image

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը՝ «Քաղաքական երկրաշարժ»

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը՝ «Քաղաքական երկրաշարժ»

Լիբանանի  վարչապետ  Սաատ  Հարիրիի  հրաժարականը անսպասելի էր: Շաբաթ  4  նոյեմբերին եւ  «Ալ Արապիյա» կայանի եթէր  Սաատ  Հարիրի   կը յայտարարէր իր հրաժարականը   եւ ձեւով մը  հանրութեան կը ներկայացնէր իր վարելիք քաղաքականութեան  ճանապարահյին նոր քարտէզը:

 Եղածը անսպասելի էր, որովհետեւ նոյն ինքն Սաատ  Հարիրին էր, որ ամիսներ առաջ իր ամբողջական նեցուկը կը յայտնէր Լիբանանի նախագահական թեկնածու  զօր. Միշէլ Աունին  ու  այդ  նեցուկին շնորհիւ էր նաեւ, որ  Աուն,  որ մինչ այդ Հարիրիի «ոխերիմ բարեկամն»ն էր կը հասնէր Պաապտայի  նախագահական պալատ:

 

 Խորքին մէջ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը ու յատկապէս քաղաքական զարագացումները միայն այդ երկրին  չեն  պատկանիր: Այն իմաստով, որ  շրջանային քաղաքականութեան «հնոց»ը համարուող Պէյրութ նաեւ շրջանային բաւական բարդ եւ խճճուած յարաբերութիւններու ամէնէն «հին» ու «փորձառու»  նամաբաշխման  վայրն էր:

 Ու Լիբանանի  մէջ  կատարուած   զարգացումները ընկալելու համար պէտք է «բաց  աչքերով»   նայիլ  յատկապէս  Թեհրան- Ռիատ «թէժ գիծ»ին վրայ տեղի ունեցող  զարգացումներուն:

 

 Այստեղ յիշեցնելու կարգով  պէտք է նկատել տալ, որ Ռիատի կողմէ զօր. Աունի նախագահութիւնը «ընդունելու» կամ սիւննի աշխարհին համար Աունի բաւական խնդրայարոյց անունը «ընդունելի» կը դառնար, որովհետեւ այդ  օրերուն Ռիատ տակաւին  մեծ  յոյսեր ունէր, որ պիտի կարողանայ յատկապէս սուրիական գետինին  վրայ իր արժանի տեղն  ունենալ:

 

 Ուրեմն  գաղտնիք  չէ, որ  Պէյրութի ու յատկապէս  Լիբանանի    Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ    կատարուած    գործընթացները         կը   կատարուէին,  կը կառուցուէին ու մարմին կը ստանային  միշտ  հաշուի առնելով   սուրիական  վիճակը:

 

  Հարիրի,  որն  արդէն   երկրորդ անգամն  ըլլալով կը ստանձնէր  վարչապետի  պաշտօնը  շատ լաւ կը  հասկնար,  որ  ամէն գնով  պիտի փորձէ   Լիբանանը  հեռու պահէ  շրջանային  հրդեհներէն:   Ու այդ մօտեցումին հիմքով էր նաեւ, որ ան  որպէս վարչապետ   յաճախ ի հեճուկս իր ըմբռնումներուն եւ յանուն երկրի անդորրութեան  պահպանել ու «ղեկավարել»  ընդհանուր խաղը:

 

  Այս  իրավիճակը  անշուշտ  պիտի  երկարէր   շուրջ տաս ամսուան  վրայ եւ   վարչապետ Հարիրիի  հրաժարականով   Լիբանան կը մտնէր  նոր փուլ մը:

 

  Զիջումի,  երկխօսութեան եւ երկրի հարցերը միասնաբար լուծելու ընտրանքներն ու մօտեցումները կը դառնային ժամանակավրէպ, որովհետեւ Թեհրան, որ սուրիական գետնի վրայ  գրանցած էր  կարեւոր յաջողութիւններ   առիթ կը փնտռէր ռազմական, քաղաքական եւ  տնտեսական ծանր մուրհակներով տարած յաջողութիւններուն դիմաց ստանալ իր «իրաւունքներ»ը:

 

   Ու յստակ էր նաեւ,  որ Թեհրան, հետեւաբար նաեւ «Հիզբոլլահ»ը   այլեւս     Սուրիոյ պատերազմի  ամէնէն թէժ  օրերու  վիճակէն դուրս  գալով   յայտնուած   էին  բաւական ամուր դիրքերու մէջ:  Թեհրան ունէր, ոչ միայն Մոսկուայի այլ նաեւ  Անգարայի   (քիւրտիստանի եւ Իրաքի խնդրով) ու նոյնիսկ Քաթարի   նեցուկը:   Յստակ չէր  Իրանի  պահանջած «գին»ը  սակայն  բացորոշ է, որ Հարիրի նախքան  իր  հրաժարական տալը Պէյրութի վարչապետրանաէն ներս կ'ընդունէր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ  Ալի  Խամէնիյի միջազգային հարցերու յատուկ  բանագնաց Ալի Աքպար Վիլայաթին:

 Անկէ ետք  վարչապետը   կը մեկնէր  Ռիատ,  այս անգամ հանդիպելու Ռիատի  արաբական ծոցի երկիրներու յատուկ բանագնաց Շէյխ Թամէր Սապհանին, որմէ ետք ալ կը կարդար իր հրաժարականը:

 

 Ի դէպ  Սապհան  այն անձնաւորութիւնն է, որ տարբեր առիթներով ու յատկապէս Դվիթըրի  իր էջով   ծանր քննադատութիւններ եւ մեղադրանքներ կը հնչեցնէն «Հիզբոլլահ»ին դէմ լիբանանեան այդ կազմակերպութիւնը համարելով դեւ  եւ  շրջանին համար  իրական  պատուհաս մը:

 

 

 Հրաժարականին  հաւանական  պատճառը եւ պայմանները

     Հարիրիի հակադիր ճակատի  անդամ    շարք մը քաղաքական մեկնաբաններ ու գործիչներ բաւական  ծանր մեղադրանքներ  հնչեցուցին  Հարիրիի դէմ:  Անոնցմէ շատեր, նոյնիսկ նկատել տուին, որ Հարիրի կը գտնուի  «տնային  կալանք»ի տակ եւ ան հրաժարականը տուած  է  մեծ ճնշումներու  ենթարկուելէ ետք:

 

 Իր   կարգին  Իրանի  արտաքին գործոց նախարարութիւնը   աւելի  հեռուն   երթալով յայտատարեց, որ Հարիրի նոյնիսկ չի յարգեր իր երկիրը եւ չկարողացաւ իր հրաժարականը  Պէյրութէն տալ:Հրաժարականի լուրէն ժամեր  անց  հրապարակ  կը հանուէր  այլ տեղեկութիւն մը ըստ որուն,  Պէյրութի մէջ կը նախապատրաստուէր ահաբեկչական արարք մը  Հարրիի դէմ ու ան  հազիւ ճողոպրած է այդ ոճրափորձէն: Ի դէպ  իր կարճատեւ  խօսքին մէջ  ալ Հարիրի այդ մասին յղում  մը  կը կատարեր եւ Լիբանանի այսօրուան  իրադրութիւնը կը նմանցնէր իր հօր Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպաննութեան օրերուն (յիշեցնենմ, որ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի զոհ կ'երթար  ահաբեկչական պայթումի մը՝   2005  թուականին):

 

 Բաւական զուսպ կեցուածքներով հանդէս կու գային երկրի  նախագահ ն ու խորհրդարանի   նախագահը: Մասնաւորապէս  նախագահ Աուն, որուն մօտիկ   աղբիւրները   ցաւ  կը յայտնէին  Հարիրիի  հրաժարականին առընթեր  նաեւ կը հաւաստէին, որ խնդրին վերաբերեալ վերջնական կեցուածք կամ մեկնաբանութիւն պիտի չարտայայտեն մինչեւ  Հարիրի- Աուն  հանդիպումը:

 

 Այս ամբողջ  պատկերը ունենալէ ետք  յստակ է նաեւ, որ  Հարիրի, որպէս   վարչապետ եւ Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմի վրայ գործող  դէմք ունէր  բաւական կարեւոր դեր եւ ներկայութիւն:

 

 Այն իմաստով, որ անոր ներկայութիւնը նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ներկայութիւնն ու  խօսքն էր:  Ու  երիր մը, որուն բաղկացուցիչ տարրերը կամ  ընդհանուր քաղաքական կեանքը  անհնար է «ապրիլ»  կողմի մը  յաղթանակով կամ առաւելութեամբ նման ցնցում մը կրնար ունենալ բաւական ծանր ազդեցութիւններ:

 

  Այս բոլորէն բացի ու հակառակ զօր. Աունի տարբեր առիթներով արտայայտած մտքերուն եւ արեւելումին այն մասին, որ Լիբանանը  կողմ չէ իսլամ-արաբական ցանկացած ընդհանրումի կամ լարուածութեան մէջ, յստակ է նաեւ, որ  շրջանին  մէջ Իրանի  եւ անոր կողմնակիցներուն գրանցած առաւելութիւնները  անմարսելի են Ռիատին համար:

 

    Կիրակի  օր լիբանանեան Only  Lebanon  կայքը  ուշագրաւ լուր մը տալով կը գրէր, որ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը կապ ունէր իրանցի  պատասխանատուին հետ իր Պէյրութի մէջ ունեցած հանդիպման ժխտական արդիւնքներուն հետ: Կայքը, որ իր տեղեկութիւնները վերցուցած էր իրանեան  աղբիւրներէ  կը գրէր, թէ Հարիրի ընդառաջ  երթալով  Սէուտական    «բուռն փափաքներու»ն իրանցի պաշտօնատարին  ներկայացուցած էր Եէմէնի խնդրէն հեռու մնալու առաջարկը: Առաջարկը արժանացած էր  ծանր  մերժումի,  որուն մասին Հարիրի   յայտնած է սէուտցիներուն ու անկէ ետք «ստիպուած» եղած էր հրաժարիլ: Թէ ինչքանով կրնայ ճիշդ ըլլալ  այս տեղեկութիւնը դեռ պարզ չէ, բայց Եէմէնէն Ռիատի միջազգային օդակայանին ուղղութեամբ անցեալ շաբաթ գիշեր (Հարիրիի հրաժարման օրը) արձակուած պալիսթեան հրթիռի դէպքը պատահական չէր: Այս  չոլորը անշուշտ վարկածներ են, սակայն եթէ նկատի առնենք Ռիատի Եէմէնեան գետնին վրայ ապրած յուսախաբութիւնները ապա տեղեկութիւնը կը դառնայ մեծ  յաւանականութիւն ունեցող վարկած մը:

 

 

 

 

 

 Հարիրիի հրաժարականը պիտի ազդէ՞  Լիբանանեան թղթոսկիին վրայ

 Շրջանային բաւական  լարուած  իրադրութիւնէն անդին բացայայտ է, որ Հարիրիի հրաժարականէն ամէնէն աւելի  վնասներ պիտի կրէ Լիբանանը:  Անշուշտ, եթէ երկիրը ու անոր քաղաքական  վերնախաւը չկարողանան արագ շարժիլ ու նոր վարչապետ մը նշանակել:  Լիբանանի  համար Հարիրիի նման «յենարան վարչապետ»ի մը հրաժարականը քաղաքական տագնապ մը դառնալէ բացի ունի նաեւ տնտեսական, ֆինանսական եւ ապահովական երեսակներ: Ու այս առումով ամէնէն կարեւոր ու բարդը երեսակը տնտեսականն է: Հրաժարումէն ետք տնտեսական եւ  դրամական թեմային   մասին կը խօսէր Լիբանանի կեդրոնական դրամատան ընդհանուր կառավարիչ՝ Ռիատ Սալամէն , որ  կը հաւաստիացնէր, թէ լիբանանեան թղթոսկիին վրայ վախ չկայ եւ իրենք, որպէս կեդրոնական դրամատուն բոլոր հիմնական գործառնութիւնները կատարած են երկիրը հաւանական  տագնապէ մը հեռու պահելու    համար:

 Իր կարգին  Լիբանանցի տիւրզի առաջնորդ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դվիթ մը կատարելով յայտարարէր, որ «Լիբանանը, որպէս երկիր շատ  փոքր է այս հրաժարականին հետեւանքով յառաջ գալիք մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն դիմաց»:

 

 Ճիշդ է, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ինչպսի սցենար մը կը սպասէ Լիբանանին,  սակայն աւելի քան յստակ է, որ Լիբանան այսօր մտած է Ռիատ-Թեհրան լարուածութեան ամէնէն մութ  փակուղիներէն մին ու հաւանական  է  նաեւ, որ  այս  իրավիճակը սկիզբ մը դնէ տարբեր  մակարդակներու վրայ գոյանալիք «բախումներ»ու:

 

 Այդ  բախումները կրնան զինուորական չըլլալ, բայց հանգամանքը, որ  երկրին խաղաղ, անվտանգ  եւ համեմատաբար կայուն օրերը այսօր կը գտնուին մեր ետին  իրականութիւն է:

 

 

 Սագօ  Արեան

«Արարատ» Պէյրութ