image

Ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները կը կարդան յօդուածներս եւ կը հետեւին խորհուրդներուս

Ուրախ եմ տեղեկացնելու, որ Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները կը կարդան յօդուածներս եւ կը հետեւին խորհուրդներուս

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 2013 Օգոստոսին յօդուած մը գրած էի՝ «Արցախ այցելողներու Պաքուի սեւ ցուցակը օգտակար է Հայաստանին, վնասակար՝ Ատրպէյճանին» վերնագրով՝ լուսաբանելով ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու տխմարութիւնը՝ սեւ ցուցակի մէջ ընդգրկելու համար մարդոց, որոնք առանց Ատրպէյճանի թոյլտուութեան կ՛այցելեն Արցախ: Ընդգծած էի, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ այցելողները սեւ ցուցակ ներառելը առաջին հերթին վնաս կը հասցնէ Ատրպէյճանի շահերուն, քանի որ սեւ ցուցակը կը մեկուսացնէ Ատրպէյճանը մնացած աշխարհէն...: Փաստօրէն, որքան սեւ ցուցակի մէջ շատ ըլլայ թիւը մարդոց, որոնցմէ շատեր յայտնի անձեր եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ են, այնքան աւելի Ատրպէյճան ինքզինք կը զրկէ նման կարեւոր այցելուներէ:

 

2013 թուականի յօդուածիս մէջ, քանի մը յայտնի անձերու անուններ մէջբերելէ ետք, որոնք ծաղրած էին Ատրպէյճանի կողմէ սեւ ցուցակի մէջ ընդգրկուած ըլլալու փաստը, առաջարկեցի, որ անունս ալ աւելցնեն սեւ ցուցակին մէջ, քանի որ ես նոյնպէս գացած էի Արցախ եւ յօդուած գրած՝ այդ այցելութեանս մասին: Զարմանալիօրէն, առաջարկէս կարճ ժամանակ անց, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը անունս աւելցուց սեւ ցուցակին մէջ՝ «Յարութ Սասունեան, հայազգի, սուրիացի-ամերիկացի լրագրող»: Ատկէ ետք, ես դարձեալ այցելեցի Արցախ...

 

Պէտք է աւելցնեմ, որ տարիներ առաջ, երբ հայր Ալիեւը Ատրպէյճանի նախագահն էր, միջնորդներու միջոցով ան զիս հրաւիրած էր Պաքու՝ տեսակցելու հետը եւ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Ես, ի հարկէ, մերժեցի անոր հրաւէրը: Ես նոյնիսկ հրաժարեցայ նախագահ Հէյտար Ալիեւի առաջարկէն՝ տեսակցիլ հետը որեւէ երրորդ երկրի մը մէջ, օրինակ՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, եթէ չեմ ուզեր երթալ Ատրպէյճան: Ես մերժեցի նաեւ այդ առաջարկը: Այնպէս որ, հիմա, երբ յայտնուած եմ սեւ ցուցակի մէջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր երկրի նախագահը զրկած է՝ զիս Պաքու հրաւիրելու կարելիութենէն...

 

Ատրպէյճանի սեւ ցուցակին մէջ աւելի քան 700 անուն կայ, ներառեալ՝ խորհրդարանի անդամներ, գործարարներ, լրագրողներ, դերասաններ, ընտրուած պաշտօնեաներ եւ այլ յայտնի անձեր: Արցախի վերջին այցելուն, որ կը յայտնուի սեւ ցուցակի մէջ՝ Էնթընի Պուրտէնն է, որ CNN հեռատեսիլային ընկերութեան աշխարհահռչակ խոհարարական հեռատեսիլային հաղորդաշարի հաղորդավարն է: Անցեալ շաբաթ ան մեկնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ՝ երկու երկիրներու մէջ հայկական խոհանոցի վերաբերեալ հեռատեսիլային ծրագիրներ պատրաստելու նպատակով, եւ Ատրպէյճան զայն անմիջապէս «փերսոնա նոն կրատա» (անբաղձալի անձ) հռչակեց...

 

Պուրտէնի անունը աւելցուած է սեւ ցուցակին՝ «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հանդէպ իր անյարգալից վերաբերմունքի համար», յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Հիքմէթ Հաճիեւ՝ «Ֆրանս փրես» գործակալութեան: «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն մէջ խոհարարական հաղորդաշար նկարահանելը վիրաւորանք է մէկ միլիոն ատրպէյճանցի գաղթականներու հանդէպ, որոնց բռնի տեղահանած են իրենց տուներէն», աւելցուցած է Հաճիեւ։ Անիմաստ խօսքեր են։ Միակ բանը, որուն ատրպէյճանցի պաշտօնեաները հասան՝ Պուրտէնի այցի կանխումն էր Ատրպէյճան եւ ատրպէյճանական խոհանոցի մասին CNN հաղորդաշարի կազմակերպումը, որ մեծ ծանուցում կ՛ըլլար երկրին համար:

 

Ատրպէյճանի սեւ ցուցակը ունի շարք մը թերութիւններ.

 

1) Մինչեւ այսօր 700 անուն ներառուած է սեւ ցուցակին մէջ, մինչդեռ տարիներ շարունակ աշխարհի տարբեր երկիրներէ հարիւր հազարաւոր  զբօսաշրջիկներ  այցելած են Արցախ: Թէեւ Արցախի բոլոր այցելուներուն անունները հանրութեան յայտնի չեն, սակայն, ի հարկէ, անոնք 700էն  աւելի կը հաշուեն։ Կը պարզուի, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ մէկը քնացած է իր աշխատավայրին մէջ։

 

2) Ինչո՞ւ սեւ ցուցակի մէջ ընդգրկուած 700 անուններուն մէջ չկայ Հայաստանի Հանրապետութեան նոյնիսկ մէկ քաղաքացի։ Թէեւ Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն յայտնի չեն Հայաստանէն սովորական այցելուներու անունները, անոնք, անշուշտ, գիտեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ յաճախակի կ՛այցելեն Արցախ եւ անոնց այցերը հրապարակային են։ Կրնա՞յ ըլլալ արդեօք, որ Ատրպէյճան օտարերկրացի չի սեպեր Արցախ այցելող Հայաստանի քաղաքացիները։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը խոստովանի, որ «Լեռնային Ղարաբաղը ժամանակաւորապէս դուրս մնացած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան վերահսկողութենէն»։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ Ատրպէյճան, ներկայիս, մշտապէս «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան վերահսկողութենէն դուրս մնացած» կը համարէ Արցախը։

 

3) Սեւ ցուցակին մէջ ընդգրկուածներէն շատ քիչերը դժգոհած են, որ իրենք չեն կրնար այցելել Ատրպէյճան։ Ընդհակառակը, անոնցմէ շատեր կը հպարտանան, որ իրենց անունները յայտնուած են Ատրպէյճանի սեւ ցուցակին մէջ։ Նոյնիսկ, աւելի ապշեցուցիչ է, երբ որոշ մարդիկ, Արցախ այցելելէ ետք, իրենց անունները չգտնելով սեւ ցուցակին մէջ՝ խնդրած են, որ իրենց անունները աւելցուին սեւ ցուցակին, քանի որ իրենք, անձնապէս, մեծ պատիւ կը համարեն այդ ցուցակին մէջ ըլլալը:

 

Վերջին ամիսներուն իրավիճակը աւելի սրելով՝ Ատրպէյճան պահանջած է այլ երկիրներէ՝ Պաքուին յանձնել իրենց այն քաղաքացիները, որոնք Արցախ այցելած են։ Ծանօթ պարագայ մըն է այն, որ Պելառուսիոյ լրագրող մը անամօթաբար կալանաւորեցին եւ ուղարկեցին Ատրպէյճան, ուր զայն քանի մը ամիս բանտարկեցին։ Ան վերջապէս ազատ արձակուեցաւ՝ Ատրպէյճանի վրայ ի գործ դրուած միջազգային ճնշումներէ եւ արարքը Եւրոխորհուրդի կողմէ դատապարտուելէ ետք։

 

Ասիկա իշխանութեան չարաշահում է, ատրպէյճանական ճնշումներու արտահանում եւ ահաբեկում՝ երրորդ երկիրներու նկատմամբ, որոնք պէտք է ամչնան ատրպէյճանական բռնապետական վարչակարգին հետ համագործակցելու իրողութենէն:

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան