image

Ատրպէյճանի անմիտ քարոզիչը կը մեղադրէ Քալիֆորնիոյ հայերը

Ատրպէյճանի անմիտ քարոզիչը կը մեղադրէ Քալիֆորնիոյ հայերը

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Շաբաթ մը չ՛անցնիր առանց նոր քարոզիչի մը, որ Ատրպէյճանի համար չգրէ հակահայկական ապատեղեկատուութիւն՝ ընդդէմ Հայաստանի կամ Սփիւռքի:

 

Վերջին նման յօդուած մը գրած է Էնտրիւ Քորիպքօ, անյայտ անձնաւորութիւն մը, որ կը  ներկայանայ որպէս «Մոսկուայի ամերիկացի քաղաքական վերլուծաբան»: Յայտնի չէ, թէ ինչ կրթութեան կամ հմտութիւններու հիման վրայ է, որ ան կ՛որակուի իբրեւ հայկական Սփիւռքի «վերլուծաբան»՝ միայն իրեն յայտնի հիմնաւորմամբ այսպիսի կեղծ մեղադրանքներ ներկայացնելու համար: Այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ Քորիպքոյի յօդուածը պարզապէս անտեղեակութեան հետեւանք չէ, այլ միտումնաւոր ջանքեր են՝ կազմակերպուած այն մարդոց կողմէ, որոնց ինքնութեան մասին դժուար չէ կռահել...

 

Քորիպքոյի յօդուածը, որ հրապարակուած է Գանատայի Համաշխարհայնացման Հետազօտական ​ Կեդրոնին կողմէ, վերնագրուած է. «Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպիի առաքելութիւնն է՝ սադրանքի մէջ ձգել Ատրպէյճանը եւ Ռուսիան»: Նոյնիսկ վերնագրէն ակնյայտ է, որ հեղինակը կը փորձէ բախում հրահրել Ռուսիոյ եւ հայերու միջեւ, երբ իրականութեան մէջ նման բան գոյություն չունի: Յօդուածի վերջաւորութեան կը նշուի, որ անիկա «նախապէս գրուած է Moscow-Baku.ru առցանց տեղեկատուական շքամուտքի (portal) համար», որ յստակ ապացոյցներ կը ներկայացնէ, թէ հեղինակը որո՞ւն կը փորձէ գոհացնել...

 

Իր առաջին պարբերութեան մէջ Քորիպքo կը յարձակի Քալիֆորնիոյ հայերու վրայ՝ զանոնք մեղադրելով իրենց ծայրայեղ ազգայնականութեան եւ յանուն Միացեալ Նահանգներու, այլեւ ընդդէմ Հայաստանի շահերուն աշխատելու յանցանքով: Անշուշտ, այս յայտարարութիւններէն եւ ոչ մէկը ճիշդ է...: Հեղինակին նպատակն է՝ անհիմն հակասութիւններ սերմանել: Ահա Քորիպքոյի կեղծ մեկնաբանութեան առաջին պարբերութիւնը.

 

«Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գործիքներուն մէջ առաւել ազդեցիկ զէնքերէն մէկը Միացեալ Նահանգներու հայկական սփիւռքի լոպին է Քալիֆորնիոյ մէջ. լոպի, որ կը պաշտպանէ հայերու հայրենիքին առաւել ազգայնական եւ սադրիչ քաղաքականութիւնը: Հայաստանի իշխանութիւններուն համար իբրեւ պատասխանատու եւ գործնական գործիք ծառայելու փոխարէն, ինչ որ կրնար մեծ տէրութիւններու միջեւ ըլլալ հաշուարկուած, հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն, սակայն հոս դերերը շրջուած են, եւ Երեւանն է, որ  կ՛օգտագործուի իբրեւ գործիք ու միջոց՝ Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպիին համար՝ աշխատելով հայկական շահերուն դէմ, ի նպաստ ԱՄՆի յառաջխաղացման: Բոլոր պետութիւնները կը ձգտին, որ իրենց մարդիկը ստեղծեն ուժեղ եւ ազդեցիկ սփիւռքի համայնքներ, սակայն հայերը շատ քաղաքականացուած են եւ պարբերաբար բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան Երեւանի վրայ, որպէսզի վերջինս հետագային յայտնուի ամերիկեան վերահսկողութեան տակ»:

 

Նախ եւ առաջ, Քալիֆորնիոյ հայերը ոչ կը փորձեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութեան վրայ ազդել, ոչ ալ կարողութիւնը ունին ատոր: Երկրորդ, եթե որեւէ մէկը նուազագոյն գիտելիք ունենար ամերիկահայերու մասին, ապա կ՛իմանար, որ անոնք յաճախ կը քննադատեն ԱՄՆի յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, Արցախի վերաբերեալ անոր դիրքորոշումը եւ Թուրքիոյ անխոհեմ ազդեցութիւնը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ղեկավարներուն վրայ, որոնք կը հրաժարին օգտագործել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը: Հետեւաբար, ամբողջովին կեղծ է այն պնդումը, թէ Քալիֆորնիոյ հայերը կուրօրէն կը ծառայեն Միացեալ Նահանգներու շահերուն:

