկասի մէջ՝ Պաթումէն Պաքու, անկէ հասնելով՝ Թիֆլիս, Երեւան եւ Շուշի։ Ամէնուրեք խանդավառութիւն կը տիրէ։ Այդ օրերուն Կովկասի ժողովուրդներուն (Վրացիներ, Հայեր, Քիւրտեր, Եզիտիներ, Ազէրիներ, Թաթարներ) մեծամասնութիւնը իսլամներ էին։ Պէտք է ըսել, որ այդ շրջանին միայն Երեւան նահանգի կառավարութեան (կուպեռնիա) մէջ է, որ Հայերը կը ներկայացնէին փոքրիկ մեծամասնութիւն մը՝ 60 առ հարիւրը, իսկ 40 առ հարիւրը Թաթարներ էին։ Հետաքրքրական է նաեւ Պաքուի կացութիւնը, ուր հայ բուրժուազիան հոն հաստատուած էր եւ քաղաքի նաւթի հանքերը շահագործելով մեծ հարստութիւն դիզած։ Այնտեղ ո՛չ թէ քաղաքական, այլ ընկերային շարժում մը կը ստեղծուի, ուր հայկական կուսակցութիւնները շատ փոքր դեր կ՚ունենան եւ որտեղ մարքսիստներն ալ մուտք կը գործեն։ Այս վերջինները զանազան հոսանքներու կը պատկանին. այնտեղ կան բոլշեւիկ եւ մենշեւիկ (Վրացիներ) փոքրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ spécifistes կոչուող Հայերը, որոնք մարքսիստ են եւ կը խորհին, թէ հայկական հարցը Երկիրի ազատագրման հարցն է, որ կը գտնուի Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Ասոնք տարբեր տեսակի ընկերվարական շարժում մը կը ստեղծեն։ Եւ այս բոլոր հոսանքները կը պայքարին իրարու դէմ ։
Այդ շրջանին Լենին, որ կը գտնուէր Զուիցերիոյ գերմանական հատուածին մէջ, Գերմանիոյ կառավարութեան մղումով կը վերադառնայ Ռուսաստան –17 տարիէ ի վեր ոտք չէր կոխած հոն– որպէսզի վերջ տայ պատերազմին, ապահովելով Գերմանիոյ յաղթանակը։ Այն ատեն Լենինի աջ բազուկն էր Ստեփան Շահումեանը։ Յիշեցնենք որ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը վերջինիս անունով մկրտուած է։ Լենինը իր վերադարձէն անմիջապէս ետք Շահումեանին կը յանձնէ շատ կարեւոր պարտականութիւն մը՝ Կովկասի մէջ ստեղծել բոլշեւիկեան շարժում մը, որ նախ ամէն գնով պէտք է խաղաղութիւն հաստատէր եւ մա՛նաւանդ պատրաստէր ապագայ յեղափոխութիւնը՝ սկսելով Պաքուէն, ուր արդէն կը գործէր Կովկասեան աշխատաւորական շարժումը։ Պէտք է գիտնալ որ այդ տարիներուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը –որ յետագային պիտի պայքարէր բոլշեւիկութեան դէմ– կը գործակցի Շահումեանին հետ։
Այդ շրջանին Մոսկուայի կամ Փեթրոկրատի (նախկին Լենինկրատը եւ այսօրուան Ս. Փեթերսպուրկը) փոքրիկ, բայց ազդեցիկ հայ համայնքը կը փորձէ Լվովի ղեկավարած ժամանակաւոր կառավարութեան կարգ մը առաւելութիւններէն օգտուիլ։ Նոյն տարուան Ապրիլ 26-ին այդ առժամեայ կառավարութիւնը շատ կարեւոր որոշում մը կը կայացնէ Տաճկահայաստանի վերաբերեալ, ըստ որուն՝ կառավարութիւնը կ՚արտօնէ, որ Սասունի, Վանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրականի շրջանի հայ գաղթականները –որոնց ընդհանուր թիւը Կովկասի մէջ աւելի քան 200 հազար էր– ռուսական զօրքերու օգնութեամբ վերադառնան Տաճկահայաստանի գրաւուած հողերը։ Ի մէջ այլոց 1917-ին Սեւ Ծովէն մինչեւ Պարսկաստան երկու հազար քիլոմեթր երկարութեամբ ճակատ մը կար, որ կը գտնուէր ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան տակ։ Այս ճակատին ետին կը գտնուէին Բարձր Հայքը, Վասպուրականը, Էրզրումը, Մուշը, Պիթլիսը եւ Սասունի շրջանները, որոնք այդ օրերուն պարպուած էին իրենց բնիկ հայ ժողովուրդէն։ Այդ շրջաններուն մէջ Նիքոլայ Բ.-ի օրօք կը տիրէր այն մտածումը, որ հոն ո՛չ թէ Հայեր, այլ Կոզակներ պէտք է հաստատուին եւ Եփրատի շրջանը պէտք է դառնայ Ռուսաստանի զարգացած մէկ նահանգը։
Սոյն որոշումը հաստատելու համար կառավարութիւնը հոն կը ղրկէ Յակոբ Զավրիեւը, որ ռուսացած Հայ մըն էր եւ 1910-11-ին այնտեղ ստեղծած էր բժշկական կեդրոն մը։ Ան յետոյ կը միանայ ՀՅԴ շարքերուն եւ պատերազմի ընթացքին կուսակցութիւնը զինք կը ղրկէ Եւրոպա, ուր ալ կ՚աշխատակցի Պօղոս Նուպար փաշայի հետ, որպէսզի հայկական հարցը՝ Ֆրանսացիներու, Անգլիացիներու եւ Ռուսերու հովանաւորութեամբ լուծում գտնէ։ Առ այդ, 1917-ի ամառը հազարաւոր գաղթականներ կը վերադառնան՝ Մուշ, Պիթլիս եւ մաս մըն ալ Էրզրում։ Այնտեղ վերջիններս իրենց հողերը կը մշակեն, դպրոցներ կը բանան, համոզուած ըլլալով որ Ռուսաստանի պաշտպանութեամբ կրկին պիտի ապրի Տաճկահայաստանը։ Այն ատեն շատ մը մտաւորականներու եւ կրօնականներու կարծիքով օր մը Ռուսահայաստանը եւ Տաճկահայաստանը իրարու պիտի կապուէին։ Բայց տակաւին անկախ Հայաստանի գաղափարի մասին չէր խօսուեր, նկատի ունենալով որ ժողովուրդը շատ ցրուած էր։ Արդէն –ինչպէս ըսինք– նոյնիսկ Երեւանի մէջ Հայերը փոքրաթիւ էին։ Նոյնն էր Թիֆլիսի պարագան, ուր Հայութիւնը բնակչութեան հազիւ 30 առ հարիւրը կը կազմէր։ Կարսի մէջ ալ նոյնն էր կացութիւնը։ Հետեւաբար խօսքը՝ Արեւմտահայաստանի մէջ ռուսական զօրքի հովանաւորութեամբ ինքնավարութիւն ստեղծելու մասին էր։ Այդ շրջանին ամենէն զօրաւոր կուսակցութիւնը Դաշնակցութիւնն էր, նկատի ունենալով որ Հնչակեանները եւ Արմենականները մեծ թիւ չէին կազմեր։ ՀՅԴ-ն կը փափաքի որ Կովկասը դառնայ ազատ շրջան մը, ուր ժողովուրդները կարենան ինքնավար կերպով իրենց մշակութային կեանքը զարգացնել։ Այդ օրերուն, անկախ կուսակցական պատկանելիութենէն՝ Հայերու մէջ ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ շարժում մը կար։ Ինչպէս գիտենք ԵՐԿԻՐ բառը յատուկ է Տաճկահայաստանի գաւառներուն՝ Վասպուրականի, Պիթլիսի, Մշոյ եւ Սասունի։ Բայց դժբախտաբար այս շարժումը կը կասեցուի, նկատի ունենալով որ Փեթրոկրատի