image

Կեսարիա.Ժողովրդային բժշկութիւն. Ատոմ Յ. Պուճիգանեան

Կեսարիա.Ժողովրդային բժշկութիւն. Ատոմ Յ. Պուճիգանեան

Կեսարիոյ աշխարհագրական դիրքը ու որոշ առողջապահական տուեալներ

 

Ծանօթ է, որ շրջանի մը կլիման որոշ չափով կ՚ազդէ բնակիչներուն ապրելակերպին, առօրեային ու առողջապահական պայմաններուն վրայ: Այս գծով հոս կը ներկայացնենք Կեսարիոյ վերաբերող քանի մը տեղեկութիւններ:

Կեսարիա (Քայսերի) քաղաքը՝ 1.050 մեթր բարձրութեամբ, կը գտնուի պատմական Կապադովկիոյ կեդրոնական մասին մէջ, Արգէոս (Էրճիյէս) մարած հրաբխային լեռան հիւսիսային ստորոտին: Քայսերի անունով կը ճանչցուի նաեւ ամբողջ սանճաքը, որ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը կը պարունակէր որոշ չափով հայաբնակ գիւղեր ու պզտիկ քաղաքներ ինչպէս Թալաս, Թոմարզա, Էվէրէկ, Չոմախլու, Կէրմիր, Ֆէնէսէ, Մունճուսու [1]։

Կեսարիա քաղաքի հայ բնակչութեան թիւը 19-րդ դարավերջին կը հասնէր 15.000-ի [2]:

Շրջանը ունի ձիւնառատ, պաղ կիսանջրդի կլիմայ, օժտուած է տաք ամառնային ցերեկով ու զով գիշերներով: Կ՚անձրեւէ գարնան, ամռան սկիզբը եւ աշնան [3]: Կեսարիոյ բնակիչները ամառնային եղանակը կ՚անցընեն այգիներուն մէջ՝ վրաններու տակ, աստղերուն ներքեւ գիշերելով [4]: Այս սովորութիւնը կրնայ զիրենք կազդուրել ու մասամբ իրենց մէջ զօրացնել ախտամերժութիւնը վարակումներու դէմ։ Այս վերջինները, ինչպէս նաեւ կլիման ու ընդհանրապէս առողջապահական գիտելիքներու չգոյութիւնը մեծապէս կը սպառնան Կեսարիոյ բնակիչներուն կեանքին: Այս մասին պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ։

19-րդ դարու վերջը այս տարածքը այցելած Հենրի Պարքլի Կեսարիոյ բնակավայրի ընտրութեան մասին կը գրէ. «Տարօրինակ է որ [կեսարացիները] մօտակայ գեղեցիկ բլուրները անտեսելով, բնակելու համար ընտրած են խոնաւ, գրեթէ ճահճային դաշտերը» [5]:

Ապառողջ պայմաններուն մասին իրենց գրութիւններուն մէջ կ՚արտայայտուին նաեւ Ճոն Մաքտոնըլտ Քիննէր եւ Ր. Ա.. Համմընտ: Առաջինը 1818-ին կը գրէ. «Ոչինչ կրնայ գերազանցել կեղտը ու գարշահոտութիւնը այստեղի փողոցներուն։ Թումբի նման կանգնած են թրիքի կոյտեր, ու այնպէս կը թուի թէ որեւէ ջանք չի թափուիր հոնկէ վերցնելու համար սատկած ձիերը, շուները, կատուները, շուկային մէջ մորթուած կենդանիներուն փորոտիքը ու մաքրել լճացած ջուրերը…» [6]։

Իսկ 1878-ին Համմընտ կը տեղեկացնէ հետեւեալը. «Կեսարիա քաղաքը շրջապատուած է պարիսպով, որոշ բնակարաններ լաւ կառուցուած են, սակայն փողոցները նեղ, աղտոտ, աւերակ ու անտեսուած տեսք ունին» [7]:

Կարելի է ըմբռնել թէ վերոյիշեալ պայմաններուն մէջ որքան դժուար է արգիլել վարակումները ու կանխարգիլել փոխանցիկ հիւանդութիւնները:

Արդարեւ, 1847-ի բրիտանական աղբիւր մը կը տեղեկացնէ թէ այս տարածքին մէջ հնդկախտը (քոլերա) խլած է 600  կեանք, եղած են սովի երեք տարիներ՝ 1820/21-ին, 1845-ին եւ 1873/74-ին, իսկ աղքատներուն ու մուրացկաններուն քանակը բազմապատկուած է: Կեսարիոյ փողոցներուն մէջ մուրացկաններու կուտակումին եւ անոնց օգնութիւն բաշխելու գործունէութեան մասին վկայութիւններ ունի Պատուելի Մ. Ֆարնսուորթ [8]: Հասկնալի է թէ սովը աւելի մեծ թիւով կեանքեր կը խլէ տկարացածներէն ու հիւանդկախներէն:

Երախաները ներկայացնելով մարդկային ընկերութեան ամենէն խոցելի դասերէն մէկը, ըմբռնելի է թէ տիրող վատառողջ մթնոլորտը որքան բարձրացուցած կրնար ըլլալ մանկական մահացութեան տոկոսը, մանաւանդ գաւառին փոքր, մեկուսացած գիւղերուն մէջ:

