image

Պոլսոյ մէջ «բարեզարդած» են Պետրոս Դուրեանի շիրիմը. Մտաւորական շրջանակներ կը պահանջեն սրբագրել եղածը

Պոլսոյ մէջ «բարեզարդած» են Պետրոս Դուրեանի շիրիմը. Մտաւորական շրջանակներ կը պահանջեն սրբագրել եղածը

 Օրեր  առաջ նամակատուփս կը հասնէր պոլսահայ վաղեմի ընկերոջս՝ Սեւան Տէյիրմենճեանի  նամակ-  կոչը,  որմով  կը յայտնէր ստորագրահաւաք մը կազմակերպելու մասին: Աւելի ուշ  պարզ կը դառնար, որ Սեւանը նոյն թեմային վերաբերեալ յօդուած մըն ալ ստորագրած է «Ակօս»ի  էջերուն:

Տէյիրմենճեան, որ  նոյն յօդուածին մէջ կը պատմէր այն  մասին, թէ իր համար շատ ազդեցիկ եւ «սիրելի» երեւոյթ  էր  այցելել յայտնիներու ու յատկապէս հողին պահ  տրուած բանաստեղծներու շիրիմները (ուր ալ գտնուինք անոնք) այցելել, նաեւ կը գրէր որ վերջերս Պոլսոյ Պաղլարպաշըի (Սկիւտարի) գերեզմանատուն տուած իր այցելութեան աւարտին ու մօտենալէ ետք արեւմտահայ  մեծ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի շիրիմին ականատես եղած  է իր ըսելով անճոռնի  երեւոյթի մը:

  Տէյիրմենճեան  կը   նկարագրէ  եղածը ու  կ'ըսէ ՝ «Անցեալ շաբաթ Սկիւտար գացեր էի, Պաղլարպաշըի գերեզմանատունը, լուսանկարելու Վահան Թէքէեանի հօր՝ Գալուստին գերեզմանը (որ լքեալ վիճակի մը մէջ է եւ կարիք ունի խնամքի)։ Գերեզմանատունէն ելլելու ժամանակ ուզեցի այցելել նաեւ Դուրեանի շիրիմը։ Ցնցիչ անակնկալ մը կը սպասէր սակայն ինծի… Դուրեանի շիրմին ճիշդ առջեւը տեղադրուած էր քարի հսկայ զանգուած մը, որ իր խոշորութեամբ ու կոշտութեամբ կը խանգարէր երեք շիրիմներուն նուրբ ներդաշնակութիւնն ու խոտոր կը համեմատէր անոնց համաչափութեան։ Աւելի քան 120 տարիներու անցեալ մը ունեցող այս շիրիմը ինչո՞ւ ուզած էին եղծանել՝ նորոգել ուզելու քօղին տակ։ Պարզ նորոգութիւն մը թերեւս բաւ ըլլար։ Ինչո՞ւ չափազանցել եւ վայրը օտարացնել իր այցելուներէն։ Քարակոյտին վրայ քանդակուած էր «Իմ Մահը» բանաստեղծութեան հայերէն բնագիրը եւ, չես գիտեր ինչո՞ւ, թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Իմ Մահը», որու վերջին քառեակը 1898-ին շիրմի ետեւի կողմը քանդակել տուած էր Եղիշէ Դուրեան։ Աչքէ հեռու տեղ մը, հասանելի միայն անոնց, որոնք աւելի հետաքրքրուած՝ պիտի մօտենային շիրիմին, պիտի դառնային շուրջը եւ պիտի զարմանային՝ սիւնի ետեւ կարդալով բանաստեղծութեան վերջին տունը, պիտի ուրախանային իրենց գիւտով։ Իսկ հիմա նոյնիսկ անկարելի է դառնալ շիրմին շուրջը, ուր մնաց կարդալ Եղիշէ Դուրեանի կողմէ քանդակուած քառեակը»:

 Այս   տեսնելով  էր, որ   Տէյիրմենճեան   բաւական վրդոված   արշաւ մըն է, որ կը սկսի համայնքի պատկան  մարմիններէն պահանջելով  արագօրէն  սրբագրել պատահածը եւ իր նախկին   վիճակին (թէկուզեւ մաքրազարդելէ  ետք)  բերել «Սկիւտարի սոխակ»ին դամբարանը:Նոյն թեմային մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ տուած է Հայաստան հրապարակուող «Հայկական ժամանակ»  (10 հոկտեմբեր 2017)

Պարբերականը, որ  մասնաւորապէս գրած է, թէ Դուրեանին շիրիմին վերանորոգման նախագիծը իրագործած է Պոլսոյ «Հայճար»  կազմակերպութիւնը (հայ  ճարտարապետներու  միութիւն մը, որ   կը գործէ Պոլսոյ մէջ) ընդունելէ ետք պոլսահայ  բարերարի մը այդ  մասին եղած «պատուէր»ը:

 «Հայճար» միութեան  անդամ  Գէորգ Էոզքարակէոզ, որ այս մասին   խօսած է ըսած է,   որ  իրենք  ընդառաջած են բարերար  Քրմըզեանի առաջարկին եւ պատրաստած են Դուրեանի շիրիմին վերանորոգման նախագիծը, որուն  հեղինակն է  քանդակագործ Դաւիթ Այնալը: Ան  նաեւ  ըսած է, որ  Դուրեանի գերեզմանը իրաւական որեւէ ժառանգորդ չունի  եւ զայն  նորոգելու  համար   որեւէ մէկէն  թույլտուութիւն  չեն ստացած  կամ պաշտօնական որեւէ կառուցի կամ մասնագէտի հետ չեն խորհրդակցած սակայն տեղեակ պահած են  Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը:

 

 Իր  կարգին բարերար Հրաչ Անուշեան Քրմըզեանը յայտնած  է, որ ինքը շիրիմի առջեւ տեղադրուած քարը փոփոխութիւն  չի համարեր պարզապէս ցանկացած է  ատով  ցոյց տալ, որ   կը  յիշեն եւ կը յարգեն  մեծ բանաստեղծին  յիշատակը:

   Թերեւս առաջին անգամը չէ,  որ նման վերանորոգում   մը կը  կատարուի, սակայն Սեւան Տէյիրմենճեանի    ստորագրած  յօդուածով  ի յայտ  կու գայ, որ   Դուրեանի մինչեւ մեր օրեր  հասած  շիրիմը   ոդիսական ապրած  շիրիմ մըն է եւ այդ  առումով ալ  Տէյիրմենճեան փաստացի տուեալներ կը դնէ ընթերցողի  սեղանին:

 Ան  ներկայացնելով   Դուրեանի  շիրիմին «ոդիսական»ը կը գրէ՝ Դուրեանի շիրմին պատմութիւնը հետեւեալն է. բանաստեղծը, որ իր կենդանութեան շրջանին աւելի ծանօթ էր որպէս թատերագիր ու դերասան, կը մեռնի 1872-ին, 21 տարեկանին. իր մահէն ետք ընթերցասիրաց ընկերութիւնը կը տպագրէ Դուրեանին երկերը եւ գոյացած գումարով իսկ կը կանգնեցուի շիրիմը, 1874-ին։ Յակոբ Պարոնեան եւ ժամանակակից մտաւորականները հետամուտ են որ ոչ մէկ թերի ըլլայ։ Տապանագիրին հեղինակն է Պետրոս Դուրեանի 14-ամեայ եղբայրը՝ Միհրան, հետագայի Եղիշէ Դուրեան Պատրիարքը (տապանագիրը կը խմբագրէ բանաստեղծ Խաչատուր Միսաքեան): Դուրեանի շիրիմը կը բարեկարգուի 1893-ին։ 1898-ին Եղիշէ Դուրեան իր միջոցներով դարձեալ կը վերանորոգէ շիրիմը, որու հակառակ կող­մին փորագ­րել կու տայ «Իմ Մահը» տաղին վերջին քառեակը։ Ուշադիր դիտող մը պիտի նկատէ որ Դուրեանին շիրիմը համալիր մըն է. ձախին թաղուած է իր մայրը՝ տիրամայր Արուսեակ Դուրեան, իսկ աջին՝ Գարեգին Խաչատուրեան Պատրիարքի տիրամայրը՝ Իսկուհի Խաչատուրեան։ Գարեգին Խաչատուրեան յատուկ խնամք մը կը տանէր այս շիրիմներուն նկատմամբ, քանի որ Եղիշէ Դուրեանին ձեռնասունն ըլլալով՝ իր բարոյական պարտքը կը համարէր։

Արդէն 1950-ականներու աւարտին, երբ Պաղլարպաշըի գերեզմանատան մէկ մասը կը գրաւուի պետութեան կողմէ՝ պողոտան ընդլայնելու նպատակով, առաջին շարքին գտնուող Դուրեանի եւ տիրամայրերու շիրիմներն ալ օրուան պատրիարք Գարեգին Խաչատուրեանի հսկողութեամբ կը տեղափոխուին այն տեղը, ուր մինչեւ այսօր կը մնան :  Այս տեղափոխութեան ժամանակ Դուրեանի գանկն ալ կը հանուի ու կը բերուի պատրիարքարան եւ հոնկէ ալ կը տեղափոխուի Սովետական Հայաստան»: 

 

 Այս բոլորէն ետք յստակ է, որ  այսօր Պոլսոյ  մէջ մասնաւորապէս Դուրեան բանաստեղծի շիրիմին  շուրջ բարձրացուած աղմուկին տուն տուող  հիմնական  պատճառները  ամբողջապէս յարգելի են:

 

 Նախ ինչու  այդ  «անճոռնի»  ոճով  փոփոխութեան ենթարկել շիրմաքար մը, որ բոլոր առումներով խորհուրդ պարունակող գերեզման  մըն է: 

 Հոն է նաեւ Դուրեանին մեծութեան իմաստը: Պարզ շիրիմ մը, մեծ բանաստեղծի մը համար, որուն դարաւոր խօսքը եւ բանաստեղծական թռիչքը  կ'անդրանցնին   ժամանակի   բոլոր   տեսակի  կապանքները:

 

Ի վերջոյ, Դուրեանի  շիրիմը  զայն վարողին հպարտութիւն առթող «նոր մօտէլ» ինքնաշարժ մը չէ, ոչ  ալ  առանձնատուն- վիլլա մը,որմով պիտի հպարտանան  Հայաստանի նորելուկ հարուստները կամ ՝ օլիկարխները:

 

Պետրոս Դուրեանին շիրիմը  նախ եւ առաջ   մեծութեան, խորհրդաւորութեան մէջ ապրած  մարդու, բանաստեղծական  ոգիի ու բառի կրողի խնկամանն է, որուն առջեւ է, որ մատղաշ  սերունդները պիտի գան իրենց յարգանքն ու երախտիքը  յայտնելու:

 

 

 Բաժնելով հանդերձ Սեւան Տէյիրմենճեանի արդար բողոքը պէտք է անպայման  լսել, միւս նախաձեռնող կողմին կարծիքը  ու անկէ ետք յանգիլ յստակ եզրակացութիւններու:

  Այս  ամբողջ  պատմութեան մէջ պէտք է նաեւ լսել Պոլսոյ Պատրիարքութեան կարծիքն ու  կեցուածքը, որովհետեւ այն միակ կառոյցն  է  ներկայիս, որուն  երթիքին տակ հնարաւոր է նման   հարցերու  լուծում  մը տալը:

   Ըսել, որ Դուրեանի շիրիմը  «անտէր» է,  կամ   խնդրէն  նուրբ  ձեւով «դուրս  գալու»  եւ «ձեռքերը լուալու» համար յայտարարել,  որ «մենք որեւէ մէկէն  թույլտուութիւն չենք ստացած կամ պաշտօնական որեւէ կառոյցի կամ մասնագէտի հետ չենք  խորհրդակցած» «բարեզարդելու» համար Դուրեանին  շիրիմը, առնուազն ընդունելի չէ:

 

 Աւելին հարկ կա՞յ յիշեցնելու, որ Պետրոս Դուրեանը իր աւանդով  եւ էութեամբ կը պատկանի ամբողջ հայութեան ու անոր հետ կապուած ցանկացած դրոյթ կամ քայլ  պէտք է արժանի դառնայ համայնն հայութեան եւ ուշադրութեան եւ արժանի  գնահատականին:

 

 

 Սագօ Արեան  

«Արարատ»