image
Հրատապ լուրեր:

Միասնականութիւնը եւ հայ քաղաքական մշակոյթը.Վ.Թէնպէլեան

Միասնականութիւնը եւ հայ քաղաքական մշակոյթը.Վ.Թէնպէլեան

Հայ ժողովուրդի քաղաքական հասարակաց առաջադրանքները, մասնաւորաբար Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը կ՝ամբողջացնեն բոլոր տուեալները ի մի խմբելու համար հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածները անխտիր ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Բայց հակառակ ճակատագիրի նոյնութեան ու տեսլականներու միասնականութեան, ցարդ կարելի չէ եղած իրագործել հայկական սպասուած ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒՈՒԹԻՒՆԸ: Եղեռնի ամեակներու, անկախութեան տարեդարձներու, համայկական  դրամահաւաքներու առիթներով դրսեւորուած հաւաքական արտայայտութիւնները գոհունակութիւն առթող երեւոյթներ են, բայց հիմնականօրէն՝ պահանջուած միասնականութիւնը չէ ստեղծուած տակաւին: Ֆոլքլորիք միասնականութեան տարազ մը գտնուած է որ  միայն միամիտները կը գոհացնէ:

Այս նշումներով չենք առաջադրեր միատեսակ մտածողութեան մը կամ միակուսակցական դրութեան մը հաստատումը մեր իրականութեան մէջ, ինչ որ ոչ միայն փափաքելի չէ, այլեւ անկարելի: Հարցը կը վերաբերի ազգային հասարակաց շահերու շուրջ համախոհութեան մը ստեղծման եւ այդ համախոհութեան շրցագիծին մէջ, հաւաքական աշխատելաձեւի մը յառաջացման ինչպէս կը պատահի յառաջադէմ ընկերութիւններու եւ երկիրներու մէջ, ուր կուսակցական շահերը, որոնք ընդհանրապէս կ՝առընչուին իշխանութեան, միշտ տեղի կու տան ազգայն ընդհանուր շահերու առջեւ:

Միասնականութիւնը չ՝ենթադրեր նաեւ քաղաքական ընդիմադրութեան լռեցումը: Ընհակառակն, առողջ ընդիմադրութեան գոյութիւնը ցուցանիշ է տարբեր տեսակէտներու գոյակցութեան եւ առ այդ՝ սատար քաղաքական մշակոյթի զարգացման:

Հայ իրականութեան մէջ ալ գոյութիւն ունին իշխանութեան հարցեր: Անխուսափելի եւ պատմական անհրաժեշտութիւն է այդ: Բայց ինչ որ յառաջադէմ ընկերութիւններու մէջ գոյութիւն չունի, իշխանութեան ինքնանպատակ ձգտումն է: Վէճերն ու տարակարծութիւնները բնական ու առողջ երեւոյթներ են երբ կը ծագին ու կը դարմանուին ազգային շրագիծի, ազգային հաստատութիւններու եւ ազգային շահերու լայն պարունակին մէջ: Ուրեմն, միասնականութեան հարցը է նաեւ յառաջդիմութեան հարց եւ յառաջադէմ ընկերութեան վերածուելու հրամայական: Մեր անմիութեան տագնապը է նաեւ յառաջդիմութեան եւ յետադիմութեան միջեւ բախումի դրսեւորում մը, է նաեւ յառաջդիմութեան եւ մաֆիաականութեան միջեւ բախումի արտայայտութիւն մը:

Քաղաքական յառաջադէմ եւ լայն ժողովրդականութիւն վայելող կազմակերպութիւններու ուժականութիւնը  կը հիմնուի լայնախոհութեան եւ ժամանակի թաւալումին հետ ընկերութեան մէջ յառաջացող նոր ուժերը ներգրաւելու կարողականութեան վրայ: Ինքնանպատակ եւ ընդհանրապէս պահպանողական կազմակերպութիւններու գոյատեւման լաւագոյն երաշխիքը քաղաքական տհասութեան մթնոլորտի ստեղծումը կամ եթէ արդէն անիկա գոյութիւն ունի անիկա՝ անոր պահպանումն է:

Երբ կը խօսուի միասնականութեան մասին, անիկա չի վերաբերիր որոշ մակարդակներու վրայ կատարուած ընտրանիական ֆոլքլորիք ժողովներուն, որոնք աւելի հանդէսներու կը նմանին քան քաղաքական հանդիպումներու: Միասնականութիւնը կամ ազգային հասարակաց տեսլականներու հաւաքական ձգտումը պէտք է զարգանայ ժողովրդային մակարդակի եւ ազգային ընդհանրական գործի ճակատներուն վրայ:

Հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներն ալ կը հաւատան Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման ու բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ Հայասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պահանջներուն, գէթ բոլորն ալ այդպէս կը յայտարարեն, հետեւաբար ամէն հարց պէտք է երկրորդական նկատուի ազգային գերագոյն իտէալներու առջեւ: Դժբաղտաբար այդպէս չէ իրականութիւնը:

 Քիչ մը իշխանատենչութեան, քիչ մը օսմանեան շրջանէն յամեցող ստրկամիտութեան, քիչ մը սովետական կաղապարումներուն եւ որոշ չափով քաղաքական ու փողոցային մաֆիականութեան պատճառներով, քաղաքական տհասութիւնը կը շարունակէ ծանր կշռել մեր իրականութեան մէջ: Մեծ մշակոյթի տէր ժողովուրդ ենք, բայց դժբախտաբար քաղաքական մշակոյթ տակաւին չունինք:  Հետեւաբար նաեւ չունինք միասնականութիւն:

Հաստատութիւնները կ՝օգնեն քաղաքական մշակոյթի ստեղծման, բայց իսկական մշակոյթը կը ստեղծուի կեանքի փորձով, ապրումով, քաղաքական առօրեայ նիստ ու կացով ո'չ միայն ղեկավարական, այլեւ ժողովրդային ու փողոցի մակարդակներուն վրայ՝ մանաւանդ հաշուետուութեան եւ հաշուառութեան լծակներու աշխուժացումով ներքին մակարդակի վրայ, եւ ազգային ուխտի մշակումով արտաքին ճակատներու վրայ:

Ճիշդ է շատ բան փոխուած է արդէն, որովհետեւ քաղաքական այլ մշակոյթներու հետ շփումն ու գործակցութիւնը, եւ մանաւանդ հալածական մեր իրավիճակը որոշ հասունութիւն տուած են մեզի, բայց տակաւին հեռու ենք քաղաքական ինքնուրոյն մշակոյթ ունենալէ:

Մինչ թրքական եւ ազերիական վտանգները դամոկլեան սուրի նման կախուած կը մնան մեր գլխուն վրայ, անդին մենք չենք կրնար, իրաւունք չունինք կողմանակի հարցերով զբաղելու: Անմիաբանութեան դրսեւորումները քաղաքական տհասութիւն միայն կ՝արտայայտեն եւ կ՝ընթանան գոյութենական պայքարի ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ:

 

 Վ. Թէնպէլեան