image

Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Տուգանքի Ենթարկած Է Թէ՛ Հայաստանը, Թէ՛ Ատրպէյճանը

Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Տուգանքի Ենթարկած Է Թէ՛ Հայաստանը, Թէ՛ Ատրպէյճանը

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

12 Դեկտեմբեր 2017ին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) հրապարակեց վճիռներ, համանման երկու դատական հայցերու վերաբերեալ. մէկը ընդդէմ Հայաստանի, միւսը՝ Ատրպէյճանի: Զարմանալի չէ, որ ատրպէյճանական մամուլը, խեղաթիւրելով իրողութիւնը, յայտարարեց միայն Հայաստանի դէմ կայացուած վճիռին մասին, իր ընթերցողներէն թաքցնելով այն փաստը, որ նման վճիռ մըն ալ կայացուած է Ատրպէյճանի դէմ:

 

Նախկին Խորհրդային Ատրպէյճանի Շահումեանի շրջանի (Հիւսիսային Արցախ) Կիւլիստան գիւղէն գաղթական Մինաս Սարգսեան, 11 Օգոստոս 2006ին, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ ​​հայց ներկայացուց ընդդէմ Ատրպէյճանի: 1992ին, Սարգսեան եւ իր ընտանիքը Արցախեան հակամարտութեան ժամանակ, ստիպուած էին փախչիլ՝ լքելով իրենց տունն ու այգին: 2009ին, Մինաս Սարգսեան մահացաւ Երեւանի մէջ: Անոր այրին, որդին եւ երկու դուստրերը շարունակեցին դատական գործը: Իսկ 2014ին, իրենց մօր մահէն ետք, որդին եւ դուստրերէն մէկը հետեւեցան դատավարութեան: Սարգսեաններու ընտանիքը փոխ հատուցում պահանջեց իր սեփականութեան կորուստին համար:

 

11 Մարտ 2010ին, ՄԻԵԴը գործը յանձնեց Մեծ պալատին, որ մերժելով Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ զանազան առարկութիւններ, 16 Յունիս 2015ին որոշեց, որ Սարգսեաններու ընտանիքը իրաւունք ունի փոխ հատուցում ստանալու իրենց գոյքի կորուստին համար: Սակայն, մինչեւ 12 Դեկտեմբեր 2017 գումարի մասին ոչինչ չէր որոշուած, երբ Մեծ պալատը վճռեց, որ Ատրպէյճան պէտք է Սարգսեաններուն վճարէ 5000 եւրօ փոխ հատուցում՝ Կիւլիստանի իրենց գոյքի դիմաց եւ 30 հազար եւրօ` դատական ծախսերու համար:

 

Դատարանը ընդգծեց, որ Մեծ պալատը 2015ի իր որոշման մէջ երկու հակամարտող հանրապետութիւններէն՝ Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն խնդրած էր ներկայացնել իրենց դիտարկումները եւ տեղեկացնել Դատարանին, թէ արդեօք ձեռք բերա՞ծ են  համաձայնութիւն Արցախեան հակամարտութեան գծով: Երկու հանրապետութիւնները, քաղաքական լուծման չհասնելով, յայտարարուեցան պատասխանատու՝ գաղթականներու սեփականութեան կորուստներու համար: Դատարանը յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան 2002ին Եւրոպական Խորհուրդին անդամակցելէ առաջ պարտաւորուած էին հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման: Քանի որ անոնք պատերազմի գծով  լուծում չէին գտած, Դատարանը պարտաւոր էր դրամական փոխ հատուցման չափ որոշել գաղթականներու գոյքային կորուստներուն համար:

 

ՄԻԵԴի Մեծ պալատը կազմուած էր 17 դատաւորներէ՝ եւրոպական տարբեր երկիրներէ, որոնց շարքին Հայաստանէն (Արմէն Յարութիւնեան) եւ Ատրպէյճանէն (Լաթիֆ Հուսէյնով): Հետաքրքրական է, որ ատրպէյճանցի դատաւորը ծանօթագրութիւն մը աւելցուց որոշումի կայացումէն ետք՝ նշելով, որ թէեւ ինք համաձայն չէր կազմին միանալէ առաջ Մեծ պալատին կողմէ տրուած որոշումին, սակայն ինք այլընտրանք չունէր՝ փոխ հատուցում յատկացնելու մասին որոշումը պաշտպանելէն բացի: Հասկնալի է, որ ատրպէյճանցի դատաւորը կը փորձէր ինքզինք պաշտպանել Ատրպէյճանի այն մեղադրանքներէն, ըստ որոնց ինք համաձայն եղած էր հայ ընտանիքին փոխ հատուցում վճարելու որոշումին:

 

Զուգահեռաբար, Ատրպէյճանի քաղաքացի վեց քիւրտեր 2005ի Ապրիլ 6ին համատեղ բողոք ներկայացուցին ՄԻԵԴի մօտ, «Չիրակով եւ ուրիշներ՝ ընդդէմ Հայաստանի» գործով: Անոնք բողոքեցին, որ հայկական ուժերու կողմէ Լաչինի միջանցքի գրաւման ընթացքին, իրենք ստիպուած եղած էին փախչիլ իրենց տուներէն, որոնք, 1992ին, Արցախեան պատերազմի օրերուն, կը գտնուէին Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ։

 

ՄԻԵԴի Մեծ պալատը 2015ի Յունիս 16ին, ինչպէս «Սարգսեան ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործի պարագային, որոշեց, որ Հայաստան պատասխանատու էր Ատրպէյճանի վեց քաղաքացիներուն կրած կորուստներուն համար: Անոնք միլիոնաւոր եւրոներու փոխ հատուցում պահանջած էին: Սակայն, Մեծ պալատը 2017ի Դեկտեմբեր 12ին որոշում կայացուց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Ատրպէյճանի վեց քաղաքացիներէն իւրաքանչիւրին պէտք է վճարէ 5 հազար եւրօ եւ ընդհանուր 28 հազար 642 փաունտ սթերլին՝ դատական ծախսերու համար: Այս անգամ եւս, հայ եւ ատրպէյճանցի դատաւորները ՄԻԵԴի Մեծ պալատը ձեւաւորող 17 դատաւորներու շարքին էին: Անոնք երկուքն ալ կողմ քուէարկեցին որոշումին:

 

ՄԻԵԴի համար իրական խնդիրը այն է, թէ ինչ ընել հարիւր հազարաւոր հայ եւ ատրպէյճանցի փախստականներու հետ, որոնք փախած են իրենց տուներէն, Արցախեան պատրերազմի ատեն: Արդեօք, իւրաքանչիւր գաղթակա՞ն պէտք է ստանայ 5 հազար եւրօ որպէս փոխ հատուցում եւ 30 հազար եւրօ ալ դատական ծախսերու համար: Մեծ պալատը իր որոշման մէջ նշած է, որ «պատերազմի ընթացքին տեղահանուած մարդոց կողմէ աւելի քան հազար անհատական ​​դիմումներ ներկայացուած են Դատարան, կէսէն քիչ մը աւելին ուղղուած է Հայաստանի դէմ, մնացածը՝ Ատրպէյճանի: Այս դիմողները կը կազմեն մէկ չնչին մասը այն մէկ միլիոնէ աւելի մարդոց, որոնք պատերազմի ընթացքի ստիպուած էին փախչիլ իրենց տուներէն եւ այդ ժամանակէն ի վեր չեն կրցած վերատիրանալ իրենց ունեցուածքին եւ տուներուն, կամ ստանալ որեւէ փոխհատուցում իրենց կորուստներուն համար»:

 

Միակ լուծումը այն է, որ երբ օր մը Արցախեան հակամարտութիւնը լուծուի, կարգաւորումը պիտի ներառէ նաեւ մեծ թիւով հայ եւ ատրպէյճանցի գաղթականներու հիմնարար հարցի լուծումը…

 

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան