image
Հրատապ լուրեր:

Կեսարիա. Ժողովրդային բժշկութիւն. Ատոմ Յ. Պուճիգանեան (Դ. եւ Վերջին մաս)

Կեսարիա. Ժողովրդային բժշկութիւն. Ատոմ Յ. Պուճիգանեան (Դ. եւ Վերջին մաս)

Դ. եւ Վերջին մաս


Այլազան հիւանդութիւններ

 
Տապասկ (urticaria)Խմել ծիրանի խիւսի եւ հայկաւի ջրային արտահանոյթը: Ըստ Apricot մենագրութեան [44], այս պտուղը կը պարունակէ կենսանիւթեր A & C, ինչպէս նաեւ հակաբորբոքիչ նիւթեր: Առաջին դարու (Յ.Տ.) կիլիկեցի յոյն դեղագործ/բժիշկ Տիոսքորիտես իր De Materia medica գործին մէջ կը յիշէ հայկաւը իբրեւ դարմանական նիւթ: Ըստ արդի դեղաբանութեան, կաւը կը դարմանէ մարսողական անհանգստութիւնները, թունաւորումները, կենդանիներու խածուածքներն ու միջատներու խայթուածքները [45]: Կարելի է հետեւցնել, թէ կեսարացիներու գործածած այս խառնուրդը կ՚ամոքէ տապասկի սաստիկ քերուըտուքը: Հաւանաբար այս նոյն դեղը կ՚օգնէ նաեւ ներքին թունաւորումներուն պարագային ալ: Այսպիսի դէպքերու առիթով, կեսարացիները իբրեւ դարման կը խմեն նաեւ թան:


Կարիճի խայթուածք

Ըստ Mayo Clinic-ի (https://www.mayoclinic.org), ընդհանրապէս կարիճի խայթուածքը բժշկական խնամքի չի կարօտիր, եթէ ախտանիշերը լուրջ չեն, ինչպէս շնչառական դժուարութիւն, ջղաձգում, դիւրազգածութիւն, արեան գերճնշում եւ ցաւ [46]: Յամենայն դէպս կեսարացին խայթուած տեղը կ՚օծէ ձէթով, իսկ նոյն ձէթին մէջ նախապէս կը դնեն ողջ կարիճ մը: Ձէթը ունի հակաբորբոքիչ, ցաւամոքիչ ու թեթեւ հակադիւրազգածական յատկութիւններ [47]։Կարելի չէ բացատրել հոն լուծուած կարիճին թոյնին օգուտը առանց մտնելու նմանաբուժական (homeopathy) հակադարձ տեսութեանց մէջ:


Սիրտխառնուք

Կը խմեն հանրածանօթ կիտրոնի ու անանուխի թրջոցը:Միզեցուցիչ (diuretic)Կը խմեն ազատքեղի ու եգիպտացորենի ծոպերու թրջոցը: Այս պարագային ազատքեղին գործածութիւնը բժշկականօրէն հաստատող աղբիւր կայ [48]: Գալով եգիպտացորենին, անիկա նաեւ կը գործածուի երիկամի քարերու ու միզային գործարաններու բորբոքման իբրեւ դարման [49]:


Թոքախտի դարմանում

Մոմով պաշտպանուած վարակիչ մանրէն կը կոչուի դիմացկուն Mycobacterium tuberculosis: Կեսարացին թոքախտի դէմ կը խմէ շան լակոտի արիւն ու կ՚ուտէ անոր միսը: Նման տարօրինակ ժողովրդային բուժումներու կը հանդիպինք Բրիտանացիներու նախահայրերուն քով, որոնք կ՚ուտէին խորոված մուկ, արու եղջերուի կոտոշէն պատրաստուած դոնդող ու կը խմէին անսեր կաթ [50]։


Մարսողական գործարաններու անհանգստութիւններ

Փորհարութիւն. կը խմեն խաշուած կոճապղպեղի եւ բրինձի ջուրը: Բրինձին նշան եփուելէ ետք կը վերածուի դոնդողի ու կը «բռնէ» աղիքային հեղուկները: Այս արմատը ունի հակաստնգական յատկութիւն [51]: Լուծումին կրնան ընկերանալ ցաւալից խիթեր, որոնք «սբազմօտիք» վիճակէ կը յառաջանան: Լուծումի դէմ նաեւ կ՚ուտեն խոզկաղին, որուն քիմիական բաղադրութեան մասին կարելի չեղաւ տեղեկութիւն ունենալ: Կեսարացին խիթ ունեցողին փորին վրայ տաք աղիւս կը դնէ, թէեւ ասիկա կրնայ վտանգաւոր ըլլալ կուրաղիքի բորբոքման պարագային:


Ջերմի դարման

Տաքութիւնը սկսած օրը ենթական պաղ ջուրով լուալ: Ապա անոր խմցնել կիտրոնի հիւթի ու հաւկիթի կեղեւի խառնուրդը: Հեղուկը կը խմեն զայն գիշեր մը պաղ օդին ձգելէ ետք: Պտուղին հակաբորբոքիչ flavonoid-ները եւ հիւթին մէջ լուծուած հաւկիթի կեղեւին glycosaminoglycan-ները կրնան հակազդել ջերմին բուն պատճառին եւ կասեցնել զայն: Էվէրէկցիները սխտորի քացախոտ լուծոյթը խմելով կ՚իջեցնեն տաքութիւնը: Ինչպէս արդէն ըսինք, քացախը ունի ասփիրինի նման յատկութիւններ, որոնց վրայ կ՚աւելնայ սխտորին ի միջի այլոց հակաջերմ կարողութիւը [52]:


Թութքի (hemorrhoids) դարման

Հիւանդութիւնը կը յատկանշուի սրբանի երակներու ցաւալից ընդլայնումով ու անոնց դրսեւորմամբ: Ասոնց կ՚ընկերանան բորբոքում, քերուըտուք եւ արիւնահոսում, մանաւանդ զօրաւոր ջանքի՝ պնդութեան պարագային: Պնդութիւնը մեղմելու համար յետոյքը ուղղել դէպի եռացած ջուրի կամ քացախի շոգիին (վերջինը նաեւ ըլլալով ցաւամոքիչ): Ենթական կը նստեցնեն խաշած մոլոշի տերեւներէն ելած շոգիին վրայ: Ծանօթ է, որ Malvaceae բուսաբանական ընտանիքը հակաբորբոքիչ է եւ թաղանթները ամոքող նիւթեր կը պարունակեն, բայց արդեօք ատոնք շոգիով ցնդելի՞ են: Այդ կէտը յստակ չէ: Կեսարիայէն ունինք նաեւ երկու ուրիշ անբացատրելի թութքի դարմաններ՝ հիւանդին կերցնել ուղտի եփած միս կամ տապկուած գորտ:


Մարձական/շարժականու վիրաբուժական/բեկաբուժական եւ ջրաբուժական դարմանումի ձեւեր


ՄարձումԻ գործ կը դրուի յօդացաւի, ջիղերու կարկամութեան պարագաներուն: Կան երկու ձեւեր:Աղով ու ամենաբոյժ օղիով կռնակի շփումներ կ՚ընեն հիւանդը քրտնեցնելու համար: Մարձումն ու բաղնիքի մէջ «միսերու քաշքշում»-ը տարածուած սովորութիւններ են աշխարհագրական այս տարածքին մէջ:Ենթական կը պառկի երեսին վրայ, կռնակին վրայէն կը քալէ մանուկ մը:
Շարժական ձեւերԱսոնք կը գործածուին կանխելու համար որոշ վիճակներ: Օրինակ քիթի արիւնահոսութեան ատեն, գլուխը կամ ձեռքը վեր պէտք է բռնել: Օձի խայթուածքի պարագային, խայթուած տեղէն վեր վիրակապել, որպէսզի թոյնը չտարածուի, նաեւ վէրքը ծակծկել ու ծծել: Ուշաթափ եղած անձին ճկոյթը խածնել:


Վիրաբուժական

Մատնաշուրթի (եղունգի շուրջի) վարակում կամ բորբոքում։ Այս կը պատահի երբ որեւէ պատճառաւ եղունգին շուրջ վէրք յառաջացած է եւ մանրէներ թափանցած են։ Այն ատեն, հիւանդ մատը կը դնեն գորտին սրբանին մէջ: Արդեօք այդ տեղը որեւէ հականեխական նի՞ւթ կայ այդպիսի վէրքեր դարմանելու համար: Այլ դարման մըն է վէրքին վրայ դնել կտաւատի խիւս կամ շաքար՝ զայն պարպելու համար: Վէրքերը հասունցնելու համար ընդհանրապէս զանոնք կը փաթթեն կտաւատի, պամիայի կամ թահինով հրուշակի խիւսերով: Զանոնք պայթեցնելէ ետք թարախը դուրս քաշելու համար վէրքը կը ծածկեն ձէթի մէջ հալած մեղրամոմի/կուպրի պատանքով մը: Պալարներուն վրայ կը դրուի խաշած տուղտի խիւս: Ուռեցքներուն դէմ կը գործածուի գինիի մէջ եռացած հացի պատանք: Սուրի կտրուածքներուն իբրեւ դարման կը քսեն ձէթի մէջ թաթխուած մուկի ձագի արտահանոյթ: Հաւանաբար մատղաշ մարմինները ունին հիւսկէնային սպիացնող բնանիւթեր: Մարմնին մէջ մտած փուշերը փտեցնելու համար, վիրաւոր տեղը ծածկել խորոված սոխի ու մասնաւոր իւղի մը պատանքով: Իւղին ինքնութիւնը կարելի չեղաւ ճշդել: Արիւն առնել։ Քառասունքէն առաջ նորածիններէն արիւն կ՚առնեն, որպէսզի անոնք հետերնին «եկած» անմաքուր արիւնէն ազատին: Իսկ գարնան ալ կիներէն արիւն կ՚առնեն. այս գործողութիւնը ընդհանրապէս կը կատարուի բաղնիքներուն մէջ, ուր կիները տզրուկ կը փակցնեն իրենց մարմնին որոշ մասերուն: Ճմլում ու կապտացում։ Գաւազանի ծեծի հետեւանքով (բանտի մէջ, ֆալախա), վիրաւորուած մասը բուժելու համար զայն կը ծածկեն ծեծուած չամիչի խիւսով: Խաղողը կը պարունակէ հակաբորբոքիչ ու մորթային մազերակներուն պատերը զօրացնող flavonoid-ներ ու աղաղներ:
ԲեկաբուժականԽախտած կամ կոտրած անդամներ։ Բեկաբուժը կը փորձէ շարժած ոսկորները իրենց տեղերը բերել: Ապա, վիրաւոր մասին կը կապէ ոչխարին գլխուն մորթը կամ ալ զայն կը փաթթէ օղիի մէջ լուծուած խունկով: Անկէ ետք, իբրեւ ուղղիչ պահպանակ, վիրաւոր մասին վրայ կը հաստատէ չորս տախտակներու շերտեր: Նոյն նպատակաւ կը գործածեն կուպրի, սեւ պղպեղի եւ ուրիշ համեմներու խիւսեր: Խախտած մասը կը փաթթեն օճառի ու հաւկիթի ճերմկուցի խիւսով: Կուպրի ու զանազան համեմներու խիւսերը հաւանաբար տեղայնական տաքութիւն յառաջացնելով, կ՚արագացնեն ոսկրային փոխարկութիւնը, նպաստելով կոտրուածքին սպիացման:
ՋրաբուժութիւնԿեսարիոյ մէջ կը գործածեն ջերմուկները յօդացաւ բուժելու համար: Խիթերու դէմ կը գործածեն տաք ջուրով ողողուած անձեռոցներ: Պաղ ջուրը միայն կը ծառայէ մարածները սթափեցնելու համար:


Եզրափակում
Թէեւ Կեսարիոյ ժողովրդային բժշկութեան մասին մեր ձեռք ձգած աղբիւրը 1937-ին հրատարակուած Արշակ Ա. Ալպօյաճեանի Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ Բ. հատորն է, բայց եւ այնպէս գործը բաւականին տեղեկալից է այդ առընչութեամբ:Կապադովկիան հին ժամանակներէն եղած է Արեւելքի ու Արեւմուտքի քաղակակրթութեանց ձուլման օրրան, այնպէս որ սպասելի է որ հոն կուտակուած գիտելիքները ժամանակի ընթացքին տեղացիներէն իւրացուէին եւ օգտակար կերպով գործածուէին զանազան բնագաւառներու մէջ, որոնց շարքին առողջապահականին:Կեսարացիները բաւական հարուստ դարմանական միջոցներ ստեղծած ու կիրարկած են: Երկրագործական որոշ աղքատիկ վայրերու մէջ պահքը ու սակաւակերութիւնը նոյնիսկ նպաստած են բնակիչներուն առողջութեան: Բայց կը թուի թէ ժողովրդային բժշկութենէ ստացուած այս զանազան առաւելութիւններուն դիմաց գոյութիւն ունեցած է նաեւ Կեսարիոյ գաւառին զանազան շրջաններու ապառողջական մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ Կեսարիա քաղաքի բնակիչներուն անխոհեմ սննդականոնը:

 

_______

[44] G. Matlejan: www.whfoods.com/genpage.php][45] Bolus armenicus, Wikipedia.[46] Scorpion sting treatment-Mayo Clinic.[47] W.J. Dahl et al, Health benefits of olive oil and olive extracts, University of Florida, IFAS extensionFSHN16-4.[48] Parsely, ibid., p. 1023.[49] Monograph Corn silk, ibid., p. 217.[50] G. Hatfield, “Tuberculosis”, in Encyclopoedia of folk medicine, old and New World traditions, 2004, p. 352: www.abc-clio.com[51] Monograph Ginger, paragraph Herbal use, ibid., p. 344.[52] Schauenberg P / Paris Ferdinand, monograph «Allium sativum, garlic», in Guide yo medicinal plants, Litterworth press, Butler and Tanner 1977, London, p. 84. ■
(Շար. 4 եւ Վերջ)