image

Նոր հրատարակութիւններ.Գէորգ Եազըճեան

Նոր հրատարակութիւններ.Գէորգ Եազըճեան

- Ամապիլէ Ֆլաւիա եւ Տոսաթթի Մարքօ, «Մուսա լեռան դիմադրութիւնը», «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2017 (թարգմանութիւն իտալերէնէ թրքերէն):

 

«Արարատէն մինչեւ Ս. Ղազար», Վենետիկ-Ս. Ղազար, առանց թուականի նշումի [2017], 192 էջ (14.3 x 24 սմ.) (հայոց պատմութիւնը սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը, Մխիթարեան միաբանութեան համառօտ պատմութիւնը, բազմաթիւ գունաւոր լուսանկարներ) (իտալերէն):

 

- Գուսան Հայկազուն, «Հայե՛ր, միացէ՛ք», Երեւան, 2017 (ողջ հայութեան կողմէ սիրուած գուսանի հայրենասիրական երգերուն համահաւաքը. բառեր, բացատրութիւններ, նօթաներ, երգերուն խտասալիկը):

 

- Եղիազարեան Արման, Անանեան Մանէ, Յովհաննիսեան Արա, Յովհաննիսեան Էտկար, Յովսէփեան Մելիք եւ Վարդանեան Հրածին, «Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները 1918 թուականից մինչեւ մեր օրերը», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 244 էջ(օգտագործուած աղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ):

 

- Թէքէեան Վահան, «Երկու դրախտները - Ցիրուցան էջեր», Սթամպուլի «Ժամանակ» օրաթերթի 100-ամեակի մատենաշար, պատրաստեց Սեւան Տէյիրմենճեան, յառաջաբանը՝ Վաչէ Ղազարեանի, Սթամպուլ, 2017 (Պոլսոյ «Ժամանակ» եւ «Ժողովուրդի ձայնը» ու Գահիրէի «Արեւ» թերթերուն մէջ Վահան Թէքէեանի յօդուածներուն, հրապարակագրութեանց եւ յուշագրութեանց համահաւաքը, ծանօթագրութիւններ, Թէքէեանի՝ մամուլին մէջ լոյս տեսած երգիծանկարները, անուանացանկ):

 

«Հայաստան-սփիւռք համաժողով – Տեղեկատուական փաթեթ Հայաստան-սփիւռք հինգերորդ համաժողովում (2014 թ. սեպտեմբերի 18-20, Երեւան) արուած առաջարկութիւնների կատարման վերաբերեալ», Հ. Հ.ի սփիւռքի նախարարութեան հրատարակութիւն, Երեւան, 2017, 128 էջ (14.4 x 20.1 սմ.) (հաշուետուութիւն):

 

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», 37-րդ հատոր, հրատարակութիւն Հայկազեան Համալսարանի, Պէյրութ, 2017:

 

- «Մխիթարեան հայրերու միաբանութեան յոբելեան», Փարիզ, 2017, 284 էջ (միաբանութեան պատմութիւնը, մտաւորականներու գրութիւններ յոբելեանին առթիւ, 140 լուսանկար, բազմաթիւ յաւելուածներ) (ֆրանսերէն): Կը ծախուի հետեւեալ կայքին միջոցով. www.sourcesdarmenie.com:

 

- Յակոբեան Հրանոյշ, «Հայկական սփիւռքը՝ յարափոփոխ աշխարհում», Երեւան, 2017, 650 էջ: Գիրքը հրատարակութեան երաշխաւորած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը:

 

- Յարութիւնեան Ռուզաննա (քաղեց եւ ծանօթագրեց), «Հայկական սկզբնաղբիւրները Վրաստանի մասին (Ե.-Ժ. դարեր)», «Հայ-վրացական յարաբերութիւններ» մատենաշար, Գ. գիրք, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 314 էջ (14.6 x 20.5 սմ.) (ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): Գիրքը հրատարակութեան երաշխաւորած է Ե. Պ. Հ.ի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի գիտական խորհուրդը:

 

- Պուլտուքեան Մկրտիչ Յ., «Օսմանեան Կայսրութեան հայ սեղանաւորները», Պէյրութ, 2017 (անգլերէն):

 

- Սաչեան-Գրքեաշարեան Հայկանոյշ, «Հաճըն, եթէ քեզ մոռնանք», հայերէնէ թարգմանեց Վարդան Մատթէոսեան, Ա. Մ. Ն., 2017 (Հաճընի 1920-ի կործանման ականատեսի վկայութիւն) (անգլերէն):

 

- Սիմոնեան Արամ, «Զանգեզուրի գոյապայքարը 1917-1920 թթ.», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 742 էջ (15.3 x 20.9 սմ.) (անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):

 

 

Պատրաստեց՝

 Գէորգ Եազըճեան