image
Հրատապ լուրեր:

Կար ու չկար Կարէն մը կար. Յակոբ Նալպանտ

Կար ու չկար Կարէն մը կար. Յակոբ Նալպանտ

Կար ու չկար`  այս անծայրածիր տիեզերքին կողմէ անտեսուած «աշխարհ» անունով հիւանդագին մոլորակ մը կար:

Այս մոլորակին սրտին մէջ` աշխարհի ոճրագործ տէրերուն անյագ ախորժակին պատճառով ածխացած երկիր մը կար` հեքիաթային Սուրիա անունով եւ այդ ածխացած երկրին սիրտը կազմող, փլատակի վերածուած պատմական չքնաղ քաղաք մը կար` իմ ծննդավայր Հալէպը, սգաւոր եւ խրոխտ Հալէպը:

Հերոս քաղաք Հալէպի մէջ կան անառիկ բերդերու նմանող մայրանոցներ, որոնք հրթիռներու, ռումբերու եւ քանդումներու ներքեւ շարունակեցին կենդանի պահել քաղաքի արիւնոտ արգանդը չորացման ենթարկուելու փորձերը: Այդ մայրանոցներէն մէկուն մէջ, 2016-ի օգոստոսեան ծանր օր մը, երբ քաղաքը կը տքար եւ շնչել կը փորձէր ռումբերու տարափին տակ, Կարէնիկն աչքերը բացաւ այս արիւնոտ եւ արցունքի մէջ խեղդուած քաղաքին պաստառին վրայ:

Կարէնի պատմութիւնը սերունդի մը ահռելի պատմութիւնն է, ուր փոքրիկները, իրենց բաժին ինկած մօր սուրբ կաթին հետ, կեանքի ստինքներէն ծծեցին վախի, սարսափի, դիմադրողականութեան եւ յոյսի աներեւակայելի հորմոններ:

Անոնց մայրիկները թօթափելով ռումբերէն, փլուզումներէն յառաջացած քարակոյտերը եւ փոշիի խեղդող յորձանուտը ` այդպիսի խանդավառութեամբ սնուցեցին իրենց նորածինները` հեգնելով պատերազմի եւ զրկանքի բոլոր դրսեւորումները:

Անոնց հայրերը ամէն առաւօտ ճամբորդութիւն կատարեցին դէպի անյայտ, վտանգաւոր փողոցներ եւ գործատեղիներ, տուն չվերադառնալու եւ փշոտ-փշոտ ըլլալով մահանալու սարսափը իրենց սրտի խորաններուն մէջ կրելով, բայց հանապազօրեայ հացի ապահովման անհաւասար մաքառում էր ճակատագրին դէմ, որպէսզի իրենց զաւակները սոված եւ անօթի չմնան: Շատերը այս սուրբ նպատակի բագինին վրայ` իրենց արիւնն ու հոգին նուիրեցին անմնացորդ:

Կարէն կամաց-կամաց կ՛աճէր այնպիսի փողոցի մը վրայ, որուն տակէն անվերջ հոսող վարար եւ խենթ գետերու նման, զինուոր եւ քաղաքացի, փոքրիկ եւ մեծահասակ նահատակներու անվերջանալի հոսք մը, վտանգաւոր հարուածներու տակ կ՛ուղղուէր դէպի յաւիտենական ննջեցավայր:

Բայց ցուրտ ու մռայլ ձմրան ալեկոծումներուն մէջ, յանկարծ գարնան բոյրը պատեց, պարուրեց հինաւուրց Հալէպը: Քաղաքը` ժամանակէ մը ի վեր դադրած եւ որոշ վերանորոգումներէ ետք վերստին աշխատիլ փորձող հինաւուրց ժամացոյցի նման, սկսաւ իր սրտին մէջ զգալ ժամանակի մոռացութեան մատնուած տրոփիւնները:

Եկաւ ամառ: Կարէն տօնեց ծննդեան առաջին տարեդարձը` իր հարազատներու համբոյրներուն եւ սիրոյ անվերջանալի ալիքներով ողողուած փոքրիկ ծովու մը մէջ ու մկրտուեցաւ:

Շէնքերու բարձր յարկերէն մէկէն վար ինկող, փշրուող եւ աշխատանքէ կանգ առնող ժամացոյցի նման, Կարէնի կարճ կեանքի ժամացոյցն ալ այնքան արագ գահավիժեցաւ դէպի մահուան ցուրտ փոսի ամայութիւն ու իր ոսկեգոյն ծամերէն կաթիլ-կաթիլ ծորացող լոյսի բեկորները խլելով մեր էութեան ուրախ պատկերէն, մեզ «նուիրեց» այնքան անբացատրելի մորմոք մը, ցաւ մը. այնքան խոր եւ անբուժելի կարծեցեալ, որ երբեք չի համեմատուիր աշխարհի վրայ անվերջ տողանցող, դեգերող եւ ձեւափոխուող միւս ցաւերուն եւ մորմոքներուն հետ:

Իմ սիրելի Կարէն, ես` հօրեղբայրդ, երբեք չէի ուզեր այսպիսի բաներ գրել, բայց անակնկալները, կ՛ըսեն, պատմութեան շարժիչ ոյժն են ծիները: Իմ ցաւը կը փարատի այն ատեն, երբ ժամանակն ու բնութիւնը դարձեալ մեզ կը պարգեւեն եւ անպայման պիտի պարգեւեն նոր սերունդ մը, որուն ես երկա՜ր շատ երկար պիտի պատմեմ քու մեծ-մեծ մեղրագոյն աչքերուդ մէջ լողացող փոքրիկ չարաճճիութիւններուդ, գեղեցկութեանդ եւ բոցկլտացող աստղերուդ մասին:

Եւ այսպէս` կար ու չկար Կարէն մը կար…:

 

Յակոբ Նալպանտ

Հալէպ