image
Հրատապ լուրեր:

Մինչեւ ուր կը տանի Ռիատ- Մոսկուա ճանապարհը

Մինչեւ ուր կը տանի Ռիատ- Մոսկուա ճանապարհը

Սէուտական Արաբիոյ       թագաւոր Սըլման Պըն Ապտըլ Ազիզի  Մոսկուա  տուած  այցը  տակաւին երկար ժամանակ   պիտի դառնայ  վերլուծողներու  եւ քաղաքական  մեկնաբաններու  ուշադրութեան կեդրոն:

Թէպետեւ Սուրիոյ տագնապին բռնկումէն  ի վեր Ռիատի պատասխանատուները  տարբեր   առիթներով  Մոսկուա  այցելած  են, սակայն  թագաւորական մակարդակի  վրայ    տրուած  այցելութիւնը   տարբեր  առումներով  ալ     յատուկ նշանակութիւն  ունեցող  այցելութիւն   է: Լիբանանի մէ  բրօ- իրանեան քաղաքականութեան «խօսնակ»  հանդիսացող  «Ալ Ախպար»  պարբերականին  համաձայն   այս  այսցին հիմնական  նպատակը   գահաժառանգ   Մոհամմէտ  իշխանի   քաղաքական   ծրագրի  ամրագրման  համար  եղած քայլ  մըն է:  Թերթը նաեւ կը գրէ, որ   Մոհամմատ  պըն  Սըլման, որ  կը համարուի  «Սէուտական  Արաբիա-2030»   ծրագրին գլխաւոր «տէր»ը, այս  այցելութեան  միջոցաւ     կարողացաւ   մօտիկ անցեալին   ռուսական կողմին հետ իր տարած  բանակցութիւնները  պսակել   կարեւոր  եւ նշանակալից  յաջողութեամբ:

  Մինչ ամերիկեան «Պլոմպըրկ»  կայանը  կարեւոր տուեալներ  կը փոխանցէր ու կը նշէր, որ այս այելութեան  յաջողութեամբ   պսակուելուն  համար   թագաւորութիւնը    իր ազգային գանձատունէն       վճարած էր  3  միլիոն ամն   տոլար,   անդին   ռուսական  կողմին հետ  կնքուած  զինուորական   համաձայնութեան   թիւերուն մասին ցարդ լ  յստակ տուեալներ  չկային:  ԶԼՄ-ներ  կը խօսէին միայն այն մասին,  որ այս   այցին   շնորհիւ Սէուտական կողմը      յաջողած էր գնում       S. 400 տիպի   հրթիռային ուժեղագոյն համակարգեր, անդին  նոյն առումով   չէր նշուէր    զինատեսակներուն  խմբաքանակը   եւ  Ռիատին   յանձնուելու ժամկէտները: Այս բոլորէն  անդին        սոյն   «պատմական»  համարուած   այցին    առընթեր  կար մանաւանդ  քաղաքական  «պատգամներ»  ուղղելու կարեւոր   հանգամանք:

 

  Իշխան  Մոհամմէտ, որ      Ուաշիկթըն    տուած  իր   այցելութեամբ ( Մարտ 2017)   իր  «քաղաքական  հաւատարմագրեր»  կը յանձնէր      նախագահ  Թրամբի  վարչաձեւին,    դէպի Մոսկուա  կատարուած  այս  այցելութեամբ   ալ կ'ամրագրէր    դէպի Մոսկուա    մերձեցման   վերաբերեալ  իր  մօտեցումները:

 

  Այցելութեան  մէջ  կար  նաեւ «ներքին կեանք»ին ուղղուած  նշանակալից   պատգամ  մը, որուն  ճամբով գահաժառանգ  իշխանը կու գար  յայտարարելու, որ ինք «տէրն ու տիրական»ն է թագաւորութեան արտաքին  քաղաքականութեան:   Ու այստեղ   յստակ կը դառնար  նաեւ, որ   Մոհհամէտ   գահաժառանգ «օգտուելով Միացեալ Նահանգներու իր սերտ դաշնակիցներուն   հանդէպ   ունեցած  վստահութիւնէն  կը փորձէ  ամէն գնով  իր դիրքերը ամրապնդել Մոսկուայի հետ: Բնականանաբար եղած այցելութեան օրակարգին մէջ կար նաեւ նաւթային տասնեակ համաձայնութիւններու  փաթեթ մը, որուն առաջատարն էր Սէուտական «Արամքո» նաւթային ընկերութիւնը:  Թագաւոր Սըլման, որ կարճ անդրադարձ մը ընելով  խօսած էր Սէուտական  Թագաւորութեան նաւթային ընդհանուր քաղաքականութեան մասին, իր Մոսկուա տուած այցելութիւնէն  օրեր առաջ  յայտարարած էր, որ իրենք  հետամուտ են  նաւթի   շուկան դէպի կայունացում տանելու:

 

  Այս մօտեցումը, եթէ  ոչ  գլխաւորագոյն, ապա գլխաւոր մօտեցում մը պէտք  է համարել Ռիատ- Մոսկուա յարաբերութիւններու որակի բարելաւման առընթեր:

 Ի վերջոյ ե՛ւ Ռիատ,  ե՛ւ Մոսկուա    հետամուտ  են, որ  նաւթի գիներու անկումը դադրի եւ նաւթի   ընդհանուր շուկան կայունութիւն մը ապրի,  հետեւաբար նաւթը դարձեալ թանկանայ եւ   իւրաքանչիւր տակառի դիմաց  հասնի  իր երբեմնի նախկին սակերուն, այսինք 80 ամերիկեան   տոլարի:Վերադառնալով  երկու  տէրութեանց միջեւ  յարաբերութիւններու պատմութեան հարկ է  յիշեցնել, որ Ռուսաստանի (այդ օրերուն Խորհրդային Միութեան տարազով ներկայացած) եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական առաջին ճգնաժամը եղած  է 1938 թուականին,  երբ   Սովետական Միութիւնը առկայ տարակարծութեանց  պատճառով ստիպուած  եղած է  փակել Ճէտտայի մէջ գործող իր հիւպատոսարանը եւ անկէ ետք  ալ  «տուն  կանչել» իր դիւանագէտները:

 

   Այդ տագնապին հիմքը անշուշտ կապ ունէր Սէուտական Արաբիոյ առաջին   թագաւոր Ապտըլ Ազիզ Պըն  Մոհամմէտ Պըն Սըհուտի  (գահին վրայ  1932-էն   մինչեւ իր մահը՝ 1953)   որդեգրած արտաքին քաղաքականութեան հետ: Ու հակառակ արաբական  աշխարհին  մէջ դէպի  Խորհրդային Միութիւնը առկայ ընդհանուր նախասիրութեան, սէուտցիք սկսած էին առ Միացեալ Նահանգներ  իրենց «նախընտրութիւններ»ը ցոյց տալ:

  Տեղին է յիշեցնել,  որ արաբական աշխարհին դէպի Սովետական Միութիւնը «մերձեցում»ը կապ ունէր  պաղեստինցիներու խնդրին ու արաբական աշխարհին մէջ  ձախ ըմբռնումներուն  հանդէպ յաւելեալ  յարգանքին ու  որպէս քաղաքական   արեւելում ընդունելու  մօտեցումներուն  հետ: Աւելի ուշ 1948-ի տագնապէն ետք ալ արաբներու մեծ տոկոսը յարեաւ դէպի Խորհրդային Միութիւն նկատելէ ետք, որ Միացեալ Նահանգներուն համար Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կարեւորագոյն բարեկամն ու դաշնակիցը կը հանդիսանար  Իսրայէլը:

   Անշուշտ անհետաւնք չանցան Մոսկուա- Ռիատ մեծ  լարումը, ու երկար տարիներու ընթացքին երկու  կողմերուն  միջեւ  առկայ հիմնական կապը նաւթի շուկային մէջ «լեզու գտնելու» եւ իրարու շահերը չխանգարելու մօտեցումն  էր, որ ցայսօր   ալ կը հանդիսանայ հիմք  երկու կողմերու իրար մերձեցման:

 Հարկ չկայ յիշեցնել, որ Մոսկուա եւ Ռիատ Էթնիք, գաղափարական, արեւելումի եւ այլ  մակարդակներու «նոյնութիւններ»  չունին եւ զիրենք իրար մօտեցնող հիմնական  առանցքը կը հանդիսանայ  տնտեսական առանցքը:  

 