մէջ իրավիճակը կը փոխուի։ Առաջին կառավարութիւնը կը տապալի եւ քաղաքի «Սովետ»-էն անձ մը՝ Քերենսկի անունով, որ հրեայ նշանաւոր ընկերվարական յեղափոխական փաստաբան մըն էր եւ մեծ համակրանք ունէր Հայերու հանդէպ, դժբախտաբար չի կրնար օգտակար ըլլալ, նկատի ունենալով որ իր դէմ կը գտնէ ռուսական բանակի մէկ մասը եւ բոլշեւիկները։ Ի վերջոյ այս բոլորը կը յանգին Հոկտեմբերեան բոլշեւիկեան շարժումին։
Այս ընթացքին մշակութային եռուզեռ մը կար Թիֆլիսի մէջ, ուր հայկական զօրաւոր համայնք մը կ՚ապրէր, իր Ներսիսեան վարժարանով, թատերասրահներով, օփերաներով, դպրոցներով, գրականութեամբ, թերթերով։ Միաժամանակ, հայկական երկու համագումարներ տեղի կ՚ունենան. մէկը՝ Մայիս 1917-ին կայացած Արեւմտահայերու համագումարն էր, որուն կը մասնակցին հայ գաղթականներ եւ զանազան կուսակցութեանց անդամներ՝ Անդրանիկ, Սեպուհ, Զապէլ Եսայեան, Կարօ Սասունի, Արամ Մանուկեան եւ ուրիշներ։ Ըսենք նաեւ որ 1915-ի Վանի ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտի ղեկավար եւ ապագայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեան վերջը կը հեռանայ այդ համագումարի շրջանակէն, որովհետեւ արեւելեան եւ արեւմտեան Հայերու թեւերու միջեւ հակասական պայքարներ տեղի կ՚ունենան։ Այդ ժամանակ Կովկասի Հայերը միշտ կապի մէջ կը մնան Պօղոս Նուպար փաշայի հետ, որովհետեւ անոնք օրն ի բուն կը մտածէին ԵՐԿԻՐ-ի մասին։ Պօղոս Նուպար փաշան կը փորձէր հարիւր հազարաւոր գաղթական Հայերու հետ հայրենասիրական շարժում մը ստեղծել, որպէսզի անոնք զինուորագրուելով Պաղեստինի մէջ, պայքար տանին ազատագրելու համար Արեւմտահայաստանի հողերը։ Պէտք է ըսել, որ այս համագումարը Արեւելահայերու շրջանակին մէջ գանգատներու պատճառ դարձած է։
28 Սեպտեմբերէն մինչեւ 13 Հոկտեմբեր 1917-ը, այսինքն՝ Բոլշեւիկեան յեղաշրջումէն 15 օր առաջ Թիֆլիսի մէջ տեղի կ՚ունենայ այս անգամ Արեւելահայերու առաջին համագումարը, որուն կը մասնակցին 200 հոգիէ աւելի անձեր, որոնցմէ 113-ը՝ դաշնակցականներ։ Այս ժողովին ներկայացուած են բոլոր կուսակցութիւնները, բացի բոլշեւիկներէն։ Ձեւով մը ազգային միութեան նմոյշ մըն է այս ժողովը։ Հոն է որ աչքի կը զարնեն նոր դէմքեր, ինչպէս երիտասարդ Սիմոն Վրացեանը, որուն կը վստահին որոշ պարտականութիւններ։ Յետագային Սիմոն Վրացեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ, թէ այն ատեն Հայերը –այլ ազգերու բաղդատմամբ– մեծ ուժ չէին ներկայացներ, որովհետեւ –ինչպէս ըսինք– հայ ժողովուրդի միակ մտահոգութիւնը Արեւմտահայաստանի հարցն էր։ Այս համագումարը կը ցրուի 13 Հոկտեմբեր 1917-ին՝ ընտրելէ ետք 15 անդամներէ կազմուած Ազգային խորհուրդը։ Յիշենք՝ Աւետիս Ահարոնեանը, Արամ Մանուկեանը, Նիկոլ Աղբալեանը, Ռուբէն Տէր Մինասեանը եւ ուրիշներ, որոնք ինչպէս ծանօթ է 1918-ի պատմական շրջանին վճռորոշ դերակատարութիւն կ՚ունենային…։ Այս նոյն Ազգային խորհուրդն է որ յետագային Ռուսական յեղափոխութեան ազդեցութեան տակ որոշ քայլեր պիտի առնէր, ինչպէս՝ Կովկասեան ֆետերացիայի մը կազմութիւնը, որ պիտի ունենար բոլոր ժողովուրդները ներկայացնող կառավարութիւն մը, կամ դաշինք մը։ Այդ դաշինքը մտադիր էր Հայերու համար ստեղծել տարածք մը՝ Ախալքալաքէն մինչեւ Գանձակ, ուր ժողովուրդը կայք պիտի հաստատէր։
Այնուհետեւ երբ Ռուսական յեղափոխութիւնը Փեթրոկրատի մէջ յաղթանակ կ՚արձանագրէ, Լենին կը դառնայ Սովնարքոմ (Sovnarkom) կոչուած բոլշեւիկեան կառավարութեան նախագահ։ Այդ նոյն կառավարութեան մաս կը կազմէ նաեւ Ստալինը՝ բոլշեւիկ վրացի, իբրեւ ազգային հարցերու մասնագէտ։ Տարին լրանալէն մէկ օր առաջ, այսինքն 29 Դեկտեմբեր 1917-ին Լենին Ստալինի հետ կը ստորագրէ Տաճկահայաստանի մասին հրամանագիր մը (դեկրետ)։ Այս երկուքը անիրապաշտ այդ հրամանագրով կը յայտարարեն, թէ հայ ժողովուրդն է, որ Տաճկահայաստանի հողին վրայ պիտի որոշէ իր ինքնավարութիւնը։ Բայց իրականութեան մէջ այդ հողերուն վրայ շատ մարդ չէր մնացած այլեւս եւ մնացողներն ալ ստիպուած էին նահանջելու։
Պատմութեան յետագայ անցքերը յայտնի են բոլորին։ Մէկ օրէն միւսը Կովկասի ռուսական ճակատը կը փլի եւ Մուսթաֆա Քեմալի զօրքերը կը յառաջանան ու կը գրաւեն Մուշը, Պիթլիսը, ուր Կարօ Սասունի կամ Օհանջանեան վերադարձած էին վերակազմակերպելու համար շրջանը…։ Այս վերջին նահանջի ընթացքին հայ ժողովուրդի բեկորները, ֆէտայիները իրենց ճամբուն վրայ կ՚այրեն ու կը ջարդեն ինչ որ կրնան։ Այդ շրջանին է, որ Ռուբէնը եւ Կարօ Սասունին կ՚որոշեն քանի մը հազար մշեցիներ փոխադրել Կովկաս եւ գրաւել Թալինի բերդը…։ Այդ ժամանակ Կովկասահայերու համար կը ստեղծուի աներեւակայելի դրութիւն մը։ Հայերը կը ներառուին պատերազմի մէջ եւ կը պայքարին մինչեւ 1918 Մայիս 28, երբ կը ստեղծուի Հայաստանի անդրանիկ Հանրապետութիւնը։ Յիշենք նաեւ Ստեփան Մանուկեանի անունը, որ անկուսակցական, խելացի եւ հայրենասէր անձ մըն էր եւ ինքն է որ կ՚ոգեշնչէ՝ «հայաբնակ գաւառներուն գերագոյն իշխանութիւն» գաղափարը։ Այնտեղ Հայաստան անունը չի նշուիր, քանի որ սահմաններ չկային այն ատեն եւ անկախ Հայաստանի իշխանութիւնն է, որ աւելի ուշ կը հաստատէ Հայաստանի սահմանները։ Պէտք է ընդգծել որ Մանուկեան «հայաբնակ գաւառներ» ըսելով նկատի ունէր ո՛չ միայն արեւելեան, այլ նաեւ արեւմտեան Հայաստանը։ Այլ խօսքով ան է, որ տուն կու տայ ապագայ միացեալ Հայաստանի գաղափարախօսութեան։

 

Գրեց՝ Անահիտ Տէր Մինասեան


«Նոր Յառաջ»