 

 

Ի՞նչ գիտենք

կեսարացիներու սննդառութեան մասին

 

Ծանօթ է, որ ուտելիքներուն քանակը ու տեսակները ազդեցութիւն ունին ընդհանուր առողջութեան վրայ: Առողջարար սննդառութիւնը կրնայ կանխարգիլել կամ հակակշռել հիւանդութիւններ ինչպէս՝ արեան գերճնշում, սրտի հիւանդութիւններ, շաքարախտ, որոշ քաղցկեղներ ու ոսկրափխրում։ Առողջարար սննդառութիւնը պէտք է պարունակէ առատ բանջարեղէն, պտուղ, ամբողջական հունտով արմտիք ու հացեղէններ, քանի որ ասոնք կենսանիւթերու, հանքային աղերու ու ուրիշ բնական նիւթերու կարգին բարձր քանակով կը պարունակեն վնասակար նիւթերը ծծող բնաթել: Առողջութիւնը կարելի է ամրապնդել երբ կը սահմանափակուի իւղոտ միսի սպառումը, հետեւաբար հոն պահուըտած ճարպերը, կը գործածուին բուսաիւղեր ու կը նուազեցուին օրական սպառուող աղն ու ջերմուժը [9]:

Այս դիտանկիւնէն, տեսնենք թէ ինչպէ՞ս կը գնահատուի Կեսարիոյ զանազան շրջաններու մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն ուտելիքները:

Փոքր երկրագործական գիւղեր (ինչպէս Չօմախլու, Ճիւնճիւն, Ինճէ-Սու).- Արշակ Ալպօյաճեան Կեսարիոյ մասին իր գիրքին մէջ ամփոփելով՝ Արիս Գալֆայեանի «Չօմախլու» հատորէն կը մէջբերէ. «…մեր պապերը սննդառութեան մասին չափազանց ժուժկալ էին ու սակաւապէտ, միանգամայն առոյգ, զօրաւոր եւ երկարակեաց էին» [10]: Այդ քաջառողջութիւնը կը վերագրուի եկեղեցիին պահեցողական կարգերը խստիւ յարգելնուն ու մնացած օրերուն ալ պարզօրէն սնանելնուն՝ կաթ, մածուն, ճոն-կորկոտով թանապուր եւ հաւկիթ ուտելով: Միսը գլխաւոր տեղը չէր գրաւեր սննդառութեան մէջ. անիկա սեղան կու գայ միայն հանդիսաւոր առիթներու: Ցորենի ալիւրին հետ գիւղացի տանտիկինը կը գործածէ նաեւ «ճոն-ալիւր»: Յիշեցնեմ թէ ճոնը, կամ հաճարը հացահատիկ մըն է, զոր արդի բժշկութիւնը կը յանձնարարէ շաքարախտաւորներուն pain de seigle-ի ձեւին տակ:

Աւելի բարեկեցիկ՝ Էվէրէկ-Ֆէնէսէ ու Թոմարզայի շրջակայ գիւղերը.- Հոս առկայ է վերը նշուած ժուժկալութիւնը, որուն պէտք է աւելցնել քիչ մսեղէն, մեղր, ռուպ պտուղներ եւ ընդեղէններ [11]: Այս բուսաբանական ընտանիքին կը պատկանին սիսեռը, լուբիան ու բակլան, որոնք գրեթէ միսին համազօր սպիտ (protéine) կը պարունակեն: Գործածուած ուրիշ բանջարեղէններ են՝ գետնախնձորը, շոմինը, դդումը, կաղամբը եւ սմբուկը [12]:

Մեծ քաղաքներ՝ Էվէրէկ, Կեսարիա.- Հոս հարցը կը փոխուի միսը ստանալով մեծ կարեւորութիւն սննդառութեան մէջ: Կեսարացին ունի ութ, իսկ էվէրէկցին ալ երեք տեսակի մսեղէն կերակուրներ: Ասոնց մաս կը կազմեն առատօրէն համեմուած երշիկը (իրիշկիկ, սուճուխ) ու չէմէնով պատուած ապուխտը՝ էվէրէկցիներուն չոր միսը, որ կեսարացիներուն քով կը կոչուի պաստըրմա: Ան կը պատրաստուի կովու կամ ուղտի միսով: Կեսարացի տանտիկինը կը թխէ բազմազան տեսակի խմորեղէններ, ու ապուխտը այս քաղաքացիներուն մօտ առօրեայ պանիրին դերը կը խաղայ, կը գրէ Ալպօյաճեան [13]։

Մսակերութիւնը ժխտական արդիւնք ունի առողջութեան վրայ: Այդ առընչութեամբ, Պաթակլիա Ռիչի եւ աշխատակիցներ իրենց “Health risks associated with meath consumption: a review of epidemiological studies” ուսումնասիրութեան մէջ կը յանգին այն եզրակացութեան, թէ մսեղէններու երկարատեւ գործածութիւնը կը զուգադիպի սրտանօթային, լայնաղի-նախաղիի քաղցկեղի եւ չափահասներու շաքարախտի հիւանդութիւններով մահացածներու տոկոսի աճին [14]: Իր կարգին Ալպօյաճեան կ՚ոգեկոչէ պոլսահայ բժիշկ Վարդանեանը, որու ստամոքսի քաղցկեղէ տառապող հիւանդներուն 90%-ը կեսարացիներ եղած են [15]։

Անժխտելի է թէ կեսարացիներուն սննդառութեան եղանակը, մանաւանդ քաղքենիներունը, չի համապասխաներ արդի բժշկական տեսութեանց: Ասոր վրայ եթէ աւելցնենք այն իրողութիւնը թէ կեսարացի ծխամոլ տղամարդիկը առատօրէն կը խմէին իրենց տուներուն մէջ պատրաստուած օղին ու գինին, այն ատեն կ՚ամբողջանայ ապառողջական պատկերը [16]։

Բարեբախտաբար կիները տարուան մէջ մէկ օր միայն՝ Բարեկենդանին, ալքոլ կը գործածէին:

 

Կեսարացիներուն

ժողովրդային

հաւատալիքներուն կապուած բուժումներ

 

Ատոնց կարգին կու գան հրաշալի բուժումները աղօթքի եւ ուխտագնացութեան ճամբով, սնահաւատական միջոցներով, բարի (կամ չար) ոգիներու ազդեցութեամբ, նախապաշարումներով եւ այլն:

 

Ծննդաբերութիւն

Գիւղերուն ու նոյնիսկ քաղաքներուն մէջ ծննդաբերութեան ատեն կը դիմեն նախնական գիտելիքներ ամբարած դայեակներու կամ լաւագոյն պարագային մանկաբարձուհիներու օգնութեան: Մօրը ազատումը դիւրացնելու համար կեսուրը կաթսայ մը կը կործէ, հարսին կլլել կու տայ հում միս ու անոր կը խմցնէ իր գոգին մէջ հաւաքուած ջուրը: Ամուսինը տունէն ճամբելէ ու նորածինին պորտին կտրուելէն ետք, կը դիմուին ուրիշ «պառաւական» միջոցներու՝ ծննդաբերէն չար ոգիները հեռացնելու համար: Մայրը կը լուսաւորեն 24 ժամ, որպէսզի արթուն մնալով գէշ երազ չտեսնէ: Ծննդաբերին վերմակին վրայ կը դնեն ամուսնոյն գօտին ու շապընկերը, իսկ բարձին տակն ալ՝ մկրատ, զմելի, խաչ, աւետարան, շամփուր ու երկու սոխ: Եթէ ծննդաբերը ստիպուած ըլլայ տեղ մը երթալ, միասին կը տանի շամփուրները պաշտպանուելու համար պատահական դեւերէն: Գալով սոխերուն, զանոնք դռնէն դուրս կը նետեն, երբ մանուկը մկրտութեան կը տանին, գոչելով «առ ծանրութիւնդ, տուր թեթեւութիւնդ»՝ ծննդականը ցաւերէն ազատելու համար: Ծննդաբերողին պնդութեան դէմ կը յանձնարարուի կասիայի (տարչին) բոյսին թրջոցը (infusion) [17]:

 

    «Նոր Յառաջ»

(Շար. 1)

 

 

_______

[1] Richard G. Hovhannesian, “Armenian Caesaria/Kesaria”, in Armenian Kesaria/Kayseri and Cappadocia edited by Richard G. Hovhannesian, Mazda publishers, Costa Mesa, California, 2013, էջ 4։

[2] Bedros Der Matossian, “Ottoman Armenian Kesaria/Kayseri in the 19th century”, in Armenian Kesaria/Kayseri and Cappadocia, էջ 191։

[3] en.wikipedia.org/wiki/Kayseri

[4] Արշակ Ալպօյաճեան, Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, Բ. հտր., հրատարակութիւն Կեսարիոյ եւ շրջակայից հայրենակցական միութեան Գահիրէի վարչութիւն, Գահիրէ, 1937, էջ 1719։

[5] Bedros Der Matossian, “Ottoman Armenian Kesaria/Kayseri in the 19th century”, էջ 189։

[6] Նոյն, էջ 190։

[7] Նոյն։

[8] Նոյն, էջ 191-192։

[9] Robert Porter, Justin Kaplan, Barbara Homeier, Merck Manual, Home health handbook, Wiley and sons, 2009, էջ 30։

[10] Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, Բ. հտր., էջ 1695։

[11] Նոյն, էջ 1696-1697։

[12] Նոյն, էջ 1699։

[13] Նոյն։

[14] Evelyne Battaglia Richi, Beatrice Baumer, Beatrice Conrad, Roger Darioli, Alexandra Schmid, and Ulrich Keller, “Health risks associated with meath consumption: A review of epidemiological studies”, in Int J Vitam Nutr Res, 2015, 85 (1-2) 70-78.

[15] Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ, Բ. հտր., էջ 1700։

[16] Նոյն, էջ 1700-1701։

[17] Նոյն, էջ 1732-1735։ ■

 

(Շար. 1)