 Երկու  կողմերուն  միջեւ  առանցքային թուական  մը  պէտք է համարել  2007 թուականը, երբ Ռուսատանի նախագահ Վլատմիր  Փութին    պաշտօնական   այցելութիւն մը կը կատարէր դէպի   Ռիատ: Ու այդ  այցելութեան ընթացքին      կը ստեղծուէր   փոխ- համաձայնութիւններու նոր նախագիծ  մը,  որուն  հիմքով  ալ երկու  տէրութիւնները  պիտի   փորձէին դրական  շեշտ  մը երեւելի դարձնել, մինչ  այլ  բաւական  «սառած»  համարուող յարաբերութիւններուն առընթեր: Փութինի  այս քայլը  անշուշտ  կը համարուէր  դէպի  Մերձաւոր Արեւելք  «վերադառնալու» կարեւոր քայլ մը,  որուն համար   ալ   հիւսիսի  հզօրը կը  շարունակէ   բաւական  սուղ   գին վճարել եւ պահպանել   շրջանային իր ազդեցութիւնն ու ներկայութիւնը:

 Քաղաքական ընդհանուր պարունակին մէջ Ռիատի հետ առկայ  յարաբերութիւնները նոր կարեւորութիւն մը կը ստանային մասնաւորապէս   Սուրիոյ պատերազմին թէժացումէն ետք:   Մոսկուա,  որ մինչեւ 30 սեպտեմբեր  2015-ը «դիտող»ի ու խորհուրդ տուողի դերով հանդէս կու գար ուղղակիօրէն կը մտնէր  այս պատերազմի  բովին մէջ  եւ    իր դիրքը ամրապնելէ բացի կը յաջողէր  յաղթական դիրքի վրայ բերել, մինչ  այդ  ընկճուած եւ «յոգնութեան նշաններ»   ցոյց տուող Սուրիոյ իշխանութիւններ ու բանակը:

 

 

    Սուրիոյ պատերազմին  ուղղակի մասնակցութիւնէն   առաջ ալ Մոսկուա    հասկցած էր,  որ    առանց  սիւննի  աշխարհի   «հաւանութեան»  անհնար է, որեւէ քայլ կատարել Սուրիոյ  մէջ:   Ու երբ խօսք կ'երթայ  սիւննի  աշխարհին մասին,  ապա    «առիւծի  բաժին»ը  կ'իյնար    Ռիատին:   Ու այս առումով   եւս մեր յիշողութեան մէջ թարմ  սէուտցի   իշխաններու տասնեակ  այցելութիւնները դէպի Մսկուա, որոնց աւարտին  բացի  անշուք երկխօսութիւններէ   կողմերը   չէին կրնար Սուրիոյ համար լուծման «ճանապարհային   քարտէզ» մը  գծել:

 

 

Այս   բոլորէն ետք ալ եւ խօսելով սէուտցի   թագաւորին ու անոր  արքունիքի կեդրոնական  դէմքերուն  դէպի  Մոսկուա  տրուած  այցին  մասին  կարելի չէ ակնկալել, որ կողմերուն միջեւ առկայ բոլոր տարակարծութիւնները լուծուեցան:

   Մօտեցումներու տարբերութիւնները եւ յատկապէս  Սուրիոյ  վերաբերեալ  առկայ «վէճ»ը ոչ  մէկ փոփոխութիւն կրած է: Երկու կողմերն ալ կը շարունակեն մնալ իրենց   հին  դիրքերուն  վրայ, միակ տարբերութեամբ,  որ սէուտցիք տեսնելով սուրիոյ մէջ Մոսկուայի առաջ տարած քաղաքականութիւնը սկսած են  լուր կերպով «մարսել» եղածը  եւ փորձել իրենց «ձեռքերը լուալ» գետնի վրայ   գրանցուող    արագ  զարգացումներուն  վերաբերեալ:

 Բաց  աստի կայ նաեւ սեփական շահերու խնդիրը,  որուն համար ալ արտաքին նոր  նեցուկի մը կողքին սէուտցիք   սկսած են յարմար համարել տնտեսական եւ զինուորական հարթակի վրայ նոր պայմանաւորուածութիւններ կնքել Ռուսաստանի հետ:

 Ռիատի պատասխանատուները սկսած են կիրառել «բաց   քաղաքականութիւն» մը, որուն մէջ սուր անկիւններ չկան եւ որուն  մասնակիցներուն հետ ալ անոնք պատրաստ են  ֆինանսական մեծ գործառքներ  կատարելու:

 

  Այս բոլորէն անդին սակայն Ռիատի ղեկավարները կը մոռնան, որ Ռուսաստանի հանդէպ այս նոր որակի եւ «հեռահար» (S-400) տիպի  հրթիռներուն նման) կապերը կրնան մեծ «զայրոյթ» առաջացնել ամերիկացիներուն մօտ, որոնց համար  Ռիատ   այսօր ալ կը  շարունակէ մնալ անփոխարինելի    դաշնակից մը:

 

 

 Սագօ Արեան  

 

«Ժամանակ»/ Պոլիս