 

Այնուհետեւ Քորիպքօ կը մեղադրէ «ԱՄՆի հայկական սփիւռքը»՝ Սեպտեմբերի կէսերուն քոնկրեսական պատուիրակութիւնը ոչ միայն Հայաստան տանելու, այլեւ՝ «լայնօրէն լուսաբանուած այցելութեան համար՝ դէպի արեւմտեան Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքները»: Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնելով որպէս «արեւմտեան Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներ», Քորիպքօ կը յստակացնէ, թէ որո՞ւն շահերը է պաշտպանէ...: Տարօրինակ է, որ հեղինակը, այնուհետեւ, այդ քոնկրեսական այցելութիւնը կը ներկայացնէ ոչ միայն իբրեւ ամերիկամէտ քայլ, այլեւ՝ «Ռուսիոյ հասցուած ընդհանուր ռազմավարական վնաս»: Այսպէսով, Քորիպքօ կը մեղադրէ ամերիկահայերը՝ ռուսական շահերը Հայաստանի մէջ ոտնահարելու յանցանքով, բան մը, որ ամբողջութեամբ չի համապատասխաներ իրականութեան, քանի որ անոնք ոչ ցանկութիւնը ունին, ոչ ալ հնարաւորութիւնը՝ Ռուսիոյ վնասելու...: Հեղինակը պարզապէս ցոյց կու տայ, թէ բացի Ատրպէյճանէն, ով է իր երկրորդ վճարող տէրը...

 

Այնուհետեւ Քորիպքօ կը դիմէ ծայրայեղ չափազանցութեան՝ հնարելով հետեւեալ կեղծ դիպաշարը ամերիկահայերու մասին. «Իրականութեան մէջ, անոնք կը փափաքին հնարաւոր ամէն բան ընել՝ քանդելու համար հայ-ռուսական պատմական բարեկամութիւնը՝ ջղաձգօրէն փորձելով Երեւանը փրցնել Մոսկուայէն եւ բերել Ուաշինկթընի հովանիին տակ»:

 

Իր կեղծ պնդումը պաշտպանելու համար հեղինակը կը նշէ, որ անցեալ ամիս Հայաստանի քաղաքացիներու բողոքները կառավարութեան պաշտօնեայի՝ ռուսերէնով ծրագրերուն աւելի մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելու յայտարարութեան վերաբերեալ, սերտօրէն կը համընկնի Միացեալ Նահանգներու Սփիւռքի որոշ տարրերուն եւ անոնց ամերիկեան գործընկերներուն առաջ քաշած տեսակէտին»: Իրականութեան մէջ, ոեւէ մէկը ամբողջ Սփիւռքի մէջ ոչ մէկ քննադատական խօսք չէ ըսած ռուսերէնի մասին: Այնուհետեւ Քորիպքօ կը դիմէ մէկ այլ անհիմն չափազանցութեան մը՝ պնդելով, թէ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը «ճնշման ազդեցութեան տակ տեղի տուած է Սփիւռքի պահանջներուն եւ վերահաստատած է, որ երկրին մէջ միակ ազգային լեզուն հայերէնն է...: Արդեօք ան մտադրուա՞ծ էր, թէ ոչ, [կրթութեան նախարար Լեւոն] Մկրտչեան ինկաւ տեղեկատուական պատերազմի ծուղակը, զոր անոր համար լարած էին Միացեալ Նահանգներու մէջ Սփիւռքի քաղաքական գործունէութիւնը կազմակերպող խորամանկ ուղեղները»: Սա հեղինակի հերթական յերիւրանքն է...

 

Գերազանցելով տրամաբանութեան բոլոր սահմանները՝ Քորիպքօ կը պնդէ, որ «Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպին շատ նման է Թուրքիոյ կիւլենիստներուն, այն բանով, որ անոնք եւս կը ներկայացնեն ստուերային իշխանութեան ցանց մը` սադրիչ միջոցներով առաջ բերուած յստակ աշխարհաքաղաքական օրակարգով, եւ երկուքն ալ կը ծառայեն Ուաշինկթընի շահերուն, ընդդէմ իրենց հայրենիքներուն»: Քորիպքօ լիովին սխալ եզրակացութեամբ կը պնդէ, որ «Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպին վտանգաւոր կերպով մօտ է լիակատար վերահսկողութեան տակ առնելու իր հայրենիքին արտաքին քաղաքականութիւնը»:

 

Քորիպքոյի յօդուածը լեցուն է բազմաթիւ այլ կեղծիքներով: Ան, ով պատուիրած է այս յօդուածը, պէտք է գիտակցի, որ նման հեղինակներ իրենց ծիծաղելի կեղծիքներով աւելի մեծ վնաս կը հասցնեն իրենց վճարող տէրերուն, քան թէ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի շահերուն...

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան