image

Սէուտական Արաբիա եւ շրջանային ուժի հաւասարակշռութիւնը.Եղիա Թաշճեան

Սէուտական Արաբիա եւ շրջանային ուժի հաւասարակշռութիւնը.Եղիա Թաշճեան

Շատեր, նոյնիսկ` Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի դաշնակիցները, յանկարծակիի եկան, երբ ան իր հրաժարականը յայտարարեց սէուտական պատկերասփիւռի կայանէն` ոչ համոզիչ պայմաններու մէջ: Իր հրաժարականի յայտարարութեան մէջ Հարիրի բուռն կեպով քննադատեց Իրանի քաղաքականութիւնը շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ` Հըզպալլայի մասնակցութիւնը սուրիական պատերազմին եւ անոր քաղաքական թափանցումը լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ: Նորութի՞ւն` ոչ մէկ, որովհետեւ Հըզպալլա 2013-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ կը պատերազմի վարչակարգին կողքին: Աւելի՛ն. 2011-էն ետք սուրիական պատերազմին պատճառով սուրիական քաղաքականութեան ազդեցութիւնը նուազեցաւ Լիբանանի մէջ, եւ Իրանի դերակատարութիւնը, որ սկսած էր 2008-ի Տոհայի համաձայնութեամբ, սկսաւ գերակշռել սուրիական ազդեցութեան:

Հաւանաբար այս բոլորը համոզիչ փաստարկներ չեն, որ Հարիրի հրաժարէր, սակայն որոշ իրականութիւն մը կայ, որ ան ստիպուած էր այս յայտարարութիւնը կատարելու: Հոս պահ մը ետ երթանք: 2005-ի Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը բաւական նահանջ արձանագրեց Լիբանանի մէջ, իսկ Մարտ 14-ի ուժերը իրենց քաղաքական յաղթանակը չկրցան գետնի վրայ թարգմանել: Սէուտական Արաբիա տեսնելով 2008-ին Պէյրութի մէջ Հըզպալլայի զինուորական «յաղթանակ»-ը` ստիպեց, որ Հարիրի քաղաքական զիջումներ կատարէ, իսկ 2013-ին Սաատ Հարիրիի կառավարութեան տապալումով իրանեան քաղաքականութիւնը գերակշռեց երկրին մէջ: Այս բոլորին վրայ ան զիջեցաւ, որ 2016 հոկտեմբերին նախագահ ընտրուի զօր. Միշել Աունը, որուն թեկնածութիւնը 2008-էն առաջադրուած էր Հըզպալլայի կողմէ:

Այս բոլորին կողքին, Սէուտական Արաբիա նաեւ քաղաքական հարուածներ ստացաւ Եմէնի, Սուրիոյ, Քաթարի եւ Իրաքի մէջ: Եմէնի հետ Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական հարցը սկսաւ 1934-ին` սահմանամերձ Ասիր նահանգին մէջ. պատերազմը վերջ գտաւ Սէուտական Արաբիոյ յաղթանակով, սակայն հուսիները մինչեւ օրս չեն ճանչնար արեամբ գծուած սահմանը: Եմէնի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, որ, ըստ երեւոյթին, շատ աւելի կրնայ երկարիլ, բացայայտեց արաբական թագաւորութեան սահմանափակ ուժերը: Հակառակ անոր որ այդ պատերազմին մասնակցեցան աւելի քան 20 երկիրներ, սակայն այսօր Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները գրեթէ որբացան եւ արիւնալի պատերազմ կը մղեն հուսիներուն դէմ, որոնք կը վայելեն Իրանի զինուորական եւ քաղաքական աջակցութիւնը:

2015-ը Սուրիոյ համար անկիւնադարձային թուական մըն էր Հալէպի ազատագրումով, եւ ռուսական զինուորական միջամտութիւնը այլեւս գաղտնիք մը չէր: Ռուսական ճնշումներուն դիմաց Միացեալ Նահանգներ` իրենց հետ ունենալով Թուրքիան, Քաթարը, Յորդանանը եւ Սէուտական Արաբիան, չկրցան դէմ դնել ռուսական եւ իրանական զինուորական գործակցութեան, որուն շնորհիւ Հալէպը ազատագրուեցաւ: 2015-էն ետք սուրիական կառավարութիւնը ընդարձակեց իր հակակշիռին տակ գտնուող սահմանները եւ հասաւ մինչեւ Իրաքի սահման: Այլեւս կասկած չկար, որ ընդդիմութիւնը կորսնցուցած էր իր ուժը, եւ արաբական երկիրները պատրաստ չէին պայքար մղելու Ռուսիոյ նման հզօր երկրի մը դէմ:

2017-ի մայիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ռիատ այցելութեամբ Սէուտական Արաբիոյ երիտասարդ գահաժառանգ իշխանը փորձ մը կատարեց շրջափակումի ենթարկելու Քաթարը, սակայն այդ փորձը ապարդիւն էր, եւ մինչեւ հիմա Քաթար կրցաւ դէմ դնել բոլոր ճնշումներուն եւ ամրապնդեց իր կապերը Թուրքիոյ ու Իրանի հետ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Իրաքին, ուր իրանեան քաղաքական ազդեցութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է, սէուտական թագաւորութիւնը կը փորձէ որոշ դուռ մը բանալ իրաքցիներուն առջեւ: Ասիկա կատարուեցաւ, երբ Իրաքի շիի կրօնապետ Մուքթատա Սատըր այցելեց թագաւորութիւն, եւ վերջինս աջակցեցաւ Պաղտատին քիւրտերուն դէմ վերջին տագնապին ընթացքին: Սակայն անշուշտ հարցական է, թէ արաբական թագաւորութիւնը ապագային կրնա՞յ դիմադրել Իրաքի մէջ իրանական քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական ներթափանցումին:

Վերջապէս` Լիբանան: Յստակ է, որ Սէուտական Արաբիոյ երիտասարդ գահաժառանգ իշխանը կ՛ուզէ վերատեսութեան ենթարկել իր երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը եւ անոր համար ալ նախ նախկին քաղաքական վերնախաւէն ձերբազատեցաւ ու բանտարկեց իր ներքին հակառակորդները: Առաջին քննութիւնը Լիբանանն էր: Լիբանանի համար կրնայ դժուար վիճակ մը ստեղծուիլ, գոնէ` տնտեսական եւ ապահովական դիտանկիւնէ, սակայն երբեք` պատերազմ մը: Լիբանանի մէջ եւրոպական եւ Ծոցի երկիրները հսկայ ներդրումներ ունին, եւ ոչ մէկը կրնայ վտանգի ենթարկել զանոնք: Նոյնիսկ Հըզպալլա այս հաշիւները շատ լաւ կը ճանչնայ: Առաւել, լիբանանեան տարբեր ուժերը հանդարտութեան կոչեր ուղղեցին: Յաջորդող օրերը պիտի բացայայտեն Սէուտական Արաբիոյ յառաջիկայ քայլերը լիբանանեան դաշտին մէջ: Ինչպէս Տեւիտ Հըրսթ իր գիրքին մէջ կ՛ըսէ` «Զգուշացէ՛ք փոքր երկիրներէն»: Լիբանանը այդ փոքր երկիրն է, որ շրջանին մէջ կրնայ շրջել ուժերու հաւասարակշռութիւնը:

 

 

 Եղիա Թաշճեան 

«Ազդակ»/ Պէյրութ