image

Կիրակնօրեայ զրոյց. Խաժակ Այնթէպլեան

Կիրակնօրեայ  զրոյց. Խաժակ  Այնթէպլեան

Այս կիրակի կը  հաւատա՞ք եթէ  ըսեմ,   որ մեր գիւղի  էշուն զռոցը կարօտցած եմ  ...

    Վերջերս ինծի համար օրէնք դարձած է  ամէն Շաբաթ  գիշեր հեռաձայնս գոցելը,  որպէսզի շաբաթավերջս կարելի եղածին չափ  հանգիստ եւ ուրախ անցընեմ : Իսկ եթէ մեր տունը հեռաձայնէք  .-

-      Ո՞ւր պիտի ըլլայ , կը պատասխանէ կնիկս,   շաբաթ օրերը կամ «սինեմա» կամ ալ խմելու կ՚երթայ:  

    Նոյնպէս վերջերս,    բոլորիս համար  օրէնք դարձած է նաեւ   ամէն Շաբաթ գիշեր  գաւաթ մը խմելը:   Խմիչքին տեսակը էական չէ. կարեւորը ոգելից ըլլալն է ,որպէսզի  ալքոլը  երակներուդ մէջէն  հասնի ուղեղիդ եւ այնտեղ կատարուող գործողութիւններուն ընթացքը փոփոխութեան ենթարկելով, շաբթուան ըսի ըսաւներն ու տեսակաւոր խնդիրները գլխուդ մէջէն դուրս  հանէ: Այսպէս     շաբաթը  գոնէ մէկ գիշեր մոռնալով   ունեցած մտահոգութիւններդ, կրնաս հանգիստ քնանալ:  Անշուշտ  եթէ կը փափաքիս,  կրնաս երկու, երեք գաւաթ կամ  շիշ մը ... նոյնիսկ երկու շիշ խմել  ... Այդ ամէնը կախում ունի  ախորժակիդ  կամ գրպանիդ վիճակէն    իսկ աւելի յաճախ ունեցած  մտահոգութիւններուդ քանակէն ու որակէն ...  Որքան շատ ու տեսակաւոր  ըլլան խնդիրները     , այնքան   աւելի ալքոլ կը պահանջուի  գլխուդ մէջէն զանոնք դուրս քշելու  համար... Կամ ալ հակառակը , երբ որ  մասնաւոր մտահոգութիւն մը չունիս  , որքան կ՚ուզես կրնաս խմել եւ  ուղեղիդ գործողութիւնները յատկացնել  նախ ազգիդ, յետոյ բարեկամներուդ խնդիրները քննելու եւ քու ճաշակիդ լուծումներ առաջարկելու համար :   

   Վերջերս սակայն, խնդիրները այնքան բարդացան ,որ ոչ սինեման, ոչ ալ խմիչքը օգնեց . միայն էշուն զռոցը վիճակս քիչիկ մը մեղմեց ...

   Ամբողջ շաբաթը անհամբեր կը սպասէի     սա Շշաբաթ գիշերուան որ սինեմա երթամ կամ ալ  գաւաթ մը աւելի խմեմ , յետոյ տուն երթամ հանգիստ քնանամ : Խնդիրը սակայն  սինեմայէն սկսաւ ... ֆիլմը  այնքան ձանձրացուց զիս ,  որ  կէս ձգեցի դուրս ելայ   ու շաբաթ գիշերս չփճացնելու  համար, արագ մը գացի «սուփըրմարքեթ»էն երկու շիշ գարեջուր արի , մէկը անմիջապէս գլխուս քաշեցի,  միւսն ալ օդոյին մէջը խմելով Այնճարի ճամբան բռնեցի...Գիւղին մթնոլորտը ինչպէս ամէն շաբաթ գիշեր  հարսանեկան էր  բայց ես հարսնքաւոր չէի եւ ուղղակի տուն գացի: Երեկոն փրկելու վերջին յոյսով գաւաթ մը «վիսկի» լեցուցի եւ  աջէն ու ձախէն եկող հարսանեկան երգերու աղմուկին տակ նստայ մեր պատշգամը  ու սկսայ պատկերացնել թէ ինչպէս  օրուան թագաւորն ու թագուհին՝ մեր հարեւան գիւղի Խատիժան  ու  Ալին,   իրենց պատուին հնչող «Մի գնա , գնա , գնա՜» երգով հարսանեկան խրախճանքի սրահ կը մտնէին  .... Իսկ ես ու Սիսակը , Սեդրակն ու Միսաքը, շուարած ,  նստած  կը  մտածէինք թէ արդեօք իսկապէս մենք  Այնճա՞ր կ'ապրինք...  

Կէս գիշերէն  երկու ժամ  անց էր   ,  գլուխս բաւական   ծանրացած էր    ,  աչքերս ալ  գոցուելու վրայ էին  , երբ յանկարծ որոտաց պայթուցիկներու շարանը ... Վերջապէս  Խատիժան Ալիին տուած  կարկանդակը կերաւ  ու  կամաց կամաց աղմուկը դադրեցաւ, իմ քունս ալ վերջնականպէս փախաւ:

     Մտայ անկողին , աչքերս ամուր սեղմեցի ու յոյսս ոչխարներուն վրայ դրած քնանալ փորձեցի :  Ոչխարներուն  կէսը դեռ չէի հաշուած երբ յանկարծ մինարեթներու բաղաձայն խմբերգը ականջս ծակեց իսկ լուսաբացէն քիչիկ մը անց էր երբ  Մահմուտին մէկը իր փթփթան «մօթորսիքլէդ»ով մեր թաղը ցնցեց: Այս աղմուկը ինծի պակաս էր ... Անկողինիս մէջը նստած սպասեցի մինջեւ որ  մեր եկեղեցւոյ  կիրակնօրեայ զանգակին ձայնը «առաւօտ լուսոյ»ն աւետէ ու վերջապէս ինծի հանգստութիւն պարգեւէ... Բայց պատկերացուցէք  զանգակն ալ չ'օգնեց ...  Հազիւ «չանկլի»ն դադրեցաւ  ,  բարձրախօսի խշրտոց  մը սկսաւ : Կէսէն սկսած միաձայն  շարական մը  յետոյ նորէն խշրտոց մը ... քիչ մը դադար , շարականէն հինգ վեցը բառ ...  «ալելուիա՜. ..» ,  նորէն դադար .... Եթէ այս կիրակին խերով բարով անցընեմ , կը խոստանամ  մեր եկեղեցիներուն համար   պատարագի «տի ճէյ»ներ   պիտի գտնեմ (Այս ըսածս թէեւ կատակ է բայց հաւատացէք այնքան ալ գէշ գաղափար չէ ) ....

   Նախքան պատարագի   «տի ճէյ»ը գտնուի  ,  գլուխս բարձին տակ մտցուցի  ու քնանալու վերջին փորձ մըն ալ ըրի : Ու Յանկարծ.....

     Յանկարծ էշու զռոց մը լսեցի եւ զարմանալի ...  Փոխանակ տրամադրութիւնս աւելի խանգարուի, դէմքիս ժպիտ մը եկաւ ....... Անկողինէն դուրս թռայ  փողոց վազեցի : Մեր հարեւան «Հաննուշ» պապուկին  էշն էր զռացողը , մեր թաղը արթնցնող  ժամացոյցը...Այս աւանակը երբէք չէր սխալեր ,  ճիշդ առտուան վեցին ամբողջ թաղը կ՚արթնցնէր  որ մարդ  գործէն չ'ուշանայ : Օրը դարձեալ կիրակի էր  :  Ընկերներս թաղին ծայրը հաւաքուած ինծի կը սպասէին: Բոլորս տասէն տասնըերկու տարեկան մանուկներ,  եկեղեցի պիտի երթայինք որ շապիկ հագնինք .... Բայց դեռ կանուխ էր , ձի նստելու  ժամանակ կար :Քիչ ետք    «Ութթուս» ամմոն իր ճերմակ   ձիով մեր քովէն պիտի անցնէր եւ եթէ   տրամադրութիւնը բարձր ըլլար, մեզմէ մէկուն բախտը պիտի  ժպտար ու ձիուն մէջքին  նստելու պատուին արժանանար  ... Յետոյ «Հաննուշ» պապուկին  էշուկը պարտէզ գացած ժամանակ ,  մէջքին  լծած  « թմպըլ»ով  , երկու երեք թաղնոց շրջապտոյտի  մը  մեզ պիտի տանէր ...  Իսկ եկեղեցին հազիւ վերջանար    պիտի   վազէինք   վարդգէսիկենց թոնիրը  տաք հացին մէջը քսած  նոր եփած «թթու»  կամ «չֆթը հացցակ»  կամ ալ  «պանրը հուց» ուտելու ...  Յետոյ թոնիրին ետեւը անցնէինք ամէն մէկս «տիլլի» ճիւղ մը կտրէինք ու սիկարէթի պէս,  որթատունկի այդ պզտիկ ոստը «մխրեցնէինք»...   Վերջը   փողոց  իջնէինք ու երկու երեք ժամ « չալլիկ-վարից» կամ «աչխբուկ»  խաղայինք ...

     Ու հաւատացէք մեր  հանգիստը ոչ ոք պիտի խանգարէր : Աղմուկ  չկար այն ժամանակ մեր փողոցներուն մէջ ու մեր թաղերէն ոչ Մահմուտ կ'անցնէր ոչ մօթորսիքլէդ ...  Ամբողջ խաղի ընթացքին հազիւ մէկ  հատ ինքնաշարժ, երկու թափառական շուն եւ երեք չորս հատ ալ   կատու կ՚անցնէր  ... երբեմն նոյնիսկ քանի մը հատ կով... . Եւ մէկ հատ ալ սիրունիկ օրիորդ , որ թէեւ  մեզմէ շատ աւելի մեծ էր բայց ամէն անգամ որ մեր թաղէն անցնէր , մեր խաղը   մի քանի վայրկեան կանգ  կ՚առնէր ու մեր սրտին զարկերու արագացումը վախի հետ շփոթելով,   մենք իրարու ետեւ կը  պահուըտէինք ... Վերջը  մեզ սարսափ պատճառած գեղեցկութիւնը աւելի լաւ  տեսնելու համար զիրար կը հրմշտկէինք .....« ելիր դմացէս  , ծօ չեմ տեսներ կոր...  ելիր,  ելի՜ր ........ »

 

-      Ելիր այլեւս ,կը բաւէ քնանաս ....  կէսօր եղաւ ,  ելիր ,  ելի՜ր ...... ուրտեղէն ալ վրայ հասաւ կնիկս  ու խանգարեց երազս :  Այսօր կիրակի է գնա հաց բեր , ածուխ բեր,  միս բեր... հեռաձայնիդ ինչո՞ւ չես պատասխաներ կոր եղեր.... ամօթ չըլլա՞ր եթէ  «դեռ քնացած է  ըսեմ» ... կամ ալ առտուընէ սինեմա՞ գացած է պիտի ըսեմ....

Հեռաձայնիս կը նայիմ  , տասնը երկու հատ missed call ... WhatsApp-ներու շարան մը , տեսակ տեսակ կարճ ու անկապ  լուրեր ....ելեկտրոնային անհամ նամակեր....

  Վերմակը նորէն գլխուս կը քաշեմ  ... Եւ կը հաւատա՞ք  եթէ ըսեմ .... Էշուն զռոցին կը սպասեմ....

 

 

Խաժակ Այնթէպլեան